ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«ՏԸ ԿԸՐԼ ՖՐԱՄ ԻՓԱՆԵՄԱ» - ԱՆԹՈՆԻՕ ՔԱՐԼՈՍ ԺՈՊԻՄ («THE GIRL FROM IPANEMA» ANTONIO CARLOS JOBIM)

«Իւրաքանչիւր կին, զոր ունենալ չեմ կրնար, կը դառնայ երգ․․․»
Ա․ Կ. Ժոպիմ

60-ականներու կէսերուն երաժշտական աշխարհը գրաւեց նոր երաժշտական ուղղութիւն, որ իր վրայ սեւեռեց երաժշտասէրներու եւ երաժշտական աշխարհի ուշադրութիւնը։ Այդ ուղղութիւնն էր պոսանովան , որ ծնունդ առաւ երկու՝ առաջին հայեացքէն իրարմէ շատ տարբեր ժանրերու միախառնումէն՝ ամերիկեան քուլ-ճազ (թեթեւ ճազ) եւ կրքոտ ռիթմերով լատինամերիկեան սամպա։ Իբրեւ արդիւնք ծնունդ առաւ ամենավառ եւ ամենայայտնի պոսանովա երգերէն մէկը՝ «Աղջիկն Իփանեմայէն»։ Հաշուած ամիսներու ընթացքին երգը յայտնի դարձուց պոսանովա ոճը, Իփանեմա հանգստավայրը եւ երգի հեղինակները, նոյնիսկ՝ Էլօ Փայէս Փինտան, որ հանդիսացած էր երգի ներշնչանքն ու կերպարը։

Երգի հեղինակ Անթոնիօ Ժոպիմ յաճախ ընկերներու եւ համահեղինակներու հետ ժամանակ կ՚անցընէր Իփանեմայի (Ռիօ տէ Ժանէյրոյի հարաւին գտնուող  հանգստավայր) «Վելոզու» սրճարանի մէջ, որուն մօտէն ամէն առաւօտ աղջիկ մը կ՚երթար, կու գար։ Այդ աղջիկը 18-ամեայ Էլոիզա Փայէս Փինտան էր, որ կ՚ապրէր սրճարանի հարեւանութեամբ եւ ամէն օր անոր մօտէն կ՚անցնէր  լողափ երթալու ժամանակ։ Աղջիկը այնքան շքեղ էր, որ շատ յաճախ անոր տեսքով հիացողները չէին զսպեր իրենց հիացական բացագանչութիւնները։ Կեանքի մեծ մասը ապրած Անթոնիոն սիրահարուած էր կրքոտ գեղեցկուհիին։ Օր մը, երբ հերթական օրերէն մէկն էր, երբ Էլոն կ՚անցնէր փողոցէն, Անթոնիոն սրճարանը նստած էր իր ընկերոջ՝ Վինիուս տէ Մորայիսի հետ, որ բանաստեղծ էր։ Երբ աղջիկը անոնց տեսադաշտին մէջ էր, Անթոնիոն հարցուց․ «Ան բոլորէն գեղեցիկ է, այնպէս չէ՞»։ Պատասխանը եղաւ՝ «Ան ամենանրբագեղ աղջին է, որուն հանդիպած եմ»։ Այս հիցական կիսաբացագանչական արտայայտութիւնները դարձան ապագայ երգի առաջին գրուած տողերը։ Մորայիսը արագ քանի մը տող մրոտեց անձեռոցիկի վրայ, անիկա ալ դարձաւ երգի թեքստի հիմքը։

Երգը ի սկզբանէ կը կոչուէր «Անցնող աղջիկը» եւ գրուած էր որպէս «Տիրիժապլ» շարժապատկերի երաժշտութիւն։ Յետագային բառերու մէջ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ մռայլ ու տխուր տողերը փոխարինուեցան, իսկ երգը անուանափոխուեցաւ եւ կոչուեցաւ «Աղջիկը Իփանեմայէն»։

Երգի առաջին կատարողն էր պրազիլցի երգիչ Փերի Ռիպէյրուն։ Բայց երգին համաշխարհային ճանաչում բերաւ երգի անգլերէն տարբերակը, զոր կատարեց Ասթրուտ Ժիլպերթօ, որ երգչուհի չէր եւ չունէր մշակուած ձայն, բայց հեղինակները կը գտնէին, որ պոսանովա ժանրի համար պէտք է նմանատիպ երգ՝ չմշակուած, մեղմ երգեցողութիւն, որ ականջ կը շոյէ։

Երգի անգլերէն տարբերակը թողարկուեցաւ 1963 թուականին «Կէթս էնտ Ժիլպերթօ» ալպոմի մէջ, իսկ յաջորդ տարի՝ որպէս միայնակ երգի սկաւառակ եւ անմիջապէս գրաւեց երաժշտական շուկան, դառնալով հիթ։ Երգը ստացաւ «Կրեմի» մրցանակ որպէս տարուայ լաւագոյն ձայնագրութիւն եւ ամերիկեան ազգային հիթ-շքերթի մէջ զբաղեցուց 5-րդ հորիզոնականը, իրմէ առաջ զիջելով միայն Պիտըլզ խումբի չորս երգերուն։ Ի դէպ երգը աշխարհի ամենաշատ վերաերգուած երգերէն մէկն է, գրեթէ մրցանակակիր։ Միայն մէկ երգ կը գերազանցէ անոր վերաերգուած կատարումներու թիւը ՝ Պիտըլզ խումբի «Yesterday» երգը։

Երգի մուսան՝ Էլոիզան երգի յայտնի դառնալէն եւ հսկայական պատիւներ վաստակելէ ետք որեւէ վարձատրութիւն չստացաւ։ Տարիներ անց ան հագուստի խանութ բացաւ եւ զայն անուանեց «Աղջիկն Իփանեմայէն», որուն համար Ժոպիմի իրաւայաջորդ ժառանգորդները զինք դատի տուին։ Դատաւորը, սակայն, դատը լուծեց յօգուտ Էլոյի։

Երգի հետ կապուած մի քանի հետաքրքրական փաստ կայ․

Ժոպիմ տարիներ անց ամուսնութեան առաջարկ ըրաւ Էլոյին։ Աղջիկը մերժեց զինք 18 տարի տարիքային տարբերութեան պատճառով։

Երգը մտած է Ամերիկայի Քոնկրէսի գրադարանի ձայնադարանի 50 երգերու շարքին մէջ։

Իփանեմայի այդ սրճարանը տարիներ յետոյ վերանուանուեցաւ «Աղջիկն Իփանեմայէն», փողոցը, որուն վրայ կը գտնուէր սրճարանը՝ Մորայիսի անունով, իսկ քաղաքային օդակայանը՝ Ժոպիմի անունով։

Երգը, անշուշտ, կը պատկանի այն երգերու շարքին, որ անմիջապէս կը սիրուի եւ կը ստիպէ լսել զայն կրկին ու կրկին։ Անոր պատճառները շատ են․ գուցէ պրազիլական կրքոտ ռիթմերը, կամ կատարման մեղմութիւնը, գուցէ եւ նկարագրուող գեղեցկուհիի պատկերը․․․ Յստակ է մէկ բան․ երգը շուրջ 55 եւ աւելի տարիներ բազմաթիւ սերունդներու միլիոնաւոր մարդոց սիրելի երգերէն մէկն է։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 18, 2019