«ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱ՞Ր»

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Ապրիլ 1975: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբ: Այդ օրերուն չէինք կրնար պատկերացնել, թէ պիտի սկսինք ապրիլ նոր փուլ մը՝ բոլորովին տարբեր, քան ինչ որ ունէինք Լիբանանի մէջ: Չէ՞ որ Պէյրութը աշխարհի ամենէն հմայիչ քաղաքներէն մէկն էր: Այսպէս ըսած՝ աշխարհը քով-քովի բերող հմայիչ քաղաքը: Այդ օրերուն կարծեցինք, թէ քաղաքացիական կռիւները  երեւի շուտով կը վերջանան ու կ՚անցնին: Բայց այդ «շուտով»ը եկաւ մեզ բոլորս դնելու նոր իրավիճակի մը մէջ:

Եւ կեանքը սկսաւ իր ընթացքը առնել: Ռմբակոծում, քանդում, մահ եւ գաղթ, ներառեալ՝ հայկական իրականութեան համար: Գաղութի թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ: Երկրորդական վարժարանը հազիւ աւարտած էի, երբ արդէն բոլոր դասընկերներս մեկնեցան Լիբանանէն: Մեծ քոյրս, որ արդէն Լոս Անճելըս հաստատուած էր, «ալ խեր չմնաց Լիբանանէն» կրկնուող յանկերգով քաջալերեց զիս, որ ես ալ Միացեալ Նահանգներ հաստատուիմ եւ հոն շարունակեմ համալսարանական ուսումս:

Ուրախութիւնս անսահման էր՝ այդ օրերու երիտասարդական տրամադրութեամբ եւ խանդավառութեամբ, վերջապէս պիտի իրագործուէր իմ ալ «ամերիկեան երազս»: Բայց այդ օրերուն նաեւ պիտի սկսէի սորվիլ, թէ կեանքն ալ ունի իր ընթացքը, որ անպայմանօրէն չի համընկնիր երազածիդ հետ:

Այդ օրերուն Պէյրութի մէջ ամերիկեան դեսպանատուն չկար: Պէտք էր Դամասկոս երթայինք՝ կատարելու համար բոլոր գործողութիւնները: Նկատի ունենալով, որ պատերազմական օրեր էին, Սուրիա հասնելու համար պէտք էր լեռնային ճանապարհները գործածել՝ իրենց ոլոր-մոլոր դարձուածքներով:

Դէպի Սուրիա ճամբորդութեան ընթացքին հայրս սրտի կաթուածով մահացաւ, ուստի պէտք է վերադառնայինք Պէյրութ: Յուղարկաւորութիւնը կատարեցինք շատ քիչ թիւով հարազատներու ներկայութեան՝ յար եւ նման ներկայ օրերու յուղարկաւորութիւններուն: Չէ՞ որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:

Բայց տակաւին որոշած էի իրականացնել «ամերիկեան երազս»: Ու դարձեալ Դամասկոս՝ ամերիկեան դեսպանատուն, ձեռքս խճողուած համալսարանական ընդունման եւ ֆինանսական ապահովութեան օրինական փաստաթուղթերով: Հիւպատոսին դէմքը խոժոռ էր, այնքան մը, որ մինչեւ այսօր տակաւին չեմ մոռցած զայն: Չուշացաւ իր  նոյնքան անհաճոյ որոշումը. «Կարելի չէ քեզի ամերիկեան մուտքի արտօնութիւն տալ»:

Յուսախա՞բ՝ անպայման: Բայց նաեւ այդ օրերու երիտասարդական տրամադրութեամբս, Լիբանանի պատերազմական եւ անորոշ վիճակներուն դէմ յանդիման զգացի, թէ բոլոր երազներս չքացան: Ինչո՞ւ ես:

Պիտի վերադառնայի Պէյրութ եւ կեանքս  շարունակէի այս վտանգաւոր ու անորոշ երկրին մէջ: Լիբանանի այդ բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ պիտի տեսնէի, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր կեանքս շարունակէի, բայց մանաւանդ՝ կերտէի: Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածին կողքին կային նաեւ միջինարեւելեան տակնուվրայութիւնները: Տարածքաշրջանը դարձած էր պայթուցիկ, իսկ աշխարհը կարծես կը դիտէր մեզ, մինչ մենք կը պայքարէինք կեանքի համար ու մահուան դէմ: Այս միջոցին էր, որ մայրս ալ մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ անակնկալ եւ անժամանակ մահով մը:

Լիբանանէն ետք աշխատանքային տարածքաշրջանս դարձան Արաբական ծոցի երկիրները: Հոս սկսայ տեսնել, թէ ի՛նչ կը  նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ ոչ քրիստոնէական երկիրներու մէջ, եւ քրիստոնէական գործ ընել, այսպէս ըսած, «գոց» տարածքաշրջանի մը մէջ: Եթէ մէկ կողմէ կար կրօններու միջեւ տարբերութիւն եւ զիրար հասկնալու անհրաժեշտութիւն, բայց նաեւ՝ տարբեր ազգութիւններու հետ ապրելու գրաւական: Պիտի սորվէի, թէ հայկականութենէ եւ լիբանանցիութենէ դուրս կայ ուրիշը, որ տարբեր լեզու, մշակոյթ եւ կենցաղ ունի: Պիտի սորվէի, թէ ուրիշը նոյնքան մարդ է եւ արժէք, զոր պէտք է յարգել, հասկնալ, բայց նաեւ՝ ընդունիլ:

Բայց այն, ինծի համար կեանքի մեծ դպրոց հանդիսացաւ մեծ թիւով ասիացի եւ ափրիկեցի բանուորներու ներկայութիւնը: Անոնք, որոնք կ՚ապրին ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ՝ փոքր աշխատավարձք, խճողուած ու խղճալի բնակարաններ եւ տակաւին ֆիզիքական ու հոգեկան բռնաբարում եւ ճնշուածութիւն: Անոնք կ՚ուզեն պատմել իրենց պատմութիւնը: Իւրաքանչիւրը ունի իր կեանքի փորձառութիւնն ու անոր ծանր լուծը, զորս իրեն հետ բերած է մինչեւ Արաբական ծոցի երկիրներ՝ երեւի թեթեւցնելու եւ ձերբազատուելու համար այդ բոլորէն: Բայց հոս կը տեսնեն, թէ աւելի կը բազմանան իրենց հարցերը եւ կը փնտռեն կարեկցութիւն: Ինձմէ՞: Աշխարհէ՞ն:

Այսօր նստած եմ տունը՝ Քուէյթ, եւ միայն պատուհանէն կը վայելեմ կապոյտ ծովը: Գարնանային պայծառ եւ արեւոտ օր մըն է: Կը դիտեմ ծովը եւ կը տեսնեմ, թէ որքա՛ն գեղեցիկ է եղեր: Վերջապէս Աստուծոյ ստեղծագործութիւններէն մէկն է, որ ԲԱՐԻ է: Կ՚ուզեմ դուրս գալ շէնքէն եւ հասնիլ ծով: Բայց կարելի չէ, որովհետեւ կան երկաթեայ արգելքները մեր ամբողջ թաղամասի երկայնքին եւ լայնքին՝ խոչընդոտելով ոեւէ բնակիչին ելումուտը:

Իսկ պատճա՞ռը՝ քորոնաժահրը, որուն պատճառով ալ մեր օրերու լոզունգը դարձած է «Տունը մնա՛, ապահով մնա՛»: Այս ժահրն ալ երեւի 1975-էն սկսեալ իմ-մեր կեանքերու շարունակուող պատերազմ-անորոշութիւն-անապահովութիւն վիճակն է: Միայն մէկ տարբերութեամբ՝ այս անգամ ամբողջ աշխարհը կ՚ապրի միեւնոյն տագնապը: Չկայ դիտող: Բոլորս նոյն վիճակին մէջ ենք:

Պատմութեան ու անոր իրադարձութիւններուն սլաքը ետեւ տանելով՝ կ՚երթամ մինչեւ 1975, երբ Լիբանանի պատերազմը սկսաւ: Եւ մէկ-մէկ սկսայ ապրիլ իւրաքանչիւր անորոշ եւ բախտորոշ իրավիճակներ՝ հասնելով մինչեւ ներկայ՝ ժահրին հետ մեր հանդիպումը: Այս բաւական երկար ճամբուն նայելով՝ սկսայ մտածել. «Շատ չէ՞ այսքան  պատուհաս մէկ կեանքի ժամանակահատուածի մը համար»:

Ծանրաբեռնուածութենէս դուրս կու գամ եւ կը մտածեմ այս երկիրներուն մէջ ապրող բանուորներուն՝ բարեկամներուս մասին: Այս օրերուն եւ Արաբական ծոցի տարածքաշրջանին մէջ մեծ մտահոգութիւն է բանուորներուն վիճակը: Երբ պետութիւններ կը քաջալերեն ժողովուրդը, որ իրարմէ հեռու մնան ապահով մնալու համար, անոնք՝ բանուորները, իրենց խը-ճողուած սենեակներուն մէջ, մէկը միւսին ետեւէն կը վարակուին  ժահրով: Ո՞վ պիտի ազատէ զիրենք եւ ո՞վ պիտի հոգայ ու խնամէ զանոնք:

Դարձեալ ծովն է, որուն կապոյտ ջուրերուն նայելով դարձեալ կ՚ապրիմ անոր գեղեցկութիւնը: Ծովը, տիեզերքը եւ այդ բոլորը կազմող մեր կեանքը, իսկ գեղեցիկ կեանք ապրելու համար պէտք է նոյն այս կեանքը լիցքաւորել: Աշխարհը այսօր այս ժահրին դէմ յանդիման կը գտնուի, այդ պատճառով ալ կանգնած է կարեւոր փուլի մը դէմ յանդիման: Ինչպէ՞ս պէտք է լիցքաւորել այսօրուան աշխարհն ու մեր կեանքը այս փորձառութենէն ետք, ի՞նչ արժէքներով ու պիտակով:

1975-էն ետք առիթ ունեցայ բազմիցս Ամերիկա այցելելու: Այն երկիրը, որ այդ օրերուն մերժեց զիս ընդունիլ: Բայց ես շարունակեցի կեանքս Միջին Արեւելքի մէջ՝ անոր բոլոր անորոշութիւններուն եւ տակնուվրայութիւններուն մէջ: Այսօր, երբ աշխարհին հետ բոլորս ալ կ՚ապրինք տակնուվրայ օրեր, երբ այլեւս չկան աշխարհագրական գործօնն ու անոր ապահովութիւնը եւ առանձնաշնորհումները, բոլորս միասին ենք՝  նոյն պարունակին մէջ ու անոր դէմ յանդիման:

Եւ կայ կարեւոր պարտականութիւն-գիտակցութիւն մը՝ բոլորիս կեանքերը լիցքաւորելու հրամայականը: Ի՞նչ, ինչո՞վ եւ ինչպէ՞ս…

Ու դարձեալ անհասանելի այս գեղեցիկ ծովը: Տեսայ նոյն ծովուն մէջէն, թէ կեանքը գեղեցիկ է: Նաեւ իմ կեանքս՝ անկախ իր բոլոր դժուարութիւններէն: Եթէ փարեցայ եւ սիրեցի կեանքս իր ամբողջութեան մէջ՝ Լիբանան, Արաբական ծոցի երկիրներ թէ այլուր, այդ ալ որովհետեւ տեսայ, թէ Աստուած զայն ստեղծեց գեղեցիկ եւ կոչեց՝ ԲԱՐԻ:

Իսկ մա՞րդը: Ի՞նչ ըրաւ նոյն այս գեղեցիկ եւ բարի կեանքին հետ:

Քուէյթի  տանս մէջ կալանաւորուած, ծովը  դիտելով հաշուեյարդար կը կատարեմ կարծես: 1975-էն մինչեւ այսօր: Եւ այդ կեանքին բոլոր ելեւէջներուն մէջէն բանաստեղծին հետ ես ալ կ՚ըսեմ. «Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց»: Բանաստեղծին պատասխանը դիպուկ է. «Ինչ որ տուի ուրիշին»:

Ի՞նչ բանն է, որ պիտի տանք ուրիշին: Բարին:

Ի՞նչ կեանքեր պիտի կերտենք այս ժահրէն ետք: Բարին:

Հաշուեյարդա՞ր: Այսօր՝ իմ, քու եւ մեր բոլորին:

Եթէ իւրաքանչիւրս ունի իր կեանքը, որ կ՚ունենայ ուղղութիւն, կը ստանայ ընթացք եւ կը կազմաւորուի հոս թէ հոն: Եւ իւրաքանչիւրիս  կազմաւորուող կեանքին մէջ  կայ մէկ միացնող եւ հասարակ յայտարար մը, որ կը դառնայ մարտահրաւէր, այդ ալ մեր կեանքերը ինչպէս լիցքաւորել է՝ անկախ աշխարհագրական տուեալներէ եւ պայմաններէ:

Եւ լիցքաւորումի գրաւակա՞նը՝ «Այն որ կու տանք ուրիշին»: Եւ ուրիշին պիտի տանք կեանք մը, որ ԲԱՐԻ է: Ուրիշին տալն է: Իսկ տալը՝ լիցքաւորելը, անպայմանօրէն ԲԱՐԻՆ:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020