ՄԵՐ ԺԱՀՐԵՐԸ

Դաս, դաս եւ դասեր…

Դպրոցէն մեզի առցանց թելադրուած դասերը չեն ասոնք, չէ՛, երբեք, այլ «մարդկութեան գլխուն եկած աս պատուհասէն մեր քաղելիք դասերը…»։

Բոլորը մեր ուշադրութեան կը յանձնեն մեր չանդրադարձած այս արժէքաւոր դասերը, մեծահոգաբար մտածելով՝ որ մեր մտային ու հոգեւոր պատրաստուածութիւնը հաւանաբար բաւարար չէ՛, անոնց պէս, տուեալ իրողութիւնները դիտելով, քննելով ու վերլուծելով այս երզրայանգում - դասերուն հասնելու համար…

Պէտք է խոստովանիլ. չօգտուեցա՞նք մէկ ամիսէ ի վեր լրատուամիջոցները խուժած այս հեղեղէն։

Չէինք գիտեր մենք, օրինակ, եւ նոր անդրադարձանք, որ անկարո՛ղ ենք եւ մահը որքա՜ն մօտ է «եղեր»…

Չեմ գիտեր, շատ անգո՞ւթ պիտի ըլլամ, եթէ,- երանի ձեզի-, ըսեմ բոլոր անոնց, որոնք նո՛ր հասկցան այս անժամանակ, մարդու ծնունդին հետ սկիզբ առնող եւ հետը ապրող մահուան պարզ եւ անվիճելի իրականութիւնը…

Ե՞րբ հեռացած էր մահը, որ մօտեցած ըլլայ… մեզմէ ո՞վ կրնայ վստահիլ, որ յաջորդ վայրկեանին շունչ պիտի առնէ…

Բայց ճի՛շդ է, դիտելով գիտնալը բան մըն է, սրտակցելով հասկնալն ու գիտակցիլը ուրիշ բան, աս բոլորէն վերջ ընդունիլը, կամ չընդունիլը, լրիւ-լրիւ տարբեր բաներ են։

Այո՛, այլ բան է դիմատետրի էջի մը վրայ դրուած մահազդին տակ RIP գրել, եւ այլ բան է գիշերը գաղտնաբար շնչելը քննածդ, խնամածդ ու փայփայածդ հարազատ մը խաղաղօրէն, հողին յանձնել։

Այլ բան է իրօ՛ք ընդունիլ որ նիւթական թէ հոգեւոր, բոլոր նուիրումովդ անզօր ես եւ ժամանակն է այլեւս…

Այլ բան է մէկ վայրկեան առաջ, վաղուան ընելիքներուն մասին խօսած պահուդ, յանկարծ, առանց հրաժեշտի, հարազատ մը չգտնել։

Այլ բան է կորսնցուցածիդ հոտը զգալ եւ անոր այլեւս չեղող ձայնն ու ծիծաղը լսել։

Այլ բան է նահատակ զինուորի մը դագաղը դրօշակով փաթթել եւ անոր հարազատներուն առաջարկել չտխրիլ։

Այլ բան է, շատ յաճախ, մտածել, որ անժամանակ մահացած մեր մանուկները կը մեծնա՞ն հո՜ն, թէ՞ մեր գիտցածին պէս պիտի վերագտնենք զանոնք, օր մը, երբ միանանք…

Մահուան մօտիկութիւնը չգիտակցող, դաս տուողներ, ի՛նչ ըսեմ. երանի՜ ձեզի, եթէ այս բոլորը չէք ապրած ու զգացած դուք…

Մահուան վերաբերող այլ իրականութիւն մըն ալ մեզի հրամցուեցաւ այս օրերուն,- որ կրնանք հանգիստ ըլլալ, քանի որ տարեցներն ու մնայուն հիւանդութիւններ ունեցողներն են, որոնք առաւելաբար ենթարկուած են վարակուելու։

Այսինքն խնդիր չէ՞, տարեցները կամ հիւանդները թող մեռնի՞ն, կարեւորը երիտասարդները եւ առողջները շարունակեն ապրիլ։

Որո՞ւն կրնան օգտել այսպէս մտածող անսիրտ երիտասարդներն ու տմարդ առողջները։

Այսպէս պիտի մտածէի՞ն այս «բարի» յուսատուները, եթէ իրենք ալ «անկարեւոր մարդոց» ցուցակներուն մէջ ըլլային կամ թէկուզ անոնց մէջ հարազատ մը ունենային…

Կը կասկածիմ եւ կը ցաւիմ - ա՞ս ենք մենք։

Մենք կ՚ըսեմ, քանի որ մեզի տրուած կարեւոր դասերէն էր նաեւ այն, որ բոլորս հաւասար ենք։

Բոլորս մեղաւոր ենք Երկիր մոլորակին եւ բնութեան հանդէպ մեր գործած մեղքերուն համար, եւ ըստ երեւոյթին բնութեան դառն ու արդարացի վրէժն է այս վիճակը, որուն մէջ յայտնուած ենք բոլորս՝ հաւասարապէս, ինչպէս «բացատրուեցաւ» մեզի…

Բնութենապաշտ բարեկամնե՛ր,

Հաւատացէք որ մեզմէ՝ բնութիւնը հաւատարիմօրէն չպաշտպանողներէն շատերուս սիրտը կը ցաւի՛, երբ կը տեսնենք ովկիանոսի կէտ ձուկերուն ներսերէն ելած, ծովային կրիաներուն շուրջ փաթթուած, մարդոց կողմէն անփութօրէն հոն նետուած կերպընկալի (plastic) քանակը։

Մենք ալ կը մտահոգուինք, երբ կը տեղեկանանք, որ 2050-ին, եթէ մինչեւ այդ ապրինք, ծովին տակ կեանք պիտի չմնայ, օրինակ, եւ օր մը, անշուշտ՝ ուշացած, պիտի արդրադառնանք, որ խմելիք ջուր չունինք եւ շնչելիք օդ։

Այո՛, մեղաւոր ենք բոլորս հաւասարապէս եւ դաժա՛ն են մեր ըրածները մայր բնութեան նկատմամբ։

Շատ արդարացի.

Հապա մարդկութեան, մե՛ր հանդէպ մեր ըրածները՞։

Բոլորս մանրամասնօրէն տեղեկացուեցանք ո՛չ մէկ ատեն մեր չհետաքրքրուած, տարեկան հարբուխի, թոքաբորբի, շաքարախտի, քաղցկեղի, ԷՅԾ-ի, սրտի կաթուածի, վթարներու եւ այլ պատճառներով մահացողներու մեծ թիւերով, որոնց մասին, անշո՛ւշտ, այս զգուշացումներուն եւ պաշտօնական տեղեկանքներուն 0,01 առ հարիւրը չէինք տեսած։

Բայց մենք ի՛նչ մեղք ունինք անոնց հանդէպ,- կրնանք մտածել ու անցնիլ։

Այո՛, միշտ ալ կարելի է անցնիլ… բայց չմտածելով՝ անտարբեր։

Տարեկան անօթութենէն մահացող միլիոնաւոր մանուկներու այս մոլորակին վրայ, մեր «աւերորդ» իւղերը հալեցնելու համար, կտոր մը կաշիի վրայ հեւալով քրտինք չե՞նք թափեր։

Հեռաւոր Արեւելքի մէջ 6-էն 12 տարեկան աղջնակները, 100 կամ 200 տոլարով, որպէս մարմնավաճառութեան ստրուկ չե՞ն ծախուիր։

Աշխարհի ոսկիի պահեստի 90 առ հարիւրը Ափրիկէի մէջ գտնուելով հանդերձ, ցամաքամասին մեծամասնութիւնը սովէն չի՞ տառապիր։

Նոյն Ափրիկէէն ելած ադամանդներու քանակը ամբողջ ցամաքամասի սովի խնդիրը լուծելու չի՞ բաւեր։

Հանրայայտ Starbucks-ին «յատուկ» սուրճին սրճահատիկը քաղող հողագործը, այդտեղէն գաւաթ մը սուրճ կարենալ խմելու համար օրերով չ՚աշխատի՞ր։

Աշխարհահռչակ ընկերութիւններու գող ղեկավարներուն կենսագրականները, մեզի որպէս «կամքի եւ յաջողութեան ուղիներ» չեն ներկայացուիր։

Նոյն այդ ղեկավարներու/ մարդոց շահերուն համար, նորաձեւութեան ենթադրական համաստեղութեան մէջ, Barbie - կնոջ անսխալական օրինաչափութիւններուն ձգտող կանայք, բոլոր կանայք այլեւս իրար չե՞ն նմանիր։

Դեղնորակ կնոջ «աւելի գեղեցիկ» ըլլալուն համար, Ասիոյ մէջ տարեկան հարիւր հազարաւոր կանայք, հետեւողականօրէն մաշկը ճերմկցնող օճառներ եւ քսուկներ չե՞ն գործածեր։

Եւ դեռ աւելին ու աւելին….

Բոլորս հաւասարապէս մեղաւոր չե՞նք նաեւ այս մեղքերուն դիմաց. ասոնք ալ «ժահր»եր չե՞ն։

Մեզի մեր «ձեռքերը լուալ» սորվեցնող բազո՛ւմ տեսերիզներուն կէսին, քառորդի՜ն չափ, աս երեւոյթները բացայայտող տեսերիզներ ալ չէի՞ն, չե՞ն կրնար ըլլալ։

Ահա ամենացաւալին.

Սորվեցանք, անկասկած, ինչպէս մեր ձեռքերը ճիշդ ձեւով լուանք ու «մաքուր» մնանք, բայց միւս, առաջարկուած տեսերիզները, նոյնիսկ եթէ՜ ըլլան եւ զանոնք դիտենք, ի՞նչ պիտի փոխուի։

Այսպէ՛ս, տունը մնացինք ու կը մնանք ապահով, բայց դժգոհ. օրական «կենդանի ձայն»ով համերգ եւ նոյնիսկ՝ համերգներ կ՚առաջարկուին մեզի. դժգոհ ենք։ Համերգներ կան, որոնց շատերս այս «ժահր»էն առաջ ու վերջ, երեւի չկարենայինք մասնակցիլ…

Այո՛, շնորհակալ ըլլալովս հանդերձ, զարմացած եմ այս գեղեցիկ երեւոյթը տագնապի մը հետ կապելու իրողութենէն.

Այսօր, ճիշդ է, ապահով մնալու համար միլիոններ տունը նստած են, բայց ասկէ առաջ չկայի՞ն մարդիկ, շատ եւ դարձեալ միլիոնաւո՛ր մարդիկ, տարեցներ, թոշակառուներ, հիւանդներ, որոնք ոչ թէ առողջ մնալու համար, այլ պարզապէս տունէն ելլելու, համերգը կատարուող քաղաքը ճամբորդելու, եւ նոյնիսկ նոյն քաղաքին մէջ՝ համերգին տոմսը գնելու անկարող են…

Որքա՜ն գնահատելի նախաձեռնութիւն պիտի ըլլար տեսնել այս մեծ երգիչներն ու երաժշտահանները, դատարկ դահլիճներուն, բակերուն ու պարտէզներուն մէջ երգող ու նուագող երգչախումբերն ու նուագախումբերը, երբեմն, թէկուզ տարին անգամ մը եւ ոչ ամէն օր, նման գեղեցիկ ժեստով մը այդ մարդոց ալ անդրադարձած ըլլային…

Այնուամենայնիւ դժգոհ ենք։

Համացանցին մեզի նուիրած բոլո՜ր փառքերը անտեսելով՝ դժգոհ ենք։ Ճիշդ է, նոյն այս փառքերուն պատճառով է, որ նաեւ շփոթի մատնուած ենք, մեզի ներկայացուած գիտելիքներու եւ հակագիտելիքներու թոհուբոհին մէջ, բոլորս մոլորած կը մտածենք, կ՚ենթադրենք, կը համոզուինք, չենք համոզուիր, բայց դժգոհ ենք… հապա ի՞նչ պիտի ընէինք, եթէ ապրէինք այն ժամանակաշրջանին, երբ մարդիկ երկնքին մէջ, տեղ մը, կուտակուած ագռաւներէն կ՚ենթադրէին եւ ոչ՝ կը գիտնային մեռելներու առկայութիւնը….

Դժգոհ ենք եւ շատերը կը պատկերացնեն, որ տունը մնալու այս ապահով օրերը անցնելէն ետք, մարդիկ ինչպէս վերստի՜ն, կարօտով դուրս պիտի վազեն։

Կը հարցնեմ. ինչո՞ւ։

Ինչո՞ւ այդքան դժուար է տունը մնալ. ինչո՞ւ անզօր ենք, մեր տան մէջ մնալու եւ մեր ներսի աղմուկն ու լռութիւնը լսելու։ Մերը չէ՞ հոն ամէն ինչ։ Մեր պատերը չե՞ն անոնք՝ նիւթական թէ հոգեւոր։

Շուարած ենք, առանց դպրոցներուն, առանց մեր դասատուներուն անփոխարինելի թելադրութիւններուն, անոնց հաստատած կարգ-կանոնին, օրէնքներուն եւ հեղինակութեան….

Հեռուէն երեւցող, առանց պտոյտներու, առանց «մօլ»երու, ակումբներու, խաղավայրերու եւ աւազաններու, զգոյշ ու վերապահօրէն անցուելիք ամրան ուրուագիծը, մղձաւանջ մը կը թուի ըլլալ….

Անզօր ենք տունը մնալու.

Անզօր, քանի որ, այսօրուան մեզի առաջարկուած լուսաւոր, պերճ ու շռայլ, բայց կեղծ ու անցողիկ դուրսին դիմաց, ուրեմն, զօրութիւն մըն է մենք մեզի հետ մնալը։

Այո՛, դժուար է տունը մնալ ու հայելիին նայիլ, ո՛չ թէ դուրսին համապատասխան չափանիշներով շպարուելու, այլ մենք մե՛զ դիտելու. դիտելու եւ տեսնելու…

Եւ… փոխուա՞ծ է հարցումը արդեօք.

Ինչո՞ւ կը վազենք, ի՞նչ կը փնտռենք, ո՞ւր պիտի հասնինք։ Ո՞րքան գիտցած ենք, փաստօրէն, մեր կեանքին կամ միւս կեանքերուն մասին…

Զգալը, աւելի ճիշդ՝ կարենալ զգալը չէ՞, ուրեմն, էականը. մեզի տրուածն ու վիճակուածը, մէջը գտնուած մեր պահը մինչե՜ւ վերջ զգալ, փշաքաղուիլ, դողալ ու լալ. ամենասկիզբէն, բոլորիս ամենալաւ ըրած բանը ընել։

Չե՞նք կարօտցած իրօ՛ք զգալը։

Մեզմէ քանինե՞րը կը յիշեն այս զգացումը. անկեղծօրէն զգալը։

Մեր «յաջողութիւն» անուանած, ո՛չ միայն մեզի, այլեւ ուրիշներո՛ւն ալ իբր թէ մխիթարող այդ բաները….

Չե՞նք յոգնած իսկութեան մէջ մերը չեղող այս բաներէն…

Ժամանակը չէ՞ այլեւս վերադառնանք մենք մեզի….

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

«Ապագայ», Գանատա

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020