Ա՜Խ ԱՅՍ ՄՈՌԱՑԿՈՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդիկ արդէն բազմաթիւ պատճառներ ունէին մոռացկոտ ըլլալու, յիշողութիւնը կորսնցնելու, այդ պատճառներուն վրայ եկաւ աւելնալու համաճարակը, որուն հետեւանքներէն է յիշողութեան մասնակի կորուստը: Սակայն բարեբախտաբար կը նախատեսուի, որ լաւ օրերու յայտնուելուն հետ յիշողութիւնը կը վերադառնայ: Այս բնաբանով բրիտանական «Պի.Պի. Սի.»ն վերջերս հրապարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ՎՆԱՍ ՊԱՏՃԱՌԱ՞Ծ Է ՄԵՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ

Ձեր յիշողութիւնը աւելի վատ եղա՞ծ է համաճարակին ատեն:

Անցեալ տարի մասնագէտներու խումբ մը ըսաւ, որ մենք աւելի մոռացկոտ եղած ենք քորոնայի ընթացքին:

Նշուեցան ծիծաղ յառաջացնող դրուագներ, երբ մարդոց յիշողութիւնը դաւաճանած է մեկուսացման օրերուն, շաբաթներուն:

Յիշողութիւն ուսումնասիրող Քաթրին Լաւտէյ, որ Ուեսթմինիսթըր համալսարանի դասախօս է, հաւաքած է տուեալներ՝ զանազան անձեր հարցուփորձելով: Լաւտէյ իր ուսումնասիրութեան մէջ գործածած է «Առօրեայ յիշողութեան հարցարան»ը, որ պատասխանողներէն կը խնդրէ ենթակայական մանրամասնութիւններ, թէ իրենց յիշողութիւնը ինչպէ՞ս գործած է վերջերս:

Կան այսպիսի հարցումներ.

«Դուք մոռցա՞ծ էք մարդոց ըսել կարեւոր բան մը»:

«Դուք սկսա՞ծ էք կարդալ բան մը, ապա՝ անդրադարձած, որ այն նախապէս կարդացած էք»:

Եւ նման հարցումներ:

Քորոնայի ժամանակաշրջանի մեր յիշողութեան մասին այս ուսումնասիրութեան համար մարդոց հարցուած է, թէ համաճարակի ընթացքին իրենց յիշողութիւնը բարելաւ-ւա՞ծ, նո՞յնը մնացած, թէ՞ վատացած է:

Եւ ծիծաղ յառաջացնող փաստեր ի յայտ եկած են:

Մինչ քիչ թիւով բախտաւորներ զգացած են, որ իրենց յիշողութիւնը բարելաւուած է, հարցախոյզի մասնակցածներուն 80 առ հարիւրը (զգալիօրէն՝ աւելի բարձր տոկոս, որ մենք սովորաբար կ՚ակնկալէինք տեսնել) ըսած է, որ իր յիշողութեան առնուազն մէկ մասը վատացած էր:

Պէտք է նշել, որ այս մասնակիցներէն ոմանք արձագանգած էին հասարակական լրատուամիջոցներու կոչին, որպէսզի մարդիկ լրացնեն համաճարակի ընթացքին յիշողութեան խանգարումներու վերաբերեալ հարցաթերթիկը:

Այլ խօսքով, անոնք ինքնուրոյն ընտրող նմոյշներ էին, որոնք այս պատճառով կրնային մասնակցիլ:

Բրիտանիոյ մէջ Ազգային վիճակագրական գրասենեակը յայտնաբերած է, որ ճնշուածութեան համեմատութիւնը կրկնապատկուած է:

Բայց ոչ բոլոր մասնակիցները այդպէս հաւաքագրուած են եւ արդիւնքները նման են անկախ անկէ, թէ ինչպէ՛ս անոնք մասնակցած են:

Ամենէն տարածուած փոփոխութիւնը մոռնալն էր իրադարձութիւն մը կամ միջադէպ մը, որ մարդոց 55 առ հարիւրին կարծիքով պատահած էր իրենց հետ:

Ասիկա կը հաստատէ, որ համաճարակը ժամանակի մեր ընկալման վրայ ազդած է, բան մը, որ դժուար թէ զարմանալի ըլլայ:

«Երբ ես ուսումնասիրեցի ժամանակի ընկալման վերաբերեալ գրականութիւնը «Խեղաթիւրուած ժամանակ» գիրքին մէջ, պարզ դարձաւ, որ որոշ յիշողութիւններ ունին այն, որ կը կոչուի ժամանակի կնիք», կ՚ըսէ Քաթրին Լաւտէյ:

Երբ յիշողութիւնը տարբերակիչ է, վառ, անձամբ ներգրաւող եւ կը դառնայ հեքիաթ, որուն մասին մենք բազմաթիւ անգամներ պատմած ենք, մենք կրնանք այդ յիշողութիւնը ճշգրիտ նշել մեր կեանքի ժամանակացոյցին մէջ:

Բայց մեր կեանքի իրադարձութիւններու մեծ մասը այսպիսին չէ, ուստի մենք կը պայքարինք ատոնք ճիշդ ժամանակին տեղադրելու համար:

Այս հարցը յատկապէս ճիշդ եղած է համաճարակի բազմաթիւ երեւոյթներուն համար: Անշուշտ դուք հաւանաբար կը յիշէք, երբ առաջին անգամ լսեցիք, որ մենք փակման մէջ պիտի մտնենք, կամ երբ պատուաստուած էք:

Բայց շատ աւելի վառ եւ տարբերակիչ բան տեղի չէ ունեցած աւելի քան տարուան մը ընթացքին:

Յոգնածութիւն, մտահոգութիւն, անհանգստութիւն, յուշերու բացակայութիւն եւ աւելի նուազ հասարակական փոխադարձ ազդեցութիւններ: Զարմանալի չէ, որ մեզմէ ոմանք կը զգան, որ մեր յիշողութիւնը կը դաւաճանէ մեզ:

Մեր գործունէութեան շրջանակը շատ սահմանափակ եղած է՝ առցանց հանդիպումներ, քալել, պատկերասփիւռ, ուտելիք մը եւս տան մէջ:

Օրերը, շաբաթները, ամիսները միացած են եւ՝ մէկի վերածուած: Անցեալ չորեքշաբթին շատ նման է նախորդ երկուշաբթիին, եւ շատ դժուար է գիտնալ, թէ նոյնիսկ ո՛ր ամսուան ընթացքին քալելու գացած էիք որոշ վայր մը, աւելին՝ ճշգրիտ օրը:

«Հետաքրքրականօրէն յաջորդ ամենէն տարածուածը հետեւեալն էր. մարդիկ կ՚ըսէին, որ իրենց յիշողութիւնը այնքան վատացած է, որ նախադասութեան մէջ ըսուելիք ճիշդ բառը չեն յիշեր», կը նշէ Լաւտէյ:

Ասիկա հոգեբանութեան մէջ յայտնի է «լեզուի ծայր» երեւոյթով: Մենք բոլորս ժամանակ առ ժամանակ կը զգանք այն, որ աւելի յաճախ կը պատահի անուններու պարագային:

Սովորաբար անունը կը վերյիշենք աւելի ուշ, երբ արդէն շատ ուշ է: «Այո՛, անոր անունը Թոմ է»:

Ինչո՞ւ պէտք է բառերու նկատմամբ այս մոռացկոտութիւնը մեծնար քորոնայի սահմանափակումներու ժամանակ, պարզ չէ, բայց այդ պարզապէս կարելի է բացատրել անով, որ մեզմէ շատեր աշխատած են տունէն՝ առանձին կամ նոյնիսկ աշխատավայրին մէջ հեռաւորութիւն պահելով: Ուրեմն մենք վերջին աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին աւելի նուազ հնարաւորութիւն ունեցած ենք անձամբ զրուցել այլ մարդոց հետ:

Մենք հասարակական փոխադարձ ազդեցութեան հոլովոյթէն դուրս ենք:

Յիշողութեան տարածուած այլ դժուարութիւններէն եղած են մոռնալը, որ քեզի բան մը ըսած են, կամ՝ մոռնալը ընել այն, որ խոստացած ես ընել:

Ատոր ամենէն հաւանական բացատրութիւնը արտաքին միջավայրի մէջ յուշումներու բացակայութիւնն է:

Մեզմէ ոմանք աշխատանքի երթալու, գրասենեակի մէջ շարժելու, հանդիպումներու համար այլ վայրեր այցելելու եւ մարդոց հետ անընդհատ տեսակցելու փոխարէն՝ հիմնականին մէջ փակուած են տան սենեակէ մը ներս եւ անվերջ առցանց հանդիպումներու համար նայած՝ նոյն պաստառին:

Երբ մարդիկ աւելի շատ դուրս կու գային, անոնք կ՚անցնէին այն սենեակէն, ուր կը հանդիպէին կամ կը տեսնէին, թէ մէկը ինչպէ՛ս կ՚անցնի գրասեղանի քովէն: Այս մեզի կը յուշէ, որ, այո՛, մենք պէտք է զեկոյց պատրաստենք յաջորդ հանդիպման համար, կամ վաղը այդ ընկերոջ տարեդարձն է:

Յատկանշական է, որ տարբերուող յիշողութիւններուն մեծ մասը, այն տեսակները, որոնք ժամանակի ընթացքին դրոշմուած են, կամ որոնք մենք հակուած ենք յիշելու, կը ներառեն իրադարձութիւններ, որոնք տեղի կ՚ունենան դուրսը, որոնք կրնան տեղաւորուիլ այն վարկածի հետ, որ երբ մենք տունէն հեռու ենք, մեր ուղեղի հիփոքամփուսը աւելի գործուն կը դառնայ, հաւանաբար՝ համոզուելու համար, որ մենք միշտ կրնանք գտնել մեր վերադարձի ճամբան:

Ընդհակառակը, եթէ մեր կեանքը աւելի սահմանափակուի, շատ հաւանաբար ուղեղի այս հատուածին մէջ, որ այդքան կարեւոր է ինքնակենսագրական յիշողութեան համար, աշխուժութիւնը կը նուազի:

Ուրեմն, ընդհանուր փակման, մեկուսացման ընթացքին յիշողութեան վերաբերեալ այս նոր հետազօտութեան մէջ ամենէն մեծ կանխատեսումներէն մէկը այն էր, թէ որքան մարդիկ լաւ կը զգային իրենց յիշողութիւնները, թէ՝ որքան անոնք շարժած են օրուան ընթացքին:

Մարդիկ, որոնք դուրս եկած էին եւ մտած՝ զանազան շէնքեր, կամ որոնք կարողացած էին սենեակէ սենեակ երթալ, յիշողութեան աւելի քիչ դժուարութիւններ կը յայտնէին:

Միւս մեծ գործօնը, առաջին հայեացքով՝ առաւել զարմանալի, սեռն էր:

Կիները աւելի կ՚ըսեն, որ իրենց յիշողութիւնը վատացած է:

Ի՞նչ բան կրնայ ատոր պատճառը ըլլալ:

Կը թուի, թէ կիներ աւելի բարձր կէտեր ունեցած են, որովհետեւ անոնք աւելի շատ բացասական փոփոխութիւններ կ՚ունենան իրենց աշխատանքային պայմաններուն, իրենց յարաբերութիւններուն եւ ընդհանրապէս ճնշումի աւելի բարձր մակարդակի մէջ:

Ասիկա կը համապատասխանէ այլ ուսումնասիրութիւններու, որոնք ցոյց տուած են, որ կիները աւելի շատ հարուածած են ընդհանուր փակումները:

Լաւտէյ մասնակցողներէն նոյնպէս խնդրած է նկարագրել կարեւոր դրուագ մը ընդհանուր փակումի ատեն իրենց կեանքէն:

Մարդիկ շատ աւելի հաւանական էր, որ յիշողութիւններ ընտրէին 2020 թուականի ապրիլէն՝ Բրիտանիոյ առաջին ընդհանուր փակման սկիզբէն, քան՝ աւելի ուշ փակումներու ժամանակ:

Որոշ բնաբաններ սկսան գործուն ներառել՝ բնութեան մէջ ժամանակ անցընելը, սկիզբներն ու աւարտները, ինչպիսիք են՝ նոր աշխատատեղերը, ծնունդները, աշխատանքէ հեռանալը եւ թաղումները:

Մարդիկ շատ հաւանաբար կը բնութագրէին ընկերներու կամ ընտանիքի հետ սովորական բաներ ընելը, բայց՝ անսովոր ձեւով:

Մասնակիցներէն մէկը խօսեցաւ իր մայրիկի հետ փինկ-փոնկ խաղալու մասին՝ ձեռնոցներով եւ դիմակով:

Լաւ նորութիւնը այն է, որ այսպէս կոչուած պատահական յիշողութիւնները շատ մանրամասն էին:

«Ես այդ կը տեսնէի որպէս նշում, որ յիշողութեան համակարգերը՝ որպէս այդպիսին, «կոտրուած» չեն, այլ՝ պարզապէս անընդհատ բոլոր խողովակներուն վրայ չկրակելը», կ՚եզրափակէ Լաւտէյ:

Լաւ լուրը այն է, որ կան բաներ, որոնք մենք կրնանք ընել ատոր համար։

Ասիկա կը յուշէ, որ երբ կեանքը կրկին աշխուժանայ՝ առանց ճանաչողական խանգարումներու, հին յուշերը կը մնան եւ մեր արդիւնաւէտ յիշողութիւնները պիտի վերադառնան:

Շուտով, ինչպէս՝ այս տարօրինակ եւ տխուր տարուան այլ կողմերը, աւելորդ մոռացկոտութիւնը կը չքանայ մեր միտքերէն:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021