ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԵԾ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Կարեւոր խմորումներ կը կատարուին նախ Սուրիոյ մէջ։ Անկախ այն փաստէն, որ Մերձաւոր Արեւլքի զարգացումներուն հետեւողներուս համար կը շարունակէ ուղենշային համարուիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն վերջնական արդիւնքը, կայ նաեւ վարկած, որ ամերիկեան «լուռ» համաձայնութեամբ մը ընթացք առած է նոր ձեւաչափի գործընթաց։ Անշուշտ, այդ գործընթացը կապ ունի զանազան «թէժ կէտեր»ու վրայ առկայ տագնապալի վիճակներու մասնակի լուծումներ տալու մօտեցումներուն հետ։

Ահա, այդ շրջագիծէն ներս աւելի քան պարզ է, որ թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Իրաքի եւ թէ մանաւանդ՝ Սուրիոյ մէջ կան երեւելի ու բացայայտ խմորումներ՝ խնդիրները լուռ եւ հեզասահ լուծելու առումով։ Սա անշուշտ չի նշանակեր, որ ամբողջ շրջանը պիտի թեւակոխէ «դրախտային խաղաղութեան» փուլ մը։ Բայց եւ այնպէս, կայ միտում մը. օրինակ՝ Սուրիոյ կառավարութիւնը աւելիով զօրանայ եւ իր տիրապետութիւնը տարածէ ամբողջ երկրով մէկ։ Այս գործին սատար պիտի կանգնին անշուշտ Սուրիոյ մէջ մեծ շահեր ունեցող երկիրները՝ Ռուսաստանն ու Իրանը, նաեւ Սուրիոյ սահմանին գտնուող Թուրքիան, որուն համար էական խնդիր կը շարունակէ մնալ իր սահմաններուն անվտանգութեան հարցը։

Այս բոլորէն անդին, երբեք սարերու ետեւը չէ, որ Արեւմտեան պլոքի երկիրներ եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ խօսին (նոյնիսկ գաղտնի բանակցութիւններու ճամբով) Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի իշխանութիւններուն հետ։

Ամէն պարագայի այս աշունը բաւականին «բարեբերե կրնայ ըլլայ Սուրիոյ պարագային, որ մեծ ներուժ ունի վերադառնալ իր նախկին «կարեւոր խաղացող»ի օգտաշատ դերին։

Վերոյիշեալ բոլոր վարկածներու մասին աւելի յստակ պատասխաններ ունենալու համար հեռավար հարցազրոյց մը ունեցանք հալէպահայ գրող Յակոբ Նալպանտին (Տըլտըլեան) հետ։ Ան ապրելով Հալէպի մէջ կարողացաւ իրական պատկեր մը տալ՝ հայութեան համար ալ զանազան առումներով կենսական քաղաքին ու այնտեղ նկատուող տնտեսական-քաղաքական շարժերու մասին։ Ստորեւ մեր հարցազրոյցի սղագրութիւնը։

*

-Գիտենք, որ երկար ժամանակէ ի վեր Սուրիան պատժամիջոցներու ենթարկուած է: Այսօր այդ առումով ի՞նչ են մեծագոյն դժուարութիւնները, որոնց կը բախի Սուրիոյ ժողովուրդը:

-Սուրիոյ դէմ կիրարկուած արեւմտեան ոչ-օրինական շրջափակումը ունեցաւ ծանր անդրադարձ երկրի տնտեսութեան վրայ, յատկապէս «Կայսեր» պատժամիջոցներու կիրառումէն ի վեր։ Սուրիական լիրան, որ պատերազմի ժամանակ կրցած էր զսպուիլ եւ արձանագրել տրամաբանական արժեզրկում, վերջին երկու տարուան ընթացքին չափազանց արժեզրկուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ մեծ գնաճ, որ շատ վատ կ՚անդրադառնայ սուրիացի ժողովուրդի ամենատարրական պէտքերու հայթայթման վրայ։

-Վերջին շրջանին Պեշար Էսատ կարեւոր դիտարկում մը կատարեց ու ըսաւ, որ սուրիացի մեծ գործարարներու դրամական միջոցները կը գտնուին Լիբանանի մէջ: Սակայն Լիբանանի տագնապը տակաւին իր ամենաբարդ փուլին մէջ է, արդեօք Սուրիան ի՞նչ ձեւով կրնայ ազատագրել այդ գումարները, ի՞նչ պայմաններով Սուրիան պիտի կարողանայ իր տնտեսութիւնը վերականգնել:

-Արեւմուտքի շրջափակումները եւ պատիժները «ներթափանցեցին» Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատուն, որուն պատճառով դրամի տեղափոխումը դէպի Սուրիա եւ Սուրիայէն դէպի դուրս խստապէս արգիլուած էր, այդ պատճառով սուրիական մեծագոյն դրամագլուխը կը գտնուէր Լիբանանի դրամատուներու մէջ. ըստ զրոյցներու, այդ գումարը կը կազմէ շուրջ 30-40 միլիառ տոլար: Կայ նաեւ ուրիշ վարկած մը, ըստ որու Արեւմուտքի ծրագրով եւ Լիբանանի մէջ գործող հակասուրիական ուժերու օգնութեամբ, այդ գումարները Լիբանան տեղափոխուած են անյայտ ուղղութեամբ, այդպէսով ճնշումի միջոց դառնալով երկրի տնտեսութեան վրայ։ Անշուշտ այս հարուածը շատ ծանր էր եւ այդ պատճառով տեղի ունեցաւ տոլարի կտրուկ աճ եւ նկատ-ւեցաւ դրամական խոր պակասուրդ, որու արդիւնքները մենք մինչեւ օրս խորապէս կը զգանք: Իսկ այդ գումարներու վերադարձի համար չեմ կրնար մեկնաբանել, որովհետեւ անոնց ճակատագիրը, իմ կարծիքով, կախեալ է համաշխարհային քաղաքականութեան շարժերէն:

-Վերջերս Հալէպի ծայրամասային շրջաններու մէջ վերականգնումի ընթացք մը սկսաւ, ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ բոլորին մէջ յոյսեր տեսնել քաղաքի վերականգնումի առումով, մանաւանդ՝ որ Հալէպը Սուրիոյ տնտեսութեան մայրաքաղաքն է, տըն-տեսութեան սիրտն է եւ արիւնատար երակներէն գլխաւորագոյնը:

-Ճիշդ էք, Սուրիոյ զանազան կառավարութիւններ իրենց ուժերու ներածին չափով կը փորձեն վերականգնել Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքի՝ Հալէպի լուսաւոր համբաւը, սակայն բոլոր ջանքերը կը մնան ապարդիւն, որովհետեւ նախ երկիրը շրջափակման մէջ է, կայ ուժանիւթի խիստ պակաս, տոլարի գինի անկայուն վիճակ, դուրսի շուկաներ հասնելու մեծ դժուարութիւններ եւ այլ խանգարող հանգամանքներ:

-Արդեօք կա՞ն սուրիահայ գործարարներ, որոնք իսկապէս պատրաստ են Սուրիա վերադառնալու եւ աշխատելու, իրենց գործարանները կեանքի կոչելու:

-Ինչ կը վերաբերի հայ գործարարներուն, ես վերջերս շփուեցայ բաւական մեծ թիւով հայ գործարարներու հետ, անոնց մեծամասնութիւնը կը ծրագրէ դուրս գալ Սուրիայէն եւ իրենց գործերը տեղափոխել Հայաստան, իսկ կան գործարարներ, որոնք կը բնակին զանազան երկիրներու մէջ, բոլորը եկած են եւ կը փորձեն վաճառել իրենց գործարանները, որոնց շարքին նոյնպէս կան մարդիկ, որոնք կը ծրագրեն տեղափոխուիլ Հայաստան։ Իբր այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պէտք է քաջալերէ նման տնտեսական քայլերը:

-Վերջին շրջանին մենք նկատեցինք նաեւ, որ Սուրիայէն մեծ հոսք մը կայ դէպի Եգիպտոս թէ՛ աշխատուժի եւ թէ գործարար միջավայրերու առումով. ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս երեւոյթը:

-Դէպի Եգիպտոս հոսքը ունի տնտեսական երեսակ մը, որ արդիւնք է անյոյս վիճակի, անգործութեան եւ տնտեսական ծանր վիճակներու։ Իմ համեստ կարծիքով՝ այս երեւոյթի տակ կայ ուրիշ ձեռագիր մը, որ կը գործէ Եգիպտոսի անուան։ Այդ ձեռագիրը ունեցողները կը փորձեն սւելիով ծունկի բերել Սուրիոյ արդէն իսկ քանդուած տնտեսութիւնը եւ երկրի կենդանի ուժը՝ երիտասարդութիւնը մղել գաղթի եւ հեռացնել հայրենիքէն: Իբր այդ համար հնարաւոր է, որ Արեւմուտքը կը փորձէ ճնշում բանեցնել Սուրիոյ պետութեան վրայ, որպէսզի, իմ կարծիքով, եգիպտական կազամուղը անցընէ Սուրիոյ տարածքով։ Իսկ մի գուցէ եգիպտականի անուան տակ Սուրիոյ տարածքով դէպի Եւրոպա պիտի մղուի Իսրայէլի կազը եւ վերջը հնարաւոր է անոր միանան Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը։ Այդպիսով Արեւմուտքը կ՚արձանագրէ մեծ յաղթանակ մը ռուսական կազին նկատմամբ:

-Նոյն գետնի վրայ քաղաքական-տնտեսական առումով կան խօսակցութիւններ, թէ Սուրիա եւ Թուրքիա պիտի համագործակցին եւ այդ բոլորին մէջ Եգիպտոս կարեւոր դեր մը վերցուցած է. ճի՞շդ են այդ խօսքերը կամ վաղ է տակաւին խօսիլ այդ մասին:

-Ես Սուրիա-Թուրքիա-Եգիպտոս մերձեցման կը կապեմ այս մէկը: Իմ կարծիքով, Սուրիա խորապէս հիասթափուած է անկայուն քաղաքականութենէն Ռուսաստանի, որ կը կիրառէ Սուրիոյ տարածքին վրայ եւ այսպիսով կ՚ուզէ ձերբազատուիլ ռուսական ճնշումէն: Այս տրամաբանութեան մէջ կարելի է զետեղել Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ անվտանգութեան մարմիններու հանդիպումները, որոնք, ըստ մեկնաբանութիւններու, տեղի կ՚ունենան ամենաբարձր մակարդակներու վրայ: Իսկ Ռու-սաստանը տեսնելով այս բոլորը, կը ռմբակոծէ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող եւ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող խմբաւորումներու բնակավայրերը, մեծ ուժգնութեամբ, եւ կը խանգարէ Դամասկոսին՝ տարածքէն ներս ընդդիմադիր ուժերու հետ համաձայնութեան հասնելուն: Ես կը կարծեմ, որ մենք արեւմտեան համաձայնութեամբ՝ վկաները պիտի ըլլանք Սուրիոյ հիւսիսին մէջ զինուորական մեծ շարժման մը, որուն ճամբով Սուրիոյ կառավարութիւնը պիտի կարողանայ մեծ յաջողութեամբ լուծել Իտլիպի խնդիրը եւ իր տիրապետութեան տակ առնել այդ բարեբեր եւ տարբեր առումներով կենսական շրջանները։

-Այսօր կը տեսնենք, որ բազմաթիւ երկիրներ իրենց դեսպանատուները կը վերաբանան Դամասկոսի մէջ: Այդ մէկը անշուշտ դրական քայլ մըն է, սակայն քաղաքական առումով կարծես Արեւմուտքը մինչեւ այս պահը չի պատրաստուիր համագործակցիլ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ, ատոր փոխարէն տնտեսական պատիժները կ՚աւելցնէ, ի վերջոյ ի՞նչ պիտի ըլլայ ընթացքը այս իրավիճակին:

-Դեսպանատուներու բացումը անշուշտ դրական է: Արեւմուտքը Սուրիոյ հետ հիմա կը համագործակցի միայն անվտանգութեան հարցերու շուրջ, իսկ տնտեսական եւ քաղաքական կապերու մասին շատ կանուխ է խօսիլը: Արեւմուտք-Սուրիա կապերը իրենց տեղաշարժը կ՚արձանագրեն դրական առումով, երբ Արեւմուտք-Իրան բանակցութիւնները հասնին տրամաբանական դրական աւարտի:

-Արդեօք Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղաշարժեր կա՞ն, յատկապէս խօսքը այն շրջաններու մասին է, որոնք կը գտնուին Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն ձեռքը, նաեւ այն շրջաններուն ուր կան քրտական զօրամիաւորումներ: Արդեօք այս առումով ինչ-որ նորութիւններ կա՞ն:

-Ինչպէս վերը նշեցի, հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին Թուրքիոյ ենթարկուող ուժերու հակակշռին տակ, կայ լարուած վիճակ եւ կան ռուս-թրքական ցցուն բախումներ, որոնք նոյնիսկ կապ ունին թուրք-ուքրանական վերջին մերձեցումներուն հետ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ճեզիրէի շրջանի հարցին, կը կարծեմ՝ երբ ԱՄՆ իր զօրքերը մինչեւ նոր տարի դուրս բերէ Իրաքէն, նոյնպէս դուրս պիտի գայ Սուրիայէն։ Այդ ժամանակ, համոզուած եմ, թէ լրիւ խաղաղ պայմաններու ներքեւ Սուրիոյ պետութիւնը պիտի վերադառնայ Ճեզիրէ՝ տեղական տարրերուն տալով մեծ հնարաւորութիւններ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2021