ԿԵԱՆՔԸ ՄԷ՛Կ ԱՆԳԱՄ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ

Վերջերս հանդիպեցայ երկու ընկերներու միջեւ կատարուած շատ կարճ զրոյցի մը, որ պարզապէս երկու նախադասութենէ կը բաղկանար: Բովանդակութիւնը հետեւեալն էր.

-Մենք մէ՛կ անգամ միայն կ՚ապրինք:

-Սխա՛լ. մենք մէ՛կ անգամ միայն կը մեռնինք, բայց իւրաքանչիւր օր կ՚ապրինք:

Այս երկու նախադասութիւնները առիթ դարձան մտորելու մարդկային կեանքի մասին: Մենք ընդհանրապէս կեանքի մասին սխալ կարծիք կը կազմենք ու որպէս հետեւանք մեր կեանքն ալ սխալ կերպով կ՚ապրինք, առանց զանազանելու առաջնայինը երկրորդականէն, երկրորդականը երրորդականէն եւ այսպէս:

Հարց տանք. ի՞նչ է կեանքը:

Դիմենք Մայր Թերեզային, որ մի քանի կերպերով պատասխանած է այս հարցումին: Այսպէս.

«Կեանքը բախտ մըն է՝ ըմբռնէ՛ զայն։
Կեանքը գեղեցկութիւն է՝ հիացի՛ր։
Կեանքը երջանկութիւն է՝ սորվէ՛ զայն։
Կեանքը երազ մըն է՝ ճշմարտութեան վերածէ՛ զայն։
Կեանքը մարտահրաւէր մըն է՝ դիմադրէ՛։
Կեանքը պարտականութիւն մըն է՝ կատարէ՛ զայն։
Կեանքը խաղ մըն է՝ խաղա՛ անոր հետ։
Կեանքը թանկագին է՝ խնամէ՛ զայն։
Կեանքը հարստութիւն է՝ պահպանէ՛ զայն։
Կեանքը սէր է՝ վայելէ՛ զայն։
Կեանքը խորհուրդ է՝ թափանցէ՛ զայն։
Կեանքը խոստում է՝ լիացո՛ւր զայն։
Կեանքը տխրութիւն է՝ յաղթահարէ՛ զայն։
Կեանքը երգ մըն է՝ երգէ՛ զայն։
Կեանքը պայքար է՝ ընդունէ՛ զայն։
Կեանքը ողբերգութիւն է՝ ուժով բռնէ՛ զայն։
Կեանքը արկածախնդրութիւն է՝ համարձա՛կ եղիր։
Կեանքը շնորհ մըն է՝ արժանի եղի՛ր անոր։
Կեանքը կեա՛նք է՝ պաշտպանէ՛ զայն»:

- Կեանքը բախտ մըն է՝ ըմբռնէ՛ զայն. հետաքրքրական բնորոշում մը կեանքին. բնականաբար այստեղ բախտ բառը պատահականութիւն որպէս պէտք չէ ըմբռնել, այլ՝ առիթ մը, մենաշնորհ մը՝ շնորհուած մեզմէ իւրաքանչիւրին: Հետեւաբար, մեզի տրուած այդ մենաշնորհը պէտք է օգտագործենք ու վայելենք այնպէս, որպէսզի կարենանք արժեւորել զայն եւ երախտապարտ ըլլալ մեզի տրուած շնորհին: Եւ որպէսզի յաջողինք այդ առիթը լաւագոյնս օգտագործելու, պէտք է կեանքը ամէն օր ապրինք:

- Կեանքը գեղեցկութիւն է՝ հիացի՛ր. այն ալ ի՜նչ գեղեցկութիւն: Յաճախ կը դժգոհինք մեր ապրած միջավայրէն, տունէն, շէնքէն, գիւղէն, քաղաքէն, եւ այլն: Կը գանգատինք տան փոքրութենէն կամ անյարմարութենէն, կը դժգոհինք գիւղի կամ քաղաքի կեդրոնական մասերէն հեռու ըլլալուն համար, եւ այլն: Ու այս դժգոհանքի եւ գանգատի յորձանուտին մէջ կը մոռնանք պահ մը մեր գլուխը դէպի երկինք բարձրացնել ու հիանալ այդ գեղեցկութեամբ, արեւով, լուսինով, աստղերով, ամպերով, նայիլ մեզ շրջապատող լեռներուն, ծովերուն, ովկիանոսներուն, դաշտերուն, ծաղիկներուն ու ծառերուն, մեր ականջները բանալ լսելու թռչուններուն ծլվլոցը: Եթէ յաջողինք մեր առօրեայ եռուզեռին մէջ պահ մը կտրուիլ ու հիանալ կեանքի գեղեցկութեամբ, ապա մեր կեանքն իսկ կը գեղեցկանայ:

- Կեանքը երջանկութիւն է՝ սորվէ՛ զայն. կեանքը իրապէս որ երջանկութիւն է, երջանկութեամբ զայն ապրողին համար: Ճիշդ է, որ մեր կեանքի ընթացքին շատ յաճախ վիշտն ու տառապանքը, լացն ու սուգը աւելի գերակշռող են, սակայն այդ բոլորին մէջ եթէ կարենանք կեանքի երջանկութիւնը սորվիլ, ապա մեր կեանքը երջանկութեամբ կ՚ապրինք: Իսկ կեանքը երջանկութեամբ ապրելու համար անհրաժեշտ է, որ զայն ամէն օր ապրինք եւ ո՛չ թէ մէկ անգամ:

- Կեանքը երազ մըն է՝ ճշմարտութեան վերածէ՛ զայն. եթէ մեր կեանքը մէ՛կ անգամ ապրինք եւ ո՛չ թէ ամէն օր, ապա այն իրապէս կը վերածուի երազի, որ երբեք ճշմարտութեան չի վերածուիր: Կեանքի հաճոյքներուն գերի դառնալը եւ այդ գերութեան մէջ ապրիլը ամենէն մեծ արգելքն է կեանքը ճշմարտութեան վերածելու: Կ՚ուզե՞նք, որ մեր կեանքը ճշմարտութեան վերածուի, ապա մեր սին խաբկանքներէն ու երազային կեղծ ու պատիր հաճոյքներէն պէտք է դուրս գանք եւ կեանքը ապրինք իր իսկութեան մէջ:

- Կեանքը մարտահրաւէր մըն է՝ դիմադրէ՛. վստահաբար մեզմէ շատեր փոքր կամ մեծ դժուարութիւններու դիմաց տկարացած ենք եւ յուսահատած ըսած ենք՝ «այլեւս չեմ կրնար շարունակել», կամ «իմ ուժերէս վեր է», կամ «չեմ կրնար»: Այս բոլոր պատճառաբանութիւնները կրնան արդիւնք ըլլալ կեանքը սխալ ըմբռնած ըլլալու մեր հանգամանքին, այսինքն՝ մեզի համար կեանքը մէ՛կ անգամ ապրիլ մըն է պարզապէս եւ ոչ աիելին: Այդ պատճառով ալ մեր առաջին հանդիպած դժուարութեան դիմաց սպիտակ դրօշակը կը բարձրացնենք, առանց դոյզն իսկ փորձի, դիմադրութեան: Մինչ, երբ կեանքը ապրիլը ամէնօրեայ իրականութիւն ըլլայ մեզի համար, ապա մեր կեանքը ամէնօրեայ մարտահրաւէրներու դիմադրութեան կը վերածուի, այլ խօսքով՝ մեր կեանքը ամէնօրեայ պայքարի կը վերածուի, նուաճելու համար որեւէ դժուարութիւն եւ խոչընդոտ:

- Կեանքը պարտականութիւն մըն է՝ կատարէ՛ զայն. այո՛, կեանքը պարտականութիւն է զայն ճիշդ կերպով ապրողին համար: Յաճախ կը լսենք, որ մեր կեանքը պատահականութեան արդիւնք է. չարաչար կը սխալին նման կերպ մտածողներն ու այս թեզը յառաջ քշողները, կեանքը չի՛ կրնար պատահականութիւն մը կամ պատահականութեան մը արդիւնքը ըլլալ: Համոզուելու համար պարզապէս ուշադրութեամբ քննենք մեր կազմուածը եւ մեզ շրջապատող աշխարհը, տիեզերքը, եւ կը համոզուինք, որ այս կատարեալ ստեղծագործութիւնը չի՛ կրնար պատահականութիւն ըլլալ: Հետեւաբար, երբ դադրինք կեանքին նայիլ որպէս պատահականութիւն եւ զայն ընկալենք իբրեւ կոչում, իբրեւ պատասխանատուութիւն, ապա կեանքը իրապէս մեզի համար կը վերածուի պարտականութեան, եւ մեր խելացութենէն կախում կ՚ունենայ զայն լաւագոյնս կատարելը:  

- Կեանքը խաղ մըն է՝ խաղա՛ անոր հետ. ինչպէ՞ս թէ կեանքը խաղ մըն է: Այո՛, խաղ է կեանքը, այն ի՜նչ հաճելի խաղ մը զայն լաւապէս խաղալ գիտցողին համար: Խաղի հոգեբանութիւնը ի՞նչ է. յաղթութիւն եւ միայն յաղթութիւն: Այս առումով եթէ մօտենանք կեանքին, ապա կեանքը իրապէս մեզի համար խաղ մը կը դառնայ: Իսկ այդ խաղը յաղթութեամբ պսակելու համար զայն պէտք է ամէն օր ապրինք եւ ո՛չ թէ մէկ անգամ:

- Կեանքը թանկագին է՝ խնամէ՛ զայն։ Կեանքը հարստութիւն է՝ պահպանէ՛ զայն. ուսումնասիրենք մեր չորս կողմ ապրող անբան արարածներու կեանքը եւ հաստատ կը համոզուինք, որ իրապէս մեզի պարգեւուած կեանքը թանկագին է ու հարստութիւն, զորս պէտք է խնամենք ու պահպանենք: Մինչ մեր չորս կողմը ապրող անբան արարածները դատապարտուած են անէութեան, մենք ի տարբերութիւն անոնց, անմահ ենք եւ կոչուած ենք յաւիտենապէս ապրելու, հետեւաբար պէտք է յարգը գիտնանք այդ հարստութեան եւ թանկագին պարգեւին եւ զայն լաւապէս խաղալով կարենանք յաղթել ու արժանի ըլլալ յաւիտենապէս ապրելու:

- Կեանքը սէր է՝ վայելէ՛ զայն. կեանքը սիրոյ արդիւնք ըլլալով, այն եւս համակ սէր է: Արդարեւ, Աստուած Իր սէրէն դրդուած ստեղծեց մեզ ու այն միջավայրը, ուր մենք կ՚ապրինք, եւ եթէ այս գիտակցութեամբ մօտենանք կեանքին, ապա զայն սիրով կը վայելենք:

- Կեանքը խորհուրդ է՝ թափանցէ՛ զայն. որպէսզի կարենանք կեանքի խորհուրդին թափանցել, ապա զայն պէտք է ամէն օր ապրինք, ապրի՛նք զայն իր ամենէն չնչին մանրամասնութիւններով, որպէսզի այդ խորհուրդին թափանցելով հասնինք կեանքի ճշմարտութեան եւ զայն լիապէս ապրինք:

- Կեանքը խոստում է՝ լիացո՛ւր զայն. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպետեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի» (Յհ 11.25-26):

- Կեանքը տխրութիւն է՝ յաղթահարէ՛ զայն. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33):

- Կեանքը երգ մըն է՝ երգէ՛ զայն. կեանքը երգ կը դառնայ, երբ սորվինք զայն ամէն օր ապրիլ, այլ խօսքով, եթէ յաջողինք թափանցել անոր խորհուրդին, հասկնալ անոր ինչութիւնը եւ անոր մօտենալ որպէս ճշմարտութիւն մը եւ ո՛չ թէ երազ մը, կամ բախտ մը՝ պատահականութեան հասկացողութեամբ:

- Կեանքը պայքար է՝ ընդունէ՛ զայն. կեանքը պայքար մըն է, զայն քաջութեամբ ապրողին համար: Եթէ կեանքին մօտենանք որպէս պայքար, այսինքն՝ ամէնօրեայ մարտնչում, ապա կ՚ընդունինք այդ մարտահրաւէրը եւ ընդունելէ ետք մեր կարելին կ՚ընենք, որպէսզի յաղթահարենք զայն: Յաղթահարենք զայն իմաստութեամբ, հաւատքով, յոյսով ու սիրով:

- Կեանքը ողբերգութիւն է՝ ուժով բռնէ՛ զայն. այո՛, կեանքը ողբերգութիւն է, եթէ չկարենանք զայն ուժով բռնել, աւելի ճիշդը ողբերգութեան կը վերածուի, եթէ չյաջողինք զայն մեր ձեռքերուն՝ մեր հսկողութեան տակ պահելու: Պահ մը պատկերացուցէք մէկը, որ կորսնցուցած է իր ինքնատիրապետումը եւ ենթակայ դարձած է ասոր կամ անոր, այլ խօսքով՝ խաղալիքի վերածուած է այլոց ձեռքը. միթէ նմանատիպ կեանք մը ողբերգութիւն չէ՞:

- Կեանքը արկածախնդրութիւն է՝ համարձա՛կ եղիր. վերը ըսինք, որ կեանքը զայն քաջութեամբ ապրողներուն համար է. ինչո՞ւ. որովհետեւ մեր կեանքին իւրաքանչիւր քայլափոխը հարուստ է արկածախընդրութիւններով, մանաւանդ հոգեւոր մեր կեանքին մէջ, եւ եթէ համարձակ չգտնուինք դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու այդ արկածախնդրութիւնները, ապա մեր կեանքը կը վերածենք ողբերգութեան: Եւ որպէսզի կարենանք մեր դիմաց յայտնուած արկածախնդրութիւնները յաղթահարել, ապա պէտք է մեր կեանքը ամէն օր ապրինք, եւ ո՛չ թէ մէկ անգամ:

- Կեանքը շնորհ մըն է՝ արժանի եղի՛ր անոր. վերը ըսինք, որ կեանքը շնորհ մըն է, պարգեւ մըն է, եւ մեզմէ կախում ունի այդ շնորհին արժանի ըլլալը: Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք արժանի ըլլալ այդ շնորհին. կեանքը ապրելով՝ լի՛ապէս ապրելով, գիտանալով մեզի եղած շնորհքին յարգը, արժէքն ու իմաստը եւ երախտապարտ գտնուիլ զայն մեզի շնորհողին:

- Կեանքը կեա՛նք է՝ պաշտպանէ՛ զայն. «Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք Անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ: Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք» (Յհ 6.53-55): Հարցնենք մենք մեզի. քանի՞ անգամ հաղորդուած ենք Տէր Յիսուսի Կենդանարար Մարմինով եւ Արիւնով. այս հարցումին պատասխանելէ ետք է, որ միայն կրնանք համոզուիլ, թէ արդեօք մենք մեր կեանքը պաշտպանա՞ծ ենք կամ կը պաշտպանենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 յունուար 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022