«ՏԳԷՏԸ ԿԸ ՎԻՃԻ, ԳԻՏՈՒՆԸ ԿԸ ԴԻՏԷ, ԻՄԱՍՏՈՒՆԸ ԿԸ ԼՌԷ»

Ոչ ոք իր մօր ո­րո­վայ­նէն տգէտ, գի­տուն կամ ի­մաս­տուն դուրս ե­լած է։ «Մերկ ե­կած ենք եւ մերկ ալ պի­տի եր­թանք», ինչ­պէս պի­տի ը­սէր համ­բե­րա­տա­րու­թեան գե­րա­գոյն օ­րի­նա­կը՝ Յոբ։ Այս աշ­խար­հին մէ՛ջ է, որ ի­մաս­տու­նը ի­մաս­տուն եւ տգէ­տը տգէտ դար­ձած է, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր իսկ ձեռ­քով, ջա­նադ­րու­թեամբ ու ա­պի­կա­րու­թեամբ։

20-րդ դա­րը պատ­մու­թեան ան­ցաւ իր նուա­ճում­նե­րով, ձեռք­­բե­րում­նե­րով, ձա­խոր­դու­թիւն­նե­րով…, իսկ նոր դա­րը ե­րի­տա­սար­դին դի­մաց բա­ցաւ տար­բեր ան­հուն աշ­խարհ մը։ Տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը, հա­ղոր­դակց­ման մատ­չե­լիու­թիւ­նը, հրա­պա­րա­կա­յին կեան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման ու նո­րաց­ման շնոր­հիւ ստեղ­ծուած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու պայ­ման­նե­րը ամ­բող­ջա­պէս յե­ղաշր­ջե­ցին այ­սօ­րուան ե­րի­տա­սար­դին ըն­կե­րա­յին, մշա­կու­թա­յին, կեն­ցա­ղա­յին, հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան եւ մտա­ւոր-գա­ղա­փա­րա­կան պա­հանջք­նե­րը։

Ներ­կայ յա­ռա­ջա­դէմ դա­րու ե­րի­տա­սար­դը կը սա­ւառ­նի ան­ծայ­րա­ծիր եր­կինքն ի վեր, մերթ կը սու­րայ դէ­պի հե­ռա­ւոր նպա­տակ, մերթ հա­յեաց­քը ուղ­ղաս­րած կը թե­ւա­ծէ դէ­պի աշ­խարհ՝ «ան­տե­սե­լով պահ մը կայ­ծակն աչ­քաշլաց եւ պահ մը շա­ման­դա­ղը հա­յեաց­քա­մո­լոր»։ Ան­տար­բեր է ան ա­մէն տե­սա­կի մրրի­կի ու ամպ­րո­պի, ո­րոնք ոչ իսկ դոյզն ան­գամ կրնան ար­գե­լա­կել ա­նոր կան­խամ­տա­ծուած նպա­տակ­ներն ու ե­րա­զան­քե­րը։ Կ՚ու­զէ ինք­զինք փաս­տել, կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ցոյց տալ իր շրջա­պա­տին, իր շնորհք­նե­րը դրսե­ւո­րել, այլ խօս­քով՝ ի­րա­գոր­ծել այն ինչ որ կը կա­մե­նայ ու կը փա­փա­քի։ Ա­նոր հա­մար ան­տե­սա­նե­լի են խո­չըն­դոտ­ներն ու դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ իր հոգ­ւոյն մէջ լայն տեղ գրա­ւած են խի­զա­խու­թիւ­նը, ա­րիու­թիւնն ու ան­կա­տար նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար դրուած յոյ­սի ճա­ռա­գայթ­նե­րը…։ Բայց մին­չեւ ե՞րբ եւ մին­չեւ ո՞ւր…։

Նպա­տակ­նե­րու ի­րա­գոր­ծու­մը լաւ ու դրուա­տե­լի ձգտում մըն է, սա­կայն «գի­տա­կա­նա­ցած աշ­խար­հի» տուեալ­նե­րուն հետ քայլ պա­հե­լը՝ տար­բեր բան։ Ու­սու­մը, որ բա­նա­լին ու զէնքն է նկա­տուած այս դա­րուս, ե­րի­տա­սար­դը կը դարձ­նէ ա­ւե­լի յղկուած, խո­հուն, մտա­պէս եւ հո­գե­պէս կեր­տուած ու զի­նուած՝ ներ­կայ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած աշ­խար­հի հեւ­քոտ վազ­քին դի­մաց։ Սա­կայն յա­ռա­ջա­ցած աշ­խար­հի մէջ ապ­րող ա­րա­րածդ միշտ չէ, որ կը հան­դի­պիս զար­գա­ցած, ու­սած, յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րած անձ­նա­ւո­րու­թեանց։ Ժա­մա­նա­կը փո­խուած է, ա­յո՛, նոյն­պէս՝ շար­ժա­ռիթ­ներն ու դե­րա­սան­նե­րը, սա­կայն բե­մագ­րու­թիւնն ու թատ­րո­նը նոյնն են ա­մէն ժա­մա­նակ եւ ա­մէ­նուր։ ՏԳԻ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ է այդ թատ­րեր­գու­թեան ա­նու­նը, որ լուռ, գաղ­տա­գո­ղի իր ծու­լու­թեան սեր­մե­րը նե­տած է նմա­նօ­րի­նակ դե­րա­սան­նե­րու մտա­յին պար­տէ­զին մէջ, ո­րոնք տի­ւու­ցայգ կը գոր­ծեն մեր ըն­կե­րա­յին թէ հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։

Շա­տեր տգի­տու­թիւ­նը նման­ցու­ցած են ժա­մա­նա­կա­կից այն խա­նութ­նե­րուն, ո­րոնց գու­նա­զար­դուած ցու­ցա­փեղ­կե­րուն վրայ ա­մէն բան կա­րե­լի է տես­նել։ Բայց երբ մուտք կը գոր­ծես դէ­պի ներս՝ կը դժբախ­տա­նաս ու կը յու­սա­խա­բուիս, ո­րով­հե­տեւ կա՛մ դա­տարկ են եւ կա՛մ ա­նո­րակ ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ կը վա­ճա­ռեն։ Ի­րե­րը եր­բեմն աչ­քերդ կը շլաց­նեն ու կը դիւ­թեն քեզ ի­րենց ար­տա­քին կեղծ գե­ղեց­կու­թեամբ, իսկ դուն՝ տա­րուե­լով ու ան­գի­տա­նա­լով ա­նոնց ա­նո­րա­կու­թիւ­նը՝ կը գնես եւ սե­փա­կա­նու­թիւնդ կը դարձ­նես։ Ժա­մա­նակ մը ետք, երբ կը գոր­ծա­ծես զա­նոնք, ան­մի­ջա­պէս կը տես­նես եւ կը նշմա­րես ա­նոնց ա­նո­րա­կու­թիւնն ու ան­պէտ­քու­թիւ­նը։ Կը մտա­բե­րես, թէ ո՞վ է մե­ղադ­րեալն ու յան­ցա­ւո­րը։ Դո՞ւն, որ խա­բուած մըն ես։ Վա­ճա­ռո՞­ղը, որ իր լո­լո­զուած լե­զուով ու շպա­րուած խօս­քե­րով խա­բած է քեզ, իր ա­նո­րակ ապ­րան­քը ծա­խե­լու հա­մար…։ Տգէտ­նե­րը նոյն­պէս կը նմա­նին ար­տաք­նա­պէս գե­ղա­զար­դուած խա­նութ­նե­րուն, ո­րոնք ար­տաք­նա­պէս գե­ղե­ցիկ կը թուին, բայց ներք­նա­պէս՝ «նե­խած» են։ Նմա­նա­տիպ ի­մաս­տակ­ներ օրն ի բուն կ՚եր­թե­ւե­կեն չորս­դիդ եւ ի­րենց զա­զիր ներ­կա­յու­թեամբ ու ան­հա­ճոյ խօ­սակ­ցու­թեամբ կը փի­լի­սո­փա­յեն ի­րենց իսկ չհասկ­ցած նիւ­թե­րուն շուրջ եւ խրա­տա­կան­նե­րու «տա­րա­փով» կ՚ի­մաս­տազր­կեն կեանքդ։ Ժո­ղովր­դա­կան ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ. «Ի­մաս­տու­նին հետ քար կրէ, յի­մա­րին հետ հաց մի՛ ու­տեր։ Լաւ է ի­մաս­տու­նէն յան­դի­մա­նու­թիւն լսել, քան թէ յի­մա­րէն՝ գո­վա­սանք։ Տգի­տու­թիւ­նը միշտ պատ­րաստ է սքան­չա­նա­լու...»։

Տ­գէտ մար­դոց տե­սակ­նե­րը բազ­մա­զան են եւ ան­թուար­կե­լի, սա­կայն զա­նոնք կա­րե­լի է դա­սել գլխա­ւո­րա­բար ե­րեք խում­բի. 1) Ա­նուս տգէտ, 2) Ու­սեալ տգէտ եւ 3) Հպարտ տգէտ։ Ա) Ա­ռա­ջին խում­բին տգէտ­նե­րը այն սա­կա­ւա­միտ­ներն են, ո­րոնք ի­րենց բա­րե­կամ­նե­րուն, ան­մի­ջա­կան ըն­կեր­նե­րուն եւ ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն պատ­ճա­ռաւ գոց մի­ջա­վայ­րի մէջ մեծ­ցած ու հա­սակ ա­ռած են։ Այդ­պի­սիք ձեռ­քեր­նին ծա­լած շաղ­փաղ­փու­թեամբ, պո­ռո­տա­խօ­սու­թեամբ ու բամ­բա­սան­քով կ՚ան­ցը­նեն ի­րենց ժա­մա­նա­կը՝ մոռ­նա­լով անհ­րա­ժեշ­տը, էա­կանն ու պի­տա­նին։ Բ) Զար­գա­ցած դա­րը վստա­հա­բար զար­գա­ցած մար­դիկ կը պա­հան­ջէ։ Ե­րի­տա­սարդ­ներ կը փոր­ձեն զարկ տալ ի­րենց ուս­ման եւ ինչ-ինչ վկա­յա­կան­նե­րու կը տի­րա­նան։ Ի՞նչ օ­գուտ երբ վկա­յա­կան­ներ ու­նիս, սա­կայն զա­նոնք չես գոր­ծադ­րեր քու ա­ռօ­րեայ կեն­սըն­թա­ցիդ։ Կեան­քի մա­սին զա­նա­զան տե­սու­թիւն­ներ կը պար­զես, բայց միւս կող­մէ նեղմ­տու­թեամբ կը վեր­լու­ծես այ­լոց խնդիր­նե­րը։ Վե­րոն­շեալ յատ­կու­թիւն­նե­րով «օժ­տուած» են երկ­րորդ խում­բի համ­բակ մար­դի­կը։ Գ) Հպարտ տգէտ­նե­րը դժբախ­տա­բար ա­մե­նէն ստուա­րա­ցած զան­գուա­ծը կը կազ­մեն մար­դու ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ։ Ին­չո՞ւ կը հպար­տա­նան եւ ոչ ոք կը հաւ­նին։ Ի՞նչն է ա­նոնց դրա­մագ­լու­խը. դրա՞­մը, որ փո­շի ան­գամ չէ, այ­սօր կայ ու վա­ղը չկայ. քա­նի մը ա­միս յա­ճա­խած ու կի­սատ թո­ղած հան­րա­ճա­նաչ հա­մալ­սա­րա­նի ա­նո՞ւ­նը, որ երբ խոր­քին նա­յիս մէ­կա­կան ծոյլ ձա­խո­ղած­ներ են. ա­նուա­նի ու հա­րուստ բա­րե­կամ մար­դի՞­կը, ո­րոնք այ­սօր քեզ ի­րենց եղ­ջոյր­նե­րէն վեր կը բարձ­րաց­նեն, իսկ վա­ղը՝ նոյն այս ան­ձե­րը ի­րենց սմբակ­նե­րուն տակ կ՚առ­նեն քեզ՝ ճմլե­լու եւ ի­րենց ոտ­քի կո­խան դարձ­նե­լու հա­մար...։

Ցո­րե­նի լե­ցուն հաս­կե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը խո­նար­հեց­նեն ի­րենց գլուխ­նե­րը, իսկ դա­տարկ հաս­կե­րը` ու­ղիղ եւ ձիգ կը կանգ­նեց­նեն։ Երբ հո­վը փչէ՝ կը տա­տա­նին, ո­րով­հե­տեւ չու­նին հիմք, կո­րիզ եւ էոյթ։ Ցո­րե­նը ցո­րեն դարձ­նո­ղը ա­տոք հասկն է, որ շու­տով պի­տի վե­րա­ծուի նկա­նա­կի։ Իսկ այն ցո­րե­նը, որ փուճ է եւ ա­նօ­գուտ, կա՛մ կեն­դա­նի­նե­րու կեր կը դառ­նայ եւ կա՛մ կրա­կի մէջ կը նե­տուի մար­դոց ջեր­մու­թիւն պատ­ճա­ռե­լու հա­մար… եւ ա­պա մո­խի­րի կը վե­րա­ծուի։ Աղ­քա­տի­մաց մար­դը ան­հասկ ցո­րե­նի նման միշտ իր գլու­խը բարձր կը պա­հէ, կար­ծե­լով թէ այդ ուղ­ղաձ­գու­թեան մէջ են իր ի­մաս­տու­թիւնն ու հմտու­թիւ­նը։ Եղ­կե­լի մար­դիկ...։

Տ­գէ­տը տգէտ չի՛ կո­չուիր, ե­թէ ինք­զինք ա­մե­նա­գի­տուն, ա­մե­նա­հան­ճա­րեղ, իր նմա­նա­կից­նե­րէն ա­ւե­լի գե­րա­դաս ու հզօր չհա­մա­րէ։ Ա­նոր ծա­ռը ո՛ր­քան ալ բարձր ըլ­լայ, ա­մե­նա­կարճ կա­ցինն ան­գամ կրնայ հաս­նիլ ա­նոր բու­նին, ո­րով­հե­տեւ չու­նի՛ հաս­տատ են­թա­հող եւ խոր ար­մատ։ Ի­մաս­տուն ան­ձը ի՛նչ ալ ըլ­լան պա­րա­գա­ներն ու պա­տու­հաս­նե­րը կը լռէ, կը դի­տէ, կը կշռա­դա­տէ եւ ա­պա կը գոր­ծէ ու կը շար­ժի։ Ա՛յս պէտք է ըլ­լայ խո­րա­գէտ ե­րի­տա­սար­դին սկզբունքն ու հա­յե­ցա­կէ­տը։ Առ այդ, նա­խընտ­րե­լի պի­տի ըլ­լար սնո­տի­մաց մար­դոց դի­մաց պատ­նէշ­ներ կա­ռու­ցել, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ ա­նա­խորժ ներ­կա­յու­թիւ­նը թէ՛ կը խան­գա­րեն յա­ռաջ­խա­ղա­ղացքդ, թէ՛ կը խո­չըն­դո­տեն յա­ջո­ղակ գնացքդ եւ թէ նոյ­նիսկ կրնան քեզ ճշմա­րիտ հա­ւատ­քէդ շե­ղել։ Ա­կանջ մի՛ տար այդ­պի­սի­նե­րու ան­հե­թեթ խօս­քե­րուն, այլ լռա­կեա­ցու­թեամբդ ու վե­րա­պա­հու­թեամբդ բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նակ տար, այն­պէս ինչ­պէս երկ­նա­ւոր Վար­դա­պե­տը Ինք ը­րաւ։ «Կոյ­րը կը զրկուի Ա­րե­ւու ճա­ռա­գայթ­նե­րէն, իսկ տգէ­տը` կա­տա­րեալ կեան­քէն: Նա­խընտ­րե­լի է կոյր աչք ու­նե­նալ, քան՝ կոյր միտք…: Ե­թէ անձ մը աշ­խար­հա­կան մե­ծու­թեամբ ճո­խա­ցուած ըլ­լայ, իսկ մտքով՝ աղ­քատ, այդ­պի­սին ո­ղոր­մե­լի է շա­տե­րէն» (Ե­ղի­շէ)։

Ք­րիս­տո­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ապ­րող Օ­րէն­քի ու­սու­ցիչ­նե­րը, Փա­րի­սե­ցի­նե­րը... չհասկ­ցան ու չըն­կա­լե­ցին Աս­տուա­ծոր­դիին խօս­քե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց հո­գի­նե­րը պա­րու­րուած էին բար­բա­րո­սին չա­րա­դա­ւան հնարք­նե­րով ու չա­րա­շուք գոր­ծե­լա­կեր­պով։ Ա­նոնք հա­ւատ­քի մէջ տգէտ­ներ էին, ո­րոնք Աս­տու­ծոյ Խօս­քին՝ Բա­նին ու­սու­ցում­նե­րը ի­րենց սահ­մա­նա­փակ մտա­ծո­ղու­թեամբ ու մա­կե­րե­սա­յին հա­ւատ­քով ամ­բող­ջա­պէս ջրած ու ար­հա­մար­հած էին։ Օ­րէն­քի երկր­պա­գու­ներ կը թուէին, բայց մե­ծա­գոյն օ­րի­նա­զանց մար­դիկն էին։ Տգի­տու­թեան ու աշ­խար­հա­պաշ­տու­թեան պատ­ճա­ռով օ­րէն­քի քա­ռա­պատ պա­րիսպ­նե­րուն մէջ կը գտնուէին եւ այդ­պէս ալ Աս­տու­ծոյ խօս­քը կ՚ու­սու­ցա­նէին Աս­տու­ծոյ ժո­ղո­վուր­դին։ Ա­հա թէ ին­չո՛ւ Քրիս­տո­սով Օ­րէն­քը իր կա­տա­րին հա­սաւ եւ Մով­սի­սա­կան Օ­րէն­քի լու­ծը փո­խա­րի­նուե­ցաւ աս­տուա­ծա­յին երկ­նա­տուր շնորհ­քի փրկու­թեան։ Օ­րէն­քը դա­րեր շա­րու­նակ խօ­սե­ցաւ մեղ­քի մա­սին, բայց շնո՛րհքն է, որ յայտ­նեց մեղ­քին պղծու­թիւնն ու զազ­րե­լիու­թիւ­նը մեր հոգ­ւոյն մէջ։ Օ­րէն­քը մեր յան­ցա­ւոր ըլ­լա­լը հրա­պա­րա­կեց, բայց շնորհ­քը մեր ա­զա­տագ­րուած ըլ­լա­լը ծա­նու­ցեց։

Այ­սօ՛ր եւս չկա՞ն հա­ւատ­քի մէջ տգի­տա­ցած նո­րե­լուկ շար­ժում­ներ, ո­րոնք ի­րենց հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ու քմա­հաճ մեկ­նու­թիւն­նե­րով կը պա­ռակ­տեն Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին, կար­ծե­լով թէ ի­րենց վստա­հուած է Քրիս­տո­սի ու­սու­ցում­նե­րուն ա­ւե­տա­րան­չու­թիւ­նը։ «Կան մար­դիկ, ո­րոնք ձեր միտ­քե­րը կը պղտո­րեն եւ կ՚ու­զեն Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նը չա­րա­փո­խել։ Բայց ով որ մեր քա­րո­զա­ծէն տար­բեր ա­ւե­տա­րան մը քա­րո­զէ ձե­զի, ո՛վ ալ ըլ­լայ՝ նոյ­նիսկ մենք կամ եր­կին­քէն հրեշ­տակ մը՝ ա­նի­ծեալ ըլ­լայ» (Գղ 1.7-8)։ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ ցայ­սօր կը զգու­շաց­նէ մեզ, չտա­րուե­լու նոր օ­րե­րու աշ­խար­հայ­նա­ցած կեան­քէն, ա­ջէն ու ձա­խէն փչող հո­վե­րէն, ո­րոնք հա­զար ու մէկ ա­կունք­նե­րէ պղտոր ջուր կը լեց­նեն հայ կեան­քի ա­ւա­զա­նին մէջ։ Չտա­րուե­լու օ­րուան հետ ծնող եւ օ­րուան հետ մեռ­նող հա­կակ­րօ­նա­կան ու ա­պազ­գայ­նա­ցու­ցիչ, հա­ճո­յա­պաշտ եւ հո­գե­քանդ մտայ­նու­թիւն­նե­րէն։ Այլ կոչ կ՚ուղ­ղէ կառ­չած մնա­լու «ա­րեան մկրտու­թեամբ» եւ դա­րե­րու «ա­րեան վկա­յու­թեամբ» ամ­րագ­րուած մայր Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու սկզբունք­նե­րուն, ա­նոր ու­սու­ցում­նե­րո՛վ հա­մա­կե­լու մեր ամ­բողջ կեան­քը, ո­ղո­ղե­լու մեր ողջ էու­թիւ­նը քրիս­տո­ն­­է­ա­կան ար­ժէք­նե­րով, սրբու­թիւն­նե­րով ու ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով։

Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, ու­սումն ու գի­տե­լիք­նե­րը մար­դուն կշիռ կու տան, իսկ ա­րարք­նե­րը` փայլք: Մար­դոց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը առ­հա­սա­րակ կը տեն­չայ միայն ե­րե­ւու­թա­պէս փայ­լե­լու, մե­ծա­րուե­լու եւ պատ­նէ­շի վրայ ըլ­լա­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ըստ ի­րենց թանձ­րամ­տու­թեան՝ ա՛յդ են ներ­կայ դա­րու պա­հանջ­քը՝ բարձ­րա­նալ եւ ա­նուն առ­նել։ Տգէ­տը տգի­տա­ցած շրջա­նա­կի մէջ կրնայ միայն իր տգի­տա­ցեալ մտա­ծում­նե­րը յայտ­նել եւ պար­տադ­րել, բայց ո՛չ ի­մաս­տու­նին եւ գի­տու­նին, ո­րոնց հա­մակ կեան­քը ե­ղած է ու­սում­նա­տեն­չու­թեամբ, ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ ու ինք­նա­զար­գաց­մամբ դրսե­ւո­րուած կեանք մը։ Ի­մաս­տու­նը ի­մաս­տուն է եւ գի­տու­նը՝ գի­տուն, ո­րով­հե­տեւ գի­տեն լռել եւ ու­րի­շը լսել, նոյ­նիսկ ի­րենց­մէ փոք­րէն բան մը սոր­վիլ։ Այս­տեղ կը կա­յա­նայ ի­մաս­տու­թեան գե­րա­գոյն բա­նա­լին՝ ՈՒ­ՐԻ­ՇԸ ԼՍԵԼ։ Ը­սուած խօսք է, թէ «Խե­լա­ցի մար­դու միտ­քը իր վար­քա­գի­ծի տնօ­րէնն է, իսկ յի­մա­րին վար­քա­գի­ծը՝ իր լե­զուն»։

Տգէտ բա­րե­կամդ մշտա­պէս պի­տի վի­ճա­բա­նի՝ իր քա­րա­ցած ու դա­տարկ մտքէն ե­լած զրա­բա­նու­թիւ­նը քե­զի պար­տադ­րե­լու հա­մար, բայց ե­թէ ի­մաս­տուն ես՝ կը լռես ու կը ձգես զինք, որ շա­րու­նա­կէ լո­ղալ տգի­տու­թեան ա­ւա­զա­նին մէջ։ Լո­ղա­ւա­զա­նին մէջ հա­ւա­նա­բար եր­կա՜ր լո­ղայ, սա­կայն ժա­մա­նակ մը ետք խեղ­դա­մահ պի­տի ըլ­լայ։

Տգի­տու­թիւն Տգի­տու­թեանց...։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017