ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ

Ի՞ՆՉ Է «ՇՈՒՐՋ»Ը

Խօսք. «Շուրջ հինգ հազար մարդիկ նստան գետին» (Յհ 6.10):

Մեկնութիւն. Ըստ եբրայեցիներու սովորութեան միայն քսանէն մեծ եղողները կը հաշուուին, իսկ այստեղ կիներն ու մանուկները չեն հաշուուիր, ինչպէս Մատթէոս կ՚ըսէ (հմմտ. Մտ 14.21):

Շուրջը չորս իմաստ ունի. նախ՝ ստուգութեան տեղիք է, որպէս այն. «Յիրաւի Աստուած բարի է Իսրայէլի» (Սղ 73.1): Երկրորդ՝ օրինակի տեղիք է, որովհետեւ «շուրջ»ն ու «որպէս»ը նոյն բան ցոյց կու տան: Երրորդ՝ ժամանակի ցուցակն է, ըստ այնմ. «Երբ անոնք գացին» (տե՛ս Մտ 25.10), այսինքն՝ երբ անոնք գացին: Չորրորդ՝ սովորութեան տեղիք է, որովհետեւ մարդիկ մեծ մասը յիշելով աւելին կամ պակասը զանց կ՚ընեն, այդպէս ալ չորս աւետարանիչները շուրջ ըսելով, ըստ սովորութեան մարդոց զգուշութեամբ խօսեցան:

Ասիկա կրկնակի պատճառով. նախ՝ որովհետեւ որպէս պատմաբաններ կը գրէին ու հասարակ համարին կը հետեւէին, ինչպէս անոնց յիշողականին կը պատահէր: Երկրորդ՝ կ՚ուսուցանէին, թէ պէտք է բոլորին մասին զգուշութեամբ խօսիլ:

Խօսք. «Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն» (Յհ 6.11):

Մեկնութիւն. Ինք առաւ հացը ու բաժնեց չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Իր զօրութեամբ կը կատարուէր այդ հրաշքը: Երկրորդ՝ որովհետեւ Իր սէրը ցոյց կու տար ժողովուրդին նկատմամբ: Երրորդ՝ որպէսզի մեզի խոնարհութեան օրինակ տայ: Չորրորդ՝ որովհետեւ Ի՛նքն է շնորհաբաշխութեան աղբիւրը, որ արժանաւորներուն կու տայ բոլոր պարգեւները այտեղ եւ հանդերձեալին, ինչպէս կ՚ըսէր. «Իմ Հօրս սեղանին պիտի նստեցնեմ ձեզի ու պիտի անցնիմ [ձեզի սպասաւորելու]» (հմմտ. Ղկ 22.30):

ՀԱՑԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոսի Իր հրաշագործութիւններուն սկիզբը՝ որ կը գործէր, Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնէր չորս պատճառի համար. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ պէտք է ամէն բան Աստուծմէ խնդրել: Երկրորդ՝ որովհետեւ ամբողջ պատիւը Հօր կը վերաբերէր: Երրորդ՝ Ինքզինք Հօրմէն ցոյց կու տար, որովհետեւ ինչ որ կը կատարէր, Հօր կամքով ու զօրութեամբ կը կատարէր: Չորրորդ՝ մեզի սորվեցնելու համար, որպէսզի մեր բոլոր գործերը Աստուծոյ պատիւին ու փառքին համար ընենք եւ ո՛չ թէ մեր անձերուն գովութեան համար:

Իսկ այն որ Մատթէոս կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս դէպի երկինք նայեցաւ (հմմտ. Մտ 14.19), այդ ալ երեք պատճառով. նախ՝ ցոյց տալու համար, թէ Իր միտքը դէպի Աստուած վերցուած էր: Երկրորդ՝ սորվեցնելու համար մեզի, որպէսզի աղօթած ժամանակ համեստութեան արտաքին նշաններ ունենալ ու այս կողմ-այն կողմ չնայիլ: Երրորդ՝ որովհետեւ այդպէս կը վայելէր Քրիստոսին, Հօր միտքով պատուել. Ինչպէս ցոյց կու տայ աչքերուն հայցուածքը ու ձեռքերուն բարձրացումը դէպի վեր՝ միտքին հետ:

Դարձեալ, ըստ Մատթէոսի Քրիստոս օրհնեց, այսինքն՝ զԱստուած ու հացը, սակայն տարբեր-տարբեր կերպերով, որովհետեւ զԱստուած օրհնեց շնորհակալ ըլլալով, իսկ հացը օրհնեց՝ սրբելով ու աճողական զօրութիւն տալով:

Խօսք. «Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն: Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց» (Յհ 6.11):

Այստեղ երեք հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին, թէ ինչո՞ւ համար միայն հացին համար շնորհակալութիւն յայտնեց, եւ ո՛չ ծովուն սաստելուն, ո՛չ անդամալոյծին եւ ո՛չ ալ կոյրը բժշկելու [պարագաներուն]:

Պատասխան. Այս մասին Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ երեք պատճառով. նախ՝ որպէսզի սորվեցնէ մեզի միշտ աղօթել, շնորհակալութիւն յայտնել ու նոր միայն ճաշակել: Երկրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ Հօր հակառակ չէ, ինչպէս հրեաները կը կարծէին, այլ՝ միշտ միակամ եւ միազօր էր Հօր հետ: Երրորդ՝ գոհացաւ, որպէսզի չկարծուի, թէ չար արուեստով ու սատանայով եղած ըլլայ [բազմացումը հացին ու գինիին], այսինքն՝ կախարդութեամբ, այլ՝ Աստուծոյ զօրութենէն:

Դարձեալ, չորս պատճառով մենք պէտք է աղօթենք ու գոհութեամբ [շնորհակալութիւն յայտնելով] ճաշակենք. նախ՝ որովհետեւ աղօթքը հոգիին կերակուր է, ինչպէս հացը՝ մարմինին: Երկրորդ՝ որովհետեւ պէտք է Պարգեւատուն օրհնել ու ապա միայն պարգեւը ընդունիլ, որպէսզի ապերախտ չըլլանք: Երրորդ՝ որովհետեւ շնորհակալութիւն յայտնելը կրկնակի օգուտ ունի, այսինքն՝ որովհետեւ առաւել պարգեւներուն հատուցումն է եւ վերստին պարտական կը դարձնէ: Չորրորդ՝ որպէսզի քրիստոնեաներուն կերակուրները տարբերին այլազգիներու [կերակուրներէն], ե՛ւ կռապաշտներէն, ե՛ւ հրեաներէն, այլեւ՝ անասուններէն ու գազաններէն, որոնք միայն կերակուր կ՚ուտեն առանց աղօթքի ու շնորհակալութեան, հետեւաբար պէտք է Քրիստոսի Մարմինին ու Արեան Սուրբ Խորհուրդը ճաշակած ատեն՝ «Գոհանամք»ը ըսել, այլեւ նշխարքը ընդունելով՝ Սուրբ Սաղմոսը երգել. «Օրհնեցից զՏէր յամենայն ժամ» (տե՛ս Սղ 34.1), իսկ մարմնաւոր սեղանին՝ «զբարձր առնեմն»ը երգել: Եւ ինչպէս մեր Տէրն ու աշակերտները կանգնած շնորհակալութիւն յայտնեցին, այդպէս ալ մեզի ալ պէտք է կանգնիլ, օրհնել ու ապա նստիլ ճաշակել, եւ դարձեալ կանգնիլ ու շնորհակալութիւն յայտնել:

ԹԷ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ ՏՈՒԱՒ ՀԱՑԸ

Երկրորդ հարցում. Ինչո՞ւ անապատին եւ ո՛չ թէ քաղաքին մէջ աճեցուց հացը:

Պատասխան. Վարդապետները վեց պատճառի համար կ՚ըսեն. նախ՝ որովհետեւ եթէ քաղաքի մէջ էր, հրեաները կը կարծէին, թէ գաղտնի կերպով տունէն հաց առին ու բաժնեցին, այլ՝ անապատին մէջ ըրաւ, երբ յայտնի դարձաւ ժողովուրդին անօթութիւնը եւ աշակերտներուն աղքատութիւնը: Երկրորդ՝ ժողովուրդին պէտքերուն համար, որովհետեւ եթէ գիւղի մէջ ըլլային, կրնային իրենց համար հաց առնել: Երրորդ՝ որպէսզի փառասիրութեան ախտին կարծիքը վերցնէ, որովհետեւ եթէ քաղաքի մէջ եղած ըլլար, կը կարծէին, թէ սնափառութիւն էր: Չորրորդ՝  ցոյց տալու համար ժողովուրդին ջերմեռանդ սէրն ու հաւատքը, որոնք անտեսած էին մարմնական բոլոր հոգսերը ու Քրիստոսի հետ անապատ գացած էին: Հինգերորդ՝ առ ի համեմատութիւն այս հրաշքը անցեալի հրաշքին հետ, որ անապատին մէջ մանանայով կերակրուեցան: Վեցերորդ՝ ցոյց տալու համար, թէ անոնք, որոնք աշխարհէն կը փախչին ու Քրիստոսի կը հետեւին կամաւոր աղքատութեամբ, իրենց բոլոր պիտոյքները կը պարգեւուին անոնց: 

ԹԷ ՆՈՐ ՉՍՏԵՂԾԵՑ

Երրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար նոր հաց չստեղծեց, այլ՝ հինը բազմացուց:

Պատասխան. Այս ալ վեց պատճառով.

Առաջին. Ի յայտնութիւն այն սքանչելիքին, որովհետեւ եթէ նոր հաց ստեղծած ըլլար, հակառակորդները կ՚ըսէին, թէ գաղտնաբար ունէր ու յայտնեց:

Երկրորդ. Ի յանդիմանութիւն մանիքէացիներու չար հերձուածողներուն, որ մարմնական բոլոր բաները չար է կ՚ըսէին ու սատանայէն եղած, իսկ Քրիստոս բազմացուց հացը՝ անոր բարի ըլլալը ցոյց տուաւ:

Երրորդ. Ցոյց տուաւ գործուածին նոր կարգը եւ Իր իշխանութիւնը աշխարհին վրայ, որովհետեւ չէր եկած ոչինչէն նոր բան մը ստեղծելու, այլ՝ հինը նորոգելու եւ կատարելութեան հասցնելու:

Չորրորդ. Ցոյց կու տայ ասով քրիստոնէական իմաստութիւններուն աճումը, այսինքն՝ վարդապետութեան ու շնորհներուն, որ Եկեղեցւոյ մէջ գործեց ու միշտ կը կատարէ, քանի որ քիչ գիրքերէ ու խորհուրդներէ անբաւ իմաստութիւն ու շնորհ բազմացուց:

Հինգերորդ. Այն ցոյց կու տայ, որ Քրիստոսի շնորհներու մէկ աղբիւրէն՝ զանազան պարգեւներ կ՚ելլեն մարդկային ցեղին, եւ ինչպէս որ կտրուելով մեզի կը բաժնուին, ատոր համար այստեղ հացերը կտրեց, եւ երբ Իր մարմինը տուաւ աշակերտներուն, այդ հացը կտրեց: Եւ յարութենէն ետք հացը կտրած ժամանակ զԻնք ճանչնալու [հնարաւորութիւն] տուաւ:

Վեցերորդ. Այն ցոյց կու տայ, թէ մարդոց ցեղը Աստուծոյ շնորհներուն միջոցաւ, որ մեզ կը կերակրէ, որպէս նիւթական գործակից կ՚ըլլայ մարմինի հինգ զգայութիւններուն, ինչպէս հինգ հացը, իսկ հանճարն ու մեր կամքը որպէս երկու ձուկերը,  ու ասոնցմէ առաքինութեան զանազան գործեր կ՚աճին: Իսկ թէ հացն ու ձուկը որո՞ւ ձեռքերուն մէջ կ՚աճէին, ոմանք կ՚ըսեն, թէ միայն Քրիստոսի ձեռքին մէջ կ՚աճէր, իսկ առաքեալները կը բաշխէին, որպէսզի հրաշքը միայն Քրիստոսի ձեռքով ըլլայ. իսկ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ Քրիստոսի ձեռքին մէջ կը բազմանար ու կը բաշխուէր, սակայն առաքեալներուն ձեռքերուն մէջ ալ կը բազմանային,  ցոյց տալու համար, թէ բոլոր շնորհները, որ Քրիստոս կու տայ ու մարդիկ կը բազմացնեն իրենք իրենց մէջ, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոս մէկ հացէ բազմաթիւ հացեր չըրաւ, այլ՝ նշխարները [կտորները] բազմացնելով, որպէսզի աւելի զգալի կերպով յայտնի դառնայ հրաշքը, որովհետեւ չէին կրնար հակառակ բան ըսել, թէ գաղտնի կերպով կը բերէին: Եւ տե՛ս, թէ Քրիստոս միապէս տուաւ բոլորին, եւ հասարակ տեղի մը՝ դալար խոտերու վրայ նստեցուց: Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, որովհետեւ անով խոնարհութիւնը, եղբայրասիրութիւնը եւ պարկեշտութիւնը ցոյց տուաւ, որպէսզի ամէն բան ընդհանուր ըլլայ աստուածապաշտներուն համար: Դարձեալ, որովհետեւ այստեղ բաշխեց ու նշխարները տուաւ, նոյնպէս մենք պէտք է նշխարները բաշխենք ու ժողովուրդին տանք: Եւ ինչպէս մարմինին հացը բաշխեց ու տուաւ Վերնատան մէջ,  պէտք է մենք եւս  մաս մը տանք՝ Հաղորդութիւնը, եւ ոչ՝ ամբողջը: Եւ ինչպէս որ յարութենէն ետք խաչանման կտրեց եւ Ինքզինք ճանչցուց հացը կտրած ժամանակ,  որ նոյնպէս կ՚ընէր նախքան խաչուիլը,  նոյնպէս պէտք է, որ մենք սեղանին վրայ աղուհացը խաչանման կտրենք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 53

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020