ԴԱՓՆԻՆ

-Տատի՛կ, ինծի պարտէզիդ դափնիէն տերեւներ կրնա՞ս բերել:

Հարցուցի մեր տան հանդիպակաց մայթեզրին նստած կանաչեղէն վաճառող տատիկիս: Տատիկիս կ՚ըսեմ, քանի ամէն գնումի իջնելուս անպայման նախ իրեն կը հանդիպիմ, իր պարտէզէն քաղուած թարմ, խնամքով շարուած կանաչներուն աչք կը նետեմ՝ «Նանա (անանուխ) ունեմ, դուք շատ էք սիրում, էս տարի ինչ առատ է աճեր, ամէն օր կարամ բերեմ քեզ համար», կ՚ըսէ եթէ բան մը չառած հեռանալու պատրաստուիլս նկատէ. կը խօսինք, իր պարտէզի բերքին համն ու հոտը կը վայելեմ, բոյսերու մասին տեղեկութիւններ կը հաղորդէ, երբեմն նոյնիսկ մտահոգութիւնները կը պատմէ..., այսինքն հարազատութիւն մը հիւսուած է մեր միջեւ տարիներու ընթացքին. եօթանասունն անց այս կինը, իր տարեկիցներուն նման, գիտցածները, կեանքէն սորվածները կը փոխանցէ որպէս փորձ, որպէս աւանդ, դաս:

-Ի հարկէ, աղջիկ ճան, վաղը կը բերեմ,- պատասխանեց, ապա,- իմանո՞ւմ ես, որ դափնետերեւը բացի ճաշերի օգտագործումից շատ հարկաւոր է ամէն տան համար. մեր տներում թարմ դափնետերեւով լի ճիւղերը ծաղկամանների մէջ ենք դնում, մեր պապերից սովորել ենք, էլի՛. ասում են պաշտպանում է չարքերից, հեռացնում է չար հոգիներին. վաղը բերեմ, դիր, կը տենաս, թէ ո՞նց են տերեւները դեղնում ծաղկամանի մէջ...:

-Չէի գիտեր, տատի՛կ, մենք ճաշերու համար կ՚օգտագործենք, միսը, հաւը առանց դափնետերեւի չենք եփեր, ինչպէս նաեւ դափնիի տերեւներով պատրաստուած օճառ կ՚արտադրուէր մեր մօտ,- պատասխանեցի:

Տատիկին այսօրուան յայտնածը հետաքրքրութիւնս շարժեց, կ՚արժէ պրպտել...

Գիտենք որ դափնին ատենին յաղթանակի եւ փառքի նշան էր եւ ժամանակի ընթացքին ժողովուրդը «դափնի» բառը սկսաւ օգտագործել յաղթանակի իմաստով, ինչպէս օրինակ, երբ անհատը մրցումի մը առաջնութիւնը ձեռք կը ձգէ՝ «Այսօրուան դափնեկիրն է» կ՚ըսեն, իսկ երբ յաղթողը յոխորտացող մը ըլլայ՝ «Դափնիիդ վրայ պէտք չէ հանգստանաս» կը խրատեն եւ սիրտ կու տան, որ յառաջանայ դէպի նոր բարձունքներ:

Դափնիի ճիւղերը այս իմաստով տեղադրուեցան նաեւ հանրապետութիւններու, թագաւորութիւններու զինանշաններուն վրայ, զարդարեցին տուեալ երկրի թագաւորին պատկերին կամ խորհրդանշանի գծագրութեան շրջանակը:

Ըստ յունական առասպելի, Աբոլլոն աստուածը սիրահարուած է Դափնէ դիցուհիին, որ Աբոլլոնի սիրահետումէն փախուստ տալով դիմած է աստուածներուն օգնութեան, որոնք զայն դափնիի վերածած են, այնուհետեւ դափնին դարձած է Աբոլլոնի նը-ւիրական ու սրբազան ծառը:

Ա. Ամասիացիի «Օգուտ բժշկութեան» գիրքէն կը տեղեկանանք, որ «Կասլայ»ը (դափնի) օժտուած է տարրալուծող յատկութեամբ, բազմաթիւ ծանր հիւանդութիւններու բուժման օգտակար կը դառնայ, ինչպէս օրինակ՝ անդամալուծութիւն, դէմքի ծուռութիւն..., մազերու աճին կը սատարէ, շնչահեղձութեան ժամանակ օգտակար կ՚ըլլայ, մարմնի զանազան օրկաններու մէջ հաւաքուած քարերը կը տարրալուծէ, միզապարկի բոլոր հիւանդութիւնները կը բուժէ, կը բանայ լեարդի եւ փայծաղի խցանումները:

Ուռեցքները կը ներծծէ, ոսկրային ցաւերը կը թեթեւցնէ..., եւ եթէ դափնետերեւները քացախին հետ եռացնեն եւ ստացուած հեղուկը բերնին մէջ պահեն՝ ատամներուն ցաւը կը թեթեւցնէ... տակաւին բազմաթիւ այլ օգտակար յատկութիւններով օժտուած է դափնետերեւը:

Ըստ այլ վկայութիւններու՝ դափնիի տերեւէն եւ պտուղէն արտադրուած հեղուկները ախտահանող, գոյները հեռացնող յատկութիւնը ունին, ինչպէս նաեւ արտադրուած իւղը ունի հակաբորբոքային, հակավարակային եւ հակասնկային յատկութիւն:

Դափնին լայնօրէն կ՚օգտագործուի նաեւ գուշակութեան եւ բախտորոշման համար: Դափնիի տերեւներուն փունջը յաջողութիւն կը բերէ, կը հեռացնէ բացասական ներգործութիւնը եւ կը նպաստէ համբաւի ձեռքբերման:

... Իսկ դափնիի ծառի բունին փայտէն փոքր կտոր մը նորածինին օրօրոցին եթէ կապեն, նորածինը հանգիստ կը քնանայ, կը վկայէ Ամասիացին: Հոսկէ կրնայ ծնունդ առած ըլլալ չարքերու եւ չար հոգիներու հեռացման նպաստող յատկութիւնը դափնիին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020