ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

«Շնորհակալ ենք, որ մեզի բացառիկ ուրախութիւնը կու տաք, կազմակերպելով նման երեկոներ, որոնց ընթացքին կը պանծացուի հայ երգը, հայ գիրը, հայ գրականութիւնը, հայ գիրքը...», նման արտայայտութիւններով, յուզումնախառն ծափերով ներկաները շնորհաւորեցին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ «Արեւիկ» գրատան կազմակերպած, Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը, հովանաւորութեամբ Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի, որուն երկրէն բացակայութեան պատճառաւ զինք փոխարինած էր դեսպանորդ՝ Բաւել Փըսճքեան։ Շնորհանդէսին ներկայ էին՝ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան վարիչ-քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Կաթողիկէ համայնքի Առաքելական կառավարիչ Հ. Պէզէզեան Գերապայծառը, հոգեւոր հայրեր, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, խմբագիրներ եւ գրասէր ընտրանի մը։

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որպէս Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, կ՚այցելէ բազմաթիւ երկիրներ, ուր կը ծանօթանայ հայու բեկորներու։

«Արեւիկ» գրատան պատասխանատու Սօնա Գալստեան ողջունեց ներկաները ու ներկայացուց Հրայր Ճէպէճեանը։ Ապա հրաւիրելով շնորհանդէսին իրենց սրտի խօսքը ըսելու՝ Տքթ. Նազարէթ Պէրպէրեանը, Միհրան Քիւրտօղլեանը, Զաւէն Գրիգորեանը։ Այս ելոյթներէն վերջ Հրայր Ճէպէճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց այս բացառիկ հաւաքոյթին համար։ Հուսկ՝ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան իրենց սրտի խօսքը եւ տպաւորութիւնները արտայայտեցին։

Տքթ. Նազարէթ Պէրպէրեան ըսաւ, թէ սրտի եւ մտքի երկար կապ, մտերմութիւն ունի Տքթ. Ճէպէճեանին հետ, որպէս խմբագիր եւ աշխատակից։ Պէրպէրեան փորձեց գիրքին լեզուական բովանդակութեան, գրական շունչին ոճը սահմանել, թէ ո՞ր գրական դասակարգի կը պատկանի։ «Գլխաւոր արժանիքը Ճէպէճեանի, արագ, կարճ եւ խիտ տարազումով աշխարհ մը, կերպար մը ներկայացնելու մէջ է։ Իսկ աստուածաշնչական ոգին կը տիրէ անոր բոլոր յօդուածներուն մէջ։ Ճէպէճեան երբ կը հանդիպի հայ էակի, մարդ էակի մը, կը տեսնէ, որ հայ էակը ինչպէս այդ անտանելի միջավայրին մէջ կրցած է մարդ մնալ, հայ մնալ։ Ինք ալ մարդկօրէն, հայօրէն կը մօտենայ։ Կարծեմ այսպիսի գիրք չենք ունեցած, որ այսքան ընթերցողը գրաւէ», ըսաւ Պէրպէրեան։

Իր կարգին, Միհրան Քիւրտօղլեան ըսաւ, որ երբ գիրքին ծաւալին նայեցաւ (550 էջ) գրախօսական մը գրելու համար, վախցաւ, բայց ի վերջոյ կարդաց։ «Ամէն մէկ յօդուած հրատարակուած է մամուլի մէջ։ Ճէպէճեան ամէն ճամբորդութենէ նորութիւն մը կը յայտնաբերէ. նոր հայեր, նոր մարդիկ քով քովի կը բերէ։ Ան հարստացուցած է հայ մամուլը, հայ բեկորներու մասին գրելով, անծանօթ քաղաքներ կը յայտնաբերէ, փնտռելով եւ գտնելով հայու բեկոր մը, կարծես մէկը կը պարտադրէ իրեն։ Իր բոլոր ճամբորդութիւններուն, հանդիպումներուն ընդմէջէն կը կերտէ հայը, հայութիւնը, հայրենիքի եւ հողի ուժը։ Տեղ մը կ՚ըսէ՝ հայուն ամբողջական մշակոյթը՝ հայուն ազգային ինքնութիւնն է, լեզուն եւ պատմութիւնը, երգն է։ Տքթ. Ճէպէճեան կը տեսնէ հայուն վերապրումը (էջ 296), ըսելով՝ թէ այսպիսի մարդիկ եղեռնէն վերջ դարձան մեր հերոսները, հայուն ապրելու հպարտութիւնը դրին մեր հոգիներուն մէջ։ Պայքար կար, հայուն շարունակականութիւնը այդ պայքարին աշխատանքին մէջն է», ըսաւ Քիւրտօղլեան։ Ան վերլուծեց յօդուածներու ոճին պարզութիւնը, դիւրըմբռնելիութիւնը, հասկացողութիւնը եւ մասնաւորեց ընթերցողին մէջ քրքրած զգացումը եւ իր հոգիին մէջ ստեղծած տագնապը յօդուածին պարունակած նիւթին պատմութեամբ։

Ապա, Զաւէն Գրիգորեան ըսաւ. «Հայ գիրքը հայ ժողովուրդի կենաց շունչն է հայ անհատին համար։ Հայ գիրքը տրոփող կենդանի սիրտն է հայոց պատմութեան եւ այսօր մեր ձեռքերուն մէջ եղող՝ Հրայր Ճէպէճեանի հրատարակած «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը, մեր ժամանակակից սփիւռքահայ կեանքի պատմութենէն էջեր եւ պատկերներ են, որոնք կը տողանցեն իրենց զանազանութեամբ եւ գունաւոր խճանկարային պատմութիւններով։ Գիրքը կը բովանդակէ սփիւռքահայ ամէնօրեայ կեանքի պատմութիւններ, իրենց կենցաղով, իրենց հասարակաց ազգային գոյութեան եւ գոյատեւման մտահոգութիւններով, անդոհանքով, մղձաւանջով։ Հրայր Ճէպէճեան կը շրջի սփիւռքահայ գաղութներ, Աւետարանի ճամբով Աւետարանի փրկութեան գիրքը ձեռքին եւ հաղորդակից կը դառնայ այդ գաղութներու կեանքերուն, ազգային, հայրենասիրական, եկեղեցասիրական գործունէութիւններուն»։

Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որպէս մտերիմ բարեկամը եւ գործակիցը օրուան մեծարեալ Ճէպէճեանի, շնորհաւորեց զինք ու մաղթեց, որ նորանոր Աստուածաշնչական հրատարակութիւններով ան հարստացնէ մեր գրադարանները։

Աւելի վերջ՝ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան բոլոր ներկաներուն թարգմանը ըլլալով շնորհաւորեց Ճէպէճեանը, յանձնարարելով կարդալ այս քրիստոնէական եւ հայրենասիրական շունչով գրուած գիրքը։ Սրբազան հայրը շեշտեց, որ հայը կը տոկայ ամէն դժուարութիւններու՝ հայապահմանումի սիրոյն, յանձն առնելով ամէն տեսակ դժուարութիւն։

Իսկ Հրայր Ճէպէճեան խօսք առնելով իր սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց իրեն շնորհուած այս բացառիկ ազգային, հայրենասիրական եւ քրիստոնէական հաւաքոյթ-ելոյթին առթիւ։

Վերջաւորութեան վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան շնորհաւորեց Հրայր Ճէպէճեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին շնորհանդէսի յաջողութեան համար։

Երեկոն ճոխացաւ Ռոզինա Մարտիրոսեանի սանթուրի վրայ կախարդական նուագով, ճկուն մատներու զարկով՝ «Մախմուր աղջիկ», «Ով սիրուն, սիրուն» եւ ռումաներէն երգով մը։ Երգահան, երաժիշտ, արուեստագէտ Հայկ Եազըճեան դպչելով հայու սրտի զարկերուն եւ արցունքներ խլելով ուտի վրայ նուագեց «Եարը մարդու եարա կու տայ», «Հօյ Նազան իմ եարը», «Պինկեոլ» եւ երկու արաբական երգեր։ Հայկ Եազըճեանի ելոյթին քանոնով կ՚ընկերանար յոյն արուեստագէտ Թասօ Պուլիոս։

ՍԵԴԱ ՔԻՒՓԵԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019