​Ի՞ՆՉ ՄՇԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՊՄՈՒՐԿԻ ՄԷՋ. ՍՈՒՐԻԱՆ ՆՈՐ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՍԵՄԻ՞Ն

Սուրիական տագնապի զարգացումներուն մօտէն հետեւողներուն համար յստակ ու երեւելի է, որ տակաւին մօտիկ անցեալին պատերազմական թէժ ճակատներ հանդիսացած տասնեակ շրջաններ սկսած են համաձայնութեան թատերաբեմ դառնալ: Երկրին մէջ օր ըստ օրէ ընդլայնող այդ համաձայնութեան կէտերը Սուրիան կը դնեն նոր փուլի մը մէջ: Լիբանանեան «Էլ Պի. Սի. Այ.» կայանը, որ վերջերս կարճ վերլուծական նիւթ մը սփռեց Սուրիոյ տագնապի վերջին զարգացումներուն մասին՝ յայտնեց, որ երկիրը մտած է քաղաքական լուծումներու կարեւոր փուլ, որուն հիմնական հովանաւորներն են Ռուսաստանը եւ Միացեալ Նահանգները:

Իմ ընթերցողներուն պարտիմ յիշեցնել, որ Յուլիսին Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած «G-20»ի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի նախագահները (առաջին անգամ ըլլալով) փակ հանդիպում մը ունեցան, քննարկման սեղանին ամենէն կարեւոր տեղը տրուած էր սուրիական տագնապին:

Ու ճիշդ է նաեւ, որ երկու առաջնորդները չկարողացան իրենց միջեւ առկայ տարակարծութիւնները հարթել, սակայն բացայայտ սկսած է դառնալ, որ առնուազն Սուրիոյ մէջ անոնց «ձեռք բերած» համաձայնութիւնները սկսած են գետին շահիլ: Այդ համաձայնութիւններուն առընթեր նոյնպէս կարեւոր զարգացումներ կը կատարուին Լիբանան-Սուրիա սահմանային հատուածին մէջ եղող Արսէլ աւանին մէջ, ուր վերջին երեք տարիներուն Լիբանանի համար լուրջ սպառնալիք համարուող ահաբեկիչ զինեալները օգտագործելով ցամաքային ճանապարհը՝ Լիբանանէն հեռանալով հաստատուեցան Իտլիպի մէջ: Սուրիոյ մէջ երեւան եկող համաձայնութիւններու մասին խօսելով պէտք է անպայման մատնացոյց ընել Հոմսի ու Համա նահանգներու պարագան, որոնցմէ մէկը Հալէպի դէպքերէն առաջ, իսկ միւսը Հալէպի դէպքերէն ետք ամբողջութեամբ անցան Սուրիոյ կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ:

Ճիշդ է, որ հակառակ այս դրական տեղաշարժերուն, Սուրիոյ մէջ տակաւին կան շրջաններ, որոնք կը համարուին ընդդիմադիր զինեալներու բոյն։ Սակայն եթէ Սուրիոյ այսօրուան քարտէսը ունենանք մեր աչքի առջեւ, ապա պարզ կը դառնայ, որ իրավիճակը համեմատած անցեալ տարուան՝ բաւական տարբեր է:

Այսպէս, Հոմսի ու Համայի կողքին սուրիական բանակը իր ամբողջական տիրապետութեան տակ առած է Հալէպը: Նոյնը կարելի է ըսել Դամասկոսի մասին, որուն բացի արեւելեան (գիւղական) շրջաններէն, մայրաքաղաքի մեծ տոկոսը կը գտնուի բանակի վերահսկողութեան տակ:

Քիչ մը տարբեր իրավիճակ կը տիրէ Թուրքիա-Սուրիա սահմանային հատ-ւածներուն վրայ, ուր մէկ կողմէ քրդական ուժերու ներկայութիւնը եւ միւս կողմէ ամերիկեան խարիսխներու առկայութիւնը ստեղծած են բաւականին «նոր» եւ զարգացումներով յղի շրջաններ: Երեւելի է նաեւ, որ ռուսաստանեան «կանաչ լոյս» մը կայ, որպէսզի սուրիական բանակը արշաւէ երկրի նաւթային պաշարներով ամենէն հարուստ Տէր Զօր նահանգը ու զայն ազատագրէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն (ԻՇԻՊ)։ Նոյնը կարելի է ըսել Ռաքքա քաղաքին մասին, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի ԻՇԻՊ-ի կարեւորագոյն կեդրոնատեղին, յատկապէս, որ իրաքեան Մուսուլի անկումէն ետք մեծ թիւով ահաբեկիչ զինեալներ եւ իրենց ընտանիքները այդ շրջանէն խոյս տալով «վերադարձան» Ռաքքա:

Ռաքքայի պարագան քիչ մը տարբեր է. որովհետեւ այդ քաղաքի ազատագրութեան համար մղուած մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, ոչ միայն դաշնակից ուժերն ու Սուրիոյ բանակը, այլ այդ շրջաններուն մերձ գտնուող քիւրտ զինեալ ջոկատները, որոնց շարժումները շատ ալ երկրի կառավարական մարմիններուն «սրտով»ը չեն: Այս մասին ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարած է Սուրիոյ Արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆայսալ Ալ Մըքտատ: Մըքտատ, որ շաբաթ մը առաջ հարցազրոյց մը տուած է «Պի. Պի. Սի.» կայանին՝ ըսած է, որ իրենք ուշի ուշով կը հետեւին այդ շրջաններուն մէջ արձանագրուող դէպքերուն եւ «մեզի համար, ոչ մէկ պարագայի ընդունելի է, որ Սուրիոյ քիւրտերը անջատուին եւ ստեղծեն իրենց յատուկ պետութիւնը»: Մըքտատ, որուն Սուրիոյ ամբողջականութեան մասին կատարած յայտարարութիւնները կը բխին ոչ միայն Դամասկոսի շահերէն, այլ նաեւ տեղ մը կը հանդիպին Սուրիոյ տագնապի գործընթացներուն մէջ կարեւոր դեր ունեցող թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Մոսկուայի ընդհանուր մօտեցումներուն: Այլ խօսքով, նման յայտարարութիւն մը ունի նաեւ արտաքին նեցուկ։ Թէեւ երկու գերպետութիւններուն համար մինչեւ այս պահը Սուրիոյ նախագահին ճակատագիրն ու ապագան կը շարունակեն մնալ վէճի ու տարակարծութեան առանցք. սակայն յստակ է նաեւ, որ երկու գերհզօր ուժերուն համար տանելի եւ ընդունելի չէ Սուրիան մասնատուած տեսնելը: Այս կէտին վրայ բացայայտ կերպով յստակ կը դառնայ, որ այդ շրջաններուն մէջ. Թալ Ապեատ, Մունպէճ, Հասաքէ եւ Գամիշլի. քիւրտերուն համար տրուած կիսանկախ ղեկավարութեան մը իրադրութիւնը կրնայ միայն որոշ հանգրուան մը լրացնելու համար սթաթիւքօ մը եղած ըլլալ:

Ամէն պարագայի այս բոլոր դրուածքները աւելի պարզ ու յստակ պիտի դառնան, երբ խաղէն դուրս «կը դրուի» ԻՇԻՊ-ը՝ յատկապէս Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի մէջ:

Համաձայնութեան թատրերգութիւն

Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած Վլատիմիր Փութին-Տանըլտ Թրամփ հանդիպումէն ամիս մը վերջ արաբական աշխարհի մէկէ աւելի վերլուծական կայքէջեր տեղեկութիւն կը փոխանցեն այն մասին, թէ Սուրիոյ համար «նախատեսուած» համաձայնութիւնը գետին շահիլ պիտի սկսի եւ գործադրութեան պիտի դրուի մինչեւ ձմեռնամուտ: Այդ համաձայնութիւնը, որ բաւական բազմաշերտ ծրագիր մըն է՝ կը կրէ հովանաւորութիւնը Անգարայի եւ Ռիատի, որոնք պիտի հանդիսանան այդ համաձայնութիւնը իրականութիւն դարձնող երկու հիմնական կողմերը։ Անշուշտ, այստեղ միշտ ի մտի պէտք է ունենալ բարձր հովանաւորութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի, որոնց «փակ սենեակներ»ուն մէջ ալ ծրագրուեցաւ այդ համաձայնութեան նախնական ծրագիրը:

Հոս եւս ամենէն հիմնական խնդիրը Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի ճակատագիրն է, թէ ան իշխանութեան վրայ պիտի մնա՞յ համաձայնութեան առաջին փուլին, այսինքն գալիք տասնութ ամիսներուն ընթացքին:

Ահա՛, այս կէտին երկիրը պիտի ունենայ ընդդիմադիր վարչապետ մը, որուն անուան մասին եւս բացայայտումներ կատարուած են՝ արաբական տարբեր լրատուական միջոցներու կողմէ: Ըստ այդ աղբիւրներուն, Սուրիոյ մէջ վարչապետի դերը պիտի ստանձնէ Հասան Ապտըլ Ազիմ անունով ընդդիմադիր գործիչ մը, որ կը համարուի ռուսամէտ եւ մերձակայ խամախորհը այլ անձնաւորութեան մը՝ Ահմատ Ալ Ժարպայի: Բացի այս բոլորէն, կարեւոր որոշումներ կան կապուած Իտլիպի (որ այսօր կը համարուի «Ալ Նուսրա» ճակատի ու զայն փոխարինելու ելած «Սարայա ահլ ալ շամ»ի հիմնական կեդրոնատեղին), Թուրքիոյ մէջ գործող «Սուրիոյ համագործակցութեան խորհուրդ»ի լուծարման, Սուրիայէն իրանամէտ եւ իրանեան ուժերու հեռացումին, ինչպէս նաեւ ըննդիմադիր խմբաւորումներուն (բնականաբար բացի ԻՇԻՊ-էն) մէկ ջոկատի մէջ միաձուլման (յառաջիկային զանոնք նոր կազմուելիք Սուրիոյ ազգային բանակին մէջ միախառնուելու հեռանկարով) մասին:

Սուրիոյ տագնապի ամբողջ տեւողութեան առաջին անգամը չէ, որ նման «սեւագիր» համաձայնութիւններու մասին խօսք կ՚երթայ: Ու չէ բացառուած, որ այս համաձայնութիւնն ալ ունենայ իր նախկիններուն տխուր ճակատագիրը: Բայց եւ այնպէս, տարբեր շրջաններու մէջ ընթացք առած հասկացողութիւններու փուլը եւ Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի կողմէ ամէն գնով առկայ հրադադարը պաշտպանելու վերաբերեալ եղած ճիգերը ցոյց կու տան, որ միջազգային խաղացողները հետամուտ են նոր փուլի մը տանիլ այս տագնապը: Ու այստեղ չի բացառուիր, որ կրակի դադրեցումին հետ ընթացք առնէ քաղաքական գործընթաց մը, որուն ամենէն կարեւոր հիմքերէն մէկն է Սուրիան՝ որպէս մէկ ամբողջականութիւն եւ գերիշխանութիւն ունեցող երկիր մը պահելը:

Մնացեալ դրուածքները եւ տարակարծութիւնները լուծելի են, մանաւանդ Ուաշինկթընի համար Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի ունեցած դերը սկսած է դառնալ ընդունելի եւ «շինիչ»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2017