ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԵՐԸ

Ամէն տարի Հայաստանի մէջ մօտ երեք տասնեակ փառատօներ կը կազմակերպուին: Անոնք կ՚արտացոլացնեն մեր երկրին մշակութային առանձնայատկութիւններն ու առօրեան: Փառատօներու կազմակերպիչներուն գլխաւոր նպատակն է նպաստել երկրի մշակութային արժէքներու տարածման եւ զբօսաշրջութեան զարգացման: Հաւանաբար փառատօներու մէկ մասին ծանօթ ենք, բայց՝ ոչ բոլորին. կ՚արժէ արագ վերաքաղ մը ընել:

ՁՆԵՄԱՐԴՈՒԿ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Արդէն 6 տարիէ ի վեր Ջերմուկի մէջ կը կայանայ «Ձնեմարդուկ» փառատօնը: Կը կազմակերպուի ձիւնէ քանդակներու մրցոյթ, «Ձմեռ պապուկներու վազք», ինչպէս նաեւ՝ հեծանիւներու վազք եւ ձիւնագնդակի առաջնութիւն:

ՏՈԼՄԱՅԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Առաջին անգամ կազմակերպուած է 2011-ին եւ մինչեւ օրս գոյութիւն ունի: Փառատօնին նպատակն է ամրապնդել հայկական խոհանոցի ոչ նիւթական արժէքներու իրազեկուածութիւնը եւ միջազգայնօրէն բարձրացնել տոլմայի ծագման եւ պատմութեան մասին ճանաչելիութիւնը: Այս փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Արարատի մարզի Հնաբերդ գիւղին մէջ, մայիս ամիսին:

ԽՈՐՈՎԱԾԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Աւելի քան 10 տարիէ ի վեր Լոռիի մարզի Ախթալա համայնքին մէջ կը կազմակերպուի խորովածի փառատօնը, որ կը հիւրընկալէ այլ վայրերէ ժամանած հիւրեր եւ խորովածի սիրահարներ:

ԱՐԵՆԻ ԳԻՆԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Այս փառատօնը աւանդաբար տեղի կ՚ունենայ հոկտեմբերի առաջին շաբաթ օրը, Արենի գիւղին մէջ: Փառատօնը առաջին անգամ կայացած է 2009-ին, անիկա ամենասպասուած փառատօներէն մէկն է, ուր կը ժամանեն հիւրեր, զբօսաշրջիկներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Կը ցուցադրուի գինիի պատրաստութիւն, նաեւ տեղի կ՚ունենան գինիի համտեսում եւ վաճառք:

ՄԵՂՐԻ ԵՒ ՀԱՏԱՊՏՈՒՂՆԵՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երկօրեայ այս փառատօնը 2008-էն ի վեր կը խթանէ մեղուաբուծութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, արուեստներն ու արհեստները, ինչպէս նաեւ՝ զբօսաշրջութեան զարգացումը: Փառատօնը ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ Տաւուշի մարզի Բերդ գիւղին մէջ, օգոստոս ամսուան ընթացքին:

ԳԱԹԱՅԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

2014-էն ի վեր Վայոց ձորի Խաչիկ գիւղին մէջ կը կայանայ գաթայի փառատօնը, ուր այցելուները հնարաւորութիւնը կ՚ունենան վայելելու ազգային երգն ու պարը եւ ականատես ըլլալու գաթայի եւ արիշտայի պատրաստութեան: Փառատօնին կը ցուցադրուին արհեստի եւ արուեստի գործեր, մինչ մասնակիցները կը համտեսեն տեղւոյն վրայ պատրաստուած ամենամեծ գաթան եւ համայնքին բնորոշ համեղ ճաշատեսակներ:

ՄԵԾ ՓՈՒՌ ՓԱՌԱՏՕՆ

2015-էն ի վեր Գեղարքունիքի մարզի Սարուխան համայնքի բնակիչները մեծ խարոյկ մը կը վառեն՝ Փուռ, որ կը խորհրդանշէ գետնախնձորի բերքահաւաքը: Այս առիթով կը մատուցուի տեսակաւոր ուտեստներ, մեծ մասամբ պատրաստուած՝ «Փուռ»ին մէջ: Նոյն առիթով կը կազմակերպուին խաղեր եւ մրցոյթներ:

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ՓԱՌԱՏՕՆ

Սեպտեմբեր ամսուն, Դիլիջանի մէջ կը կայանայ Մշակութային վերածնունդի փառատօնը, որուն ընթացքին կը ցուցադրուին գորգարուեստի բացառիկ գործեր, արուեստի ստեղծագործութիւններ՝ կաւագործութեան, խեցեգործութեան, դարբնագործութեան, փայտագործութեան հետաքրքրական ցուցանմոյշներ:

ՈՉԽԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒԶՄԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Այս փառատօնը առաջին անգամ կազմակերպուած է 2014-ին, անիկա ոչխարներու արագ խուզման փառատօն է: Մրցոյթին զուգահեռ նաեւ կայ ցուցահանդէս-վաճառք, ուր այցելուները կը համտեսեն եւ կը գնեն տեղական արտադրութեան ուտեստներ, խմիչքներ եւ ձեռային աշխատանքներ: Փառատօնին նպատակն է ծանօթացնել Վայոց ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու տեղական արտադրութիւնը, աւանդոյթներն ու մշակոյթը:

ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Շարժապատկերի այս փառատօնը հիմնուած է 2004-ին, Երեւանի մէջ. անիկա ամէն տարի կը ներկայացնէ 120-150 ժապաւէններ՝ մրցութային եւ արտամրցութային տարբեր ծրագիրներով: Այս միջազգային փառատօնին նշանաբանն է՝ «Քաղաքակրթութիւններու ու մշակոյթներու խաչմերուկ»: Փառատօնի բացման արարողութեան տեղի կ՚ունենայ աւանդական ծիրանօրհնէքը:

***

Բացի վերը յիշուածներէն երեք տասնեակ փառատօներէն թուենք «Գարեջուրի փառատօն»ը, «Համով-հոտով Երեւան»ը, «Ուտեստ ֆեստ»ը, «1000 տարուայ գիւղամէջ»ը, «Հարթակ»ը, «Թէյի եւ սուրճի փառատօն»ը, «Հայբոյս փառատօն»ը եւ այլն…

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019