ՀԱԼԷՊԸ ԷԼ ՊԱՊԻ ՓՈԽԱՐԷՆ ԿԱՄ ՄՈՍԿՈՒԱ-ԱՆԳԱՐԱ ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻ՞ՒՆ

Անց­նող օ­րե­րուն Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար յստակ կը դառ­նար, որ մար­տի այս փու­լը նոր հանգ­րուա­նի մը սկիզ­բը կրնայ ըլ­լալ: Կրնայ ըլ­լալ կը գրեմ, ո­րով­հե­տեւ անց­նող չորս տա­րի­նե­րը ցոյց տուին, որ Սու­րիոյ մա­սին ո­րե­ւէ կան­խա­վար­կած կրնայ սխալ ըլ­լալ եւ այդ տագ­նա­պին ա­ռըն­թեր ո­րե­ւէ վեր­լու­ծու­թիւն փուճ է, մին­չեւ ո­րե­ւէ են­թադ­րու­թեան՝ գետ­նի վրայ ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նա­լը:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի վե­րա­դառ­նա­լով վեր­ջին օ­րե­րուն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած վար­կած­նե­րուն՝ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ ռուս-թրքա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը Հա­լէ­պի խնդրին վե­րա­բե­րեալ կրնայ ո­րոշ լու­ծում­նե­րու սկիզ­բը դառ­նալ:

Այս կար­ծի­քին է Լի­բա­նան­ցի լրագ­րող եւ վեր­լու­ծա­բան Հի­շամ Ժա­պէր, որ սոյն նիւ­թին շուրջ խօ­սած է «Ֆրանս 24» կա­յա­նին: Ըստ Ժա­պէ­րի, Ան­գա­րա ա­մէն ճիգ պի­տի ը­նէ պահ­պա­նե­լու հա­մար Մոս­կուա­յի հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու դրա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը: Լրագ­րո­ղը նաեւ ը­սած է, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն թրքա­կան ու­ժեր ամ­բող­ջու­թեամբ Ի­ՇԻՊ-էն պի­տի «մաք­րե­ն» Սու­րիոյ հիւ­սի­սը գտնուող եւ ռա­զմա­վա­րա­կան դիրք հան­դի­սա­ցող Էլ Պա­պ ա­ւա­նը: Այդ քա­ղա­քը, որ Ռաք­քա­յէն բա­ցի կը հա­մա­րուի Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն հիմ­նա­կան կեդ­րոն­նե­րէն մին, կը գտնուի Թուր­քիոյ սահ­մա­նին մօտ: Հե­տե­ւա­բար այդ ա­ւա­նի մաք­րա­զեր­ծու­մով Ան­գա­րա հա­սած պի­տի ըլ­լայ իր «թի­կուն­ք­»ը ա­պա­հո­վե­լու: Հոս է նաեւ, որ կա­րե­ւոր շեշտ կը դրուի Հա­լէ­պին վրայ:

Այ­սինքն մինչ Էլ Պա­պը պի­տի դառ­նայ «թրքա­կան ա­պա­հո­վա­կան գօ­տի»ի մը ա­ռաջ­նա­յին գիծ, ան­դին Հա­լէ­պի մէջ Պե­շար Է­սա­տի ու­ժե­րը պի­տի տի­րա­պե­տեն ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին ու հոն է նաեւ, որ սու­րիա­կան բա­նա­կը պի­տի հա­ւա­քէ իր ու­ժե­րը եւ պատ­րաս­տուի յա­ռա­ջի­կայ փու­լե­րուն:

Հա­լէ­պի ճա­կա­տագ­րին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր հրա­պա­րա­կում մը կա­տա­րած է բրի­տա­նա­կան Daily Mail պար­բե­րա­կա­նը։ Թեր­թը գրած է, թէ Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րը ա­զա­տագ­րե­լէ ետք նոյն Պե­շար Է­սատ Հա­լէպ ժա­մա­նե­լով՝ իր յաղ­թա­կա­նի ճա­ռը պի­տի ար­տա­սա­նէ: Հե­տաքրք­րա­կան է, որ այս յղու­մը լոյս կը տես­նէ բրի­տա­նա­կան մա­մու­լին կող­մէ, որ նա­խորդ հանգ­րուան­նե­րուն Է­սա­տի կա­րե­ւոր քննա­դատ­նե­րէն մին էր:

Ներ­կայ հանգ­րուա­նին, ինչ­պէս նա­խօ­րօք ալ գրած ենք, խնդի­րը Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լը չէ, այլ գետ­նի վրայ հա­ւա­նա­կան լու­ծում­նե­րու ծրար­նե­րու քննար­կու­մը:

Այս ա­ռու­մով է նաեւ, որ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ դադ­րե­ցու­ցած են Է­սա­տի մա­սին գնա­հա­տան­ներ տա­լը։ Իսկ ա­րեւմտեան մա­մու­լի լա­ւա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տե­սախ­ցիկ­նե­րու «խճո­ղու­մ» մը կայ Դա­մաս­կո­սի «Քա­սըր Ալ Մու­հա­ժի­րի­ն» պա­լա­տի սան­դուխ­նե­րուն վրայ:

Ե­թէ պահ մը հա­մա­րենք, որ Է­սատ գոր­ծօն ներ­կա­յու­թիւն մը պի­տի չըլ­լայ Սու­րիոյ քա­ղա­քա­կան կեան­քի յա­ռա­ջի­կայ փու­լին, ա­պա նաեւ յստակ է, որ ար­դի Սու­րիոյ հիմ­նա­դիր հա­մա­րուող նա­խա­գա­հին՝ Հա­ֆըզ Է­սա­տի որ­դին յաղ­թած է այս պա­տե­րազ­մին:

Ճիշդ է, որ ի­րա­ւա­ցի չէ «յաղ­թե­լ» գնա­հա­տա­կա­նը տա­լ, բայց եւ այն­պէս, ա­րե­ւելք-ա­րեւ­մուտք այս ջրբա­ժա­նի փու­լին Է­սատ յա­ջո­ղե­ցաւ ոչ միայն ա­մուր պա­հել Մոս­կուա­յի դիր­քե­րը, այլ նաեւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին վրայ ան յստակ դար­ձուց, որ Մոս­կուա­յի հա­մար Սու­րիան վեր­ջին խա­ղա­քարտն է եւ ինչ ալ ըլ­լան վար­կած­նե­րը, Քրեմ­լին պատ­րաստ չէ «ար­մա­տա­կան զի­ջում­նե­ր­»ու եր­թա­լու:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ Սու­րիոյ պա­տու­հա­նով Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի «տաք ջու­րե­րու­ն» մէջ կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թիւն հան­դի­սա­ցող Մոս­կուան այ­սօր Հա­լէ­պի ճա­նա­պար­հով կը փոր­ձէ ամ­րաց­նել իր ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւոր քար­տեր ու­նե­նա­լով պատ­րաս­տուիլ բա­նակ­ցու­թեանց սե­ղա­նին:

Վե­րա­դառ­նա­լով Էլ Պա­պ ա­ւա­նի մա­սին վե­րը կա­տա­րուած շեշ­տադ­րու­մին՝ պէտք է ը­սել, թէ հա­կա­ռակ որ այդ ա­ւա­նը մօտ է Սու­րիոյ մէջ կռուող քրդա­կան ջո­կատ­նե­րու դիր­քե­րուն (Էլ Պա­պ կը գտնուի քրդաբ­նակ Աֆ­րի­նէն 12 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ), յստակ է նաեւ, որ ա­մե­րի­կեան պա­հան­ջով այդ ու­ժե­րը հե­ռու կը պա­հուին ճա­կա­տա­մար­տէն ու ա­տոր փո­խա­րէն դար­ձեալ ա­մե­րի­կեան խոր­հուր­դով քրդա­կան ջո­կատ­նե­րը սկսած են Ռաք­քան Ի­ՇԻՊ-էն ա­զա­տագ­րե­լու ճա­կա­տա­մար­տին:

Այս­տեղ կան բա­ւա­կան հասկ­նա­լի պատ­գամ­ներ, ո­րոնց հիմ­քը կը պար­զէ Մոս­կուա-Ան­գա­րա հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր շրջան մը, ո­րուն շնոր­հիւ Սու­րիոյ մէջ բա­ժա­նում­նե­րու նոր պատ­կեր մը յստակ պի­տի դառ­նայ:

Այ­սինքն Հա­լէ­պը՝ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, Ռաք­քան՝ քիւր­տե­րուն, իսկ Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին հա­տուա­ծը՝ մին­չեւ զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րու «մաք­րու­թիւ­նը» կը դառ­նան թրքա­կան ու­ժե­րու ան­մի­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ ե­ղող շրջան­ներ:

Չմոռ­նամ ը­սե­լու, որ Ան­գա­րա­յի հա­մար Էլ Պա­պի ճա­կա­տա­գի­րը կը կա­րե­ւո­րուի նաեւ Հա­սա­քէն, Աֆ­րինն ու Քո­պա­նին ի­րար­մէ կտրել-հե­ռաց­նե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րով, ո­րուն հիմ­նա­կան եւ հե­ռան­կա­րա­յին կէ­տը «քրտա­կան ե­րա­զ­»ին կտրա­կան ձե­ւա­փո­խումն է:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ քիչ չէ թի­ւը այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն, ո­րոնց կար­ծի­քով չէ բա­ցա­ռուած, որ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին Սու­րիոյ մար­տե­րուն մաս­նակ­ցած քրդա­կան ջո­կատ­նե­րը պի­տի սե­պուին «բա­րի ու­ժե­ր» եւ ու­նե­նան ի­րենց ար­դար բա­ժի­նը:

Վե­րա­դառ­նա­լով հայ­կա­կան Հա­լէ­պին՝ պէտք է ը­սել, որ հայ­կա­կան այդ գա­ղու­թի ճա­կա­տա­գի­րը կա­խեալ է յա­ռա­ջի­կայ զար­գա­ցում­նե­րէն: Այ­սինքն, ե­թէ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յա­ջո­ղին ի­րենց վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նել ամ­բողջ Հա­լէ­պը, ա­պա յստակ կը դառ­նայ, որ հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր հա­մա­րուող այդ գա­ղու­թը կրնայ իր վէր­քե­րը բու­ժել եւ վե­րա­կանգ­նիլ: Սա­կայն այդ մէ­կը եր­բեք չի նշա­նա­կեր, որ Հա­լէ­պը պի­տի ու­նե­նայ իր նախ­կին «ծան­րու­թիւ­ն­»ը:

Այս մօ­տե­ցու­մը կ­­՚ամ­րագ­րուի տաս­նեակ տուեալ­նե­րով, ո­րոնց ա­մե­նէն էա­կա­նը Հա­լէ­պի հա­յու­թեան թի­ւին կտրուկ ան­կումն է: Ու մինչ 2011 թուա­կա­նին այդ գա­ղու­թը կը հա­շուէր շուրջ 60 հա­զար հա­յու­թիւն, այ­սօր Հա­լէ­պի մէջ ա­մե­նա­շա­տը կ­­՚ապ­րին 9 հա­զար հա­յեր:

Հա­լէ­պա­հա­յե­րու կո­րուստ­նե­րը անգ­նա­հա­տե­լի են ու յստակ է նաեւ, որ Հա­լէ­պէն դէ­պի շատ հե­ռու ա­փեր մեկ­նած հա­յոր­դի­նե­րը հա­կա­ռակ ի­րենց դի­մագ­րա­ւած ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, նիւ­թա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գե­ւոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն՝ դժուար է պատ­կե­րաց­նել, որ դէ­պի Հա­լէպ վե­րա­դառ­նա­լու նոր հոսք մը ըն­թացք պի­տի առ­նէ: Բա­ցի այն պա­րա­գա­յէն, որ քա­ղա­քը ա­րա­գօ­րէն ոտ­քի կանգ­նի ու հոն առ­կայ ներ­հա­մայ­նա­քին (նե­րիս­լա­մա­կան) բա­ւա­կան ցցուն դար­ձած ու բոր­բո­քած կիր­քե­րը հան­դար­տին:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի այս բո­լոր «են­թադ­րու­թիւն­նե­րը» յստակ պի­տի դառ­նան միայն Էլ Պա­պի սպա­սուած ճա­կա­տա­մար­տէն ետք։ Ա­պա միայն ե­րե­ւե­լի կրնայ դառ­նալ Հա­լէ­պի մէջ նոր ի­րա­վի­ճակ մը։

Պէտք է նաեւ կա­րե­ւոր շեշ­տով մը դի­տար­կել Մոս­կուա-Ո­ւա­շինկ­թըն Սու­րիոյ հար­ցով սկիզբ ա­ռած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց նոր հանգ­րուա­նի ա­ռա­ջին «ռաուն­տ­»ը Լի­մա­յի մէջ կա­տա­րուած Քե­րի-Լաւ­րով (Հինգ­շաբ­թի օր) փակ ժո­ղովն էր, ո­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն մնալ փակ սե­նեակ­նե­րու ե­տին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016