ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ

Ստորեւ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ արաբերէն թարգմանուած երկու պատմուածք, որոնց պարունակութիւնը այնքան այժմէական են եւ կրնան մեզմէ շատերուն համար օգտակար ու պիտանի ըլլալ: Մեր այսօրուան կեանքը այնքան արագացած է, որ շատ յաճախ որոշակի մանրամասնութիւններ չնչին նկատելով կ՚անտեսենք ու ուշադրութիւն չենք դարձներ, այն ինչ երբ որոշակի ժամանակ անդրադարձ ունենանք՝ կը հասկնանք, թէ ի՛նչ բան կորսնցուցած ենք: Այստեղ ներկայացուած երկու պատումները երեւի ոմանց համար անդրադարձի եւ կեանքը վերստին արժեւորելու ու մեր առաջնահերթութիւնները վերանայելու առիթ մը ու խթան մը հանդիսանան: Բարի ընթերցանութիւն:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԱՄԱԿԸ

Հայր մը հեռու երկիր մը ճամբորդեց, միայնակ ձգելով իր կինն ու երեք զաւակները: Ճամբորդեց, իր ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար: Իր զաւակները շատ կը սիրէին ու կը յարգէին զինք:

Երբ օտարութեան մէջ էր արդէն, հայրը իր առաջին նամակը ղրկեց, սակայն տնեցիները չբացին զայն, որպէսզի կարդան այնտեղ գրուածը, այլ՝ անոնցմէ իւրաքանչիւրը սկսաւ համբուրել նամակը, ըսելով թէ ամենէն սիրելի մարդուն կողմէ է այն: Բոլորը միասին լաւապէս դիտեցին նամակին պահարանը, ապա նամակը դրին տուփի մը մէջ: Երբեմն-երբեմն կը հանէին զայն տուփէն, փոշին կը մաքրէին եւ ետ տուփին մէջ կը դնէին:

Անոնք նոյն կերպով վարուեցան բոլոր նամակներուն հետ, որոնք իրենց հայրը ղրկեց իրենց տարիներու ընթացքին: Տարիներ անցան եւ հայրը վերադարձաւ ու իր ընտանիքի անդամներէն միայն մէկ զաւակը գտաւ: Հայրը հարցուց անոր.

-Ո՞ւր է մայրդ:

Զաւակը պատասխանեց.

-Զօրաւոր կերպով հիւանդացաւ, եւ որովհետեւ դրամ չունէինք հոգալու անոր բուժումին ծախսերը, մահացաւ:

Հայրը ըսաւ.

-Ինչպէս թէ, չբացի՞ք առաջին նամակը, որ ղրկած էի ձեզի: Այդ նամակով ձեզի ահագին մեծ գումար ղրկած էի:

Զաւակը ըսաւ.

-Ոչ:

Հայրը հարցուց անոր.

-Ո՞ւր է եղբայրդ:

Զաւակը ըսաւ.

-Գէշ ընկերներու հետ ծանօթացաւ, եւ մօրս մահանալէն ետք չկար մէկը որ խրատէր զինք, ... արդարեւ, անոնց հետ գնաց:

Հայրը զարմացաւ ու ըսաւ.

-Ինչո՞ւ. չկարդա՞ց այն նամակը, որու մէջ գրած էի, թէ հեռանայ գէշ ընկերներէն ու գայ իմ քովս:

Զաւակը պատասխանեց, ըսելով.

-Ոչ:

-Իսկ ո՞ւր է քոյրդ:

Զաւակը ըսաւ.

-Ամուսնացաւ այն երիտասարդին հետ, որուն մասին քեզի նամակ գրելով հարցուցած էր՝ ամուսնանա՞յ իր հետ, թէ ոչ: Իսկ հիմա ան շա՜տ թշուառ է անոր հետ:

Հայրը զայրանալով ըսաւ.

-Ինք եւս չկարդա՞ց նամակս, որու մէջ կը զգուշացնէի զինք ամուսնանալու այդ երիտասարդին հետ, որովհետեւ լաւ անուն եւ վարք ու բարք չունի, եւ ես համաձայն չեմ որ անոր հետ ամուսնանայ:

Զաւակը ըսաւ.

-Ոչ: Ղրկած նամակներդ միշտ պահեցինք այս տուփին մէջ: Միշտ կը վերցնէինք, կը համբուրէինք եւ ետ տուփին մէջ կը դնէինք, սակայն չէինք կարդար զանոնք…

Պահ մը մտածեցի այդ ընտանիքին մասին, թէ ինչպէս իր միութիւնը քայքայուեցաւ եւ իրենց կեանքը թշուառացաւ, որովհետեւ չկարդաց հօր ուղարկած նամակները եւ չօգտուեցաւ անոնցմէ, այլ՝ բաւարարուեցաւ սրբացնելով ու պահելով զանոնք, առանց գործադրելու անոնց մէջ եղածները: Ապա, նայեցայ Աստուածաշունչին, որ գրասեղանիս վրայ գեղեցիկ տուփի մը մէջ դրուած էր: Աւա՜ղ ինծի, ես ալ Աստուածաշունչին հետ կը վարուիմ այնպէս, ինչպէս այդ ընտանիքին անդամները կը վարուէին իրենց հօր ուղարկած նամակներուն հետ: Աստուածաշունչը կը գոցեմ եւ կը դնեմ գրասեղանիս վրայ, սակայն չեմ կարդար զայն ու չեմ օգտուիր անկէ, որ իմ ամբողջ կեանքիս ուղեցոյցն է: Ներողութիւն խնդրեցի Հօրմէս, Աստուածաշունչը տուփէն հանեցի ու որոշեցի այլեւս չհեռանամ անկէ երբեւէ:

Փա՜ռք Քեզի մեր Տէրն ու Յոյսը, փա՜ռք Քեզի:

ՄԱՐԴԻ՛Կ, ԳՈՀՈՒՆԱԿ ԵՂԷՔ

Փիլիսոփայ մարդ մը կար, որ ութ տարի շարունակ Աստուծմէ կը խնդրէր, որ իրեն ցոյց տար մարդ մը, որ կրնար իրեն սորվեցնել ուրախ ապրիլ: Օր մը կարիքը շատ զգաց, որպէսզի Աստուած իր այդ փափաքը իրականացնէ:

Ու Աստուծմէ ձայնը եկաւ.

-Եկեղեցի գնա՛ եւ այնտեղ պիտի գտնես մէկը, որ քեզի պիտի օգնէ:

Անմիջապէս եկեղեցի գնաց: Այնտեղ, աղքատ մարդ մը տեսաւ, ոտաբոպիկ՝ ցեխոտ ու կեղտոտ ոտքերով: Իսկ հագուստները ընդամէնը մի քանի ղրուշ արժէին: Բարեւեց անոր՝ ըսելով.

-Աստուած բարի օր տայ քեզի:

Աղքատը պատասխանեց.

-Երբեւէ գէշ օր չեմ ունեցած:

Փիլիսոփան ըսաւ անոր.

-Աստուած քեզի յաջողութիւն տայ:

Աղքատը պատասխանեց.

-Երբեւէ ձախողութիւն չեմ ունեցած:

Փիլիսոփան ըսաւ.

-Ուրա՛խ եղիր:

Աղքատը պատասխանեց.

-Երբեւէ տխուր չեմ եղած:

Փիլիսոփան զարմանալով՝ հարցուց անոր.

-Ինչո՞ւ համար այսպէս կը պատասխանես ինծի: Բացատրէ՛ ինծի, որովհետեւ չեմ հասկնար:

Աղքատը պատասխանեց.

-Մեծ սիրով: Ինծի համար բարի օր փափաքեցար, սակայն ես ո՛չ մէկ գէշ օր ունեցած եմ. որովհետեւ, եթէ անօթի եմ՝ զԱստուած կը փառաւորեմ, իսկ եթէ կայծակ իյնայ, կարկուտ կամ անձրեւ իջնայ, ձիւն տեղայ, մէկ խօսքով՝ եղանակը տաք կամ պաղ ըլլայ, կը շարունակեմ զԱստուած փառաւորել: Տակաւին, եթէ անարգեն ու անպատուեն զիս, դարձեալ զԱստուած կը փառաւորեմ: Այս պատճառով ալ վատ օր երբեւէ չեմ ունեցած:

Ինծի համար յաջողութիւն ցանկացիր, սակայն երբեւէ ձախողութիւն չեմ ունեցած, որովհետեւ գիտեմ Աստուծոյ հետ ապրիլ: Գիտեմ նաեւ, թէ ինչ որ կ՚ընէ, ինչ որ ինծի կու տայ կամ ինծի համար կը ծրագրէ, լաւագոյնն է, որով ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ ամէն բան, որ Աստուծմէ է: Այս պատճառով ալ ձախողութիւն չեմ ունեցած:

Ապա ցանկացիր, որ Աստուած զիս ուրախացնէ: Իսկ ես երբեւէ տխուր չեմ եղած, որովհետեւ իմ միակ փափաքս Աստուծոյ կամքին մէջ ապրիլն է: Այսպէսով իմ կամքս ամբողջութեամբ Անոր յանձնած եմ, այնքան որ ինչ որ Աստուած կը կամենայ՝ ես ալ նոյնը կը կամենամ: Այսպէսով երբեւէ յուսախաբ չեմ ըլլար, որովհետեւ ոչինչ կը կատարուի ինծի հետ առանց Աստուծոյ արտօնութեան ու կամքին:

Փիլիսոփան մտիկ ընելէ ետք այս բոլորը, հարցուց.

-Ուրկէ՞ եկար:

Աղքատը պատասխանեց.

-Աստուծմէ:

Փիլիսոփան հարցուց.

-ԶԱստուած ե՞րբ գտար:

Աղքատը պատասխանեց.

-Երբ արարածները ձգեցի:

Փիլիսոփան հարցուց.

-Իսկ զԱստուած ո՞ւր կը գտնես:

Աղքատը պատասխանեց.

-Մաքուր սիրտերուն մէջ:

Փիլիսոփան հարցուց.

-Ի՞նչ տեսակի մարդ ես դուն:

Աղքատը պատասխանեց.

-Թագաւոր եմ:

Փիլիսոփան հարցուց.

-Ո՞ւր է թագաւորութիւնդ:

Աղքատը պատասխանեց.

-Թագաւորութիւնս իմ անձս է, որովհետեւ այսպէսով կրնամ թագաւորել իմ անձիս վրայ ներսը եւ դուրսը, այնքան որ, բոլոր փափաքներս ու անձիս զօրութիւնը ինծի ենթարկուած են: Իսկ այս թագաւորութիւնը, աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններէն աւելի փառաւոր է:

Փիլիսոփան աղքատէն բաժնուեցաւ բաւարարուած զգացումով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2019