ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ. ԵՐԵՒԵԼԻ ԵՒ ԱՆԵՐԵՒՈՅԹ ՎՏԱՆԳՆԵՐ. ԱՐԴԵՕՔ ՎՏԱՆԳՈՒԱ՞Ծ Է «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍ»Ը

Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն համար հիմնախնդիր կը շարունակէ մնալ Երուսաղէմ քաղաքի ապագան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Դեկտեմբերի 6-ին կատարած յայտարարութենէն ետք նոր տագնապ մը կ՚աճէր, առանց անոր ալ «մեծ արիւններու» մէջ գտնուող Միջին Արեւելքէ ներս: Խնդիրը միայն արաբական կամ իսլամական հարթութիւն չունէր, այլ լուրջ մտահոգութիւններ կը ծնէին Երուսաղէմի քրիստոնեայ համայնքներուն մօտ: Ի՛նչ ճակատագիր պիտի ունենար Երուսաղէմը, երբ ըսենք Միացեալ Նահանգներու գործնական քայլերէն ետք այլ երկիրներ եւս միանային այդ որոշումին ու իրենց դեսպնատուները Թել Աւիւէն փոխադրէին ու հաստատէին Սուրբ քաղաք՝ Երուսաղէմի մէջ: Խնդրի առաջին օրէն ակներեւ կը դառնար, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ալ մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն ու հակառակ անոր, որ սաղիմահայոց Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարքը կը բացակայէր Ս. Աթոռէն, սակայն անոր ստորագրութիւնը, տասներկու այլ առաջնորդներու կողքին կ՚երեւէր Տանըլտ Թրամփին ուղղը-ւած դատապարտման գիր-նամակին մէջ, որուն աւարտին ալ քրիստոնեայ համայնքապետերը (որոնց մէջ երեք պատրիարքներ) Ամերիկայի նախագահէն «կը խնդրէին» «ուշքի գալ» եւ ետ քաշել Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու բանաձեւ-որոշումը: Տագնապին յաջորդող օրերուն կը յաջողէի կարճ զրոյց մը ունենալ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանին հետ: Վարդապետը բառացիօրէն կ՚ըսէր, որ Աթոռը դէմ է Թրամփի այդ որոշումին՝ յաւելելով, որ Երուսաղէմի քրիստոնեայ բոլոր համայնքները ներկայացնող եկեղեցական պետերը նամակ մը յղած են Թրամփին: Գաղտնիք չէր սակայն, որ Թրամփի կատարած յայտարարութիւնը նամակներու, աղերսագրերու կամ նոյնիսկ բողոքի հաւաքներու առջեւ «տեղի տուող» որոշում մը չէ, հետեւաբար քրիստոնէական աշխարհին կողմէ նման բարդ իրավիճակին նամակներով արձագանգելու երեւոյթը ցոյց կու տար առնուազն անհեռատեսութիւն մը, չըսելու համար վիճակին վերաբերեալ «ափ ի բերան» եղած ըլլալու եւ «փլան պէ.» մը չունենալու իրականութիւն մը:

Երուսաղէմի քրիստոնեաները առնուազն գիտէին, որ Թրամփի այս քայլը որբ քայլ մը չէ ու անոր կրնան յաջորդել շատ աւելի «ծանրակշիռ» դէպքեր, վտանգ ու վնաս հասցնելով առհասարակ տեղւոյն բոլոր քրիստոնեաներուն:

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ

Երուսաղէմի հայապատկան հողերը կամ այսպէս կոչուած «հայկական թաղամաս»ը նոյնպէս մտահոգութեան առանցք մըն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին համար: Ու այս առումով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մամլոյ խօսնակ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան մամուլին տրուած յայտարարութեամբ մը կ՚ըսէր. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի կարգավիճակի շուրջ վերջին օրերու զարգացումներուն: Գիտէք՝ Հայ Եկեղեցին կարեւոր դերակատարութիւն ունի Ս. Տեղեաց պահպանութեան գործին մէջ: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կ՚իրականացնէ իր ուխտեալ միաբանութեամբ դժուարին այդ առաքելութիւնը` քրիստոնեաներուս համար սրբազան այդ հողին վրայ պաշտպանելով հայոց պատմական ներկայութիւնը եւ դարերով ձեւաւորուած կանոնակարգերն ու իր իրաւունքները:

«ԱՄՆ-ի նախագահի յայտարարութիւնը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է ինչպէս Հայ Եկեղեցւոյ, այնպէս ալ քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներու ու կրօնական այլ յարանուանութիւններու մօտ: Վստահ ենք, որ միջազգային հանրութեան կողմէ ամէն ջանք կը գործադրուի յանուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական եկեղեցիներու դարաւոր իրաւունքներու յարգման ու անխաթար պահպանման համար: Մայր Աթոռը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան հետ համախորհուրդ անհրաժեշտ քայլերը կը ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ»:

Մայր Աթոռի կողմէ հնչած այս մտահոգութիւնը խորքին մէջ գործնական գետնի վրայ ազդեցութիւն մը գործելու ուժը չունի: Ու զայն պէտք է դիտարկել համաքրիստոնէական ընդհանուր ճակատ մը ստեղծելու տեսակէտէ, որուն առաջատարը պիտի ըլլայ Վատիկանը, որ տարբեր առիթներով Երուսաղէմի «բոլոր կրօններուն քաղաք»ը ըլլալու վերաբերեալ յայտարարութիւններ կատարած է: Այլ իմաստով ալ Մայր Աթոռի կատարած յայտարարութիւններուն մէջ կայ ներեկեղեցական օրակարգին մէջ դրական շունչ մը բերելու ճիգը: Մեր ընթերցողներն ալ քաջ գիտեն, որ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի Երուսաղէմի Աթոռին որպէս պատրիարք նստելէ ետք՝ Մայր Աթոռ-Երուսաղէմ յարաբերութիւնները տարբեր մակարդակի մեծ լարուածութիւններ ապրեցան: Ու թէեւ անցնող 2017 տարուան ընթացքին այդ յարաբերութիւններուն առընթեր նշանակալի «ցնցումներ» չեղան, սակայն յստակ է, որ այդ կարեւոր եւ եկեղեցական առումով «օրկանական» համարուած յարաբերութիւնները «ժխտական» փուլի մը մէջ է: Չմոռնանք, որ Յունիսին, երբ Մայր Աթոռի մէջ գումարուեցաւ Ազգային-ներկայացուցչական ժողովը, Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան առողջապական «պատճառաբանութեամբ» ներկայ չեղաւ այդ ժողովին: Ու ժողովին Երուսաղէմի Աթոռը ներկայացնող միաբաններուն մէջ գտնուեցան այն երկու միաբան հայրերը, որոնց եպիսկոպոս ձեռնադրուելու հարցը տակաւին կը շարունակուի համարուիլ Երուսաղէմ-Մայր Աթոռ վէճին գլխաւոր առանցքներէն մին: Խօսքը անշուշտ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երիցեանի եւ Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեանի մասին է, որոնց եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առաջարկը մերժուած էր Մայր Աթոռին կողմէ: Անշուշտ Երուսաղէմ-Էջմիածին յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակը հետեւանք է Երուսաղէմի պատրիարքին շուրջ երկու տարի առաջ ունեցած «յեղափոխական» ելոյթներուն եւ Մայր Աթոռին հանդէպ պատրիարքի մը անյարիր կեցուածքներուն հետ: Կարիք կայ յիշեցնելու, որ Երուսաղէմի, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռները, որոշ ենթակայութիւն ունին Մայր Աթոռին դիմաց ու այդ մէկը երկար տարիներու ընթացքին ամրագրուած ու «անգիր օրէնք» դարձած մօտեցում է, չնայած անոր, որ կրնան գտնուիլ եկեղեցական հարցերու մասին քաջատեղեակ մասնագէտներ, որոնք պիտի պնդեն, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ նախամեծար Աթոռն է Սուրբ Էջմիածինը եւ այդ մէկը որոշ տարակարծութիւններ կը փարատէ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔԸ

Երուսաղէմի հարցով Հայաստան բաւական զգոյշ քայլերով կ՚առաջնորդուի: Անշուշտ այդ մէկը հասկնալի է ու պէտք է տեղադրուի մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ծիրին մէջ: Աւելի՛ն. Երեւանի մէջ Երուսաղէմի խնդրով աւելորդ խանդավառութիւն մը չկայ ու ճիշդ է, որ չկայ: Եթէ արագ համեմատութիւն մը կատարենք ու որպէս օրինակ մէջտեղ հանենք Սուրիոյ պատերազմին եւ Երուսաղէմի տագնապին պարագան, ապա հասկնալի պիտի դառնայ Երեւանի դիւանգիտական անձնակազմին ընդհանուր «սառնասրտութիւն»ը: Նախ Երուսաղէմի խնդիրը կամ ըսենք Թրամփի յայտարարութենէն ետք ծագած տագնապը անմիջական վտանգ մը կամ սպառնալիք մը չէ տեղւոյն հայութեան գլխուն: Յետոյ յստակ է նաեւ, որ Հայաստանի մարմինները նպատակ չունին նման բաւական վտանգաւոր ականադաշտերու մէջ մտնել: Ճիշդ է, թէ սխալ, կը դժուարանամ պատասխանել, բայց յստակ է, որ ներկայ փուլին Հայաստանի իշխանութիւնները նման շրջանային խնդիրներու առընթեր կը գոհանան դատապարտման յայտարարութիւններով, կամ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կարծիք կամ կեցուածք հնչեցնելով:

Այստեղ պէտք չէ մոռնալ կամ անտեսել նաեւ այն փաստը, որ Հայաստան միայն վերջերս կը փորձէ Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւններու նոր էջ մը բանալ, հետեւաբար այս նոր փուլին առընթեր ալ Հայաստան կը ցուցաբերէ հասկնալի զգուշաւորութիւն մը, հակառակ անոր, որ ՄԱԿ-ի վերջին ժողովին պաշտօնական Երեւան կը գտնուէր այն 128 երկիրներու շարքին, որոնք դէմ քուէարկեցին Թրամփի բանաձեւին:

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱ՞Ծ ԵՆ

Այս բոլորէն անդին այսօր աւելի քան յստակ է, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան այս փուլին ու յատկապէս Երուսաղէմի մէջ ծագած տագնապին առընթեր ամենէն շատ վտանգուած են տեղւոյն քրիստոնէական եկեղեցիները, որոնք յստակ ծրագիր մը չունին: Առկայ տագնապը ըստ այսօրուան տուեալներուն՝ կրնայ երկարատեւ ըլլալ: Իսրայէլ, որ «աչքը առած» է ամէն տեսակի պայքարի մէջ մտնել ամրագրելու համար Թրամփի որոշումը, շատ ալ մտահոգ պիտի չըլլայ քրիստոնէական թագտնըղերու խնդրով ու կրնայ «հանգիստ խղճով» շարունակել Երուսաղէմը հրէականցնելու իր հին-նոր ծրագիրը, որուն շնորհիւ ալ կը դատարկէ ու պիտի դատարկէ Ս. Քաղաքի քրիստոնէական թաղամասերը: Ու հոս է նաեւ, որ հարց կը ծագի, թէ արդեօք քրիստոնեայ աշխարհը բաւարար կամք պիտի ունենա՞յ «ոտքի կանգնելու» եւ դէմ դնելու իսրայէլեան այս ծրագրին, կամ հերթական անգամ «տեղքայլ» կատարէ ու հաշտուի եղած կացութեան հետ եւ բաւականանայ «խաղաղ ու ապահով» կեանքով մը ապրելու դրուածքով:

Այստեղ մենք չխօսեցանք պաղեստինեան կեցուածքին կամ հակազդեցութիւններուն մասին, որոնք կրնան տագնապը չլուծել, սակայն թէժ իրավիճակներու նոր փուլի մը տանիլ ամբողջ շրջանը:

Ի վերջոյ հայերը, լատինները (գաղթէացիներ), կաթողիկէները, յոյներն ու ասորիները այսօր կը յարին պաղեստինեան կողմի ընտրանքներուն, որովհետեւ Երուսաղէմի նժարին վրայ թոյլ կշռող պաղեստինեան թէզը «տկար կողմ»ին թէզն է ու հետեւաբար ոչ այնքան վտանգաւոր, ինչպիսին է իսրայէլեան թէզը, որուն վերջնական նպատակը հրէական, աւելի ճիշդը՝ «մաքուր» իսրայէլեան Երուսաղէմ մը կերտելն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2018