ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄԻՋԻՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԸ (Ա.)

Մարդկային քաղաքակրթութեան ծագումէն ի վեր ամենակարեւոր դասաւորումներէն է ու նոյնիսկ կրնանք ըսել, վարչարարական ու տնտեսական առումներով, մեծ ընկերային նուաճումներէն կը համարուի ընկերային շերտերու, դասակարգերու ակամայ եւ ծրագրաւորուած ստեղծումը:

Երբ մէջտեղ եկաւ պետական կառուցուածքը անոր հետ անմիջականօրէն յայտնուեցաւ ընկերաբանական-ընկերային ու քաղաքական դասակարգային հասկացողութիւնը:

Նախ իշխող ու թագաւորական համարուած դասակարգը կայացաւ իբրեւ հիմք մարդկային կազմակերպուածութեան համար եւ կախեալաբար անկէ յառաջացան միւս դասակարգերը. ինչպիսիք էին՝ կրօնականը, աշխատաւորականը, նոյնիսկ ստրկատիրականը... եւ այլն: Եւ այդ երկար վեր ու վար, առաջ ու ետ համարուած ուղեգիծերուն մէջ մեր դարուս մեզի հասաւ մարդկային հաւաքական կեանքի ապրելաձեւ մը, որ ինչքան ալ տարբեր է համաշխարհային զանազան կրօններու եւ մշակոյթներու առկայութեամբ, ներկայիս՝ եթէ ընտրենք տնտեսական համագիծն ու նկարագրականը (զայն համարելով ամենաբնորոշիչը արդի մարդկային դասակարգայնութեան). կը պարզէ աւելի տիրական համարուող դրամատիրական ու բաց շուկայական համարարգ մը: Այս համակարգը կանգուն է նախ միջազգային մեծ մակարդակով, ապա մեծ ընկերութիւններու եւ պետութիւններու մակարդակով եւ անոնց ծաւալած գործունէութիւններով:

Ամէն գաղափարօսութիւններն ու անոնցմէ բխած տնտեսական համակարգերը փորձած են սահմանել ու դասաւորել դասակարգեր: Բնականաբար շատ մը տեսութիւններ ինքնին կռահած են, որ տնտեսական դասաւորուածութիւններէն ու կառուցուածքներէն կը սկսին պետութիւններն ու մեծ ու փոքր ընկերութիւնները: Եւ անոնց բերած մարդկային հաւաքական եւ ընկերային կեանքի զարգացածութիւններէն-եղափոխութիւններէն կամ նոյնիսկ տնտեսական յայտնագործութիւններէն կը յառաջանան դասակարգերը: Ինչպէս օրինակ, հողագործ դասակարգը, որ առընչուած է հողագործութեան զարգացման հետ, կամ բանուոր դասակարգը, որ յառաջացաւ արդիւնաբերական յեղափոխութեան պատճառով: Իսկ տնտեսական յայտնագործումները, օրինակ՝ երկաթի, ոսկիի, քարիւղի կամ ուրիշ ուժանիւթերու յայտնաբերումները եւ անոնց ածանցուած շատ մը մշակումներ. յառաջացուցին տնտեսական եւ անոր հետ կապուած ընկերային դասակարգներ: Դժուար է ըսել նոյն տնտեսական շարժ-զարգացումն է կամ պարզապէս տնտեսական անիւն է, որ կը յառաջացնէ քաղաքական իրադարձութիւնները, իսկ անոնց կը հետեւին մարդկային հաւաքական եւ ընկերային-ընկերաբանական դասաւորումները: Կամ ալ հակադարձօրէն քաղաքական մեծ իրադարձութիւններն են (ներառեալ անշուշտ մեծ պատերազմներ), որոնք կը գծեն պետական, ընկերային եւ տնտեսական մեծ ու փոքր դասակարգումները:

Ընկերային դասակարգերու պատմութեան ծալքերը բազմաթիւ են եւ անոնց ժամանակագրութիւնը երկար: 21-րդ դարը եթէ փորձենք վերծանել այդ պարունակութեամբ, կը տեսնենք, որ ամենալուսաւոր դարերէն է այն: Մարդկային կեանքի գունաւորման, ազատականացման ու նպատակայնութեան. ներկայ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը շատ հնարաւորութիւններ ընծայեց:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2024