ԱԿՆԱՐԿ - 3 - ՄԵՂԱ՜Յ ՄԱՇՏՈՑԻՆ, ՇԱՆԹԻՆ, ԱՂԲԱԼԵԱՆԻՆ, ԻՓԷԿԵԱՆԻՆ՝ ԲԱԶՄԻՑՍ ՄԵՂԱՅ

Նոր տարին նորութիւններու շրջան է, եւ ո՛չ միայն անհատներու պարագային, այլ նաեւ՝ հաստատութիւններու:

Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունին զանազան հաստատութիւններ, կառոյցներ ու մարմիններ, որոնք մշակութային, ազգային, հոգեւոր եւ այլ ծառայութիւններ կատարելու կողքին, կը զբաղին նաեւ հայապահպանութեամբ:

Այդ միութիւններէն մէկն է «Համազգային»ը, որ իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ սփիւռքի մէջ հսկայ աշխատանք տարած է վերը նշուած արժէքներուն ուղղութեամբ:

28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ լոյս աշխարհ եկած այս միութիւնը, տարիներու ընթացքին սփռուեցաւ աշխարհով մէկ՝ հասնելով հեռաւոր ափեր: «Համազգային»ը ուր որ գնաց հաւատարիմ մնաց՝ Շանթի, Աղբալեանի, Իփէկեանի, Օհանջանեանի եւ անոնց գաղափարակիցներու մարտավարութեան, անձնուիրումով ծառայելով հայ ժողովուրդին, հայ գիրին ու գրականութեան եւ հայ մշակոյթին:

Յարգա՜նք ու պատիւ իննսունհինգ տարիներու վաստակին ու գործունէութեան:

Նոր բացուող այս տարուան առաջին օրերը, սակայն, երբ յիշեալ միութիւնը յամառ ու արժանապատիւ քայլերով կ՚ուղղուի դէպի իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը նշելու պանծալի առաւօտին, հեռաւոր ափերէն՝ Գանատայէն կու գայ ապտակ մը՝ ցնցելու Հայ Լեզուով, եւ մանաւանդ՝ Արեւմտահայերէնով մտահոգ հայորդիները:

Արդարեւ, Համազգայինի Գանատայի մաս-նաճիւղը 10 յունուարին կը տարածէր հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Համազգային Գանատայի շրջանային վարչութեան «Արեւմտահայերէնի խօսակցական առցանց դասեր»ը մեծ յաջողութեամբ կը շարունակուին տասնամեակէ մը ի վեր։ Այս դասերուն նպատակն է գլխաւորաբար հայերու հետ ամուսնացած օտարներուն՝ խօսակցական հայերէն սորվեցնել եւ ոչ թէ գրաճանաչութիւն. արդարեւ հայերէն լեզուի հնչիւնային համակարգի ծանօթացումը կը կատարուի համաշխարհայնօրէն ընդունուած ձեւով` լատինատառ։

Գանատայի մէջ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան համար արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելն ու տարածելը միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն, սկսած` «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքէն, գիրքերու հրատարակութենէն, հասնելով մինչեւ գրական ձեռնարկներ եւ շարադրական մրցումներ։ Հետեւաբար օտարներուն համար խօսակցական հայերէնի դասերու կազմակերպումը՝ հայերէնի լեզուի ու գրականութեան յատկացուած Համազգայինի ծաւալուն գործունէութենէ դուրս, նախաձեռնութիւն մըն է»:

***

Առաջին ակնարկով… անմեղսունակ յայտարարութիւն մը եւ նախաձեռնութիւն մը կրնայ թուիլ շատերուն: Բայց արդեօք այդպէ՞ս է:

Նման նախաձեռնութիւն մը կրնայ իրագործել ցանկացած հայորդի մը, որու ոեւէ մէկ օտար կը դիմէ՝ հայերէն սորվելու համար, բայց երբ «Համազգային»ի նման համբաւ ու պատմութիւն ունեցող միութիւն մը նման քայլի կը դիմէ, ապա ո՛չ միայն ամօթալի է, այլեւ թաքուն խոստովանութիւն մըն է, որ միութեան տուեալ մասնաճիւղը կամ այն է, որ իր տարածքին մէջ ապրող բոլոր հայերուն լեզուն պահած է, եւ կամ այն է, որ յաջողութիւն չգտնելով սեփական ժողովուրդի զաւակներուն հայերէն սորվեցնելու, բան մը ընելու մտադրութեամբ ու սիրոյն ձեռնոց կը նետեն օտարներուն…

Պարզապէս ամօթ է…

…համաշխարհայնօրէն ընդունուած ձեւով՝ լատինատառ: Չեմ անդրադառնար տառադարձութեան պարագային հնչիւնաբանական դժուարութիւններուն, այդ հարցը ձգելով լեզուաբաններուն (չնայած իմաստ չունի ժամանակ ծախսել): Փաստօրէն համաշխարհայնացումը մեր բարքն ու վարքը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները անդամահատելէ ետք, հասած է մեր լեզուին, եւ այն ալ մեր իսկ միջոցով եւ ո՛չ թէ զարտուղի միջոցներով:

Այս նախաձեռնութեան հեղինակները, պահ մը մտածա՞ծ են իրենց միութեան հիմնադիրներուն մասին, անոնց ունեցած գաղափարներն ու տեսլականները գէթ անգամ մը կարդացա՞ծ են, վերյիշած են թէ ի՜նչ պայմաններու մէջ Մեսրոպ Մաշտոց Հայերէնի Այբուբենը շնորհեց Հայ Ժողովուրդին, թէ՞ իրենց համար այդքան էական չեն այս բաները, այլ՝ կարեւորը՝ օրուան, պայմաններուն, հոսանքին թելադրած «պահանջք»ներն են, համաշխարհայնացումին պարտադրած «սկզբունք»ներն ու «արժէք»ներն են…

Այս նախաձեռնութեան հեղինակները պահ մը մտածա՞ծ են, թէ իրենց առած այս անմեղսունակ քայլը ի՜նչ վնասներ պիտի պատճառէ մեր դպրոցներէն ներս պարագաներու բերումով իրականցած առցանց դասընթացքներուն, միութիւններու միջեւ կատարուած նամակագրութիւններուն, պաշտօնական շնորհաւորականներուն (որ արդէն իսկ լատինատառով գրուած անգլերէնը սկսած է գերիշխող դառնալ, հիմա ալ Մայրենիին փոխարէն լատինատառ հայերէնով կը գրենք…, որպէսզի օտարները հասկնան…):

Այս բոլորին մասին պահ մը մտածա՞ծ են արդեօք…

Ակնարկս կ՚աւարտեմ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, բանագէտ, ազգագրագէտ եւ լեզուբան՝ Յակոբ Չոլաքեանին տողերով.

«Մեր դարուն՝ լեզուներու անգիր ուսուցումը, մանաւանդ հայերէնի պարագային, անտեղի կը գտնեմ։ Ինչ է, վաղը, միւս օր մեր ակումբները եկող փոքրիկներուն առջեւ ցուցափեղկերուն մէջ կամ համացանցով մեր յայտարութիւններն ու կոչերը լատինատա՞ռ պիտի ըլլան։ Օտար լեզուներուն վարժուեցանք, լատինատառ հայերէնը առաջընթա՞ց պիտի նկատուի։

Եթէ անհատ մը նման բան ըրած ըլլար՝ կէս փորձանք պիտի համարէինք, իսկ երբ միութիւն մըն է ընողը՝ ի՞նչ ըսենք…

Ա՛լ չենք խօսիր, թէ անմեղ ու բարի միտքով առնուած այս քայլը ինչպիսի՞ վնաս պիտի հասցնէ մեր ամենօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներուն ընդհանրապէս, առցանց եղանակով տարուող դասընթացքներուն մասնաւորապէս։ Ասով մենք ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կը հաստատենք 1920-ականներու սկիզբը լատինատառ հայերէնին անցնելու ոմանց բարբաջանքը, կը հետեւինք այդ թուականներուն թրքերէնի բարեփոխութիւններուն, կը լուծենք աւանդական եւ նոր ուղղագրութեան մեր սկզբունքները, Մատենադարան կը բանտարկենք հայոց գիրերը, կամ անհասկնալի գաղափարագիրերու՝ մեր վիմական արձանագրութիւնները, կը կտրուինք մեր ամբողջ պատմական ժառանգութենէն…

Կա՞յ արդեօք իր սեփական այբուբենին դէմ նման քայլ առած լեզուի մը օրինակը…։ Հաւանաբար կարելի է գտնել, բայց անոնց պէտք չէ միանար մեր ոսկեղնիկը։

Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը պէտք է զգաստութեան հրաւիրէ իր տեղական մասնաճիւղերը»:

15 յունուար 2023, Վաղարշապատ

 

Յ.Գ. Վերի գրութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւն ուղարկելէ ետք, Գանատայի Համազգայինի շրջանային վարչութենէն յայտարարութիւն մը տարածուեցաւ, ուր «բացատրութիւն-լուսաբանութիւն» կը տրուէր աղմկայարոյց յայտարարութեան մասին: Չեմ ուզեր մանրամասն անդրադառնալ այդ անտեղի գրութեան: Անտեղի, կ՚ըսեմ, որովհետեւ բովանդակութիւնը ոչինչ կ՚ըսէ:

Այս կարծիքիս պատճառը ձեր դասընթացքի մասին տարածած յայտարարութեան մէջ տեղ գտած հետեւեալ նախադասութիւնն է. «Հայերէնի դասաւանդութիւնը պիտի տրուի լատիներէնով»… Կը կարծեմ, թէ այս նախադասութիւնը անուշադրութեան հետեւանք չէ, եթէ այդպէս ըլլար կարիք չէիք ունենար երկու էջանոց յայտարարութիւն տարածելու…, եւ դասընթացքի յայտարարութիւնը վերցնելու ձեր էջէն:

Յամենայնդէպս, դարձեալ կը կրկնեմ, այս գրութեան նպատակը թերագնահահատել չէ «Համազգային»ի տարած հսկայ աշխատանքը, միւս կողմէ ալ սակայն, «Համազգային»ի նման կառոյց մը, իրեն թոյլ պիտի չտար նման թերութիւն մը…, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Հայերէնը, մանաւանդ՝ Արեւմտահայերէնը լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ «Համազգային»ը ինչպէս մինչեւ հիմա, առաւել եւս այսօր պէտք է պահապանը ըլլայ մեր Ոսկեղնիկին, եւ ո՛չ թէ հակառակը…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

27 յունուար 2023

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2023