ԵՒ ՍՏԵՂԾՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ…

Հայոց պատմութեան մեր առաջին դասը…

Հպարտ հայ ըլլալու մեր առաջին դասը…

Յաղթանակի մեր առաջին դասը…

Բարին չարին յաղթելու մեր առաջին դասը…

Վերջապէս իր անունով մենք կոչուեցանք Հայ եւ մեր երկիրը՝ Հայաստան…

Այսպէս մեծցանք…

Արմենուհի Դեմիրճեանի «Հայկ Նահապետ» գիրքը կը բանամ եւ նախակրթարանի աշակերտուհիի մը նման կ՚ուրախանամ, կը հպարտանամ, կը յուզուիմ… Չէ՞ որ ես ալ Հայկին թոռնուհին եմ…

 Այս իննսուն էջանոց գիրքը հրատարակուած 2022 թուականին, իւրայատուկ է հեղինակին ներկայացուցած ձեւով, իր գեղարուեստական ոճով, մէջբերուած հետաքրքրական երկխօսութիւններով եւ կարեւորը այն է, որ նոր սերունդին համար աւելի մատչելի է, լաւ ընկալելու եւ ըմբռնելու համար ժամանակը, դարաշրջանը, սովորութիւնները։ Հայկ Նահապետով կը ներկայացուի մեր ժողովուրդին քաջութիւնը, հաւատարմութիւնը, աշխատասիրութիւնը, շինարարութիւնը եւ մանաւանդ իր հողին վրայ ստեղծագործելու եւ աւելի ուժով զգալու ոգին։ Ի՛նչ հիմերու վրայ կազմաւորուեցաւ հայ ժողովուրդը, որ իր առաջնորդին միանալով մերժեց սուտը, դաւաճանութիւնը, խաբեբայութիւնը։

Ինչպէս վերը յիշեցինք, գիրքը լոյս տեսած է 2022 թուականին, երբ ամէն գիտակից հայու համար սուգը պատած էր Հայոց Երկինքը, երբ յուսահատութիւնը թանձր ամպ որպէս կախուած էր նոյն երկինքէն, բայց ահա վերոյիշեալ գիրքին հոգին՝ Հայկ Նահապետի նիզակին հետ դարերէն անցնելով կու գայ ճեղքելու այդ սուգի ու յուսահատութեան թանձր ամպերը։ Յիշեցնելով մեզի, որ մեր սկիզբը դրուած է պայքարելով չարին, բռնակալին դէմ, Հայկի բազուկին ուժն է մեր բազուկներուն մէջ։

Յաղթական է Հայկը, բայց…Պատերազմի դաշտին վրայ կը խոստովանի.

-Որքան զզուելի է այս պատերազմը… (էջ 78)։

Այդ գոնէ մենք լաւ գիտենք, որովհետեւ մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ ծնած է ստեղծագործելու, կառուցելու…։

Արմենուհի Դեմիրճեանը Խորենացիէն հասած պատմութենէն քաղելով տեղեկութիւններ եւ կատարելով մէջբերումներ՝ կենդանացուցած է ժամանակի կենցաղը, յարաբերութիւնները, կերպարները։ Էջ առ էջ մեր նահապետին դրական կերպարն է՝ իմաստութիւնը, համբերութիւնը, առողջ դատողութիւնը, որ կը գծագրուի ընթերցողին երեւակայութեանը մէջ եւ անոր հակառակ Բելի բացասական կերպարը՝ չարութիւնը, խաբէութիւնը, բռնակալութիւնը, փառասիրութիւնը։ Այս մեզի ծանօթ եւ սիրելի պատմութիւնը նոր երանգ կը ստանայ Արմենուհի Դեմիրճեանի գրիչին տակ եւ մեզի կու տայ ոչ միայն պատմութիւնը հայ ժողովուրդի կազմաւորման, այլեւ գիտակցութիւնը՝ անոր մեծութեան։

-Մենք մեր լեռներուն պէս ազատ ենք ծնուել եւ չենք ենթարկուի ոչ մէկին, կ՚ըսէ հայոց Նահապետը էջ (77)։

Այսօր աշխարհի այս բաբելոնական իրականութեան մէջ, շատ կարեւոր է, որ անդրադառնանք մեր ակունքներուն, իւրաքանչիւրիս մէջ արթնցնելով «Հայկ»ը, անոր սէրը հայրենիքին, «Հարանց տուն»ին, հողին, ընտանիքին եւ իր ժողովուրդին հանդէպ, միաժամանակ ընդվզումը չարին ու բռնակալին դէմ։

Վտանգի մէջ է այսօր ազգային մեր ինքնութիւնը, եւ լաւագոյն ձեւը սերունդներուն անդրադարձնելու եւ արթնցնելու, ինչպէս նաեւ հայու անկոտրում ոգին փոխանցելու՝ մեր պատմութիւնը մատչելի դարձնելն է եւ հպարտ ու առողջ, առանց բարդոյթներու սերունդները առաջնորդել դէպի ապագայ։

Յաջողած է Արմենուհի Դեմիրճեանը։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Շաբաթ, Մարտ 2, 2024