ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Բանսարկութիւնն ու շողոքորթութիւնը նո՞յն բանն են:

Պատասխան. Եւ նոյնն են եւ նոյնը չեն: Նոյնն են, իրենց պատճառած արդիւնքով: Նոյնը չեն՝ կատարելու դիտաւորութեամբ: Թէ՛ բանսարկուն եւ թէ՛ շողոքորթը միեւնոյն նպատալը ունին՝ վնասել խնդրոյ առարկայ եղող անձը, կամ անձերը: Թեթեւ տարբերութիւն մը կայ այստեղ. մինչ բանսարկուն միշտ նպատակ կ՚ունենայ վնասել տուեալ անձը կամ անձերը, շողոքորթը, երբեմն շեղելով իր նպատակէն, շողոքորթութիւն կ՚ընէ իր անձնական շահը հետապնդելով:

Նոյն անձը կրնայ թէ՛ բանսարկու ըլլալ եւ թէ՛ ալ շողոքորթ: Որովհետեւ, այդպիսին տեղ մը բան մը լսելով, ուրիշ տեղ մը կը յայտնէ զայն՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար: Առակագիրը այս մասին կը գրէ. «Բանսարկութիւն ընողը գաղտնիքը կը յայտնէ, ուրեմն շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի՛ ունենար» (Առ 20.19): Հետեւաբար, պէտք է զգոյշ ըլլալ թէ՛ բանսարկուէն եւ թէ՛ ալ շողոքորթէն: Աւելին, պէտք է զգոյշ ըլլանք, որպէսզի մենք ալ չյայտնուինք նման իրավիճակի մը մէջ, այսինքն՝ բանսարկու կամ շողոքորթ ըլլանք:

Սուրբ Յովհաննէս Սանդուխքը կը գրէ. «Լսեցի, ինչպէս ոմանք իրենց հարազատներու մասին կը բամբասէին, որով յանդիմանեցի զիրենք: Չարագործները իրենք զիրենք պաշտպանելով, պատասխանեցին ինծի, ըսելով թէ այդ կ՚ընեն մղուած ըլլալով անոնց նկատմամբ ունեցած սէրէն եւ մտահոգութենէն: Ըսի անոնց. վե՛րջ տուէք նման սիրոյ, այլապէս սուտ կը հանէք այս ըսողին, թէ. “ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ” (Սղ 101.5): Աստուած այս տեսակ [անկեղծ] սէրն է որ կ՚ընդունի»:

Ինչ ունինք ըսելիք՝ ո՛վ ալ ըլլայ հասցէատէրը, մեր հարազատը, ընկերը կամ մտերիմը, պէտք է երես առ երես ըսենք, պէտք է բարձրաձայնենք, ինչքան ալ մտածենք, թէ մեր ըսածը կրնայ նեղացնել մեր դիմացինին: Աւելի լաւ պիտի ըլլայ այդպէս վարուիլ եւ այդպէս վարուելով նեղացնել մեր դիմացինին, քան իր ետեւէն խօսինք՝ բամբասենք, ու այդպիսով ա՛լ աւելի ցաւ պատճառենք անոր: Առաջինի պարագային, տուեալ պահուն կրնայ նեղուիլ մեզմէ, որոշ ժամանակ մը խռովի ալ, սակայն, երբ հասկնայ մեր միտումը՝ թէ իր բարիքին համար եղած է, ապա շուտով կու գայ մեր մօտ: Միւս պարագային, եթէ բամբասենք, ապա երբ իմանայ ո՛չ միայն կը խռովի, նոյնիսկ կրնայ քէն պահել, որով դժուար թէ կարենանք իր հետ մեր յարաբերութիւնը առաջուանին նման դարձնել: Հետեւաբար, պէտք է զգոյշ ըլլանք:

Շողոքորթութիւնն ու բանսարկութիւնը ձեւով մը արտացոլումն են Տասնաբանեայ Պատուիրաններէն իններորդ պատուիրանին, որ կ՚ըսէ. «Դրացինիդ մասին սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (տե՛ս Ելք 20.16): Որովհետեւ, մարդ բանսարկութիւն կամ շողոքորթութիւն ընելով, իրականութեան մէջ սուտ է, որ կը խօսի, թէեւ վկայութիւն տալ չըլլայ, թէեւ որպէս վկայ կանչուած չըլլայ, սակայն իր լեզուն չկարենալ զսպելով, խորքին մէջ իր նմաններուն մասին սուտ վկայութիւն է, որ կու տայ, ինչ բանը Աստուած պատուիրած է մեզի, որ չընենք:

Այս մասին [սուտ վկայութիւն տալու] Յակոբ Պատրիարք Նալեանը, այսպէս կը գրէ.

Այս մեղքը [սուտ վկայութիւն տալը] այնքան չար է, որ մարդուն դրախտէն կը զրկէ: Որովհետեւ Ադամ որ Եւային չարախօսեց եւ Եւան՝ օձին, երկուքն ալ անիծուեցան ու դրախտէն արտաքսուեցան:

Ծեր դատաւորները որոնք Շուշանի մասին սուտ վկայեցին՝ երկուքն ալ չարաչար սատկեցան:

Յուդան որ Քրիստոսին չարախօսեց՝ խեղդուեցաւ:

Այդ պատճառով Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէր, թէ ան որ իր ընկերոջ դէմ գաղտնաբար կը խօսէր, բացէ ի բաց կը հալածէի:

Դարձեալ, այս մեղքը մարդուն ատելի կը դարձնէ Աստուծոյ, ինչպէս կ՚ըսէ Ս. Պօղոսը. չարախօսները՝ աստուածատեացներ են. որովհետեւ ոչինչ աւելի սուղ է քան բարի անունը, ինչպէս կ՚ըսէ Սողոմոն, թէ՝ լաւ է բարի անունը, քան մեծ հարստութիւնը. տակաւին, բամբասողն ու սուտ վկան այս բարի համբաւը կ՚ապականեն:

Դարձեալ, կը մեղանչէ ան որ ականջ կը դնէ բամբասողին ու բամբասանքներուն. այդ պատճառով Սիրաք իմաստուն կ՚ըսէ, թէ՝ ականջներդ խցանով փակէ՛ որպէսզի բամբասողի լեզուին չլսես. այլ մարդ պէտք է թթու դէմք ցոյց տայ բամբասողին եւ սուտ վկային, քանի որ թթու դէմքը կը պապանձեցնէ բամբասողին չար եւ որդնալից լեզուն:

Դարձեալ, բանսարկութիւնն ալ չար է, որ տարաձայնութիւն կը ձգէ եղբայրներուն, հայրերուն ու որդիներուն միջեւ, ինչպէս Սողոմոն կ՚ըսէ, թէ անիրաւ վկան ստութիւնը կը բորբոքէ եւ կռիւ կը նետէ եղբայրներուն միջեւ:

Դարձեալ, կեղծաւորութիւնն ալ չար է, որովհետեւ Աստուած Եսայի մարգարէին բերանով ըսաւ, թէ ո՜վ Իմ ժողովուրդս, անոնք որոնք կ՚երանեն ձեզ՝ կը խաբեն ձեզ:

Դարձեալ, սուտ վկայութիւն տալով մարդ սատանայի որդի կ՚ըլլայ, իսկ ճշմարտութիւնը խօսելով՝ Աստուծոյ որդի: Այդ պատճառով Քրիստոս ըսաւ, թէ ով որ սուտ կը խօսի՝ իր ինչ ըլլալը կը յայտնէ, քանի որ սուտ է եւ անոր հայրը սատանան է: Սակայն Ինք, որ բնութեամբ Աստուծոյ Որդի էր, ըսաւ թէ Ես ատոր համար եկած եմ, որպէսզի ճշմարտութեան մասին վկայեմ:

Դարձեալ, սուտասանը կը կորսնցնէ նաեւ իր համբաւը, որովհետեւ ստախօսին վկայութիւնը օրինաւոր չէ:

Դարձեալ, սուտ վկան իր հոգին դժոխքի կը մատնէ, ինչպէս Սողոմոն իմաստունը կ՚ըսէ, թէ ով որ կը ստէ՝ իր հոգին կը սպաննէ (հատուած՝ «Քրիստոնէական ուսանելի» գիրքէն):

Իսկ Պետրոս Շանշեանը իր «Ուսումն պարտուց» գիրքին մէջ խօսելով սուտ վկայութեան մասին եւ զայն նմանցնելով բամբասանքին, իմա՝ բանսարկութեան, շողոքորթութեան, հետեւեալը կը գրէ.

Սուտ վկայութիւնը, սովորական խօսակցութեան մէջ, բամբասանք կ՚անուանուի, որ ընկերոջ վրայ վնասակար բաներ խօսիլ կը նշանակէ, կամ, առանց հիմնովին տեղեկանալու՝ կրկնել ուրիշներուն խօսածները եւ այսպէս ճշմարտութեան դէմ մեղանչելով՝ ստութիւնը աներկիւղ տարածել:

Թէեւ բամբասանքը իր մէջ երդմնազանցութիւն չի՛ պարունակեր, բայց աւելի չար եւ վնասակար է, քան թէ սուտ վկայութիւնը. ահաւասիկ պատճառները.

ա) Բամբասանքը անիրաւ եւ վնասակար է, որովհետեւ բամբասողը առանց դէմ յանդիման խօսելու՝ միշտ կը պահուըտի եւ ծածկաբար կը յարձակի իր ընկերոջ վրայ, որով բամբասուողը առիթ չ՚ունենար իր անձը եւ պատիւը պաշտպանելու եւ արդարանալու:

բ) Բամբասողը այս գաղտնի ճանապարհով իր ընկերը վարկաբեկելով, պատիւէ կը զրկէ, որ մարդուն համար ամէն բանէ թանկագին է եւ պատուականագոյն՝ քան պատուական ակերը: Բամբասանքէն ու վարկաբերկումէն մեծ վնասներ կրնան հասնիլ մարդուն, եւ այս պատճառով է, որ Դաւիթ մարգարէն չար լեզուն սուր ածելիի կը նմանցնէ. «...լեզուովդ կը վիրաւորես սուր ածելիի պէս եւ նենգութիւն կ՚ընես։ Բարիքէն աւելի՝ չարիքը կը սիրես, ճշմարտութիւնը խօսելէն աւելի՝ ստութիւնը» (Սղ 52.2-3). «Նոյնպէս ալ լեզուն. թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ: Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել» (Յկ 3.5):

գ) Բամբասանքը այնպիսի անարդարութիւն է, ինչի փոխադարձ հատուցելը դժուար է եւ գրեթէ անկարելի, որովհետեւ, թէ՛ շատ շուտ կը տարածուի եւ թէ՛ ալ մարդիկ բամբասանքին աւելի կը հաւատան քան թէ բամբասանքէն յետոյ արդարանալուն:

դ) Բամբասանքը ինչ աղբիւր ալ որ ըլլայ, թէ՛ նախանձէ, թէ՛ ատելութենէ, թէ՛ չարութենէ եւ թէ՛ ալ թեթեւամտութենէ, միշտ ատելի եւ սատանայական գործ է, որովհետեւ Ս. Գիրքին մէջ չար հոգիին տրուած սատանայ անունը ստախօս, բամբասող կը նշանակէ. «Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» (Յհ 8.44):

ե) Բամբասողը միշտ հասարակութեան համար ախտ համարուած է եւ օրէնքներուն պատիժին արժանի, ուստի Սուրբ Գիրքը եւս բամբասողը այնպիսի մեղաւորներուն կարգը կը դասէ, որոնք չենք կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը ժառանգել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 88

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024