ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՔՈՐՈՆԱՅԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ… ԵՒ ԿԸ ՄՏՆԷ ՄԵԾ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈՒԼԸ

Լիբանանը եղաւ այն քիչ երկիրներէն, որ հակառակ իր ունեցած մարդագրական ընդհանուր պատկերին, կարողացաւ արագ քայլեր առնելով դուրս գալ «վտանգաւոր գօտի»էն ու համարուիլ այս փուլին քորոնա համաճարակը գրեթէ յաղթահարած երկիր։

Այս փուլին կ՚ըսեմ, որովհետեւ տակաւին պարզ չէ, թէ որքանով ապահովագրուած է համաճարակի նօսրացումը կամ վարակի տարածման արագ ընթացքի կասեցումը։

Դիտարկումը անշուշտ կը վերաբերի այսօրուան դրութեան եւ վերջին տուեալներուն համաձայն՝ Լիբանանի մէջ վարակակիրներու թիւը չէ հասած ութ հարիւրի եւ ամէնօրեայ դրութեամբ նոր վարակակիրներու թիւը կը գնահատուի հազիւ թէ եօթ-ութով։

Հետաքրքրական է նաեւ, որ քորոնայի թուլացման ընդհանուր դրութեան մէջ կառավարութիւնը ճիշդ քայլեր կատարելով երկիրը դանդաղօրէն կը տանի դէպի բնականոն հուն, սակայն եկուր տես, թէ այս բոլորին մէջ զգալի կը դառնայ տնտեսական ծանր լուծ մը, որ հետզհետէ աւելի կը զարգանայ եւ երկիրը կրնայ տանիլ ամբողջական քաոսի։

Անշուշտ այս դիտարկումը, որպէս ապացոյց մէջտեղ կը դնէ անցնող մի քանի օրերուն երկրին մէջ գերլարուած դրութիւնը, որուն հիմնական «մեղաւոր»ը կամ ներքաղաքացիական բողոքի ալիքին ուռճացումը կը բարդուի երկրին մէջ ամերիկեան տոլարի սակին անսպասելի ոստումին։

Յիշեցնեմ, որ երբ Լիբանանի մէջ անցեալ հոկտեմբերին քաղաքացիական բողոքի մեծ ալիքը ընթացք կ՚առնէր, երկրին մէջ մէկ ամերիկեան տոլար գնելու համար քաղաքացիները ստիպուած կ՚ըլլային վճարել 1515 լիբանանեան լիրա, իսկ այս օրերուն, երբ երկրի կեդրոնական դրամատան կողմէ առնուած քայլերը կորսնցուցած են իրենց առաջուան ազդեցութիւնը, քաղաքացին ստիպուած է մէկ ամերիկեան տոլար ստանալու համար վճարել մինչեւ 3500 լիբանանեան լիրա։

Այս բոլորը անշուշտ ունին քաղաքական խորք եւ յստակ է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ յառաջ կը մղուի ներքին, բաւական խորհրդաւոր պայքար մը, որուն թելին մէկ ծայրէն կը փորձէ բռնել Միացեալ Նահանգները, իսկ թելին միւս ծայրը կապուած է Իրանի աջակից համարուող «Հիզպուլլլահ»ը։

Սա անշուշտ նոր յարաբերակցութիւն մը չէ ու բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կը հետեւին Լիբանանի զարգացումներուն՝ շատ լաւ գիտեն, որ անցեալի հաւասարակշռութիւնները վաղուց արդէն չկան ու այսօր գետնի վրայ տիրական երկու թեւերը նշուած ուժերն են։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ մինչ անցեալի խաղացողները եւ յատկապէս Իսրայէլ տէրութիւնը, որ կը համարուի Լիբանանի թիւ մէկ հակառակորդ, յաճախ գործի կը դնէր բռնի ուժը, այսինքն կը դիմէր պատերազմական գործողութիւններու, իսկ այսօր Իսրայէլի փոխարէն խաղի նոր կանոններ թելադրել փորձող Միացեալ Նահանգներ կը կիրառէ տնտեսական պատիժներու նոր մեթոտը, որուն թիրախ կը դառնայ ոչ միայն շիի «Հիզպուլլահ»ը, այլ նաեւ լիբանանցի պարզ քաղաքացին ու հասարակութիւնը, որ առանց անոր ալ յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ։

Ասոր վրայ հարկ է աւելցնել սիւննի աշխարհի տէրութեանց Լիբանանի հանդէպ ոչ դրական կեցուածքը, հետեւաբար նաեւ տնտեսական ամպարկոն, որ աւելիով կը բարդացնէ երկրի ընդհանուր վիճակը։

Անշուշտ այս բոլորին անդրադառնալէ ետք պէտք է նշել, որ երկար տարիներ Լիբանանը ղեկավարած Հարիրի ընտանիքը, որուն անունով հանդէս եկող նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին դուրս եկած է քաղաքական խաղէն, կամ թէ կը սպասէ յարմար առիթի մը՝ դարձեալ վերադառնալու իր քաղաքական դերակատարութեան։

Նշեցի Հարիրիի անունը, որովհետեւ այսօր գործող վարչապետ Հասսան Տիապ, Հարիրիի նման չի վայելեր ներսիւննիական նեցուկը, ինչ որ աւելիով կրնայ բարդացնել իր գործը։

Ամէն պարագայի այս օրուան ընդհանուր վիճակին մէջ, չի բացառուիր, որ Լիբանանը յայտնուի ամբողջական քաոսի մը ճիրաններուն մէջ, եթէ մինչ այդ Ուաշինկթըն-Թեհրան հասկացողութեանց նոր փուլ մը ընթացք չառնէ։ Յատկապէս որ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր Լիբանանի դաշնակիցներուն համար այս փուլը յայտարարուած է խաղը մինչեւ վերջ տանելու փուլ մը, որուն մէջ ալ սովորական քաղաքացիներու, կառավարութեան ու մանաւանդ ելեւմտական համակարգի փլուզումը կարեւոր հաշուարկներ չեն կրնար համարուիլ, եթէ պատկերին մէջ դնենք Ամերիկայի հեռահար նպատակները։

Ինչ կը վերաբերի քորոնայի լիբանանեան դրութեան, ապա այդ մասին աւելի յստակ պատկերացում մ՚ունենալու նպատակով՝ ընթերցողներուս համար առանձնացուցի կարճ զրոյց մը, որ կատարած են պէյրութահայ հիւանդապահ Գէորգ Տաղլեանին հետ։

Ստորեւ զրոյցէն կարեւոր հատուած մը։

-Պր. Տաղլեան քորոնաժահրի տարածումէն ի վեր, այս օրերուն ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի մէջ:

-Ամբողջ աշխարհով տարածուած քորոնաժահրը մտահոգիչ է, յատկապէս Լիբանանի պարագային ա՛լ աւելի, որովհետեւ նկատի առնելով վերջին երկու-երեք ամիսներու Լիբանանի տնտեսական ծանր պայմանները, այս հիւանդութեամբ ժողովուրդին մօտ աւելի մեծ մտահոգութիւններ յառաջացան։ Չնայած սկիզբը, առաջին մէկ-երկու օրերուն, որոշ չափով քիչ մը շինծու խուճապի վիճակ կար, սակայն երբ հետզհետէ պարագաները աւելի շատցան, ժողովուրդին մօտ աւելի լուրջ մտահոգութիւն մը տիրեց:

-Դուք որպէս հիւանդապահ՝ հիւանդանոցի աշխատակից, ինչ փոխուեցաւ ձեր կեանքին մէջ այս քորոնա վարակի երեւումէն ի վեր: 

-Ուրեմն իւրաքանչիւր հիւանդանոց ունի իր փրոթոքոլը (կարգուձեւը) հիւանդի հետ վարուելու եւ հիւանդ մը ընդունելու վերաբերեալ: Անկեղծ ըլլալու համար, մենք որպէս հիւանդապահներ, այդ մէկը իւրաքանչիւր հիւանդապահի կամ պաշտօնեայի մը համար, մտահոգիչ է, բայց բարեբախտաբար տակաւին, մեր հիւանդանոցին մէջ, չունեցանք պարագայ մը՝ որ կը տառապի քորոնայի վարակով։

-Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այն հիւանդանոցին մէջ, ուր կ՚աշխատիք. արդեօք խուճապ կամ վախ կա՞յ:

-Ինչ կը վերաբերի մտահոգութեան, մեր աշխատած հիւանդանոցը նման է Լիբանանի կամ աշխարհի վրայ գործող բոլոր հիւանդանոցներուն: Որովհետեւ այսօրուայ դրութեամբ որեւէ հիւանդանոց, նոյնիսկ լաւագոյն հիւանդանոց, կրնայ ոեւէ մէկ անձ, որեւէ մէկ վարակի ենթարկուիլ եւ անոր համար ալ բոլորս կանխազգուշացման կարեւորագոյն քայլերը կ՚առնենք: Նոյնիսկ այցելողներէն զգոյշ ենք եւ օրուայ ընթացքին միայն որոշակի ժամեր յատկացուցած ենք հիւանդներու այցելութեան կամ իւրաքանչիւր հիւանդի քով մէկ հոգիի մօտենալու արտօնութիւն կու տանք։  Իւրաքանչիւր անձ, որ կը մտնէ հիւանդի մը քով, անունը կը դրուի մինչեւ որ ետ դուրս ելլէ, որպէսզի յաջորդ անձը նոյն հիւանդին քով մտնէ: Այսինքն, մտահոգութիւնը բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ կայ, եւ ի միջի այլոց ըսեմ, որ բարեբախտաբար, մեր աշխատած հիւանդանոցին մէջ, եկան շատ մը պարագաներ, որոնք կը կասակածէին, թէ քորոնա վարակով բռնուած են, սակայն բարեբախտաբար անոնց բոլորին քննութեան արդիւնքները բացասական դուրս եկան։

-Քորոնաժահրով հայ վարակակիրներ կա՞ն Լիբանանի մէջ: Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիս:

-Օրեր առաջ իր մահկանացուն կնքած լիբանանահայ երիտասարդ Պետիկ Օղկասեանի պարագայէն բացի, մինչեւ այս պահը նոր պարագաներու մասին տեղեկութիւններ չկան։ Յառաջիկայ օրերուն մասին ոչինչ կրնամ ըսել, մանաւանդ, որ Լիբանանի մէջ վարակը շատ մեծ տարածում սկսած է ունենալ եւ այդ մէկը անշուշտ մտահոգիչ է։

-Գալով հայկական համայնքին, ի՞նչ կարգադրութիւններ կ՚առնուին, աշխատանքներ կա՞ն այս վարակին դէմ պայքարելու համար: 

-Համայնքի պատկան մարմինները, ստանալով Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներն ու տուեալները, իւրաքանչիւրը իր միութեան անդամներուն, իր հովանիի ներքոյ գործող հաստատութիւններուն, ակումբներուն զգուշացուցին հետեւիլ պետութեան կողմէ կատարուած թելադրանքներուն։ Անշուշտ համայնքի անդամներն ալ շատ արագ արձագանգեցին ու հիմա ալ կը հետեւին պատկան մարմիններու խիստ կարեւոր թելադրանքներուն։

-Դուք անձնապէս ի՞նչ մտավախութիւններ ունիք այս վարակէն, ի՞նչ կ՚ըսէք այս վարակի տարածման մասին: Մտահոգ է՞ք կամ արդեօք յուսաբեկուած է՞ք։

-Ընդհանրապէս իւրաքանչիւր անձ կը վախնայ իր անձին համար, կը վախնայ նաեւ իր շրջապատին համար, բայց որքան որ ալ զգոյշ ըլլանք, այո, կը վախցուի։ Ես ալ անոնց շարքին կրնամ ըսել, որ կը վախնամ, որովհետեւ գործի բերումով՝ մենք ճիշդ է, որ զգոյշ կ՚ըլլանք, բայց ստիպուած ենք ամէն օր գործի երթալու: Առողջապահութեան ոլորտին մէջ աշխատողներս, չենք նմանիր այն ընկերութիւններուն, որոնց աշխատողները իրենց բնակարանէն կ՚աշխատին եւ կրնան իրենց գործերը կատարել... մեր պարագան լրիւ տարբեր է: Կը մնայ որ չյուսահատինք, ամէն հիւանդութիւն որ կու գայ, ի վերջոյ պիտի գտնուի անոր ճարը, որպէսզի մարդիկ բուժուին: Իսկ յատկապէս այս քորոնայի պարագային, եթէ քիչ մը շեղինք նիւթէն, որոշ չափով այլ տեսանկիւնէ, կարծես թէ քաղաքական բնոյթ ալ ունի... Իմ համեստ կարծիքով՝ այսօր ստեղծուած վիճակին մէջ կարծես որոշ պատգամներ կան Ամերիկայի, որ վերջին տարիներուն բաւական ժխտական դեր ունեցաւ ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի, այլ աշխարհի զանազան «թէժ կէտեր»ուն մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020