ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԸ ԵՒ ԿԻՆԵՐԸ

Մարտ 2020-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը իր ժողովին պիտի անդրադառնար 1995-ին Պէյճինկի մէջ գումարուած Համաշխարհային կիներու վեհաժողովի հարթակի 25-ամեակին, եւ ուր պիտի բացայայտուէր իւրաքանչիւր երկրի մէջ իրականացուած հաւասարութեան օրէնքները՝ այրերուն եւ կիներուն միջեւ (gender equality): Սակայն, դժբախտաբար, քորոնաժահրը ոչ միայն խանգարեց այդ բոլորը, այլ ընդհակառակը, նոյնիսկ իրականացուած իրաւունքներուն մեծ մասը՝ առողջապահական, տնտեսական, ընկերային, կորսըն-ցուցին իրենց ազդուութիւնը, եւ հարցերը վերադարձան իրենց նախկին վիճակին:

Արդարեւ, կնոջ առողջութիւնը վատթարացաւ մեծ տոկոսով, որովհետեւ կիները, մոռնալով իրենց իրավիճակը, իբրեւ գլխաւոր մտահոգութիւն ունեցան ընտանիքի կայունութիւնը այս տագնապալից նեղ օրերուն, պատճառ մը, որ անզգալաբար ընտանեկան բռնութեան թիւը աւելցուցած էր տուներուն մէջ, ուր ստիպողաբար անոնք կ՚ապրէին բռնաբարող անդամներու հետ նոյն յարկին տակ։ Պէտք է յիշել, որ քորոնաժահրը ոչ միայն համաշխարհային մարդկութեան առողջութիւնը կը խանգարէ, այլ նաեւ մարդուն հոգեկանին դէմ իսկական պայքար մըն է:

Թէեւ կիները շատ ազդուած են այս ժահրի աղէտէն, սակայն նոյն ատեն անոնք՝ ըլլալով մարդկութեան ողնասիւնը, պիտի օգնեն եւ յաջողին անպայման մարդկութիւնը դուրս բերել այս տագնապէն: Այս ալ կ՚իրագործուի երեք մակարդակի վրայ:

1) Առողջապահական գետնի վրայ կնոջ ներկայութիւնը եւ աշխատանքը պէտք է գնահատուի, մանաւանդ բոլոր անոնց, որոնք Ա. կարգի վրայ կը գործեն, ըլլան անոնք բժշկուհիներ, հիւանդապահուհիներ, մասնագիտուհի եւ այլն, եւ անոնք պէտք է արդարօրէն վարձատրուին, որպէսզի իրենց բծախնդիր աշխատանքը շարունակեն, հարկ է իրենց իրաւունքները, նիւթական թէ բարոյական, լիովին արժեւորուին եւ ապահովուին:

2) Ընկերային գետնի վրայ կնոջ տրամադրուած իրաւունքներու առիթները եւ անոնց պահպանումի միջոցները նկատի առնուին՝ յարգելով կիներու օրէնքները գործատեղիներուն մէջ, եւ դարձեալ սաստել բռնաբարումները, որոնց կ՚ենթարկուին կիները: Այս հարցով Լիբանանի կնոջական մարմինը, ներքին ապահովութեան ուժերու հետ միասնաբար, անպաշտպան կիներու տրամադրութեան տակ դրած է հեռաձայնային ուղղակի կապ մը՝ 1745 թիւով, անոնց անմիջական օգնութեան համար:

3) Իսկ ամենէն հիմնականը՝ կնոջ ներկայութիւնը հիմնաւորուի եւ բնորոշուի ռազմավարական բոլոր ծրագիրներու պատրաստութեան պարագային: Փաստօրէն, ներկայիս բոլոր այն երկիրները, ուր ղեկավարները կիներ են, իրենց գիտակցութեամբ եւ հեռանկարով, կարողացան այս ժահրը արագօրէն զսպել եւ ձերբազատել իրենց երկիրները ահաւոր վնասներէ: Յիշենք այդ երկիրները եւ կիներուն տուած որոշումները:

- Գերմանիա. վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարութեամբ 83 միլիոն ժողովուրդին միայն 132 հազար պարագայ վարակուեցաւ: Սկիզբէն, վարչապետուհին լրջօրէն հետեւելով, վտանգի առկայութեան մասին յայտարարեց, եւ անմիջապէս «Փի.Սի.Ար.»ի քննութիւններու սկսան՝ մօտ 350 հազար քննութիւն ամէն շաբաթ, եւ այսպէսով կանխարգիլեցին վտանգը 70 առ հարիւր տոկոսով:

- Թայուան. 24 միլիոն իր բնակչութեամբ, հակառակ անոր որ Ուհանի կողքին Չինաստանի ամենէն մօտ երկիրն է, շնորհիւ իր վարչապետուհիին՝ Tsai Ingwen-ի ջանքերուն, լաւագոյն ձեւով դիմադարձեց, նախ արգիլելով Ուհանէն եկած բոլոր օդանաւերու ժամանումը եւ ստիպելով ժողովուրդը՝ դիմակներ գործածելու՝ կանխարգիլելով ժահրին արագ փոխանցումը:

- Նոր Զելանտա. 5 միլիոն բնակչութիւն ունեցող այս երկրի վարչապետուհին՝ Ճասինտա Արտեռնին, ինքնամեկուսացում յայտարարեց, երբ տակաւին միայն 7 պարագայ կար երկրին մէջ եւ արգիլեց զբօսաշրջութիւնը։

- Պատկերը նոյնն էր Իզլանտայի մէջ, ուր երկրի վարչապետուհին՝ Քաթրին Ժաքոպստոթիր ձրիաբար բժշկական քննութիւններ տրամադրեց բոլոր ժողովուրդին:

- Նաեւ Ֆինլանտա եւ Նորվեկիա նոյն ձեւով իրենց վարչապետուհիներու տուած որոշումներու միջոցաւ փրկեցին իրենց երկիրները:

Մինչ Ֆինլանտայի կողքին, Շուէտի վարչապետը, մերժելով այս միջոցառումները եւ բաց պահելով դպրոցները եւ գործատեղիները, պատճառ դարձաւ, որ ժահրը մեծ աւերներ գործէ, եւ բազմաթիւ զոհեր արձանագրուեցան:

Կին ղեկավարներու այս յաջողութիւնը կ՚արտացոլայ իրենց խելացի եւ արագ մտածելակերպին ընդմէջէն՝ հետեւեալ կէտերու շուրջ.

- Արագօրէն բժշկական քննութիւններու կատարում:

- Ինքնամեկուսացումի արագ որոշում:

- Ընկերային ստիպողական հեռաւորութեան պահպանում (social distancing):

- Դեղերու արագ կիրարկում:

Այս ղեկավար կիները աշխարհի չորս ցամաքամասերու վրայ կը գտնուին տարբեր տեղեր՝ Ասիա, Եւրոպա, հարաւային Խաղաղական ովկիանոսի կից, բայց աշխարհի ղեկավարութեան միայն 7 առ հարիւրը կը ներկայացնեն: Հոս անշուշտ պէտք է անդրադառնանք նաեւ այն երեւոյթին, որ այր ղեկավարներ ալ լաւ օրէնքներով դիմագրաւեցին ու յաջող արդիւնքներ ձեռք ձգեցին, ինչպէս՝ Լիբանանի վարչապետը եւ առողջապահութեան նախարարը: Դարձեալ յիշենք արտաքին գործոց նախարարին որոշումը, արտերկրի լիբանանցիները Լիբանան վերադարձնելու: Այս առիթով, Լիբանանի կիներու մարմինը կոչ ուղղեց նախարարութեան՝ վերադարձնելու նաեւ բոլոր լիբանանցի մայրերու եւ օտար հայրերու զաւակները, որովհետեւ անոնք եւս լիբանանցիի իրաւունքներ պէտք է ունենան:

Քորոնայի աղէտը աշխարհը ամբողջ տագնապի մատնեց, արդարեւ, ընդհանրապէս այս տեսակ ժահրերը կը խորացնեն երկրին մէջ տիրող ընկերային անհաւասարութիւնները, կնոջ թէ այր մարդու, նամանաւանդ տիրող այս տնտեսական տագնապալի օրերուն:

Սակայն այս համաճարակէն դուրս գալ եւ ազատիլը ընդհանուր ընկերային պարտականութիւն մըն է, որուն բոլորս պէտք է մասնակցինք, այր թէ կին, երէց կամ երիտասարդ, դիմագրաւելու հոգեկան եւ ֆիզիքական ամէն տագնապ, որովհետեւ մարդկային կեանքը քորոնայէն ետք նոյնը պիտի չըլլայ նախկինին պէս, այլ պիտի ունենանք նոր աշխարհ, նոր հասկացողութիւն՝ տարբեր ըմբռնումով եւ դարձեալ հոս կիները իրենց պարտականութիւնը ունին՝ օգնելու համայն մարդկութիւնը այս նոր ընթացքին ընտելանալու եւ այդպէս ապրելու:

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանի կնոջական ազգային խորհուրդի անդամ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Մայիս 2, 2020