ՇՐՋՈՒԱ՛Ծ ՀԱՐՑՈՒՄԸ (ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Լաւատեսութիւն ներշնչող զգացում է հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ տեսնել յայտնութիւնը խոստմնալից նոր ուժերու, աշխատանքի յանձնառութիւն եւ պատրաստակամութիւն ունեցող երիտասարդ տղոց ու աղջիկներու:

Մամլոյ ասպարէզի պարագային, սակայն, կարելի չէ հաշտուիլ լաւատեսութեան նման ապահով զգացումի մը հետ:

Հայ հրապարակագրութեան եւ խըմ-բագրական ասպարէզի անմիջական ապագան մտահոգիչ է ո՛չ անպայման ուժերու չգոյութեան պատճառով, այլ՝ ասպարէզին հանդէպ ամբողջական նուիրումի պատրաստ ուժերու բացակայութեան պատճառով:

Հիմնական տարբերութիւն մը կայ ուժեր ունենալու եւ ուժեր կարենալ ըլլալու իրողութեանց միջեւ:

Երբ ուսումնասիրենք հայ կեանքի զանազան ճակատներուն վրայ գոյացած «բաց»երը, կամ քննենք պատճառները հաւաքական մեր կաղացումներուն, չենք կրնար անտեսել այն յստակ իրականութիւնը, որ մեզ դժուարութեան մատնող տագնապները հետեւանք են ո՛չ անպայման արժէքներու բացակայութեան, այլ՝ առհասարակ հայկական միջավայրէ անոնց խուսափումին:

Այլոց մօտ գոյութիւն ունի հին ու նոր սերունդներու բախումի հարց, դիրքի, պաշտօնի եւ առաջնորդութեան պայքար: Մեր իրականութիւնը կը պարտադրէ տարբեր պատկեր, որովհետեւ մեր կարիքները շատ են, իսկ մեր ուժերը անբաւարար են եւ կամ ընդհանրապէս մեր մօտ չեն: Մեր շուրջն են, մեզի հետ չեն ինչպէս շատ մը մարզերու, նաեւ՝ մամուլի պարագային:

Դիւրին չէ ընտրուելիք ուղին, անշուշտ: Մամլոյ ասպարէզը փառքի աթոռներ չունի, ո՛չ ալ նիւթական կամ այլ առաւելութիւններու խոստումներ ունի: Զոհաբերութեան, դժուարութիւններու եւ յարատեւ վազվզուքի լայն դաշտ մըն է ան, որ կարիքը ունի յանձնառու եւ հաւատաւոր անձերու: Ով որ կոչումը եւ կարողութիւնը կը զգայ իր մէջ այդ դաշտը հերկելու, ով որ գիտէ նուիրումով երջանկանալ, անոր առջեւ բաց է ասպարէզը:

Ամբողջ հարցը թեկնածուներու գործի ընդունակութիւնն է, հաւատքի, գիտակցութեան աստիճանը, պատրաստութիւնը եւ զոհողութեան պատրաստակամութիւնը:

Ինքզինք որքա՜ն երջանիկ պիտի զգար երէց սերունդի մամլոյ ներկայացուցիչ մը՝ տեսնելով երիտասարդ մը, որ արժանաբար կը գրաւէ իր տեղը եւ ինքնավստահ կերպով կը շարունակէ իր կէս ձգած գործը:

Բայց ո՞ւր է այդ երիտասարդութիւնը, որ գրիչի կամ համակարգիչի ստեղնաշարին հետ սերտ բարեկամութեամբ, իւրայատուկ խօսքով ու ոճով մեր մամուլին մէջ իր ներկայութիւնը պիտի հաստատէ: Քիչ մը ամէն տեղ կը փնտռուին նման երիտասարդներ, որոնք նոր որակ եւ թարմութիւն պիտի տան մեր մամուլին, յաւելեալ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն պիտի ստեղծեն մեր գրաւոր, բանաւոր թէ ելեկտրոնային մամուլին շուրջ:

Վերջին տասնամեակներուն մեծաթիւ երիտասարդներ համալսարաններէ շրջանաւարտ դարձան լրագրութեան կամ հայագիտութեան վկայականներով: Բոլորն ալ՝ մասնագիտութեան եւ գիտելիքի տէր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Սակայն փաստը այն է, որ անոնցմէ հազուագիւտները միայն մօտեցան հայ մամուլին:

Արդեօք ի՞նչն է, որ զիրենք հեռու պահեց այս իրականութենէն:

Հաւանաբար ասպարէզի անապահովութիւնը՝ նիւթական իմաստով: Հայ մամուլը ընդհանրապէս «գործի դաշտ» մը չէ կրցած ըլլալ ու չէ՛, դժբախտաբար: Տեւաբար ան եղած է «փորձի դաշտ» մը կամ «անցման դաշտ» մը, ուրկէ տղաք ու աղջիկներ եկած ու անցած են՝ մինչեւ հիմնական գործի մը ապահովում: Առաւելագոյն պարագային, ան եղած է երկրորդական զբաղում մը՝ ուսուցչութեան, քաղաքագիտութեան կամ այլ մասնագիտութիւններու կողքին:

Այլ հարց, որ մտային եւ հոգեկան մեծ ջանք պահանջող մամլոյ ասպարէզին մէջ, մտքի պատրաստութենէն եւ աշխատանքի պարտադրած մասնագիտական կամ թեքնիկ կարողութենէն անկախ, կայ ապրումի հարց մը, ապրումով ծառայելու անհրաժեշտութիւն մը, որ այսօր կը պակսի շատերուն:

Հետեւաբար կ՚արժէ շրջել հարցումին ձեւը եւ պատասխան փնտռել հետեւեա՛լ կէտին.

Իսկ ի՞նչն է, որ մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը հայ մամուլին կապեց շարքը անդարձ մեկնած մեր խմբագիրներուն եւ հրապարակագիրներուն: Ի՞նչն է, որ այսօր ալ ասպարէզին կը կապէ մատի վրայ համրուող «խենթ»եր:

Ճիշդ չէ այն պատասխանը, թէ «պարագաներու բերմամբ» միայն խմբագրական աշխատանքի սեղաններու ետեւ նստած են մեծ ու փոքր վաստակով դէմքեր: Ո՛չ ալ ճիշդ է այն տեսակէտը, թէ անոնք օժտուած են նուազ կարելիութիւններով եւ բարեմասնութիւններով ու պատրաստ չեն տարբեր, աւելի շահաբեր գործերու նետուելու:

Իրողութիւնը այն է, որ հայ մամուլի այդ «խենթ»երը ունին հանրային ապրումի ազնիւ կիրքը եւ յանդգնութի՛ւնը փարելու գործի մը, որուն մէջ ազգային ծառայութենէ բխող հոգեկան գոհացումի եւ անհատական բաւարարութեան զգացումը կայ:

Մեզի պակսողը, այսօր, այդ կիրքն է ու յանդգնութիւնը, առանց որոնց՝ դժուար թէ երաշխաւորուի հայ մամուլին անխափան երթը եւ հայ ստեղծագործ միտքին ու խօսքին զարգացումը՝ մեր անմիջական ներկային ու հեռաւոր ապագային:

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2019