ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆՀՐԱՇԵԺՏ Է, ՈՐ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ԴԱՍԱՆԻՒԹԸ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Այս յօդուածը քանի մը ամիս առաջ գրած էի, սակայն չէի հրապարակած, մտածելով որ եղածը թիւրիմացութիւն էր: Սակայն, մէկ-երկու օր առաջ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ եղած յայտարարութիւնը «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» («ՀԵՊ») դասանիւթին վերաբերեալ, պատճառ դարձաւ, որ այս գրութիւնս լոյսին տամ: Ցաւալի է այն իրողութիւնը, որ մեր երկրին իշխանութիւնները աշխարհը ծունկի բերած թագաժահրի այս օրերուն, այնպիսի որոշումներ կը կայացնեն, որոնց նկատմամբ հանրութիւնը կրնար ձայն բարձրացնել, սակայն երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը թոյլ չի տար հանրային հաւաքներ կազմակերպելու: Չեմ ուզեր մտածել, որ այս քայլերը յատուկ դիտաւորութեամբ կը կատարուին: Բայց ժամանակն է հաշուի առնելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն կարծիքը եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնել «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթին վերաբերեալ:

Ի վերջոյ պէտք է գիտակցիլ, որ արժէքներուն հետ անպատասխանատու կերպով վարուիլը նուազագոյնը մեզ դէպի անորրոշութիւն կը տանի:

25 յունուար 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր Կապան քաղաքի մէջ տուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին, «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» դասանիւթին առընչուող հարցումի մը ի պատասխան՝ ունեցած է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «…Կը պատկերացնէք այս գաղափարի հեղինակին տրամաբանութիւնը՝ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը տարանջատել ազգի եւ պետութեան պատմութենէն ու առանձին դասաւանդել: Այս ի՞նչ է, եթէ ոչ քայքայիչ գործունէութիւն, ազգի ինքնութեան դէմ տարուող մանր շահախնդրութիւն (նեղ մերկանտիլ) քաղաքական նպատակներով տարուող գործունէութիւն»:

«ՀԵՊ» դասանիւթը առանձին դասաւանդելու փաստը իր մէջ ո՛չ մէկ քայքայիչ կամ քաղաքական նպատակ հետապնդող դրդաչատճառ ունի եւ չի՛ կրնար ունենալ: Այո՛, հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը հնարաւոր չէ իրարմէ բաժնել, այլապէս պիտի նմանէր մարմինի մը անդամները իրարմէ բաժնելու, սակայն, ինչպէս որ մարմինի իւրաքանչիւր անդամը իրեն յատուկ պարտականութիւն մը ու դերակատարութիւն մը ունի, որպէսզի մարմինի բնականոն աշխատանքը չխաթարուի եւ անհատը առողջ ու հաստատակամ կարենայ ապրիլ եւ գոյատեւել, այդպէս ալ է ժողովուրդի եւ Եկեղեցւոյ պարագան, ժողովուրդը՝ որուն մարմինին մէկ անդամը՝ պետութիւնն է, այլ խօսքով՝ իշխանութիւնները, իսկ միւս անդամը՝ Եկեղեցին. այս երկու անդամներն են, որոնք կը կազմեն մեր ժողովուրդին ամբոջականութիւնը: Աւելի՛ն, այս սերտ առընչութեան համար է, որ Հայ Եկեղեցին ստացած է Ազգային Եկեղեցի կոչումը, որովհետեւ հնարաւոր չէ մեր ժողովուրդին՝ ազգին պատմութիւնը ու ներկան տարանջատել Հայ Եկեղեցւոյ պատմութենէն ու ներկայէն, եւ փոխադարձաբար: Այսքանը որպէս պատմութիւն եւ լինելութեան, ինքնութեան դիտանկիւնէն:

Սակայն երբ այս հարցին կը նայինք կրթական-ուսումնական տեսակէտէն, մօտեցումները կը տարբերին: Կը տարբերին ո՛չ թէ տարանջատում յառաջացնելով, այլ՝ կը տարանջատին իւրաքանչիւր մասին յստակ ու հասկնալի մեկնաբանութիւն ու իմացում տալով: «Հայոց Պատմութիւն» («ՀՊ») դասանիւթը չի՛ կրնար ամբողջական կերպով ներկայացնել «ՀԵՊ» դասանիւթը, եւ հակառակը: Եւ այսպէս, այս երկու դասանիւթերը առանձին դասաւանդուելով տարանջատում չի՛ յառաջանար, այլ՝ ինչպէս վերը նշեցի, ա՛լ աւելի յստակութիւն ու պարզութիւն:

Կարդանք «ՀԵՊ» դասանիւթի 5-րդ դասարանի դասագիրքին ներածականը. «Սիրելի՛ աշակերտներ, դուք կը սկսիք ուսանիլ դասընթացք մը, որ կը կոչուի “Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն”: Այս դասընթացքին միջոցով դուք կը ծանօթանաք Աստուածաշունչ Մատեանին, Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ու գործունէութեան, Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան առաւել կարեւոր դրուագներուն, տօներուն եւ խորհուրդներուն, քրիստոնէական բարոյական արժէքներուն»:

Այս տողերը կարդալով մի քանի հարցադրումներ կը ծագին մեր միտքերուն մէջ:

Առաջին. եթէ «ՀԵՊ» դասանիւթը միացուի «ՀՊ» դասանիւթիւն, արդեօք «ՀՊ» դասանիւթի դասագիրքին մէջ պիտի խօսուի՞ Աստուածաշունչ Մատեանին մասին, թէ ինչպէ՞ս գրուած է, որո՞նք գրած են զայն, եւ այլ մանրամասնութիւններ, որոնք տեղ գտած են «ՀԵՊ» դասանիւթի դասագիրքին մէջ: Թէ՞ Աստուածաշունչը պիտի բաժնուի երկու մասի, Հին Կտակարանը մէկ կողմ դրուի՝ պատճառաբանելով, թէ հրեայ ժողովուրդին պատմութիւնն է ու մեր զաւակները պէտք չէ անոնց պատմութիւնը սորվին: Այս պատճառաբանութիւնը յառաջ բերողները մէկ բան կ՚անգիտանան, թէ Հին Կտակարանը իր մէջ կրելով բաժիններ հրեայ ժողովուրդի պատմութենէն, բայց իր խորքին մէջ պատմութիւնն է ամբողջ մարդկութեան. օրինակի համար՝ Նոյ Նահապաետի դրուագը, աշտարակաշինութեան դրուագը, լեզուներու խառնուիլը, այս բոլոր իրադարձութիւնները սեղմ առումով ճիշդ է, որ ուղղակիօրէն հրեայ ժողովուրդին հետ առընչութիւն ունին, սակայն խորքին մէջ անքակտելի կերպով կապուած են ամբողջ մարդկութեան: Աւելի՛ն, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս անդրադառնալով Հին Ուխտին՝ Կտակարանին, կ՚ըսէ. «Չեկայ ջնջելու, այլ՝ ամբողջացնելու», հետեւաբար Նոր Կտակարանը ամբողջացումն է Հինին, կատարելագործումն է Հինին, ու փորձել Հինը եւ Նորը իրարմէ բաժնել, պարզապէս տգիտութիւն է: Իսկ եթէ այս տրամաբանութեամբ կը մտածենք, հետեւաբար ինչո՞ւ համար մեր երեխաներուն անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն կը սորվեցնենք, ինչո՞ւ համար մեր երեխաներուն թուաբանութիւն ու գիտութիւն կը սորվեցնենք, այդ գիտութիւններուն մէջ հայկական տարրեր կա՞ն, հետեւաբար օտարինը ինչո՞ւ սորվեցնենք մեր երեխաներուն, մենք մերը ունենանք, մեր ազգայինը, մեր հայկականը, ու միայն այդ սորվեցնենք մեր երեխաներուն… Կը նկատէ՞ք ինչքան անտրամաբանական է այդ կերպով մտածելը…: Բայց, դժբախտաբար, նոյն այդ անտրամաբանական մօտեցումով փաստեր կը տրուին, «ՀԵՊ» առարկան կրթական-ուսումնական ծրագիրէն դուրս հանելու համար։

Երկրորդ. ներածութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ, թէ աշակերտները պիտի ծանօթանան Յիսուս Քրիստոսի կեանքին ու գործունէութեան: Եթէ մենք մեզ քրիստոնեայ կը համարենք, աւելի՛ն, եթէ Յիսուս Քրիստոսին կը դաւանինք ու որպէս Տէր կ՚ընդունինք, հետեւաբար նուազագոյն բանը, պէտք Անոր մասին որոշակի տեղեկութիւններ ունենանք, գիտնալու համար, թէ ո՞ւր ապրած է, ի՞նչ միջավայրի մէջ, ի՞նչ ուսուցանած է, եւ այլն: Բնականար, այս բոլորը քարոզ համարել՝ դարձեալ տգիտութեան արդիւնք է: Այդպէս կարծողները կամ այդ ձեւով մտածողները պարզապէս կ՚անգիտանան, թէ քրիստոնէութիւնը սիրոյ եւ ազատութեան կրօնք է, այնտեղ չկայ պարտադրանք. արդարեւ, այս դասանիւթը ո՛չ մէկ միտում ունի քարոզել՝ պարտադրելով որ երեխաները անպայմանօրէն Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ դառնան, այլ՝ այս դասանիւթով, եթէ երեխան արդէն իսկ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ չէ, առիթ կը տրուի անոր ընտրութիւն կատարելու՝ յարգելով անոր ազատ կամքը:

Երրորդ. դարձեալ ներածութեան մէջ կ՚ըս-ւի, թէ աշակերտները կը տեղեկանան Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան կարեւորագոյն դրուագներուն. այստեղ եւս, ի՞նչ բանը կրնայ խանգարել, որ հայ երեխան իր Ազգային ու Մայր Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ու մանրամասնութիւններ իմանայ: Աւելի՛ն, ինչո՞ւ համար հայ երեխան չիմանայ, որ իր Ազգային Եկեղեցին դարեր շարունակ պահպանողն է եղած հայ ժողովուրդի ժառանգութեան՝ բոլոր առումներով: Ինչո՞ւ հայ երեխան պէտք չէ գիտնայ, որ իր Ազգային Եկեղեցին պատմութեան վճռորոշ պայմաններուն մէջ վճռական քայլերու դիմած է՝ պահպանելու համար գոյութիւնն ու գոյատեւութիւնը մեր ժողովուրդին:

Չորրորդ. դարձեալ ի՞նչ բանը կը խանգարէ, որ հայ երեխան տեղեկութիւն ունենայ իր Ազգային Եկեղեցւոյ տօներուն ու խորհուրդներուն մասին, ծէսերուն եւ արարողութիւններուն մասին, չէ՞ որ այդ բոլորը իր մտահորիզոնը առաւել եւս պայծառացնելու ու լուսաւորելու կը ծառայեն: Այսօր, մենք երբ օտարներուն դիմաց կը կանգնինք առաջին բանը, որով կը հպարտանանք այն է՝ որ մենք աշխարհի մէջ առաջին ժողովուրդն ենք, որ քրիստոնէութիւնը պետականօրէն ընդունեցինք. արդար եւ իրաւ. բայց միայն ատով հպարտանալը բաւարար չէ, նուազագոյնը պէտք է որոշակի ծանօթութիւն ունենանք այդ Եկեղեցւոյ ինչութեան մասին, որպէսզի երբ օտարները հետաքրքրուին, կարողանանք ճիշդ կերպով ներկայացնել: Չկարծենք, թէ այդ միայն հոգեւորականներուն պարտականութիւնն է, ո՛չ, ընդհակառակը, այդ իւրաքանչիւր հայորդիի պարտականութիւնն ու պարտաւարութիւնն է, որովհետեւ Հայ Եկեղեցին միայն հոգեւորականներունը չէ, այլ՝ ամբողջ հայ ժողովուրդինը:

Հինգերորդ. դարձեալ մեր քրիստոնեայ ըլլալով կը հպարտանանք, բայց կը մոռնանք, որ քրիստոնէութիւնը մեր սեփականութիւնը չէ, այլ այսօր աշխարհի վրայ բազմաթիւ ազգեր ու ժողովուրդներ քրիստոնեայ են, հետեւաբար քրիստոնէութիւնը դարձած է համամարդկային կրօնք մը, վարդապետութիւն մը: Արդարեւ, երբ համամարդկային կ՚ըսենք, բնականաբար յստակ կը դառնայ, որ այդ համամարդկայնութիւնը իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ հասարակ կէտեր ու Եկեղեցւոյ՝ քրիստոնէութեան պարագային այդ կէտերը կը թարգմանուին բարոյական արժէքներ անունով. հետեւաբար, ի՞նչ բանը պէտք է արգելք հանդիսանայ հայ երեխային, որպէսզի չծանօթանայ այդ համաքրիստոնէական արժէքներուն, ի՞նչ բանով պակաս է հայ երեխան ըսենք՝ գերմանացի, ռուս, իտալացի, յոյն, եւ այլն, երեխաներէն, որպէսզի ինք եւս այդ բարոյական արժէքներուն տիրապետէ, կարենալ որպէս լիիրաւ հայ ու լիիրաւ քրիստոնեայ զգալու համար ինքզինք համամարդկութեան մէջ: Մանաւանդ, երբ նկատի կ՚ունենանք այն իրողութիւնը, թէ ներկայիս բազմաթիւ հայ երիտասարադներ արտերկիր կը մեկնին բարձրագոյն ուսումի տիրանալու համար, արդարեւ գէ՞շ կ՚ըլլայ, որ այդ երիտասարդները լայն ու ընդհանուր տեղեկութիւն ունենան իրենց Ազգային Եկեղեցիին մասին, անոր պատմութեան, ծագման, դաւանանքին, բարոյականութեան [ինչը ազգային գիծեր ունենալով կը շարունակէ մնալ համաքրիստոնէական բարոյական արժէքներու մէկ անբաժանելի մասնիկը]: Այս ուղղութեամբ կ՚արժէ կարդալ 10-րդ դասարանի դասագիրքին ներածութիւնը. «Քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը քրիստոնէութեան, ուստի նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ուսուցանուող կենսակերպի հիմքն է: Իր հիմնադրումի ժամանակաշրջանէն սկսած՝ Քրիստոսի ուսմունքը լայն տարածում գտաւ աշխարհով մէկ, որովհետեւ մարդուն միտքն ու հոգին ազնուացնելով՝ ապրելակերպի բարոյական վեհ արժէքներու ամբողջական համակարգ մը կը քարոզէ:

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, ընդ որում եւ հայ մարդու ազգային-հոգեւոր նկարագիրին կարեւոր բաղադրիչն է՝ անոր բարոյական դիմագիծը: Ազգային-հոգեւոր նկարագիրն ու բարոյական արժէքներու համակարգը ներհասարակական յարաբերութիւնները կարգաւորող չափանիշներ են, որոնք կ՚ապահովեն տուեալ հասարակութեան համակեցութիւնը, կ՚ուղղորդեն, կը դաստիարակեն սերունդները, կը դառնան հիմք՝ ինչպէս իւրաքանչիւր անհատի վարուելակերպին (չգրուած օրէնքներ), այնպէս ալ՝ պետականօրէն ընդունուած որոշումներուն եւ օրէնքներուն համար:

Եւ ի վերջոյ, քրիստոնէական բարոյական արժէքները համամարդկային նշանակութիւն ունին: Այդ արժէքները տեղ գտած են նաեւ արդի հումանիստական [մարդկայնական] շարժումներուն եւ գաղափարներուն հիմքին մէջ:

Այսօր ալ, արհեստագիտական աննախադէպ զարգացման մեր այս դարին մէջ, մարդ արարածը անցեալին նման հարցադրումներ ունի բարոյական նկարագիրի, հոգիի եւ խիղճի, կեանքի ու մահուան վերաբերեալ: Հարցերը շատ են, եւ դուն ալ, սիրելի՛ բարեկամ, օր մը այդ հարցումները դուն քեզի պիտի տաս, ու պիտի փորձես ատոնց պատասխանները գտնել: Պիտի փորձես գտնել բարին, ազնիւն ու վսեմը, ճշմարիտն ու առաքինին:

Որոնումներու այդ դժուարին ճանապարհին, քեզի աջակից կ՚ըլլայ նաեւ այս դասընթացքը»:

Հաւատացողն եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այս բոլոր բաներուն լաւ ծանօթ ու գիտակ է: Այստեղ խնդիրը կը կարծեմ կը կայանայ այն բանին մէջ, թէ ի՛նչ կերպով կը ներկայացուի յարգարժան վարչապետին այս բոլորը, որու արդիւնքով իր մամուլի ասուլիսին ժամանակ նման արտայայտութիւն ունեցած է: Կը մնայ ճիշդ կողմնորոշուիլ ու ճիշդ որոշումներ կայացնել, որովհետեւ «ՀԵՊ»ը եթէ միացուի «ՀՊ»ին, վերջինս չի՛ կրնար տալ հայ աշակերտին այն՝ ինչ որ կու տայ «ՀԵՊ»ը, այսինքն՝ ոգի, համամարդկային արժէքներ, ծնողասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, [այս երկու յատկութիւնները «ՀՊ»ն ալ կրնայ տալ], եւ այլն:

Ի վերջոյ, նման որոշում կայացնելու համար անհրաժեշտ է, որ մեր ազգընտիր վարչապետը նկատի ունենայ հայ ժողովուրդին կարծիքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 4-5 փետրուար 2020

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2020