ԲՈՅՍԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Գեղեցկութիւններով լի բուսաբանական այգի մըն է: Տիեզերական հրաշալիքները յղկուած են մարդկային միջամտութիւններով, բնութեան կուսութիւնը խլուած է կարծես անոնցմէ ու վերածած տնային, սենեակային կամ ծաղկոցներու յարմարութիւններով աճող բոյսերու: Մարդկային ամբոխ մըն են անոնք կարծես, իւրաքանչիւրը ի՛ր անհատականութեամբ, իր բնաւորութեան լաւ ու վատ գիծերով:

Այսօր միայն լաւ գիծերը յիշենք եւ փորձենք բոյսերը առընչել կենդանակերպերուն:

Խոյին կը վայելէ կռափուշը կամ կանկատունկը: Ան ինքզինք կը պաշտպանէ, լաւատեղեակ է իր կրակոտ անհատականութեան ու արկածախնդրութեամբ լի կեանքին:

Այս բոյսերէն կարելի է հոս՝ բոլորին տուներուն մէջ, գտնել: Ժողովուրդը «երջանկութեան ծառ» կամ «դրամի ծառ» կը կոչէ զայն: Կարծես ան կ՚անձնաւորուի յոյսի ներշնչումով, ամէն ինչ ժպիտով դիմագրաւելու ու դանդաղ, բայց կայուն ծլարձակումի հետամուտ անձերու մարմնաւորմամբ՝ ցուլին պէս:

Բեգոնը կը փայլի աչքիս իր ծաղիկներուն կարմրաւուն երանգաւորումներով, անդին վարդագոյնի երանգներովն ալ կայ, ճերմակովը՝ նոյնպէս: Վայրի գեղեցկութիւն մըն է, որ կը ստիպէ անցորդին աչք մը նետելու ու ուշադրութիւն դարձնելու: Հետաքրքրուած է կարծես իր արտաքին գեղեցկութեամբ, հմայքով, գրաւչութեամբ կամ իր բնատուր ստեղծագործական հակումներով ու խորութեամբ կը գրաւէ բոլորը՝ ջրհոսին պէս:

Air plant-ը կամ հաւթաթը հետաքրքրական է իր օդային հմայքով, ան կ՚աճի բարձրութեան վրայ առանց թաղարի կամ հողի առատութեան, կարծես օդին մէջն է ու կը մտածէ, թէ յաջորդ օրը ի՛նչ արկածախնդրութիւններու մաս պիտի կազմէ, կամ ո՞ւր պիտի ճամբորդէ՝ երկուորեակին պէս:

Այս բոյսը իր բազմաթիւ ձեռքերը երկարած կը հասնի բոլորին, անոնց որոնք իրմէ օգնութիւն կը խնդրեն, կամ ինք կը հանդիպի ու կ՚օգնէ. գութ, անշահախնդիր կարեկցանք կայ սարդ-բոյսին կերպարին մէջ. ծանօթ բոյս մըն է, Հալէպի մեր տունը կ՚աճեցնէի անկէ, կը ծաղկէր ու մանր ճերմակ ծաղիկներ կը լեցուէին պարզած փոքր թաթերուն մէջ: Խնամքի համար անհրաժեշտ սնունդի ալ պէտք չունէր, կ՚աճէր ուր որ ըլլար առանց տրտնջալու՝ ձուկին պէս:

Խաղաղութեան շուշանները շուշանազգիներու զօրեղ ծաղիկներէն են, արտաքնապէս քնքոյշ, ներքուստ ամուր ու հաստատակամ, կլիման կը մաքրեն վնասակար նիւթերէն, խաղաղութեամբ կը լուծեն հարցերը՝ խեցգետինին պէս:

Ձգախիժածառը՝ rubber tree-ն, հայեացքները իրեն կը հրաւիրէ, կը սիրէ երեւիլ նոյնիսկ տան սահմանափակ անձերու աչքին, իշխողի դերին մէջ է միշտ իր կեցուածքով ու հաստատակամութեամբ՝ առիւծին պէս:

Տեփիկը՝ azalea-ն, դերասանական արտաքին ունի, գեղեցկութեան հոգ տանող ու բծախնդիր կոյսերուն նման, որոնք վայելուչ կազմով, գրաւիչ արտաքինով ու մանաւանդ դիւրաբեկ հոգեկանով ու զուսպ նկարագիրով կը յատկանշուին:

Շաւարշարիւնը կամ զոքանչի լեզուն երբ խաղաղութեամբ եւ երջանիկ մարդոցմով շրջապատուած ըլլայ, կը մաքրէ կլիման ու իր հմայքով կը մասնակցի ուրախ զրոյցներուն, այնպէս որ կշռադատուած զրոյցը օգտակար է շահելու կշիռքին բարեկամութիւնը:

Aeoniums-ն առանձնութիւնը սիրող բոյս մըն է, թաղարը կարծես իր գաղտնարանն է ու բաւական է, որ զայն տեղադրես լուսառատ սենեակի մը մէջ, վստահիս իրեն, այն ատեն է որ հասակ կը նետէ ու գունեղ ծառի մը տեսքը կ՚ունենայ: Մի՛պրպտէք կարիճին գաղտնիքները, վստահեցէք իրեն ու ան կը դառնայ ձեր ամենամտերիմ ընկերը:

Ազատութիւնը սիրող, վայելուչ ու երեւելի բոյս մըն է ծոփորը, զոր եթէ չկաշկանդես կը հմայէ քեզ իր անհատնում գեղեցկութեամբ ու հոգատարութեամբ՝ աղեղնաւորին պէս:

Բարի վերաբերումով հասուն միտքէն կարելի է օգտուիլ այծեղջիւրին, ամէն ինչ կշռադատող, հեռուն տեսնող յատկութիւնը ունի ան եւ շատ հոգատար է բոյսերուն նկատմամբ, իրեն կը յարմարի բրոմել բոյսը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019