«ՇՈՒՇԻ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՍԵԴԱ ԳԱՆԹԱՐՃԵԱՆ. «ԵՐԲ ՍՐԱՀԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱՆ, ՊԷՏՔ Է ՀՊԱՐՏ ԶԳԱՆ… ՄԵՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ ԱՅԴ Է»

Մեր հարցերուն կը պատասխանէ Նիւ Եորքի «Շուշի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց՝ Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեան:

-Ինչպէ՞ս մտաք այս ասպարէզ, եթէ կարճ պատմական մը ընէք, ի՞նչ կրնաք առանձնացնել մինչեւ օրս շարունակական ընթացք ունեցած ձեր գործունէութենէն։

-Մեր ընտանիքը պարի ասպարէզէն հեռու չէ եղած, ես Սարգիս Փասքալեանի քոյրն եմ, որ Լիբանանի մէջ հայկական արհեստավարժ խումբի ղեկավարն էր, միշտ դիտած եմ եղբօրս պարերը եւ սիրած եմ պարը. մեծ քոյրս ալ պարող եղած է եւ մինչեւ հիմա Մոնթրէլի ՀԲԸՄ-ի ակումբի մէջ պարի դաս կու տայ, մեր մէջ ալ հայկական պարարուեստին հանդէպ սէր եւ յատուկ ուշադրութիւն եղած է։

-Քանի՞ տարեկան է ձեր հիմնադրած «Շուշի» պարախումբը։

-«Շուշի»ն արդէն իսկ բոլորեց հիմնադրութեան 27-րդ տարին, եւ յառաջիկայ օրերուն ալ՝ սեպտեմբերին, ընթացք պիտի առնէ մեր պարախումբի գործունէութեան 28-րդ տարին։ Անկեղծօրէն կրնամ ըսել, որ բաւական ուժեղ խումբ մը դուրս եկաւ, շատ լաւ ընդունուած եւ ծանօթ է բոլոր շրջանակներուն: Ճիշդ է, որ մեր պարախումբը կը գործէ Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի հովանիին տակ, սակայն նիւթապէս ամբողջութեամբ անկախ է... Անկախ է բոլոր իմաստներով։ Խումբի նիւթական կարիքները մենք կը հոգանք մեր անդամներու՝ պարողներու տարեկան անդամավճարին միջոցաւ։ Իսկ մեր յաջողութեան գաղտինքը այն է, որ մեզմէ, մեր յանձնախումբի անդամներէն ոչ մէկը նիւթական ակնկալիքով կ՚ընէ այս գործը, բոլորս նուիրեալ ենք: Ես, օրինակ, 29 տարի աշխատած եմ բոլորովին տարբեր ոլորտի՝ քոզմեթիքի (գեղեցկագիտութիւն) եւ անկէ ետք «LG էլեքտրոնիքս» աշխարհահռչակ ընկերութեան մէջ, որ բոլորովին կապ չունի արուեստի մթնոլորտին հետ։ Պարարուեստին ալ մօտեցած եմ որպէս նուիրում, որքան աշխատանք պահանջուած է, ըրած եմ, միայն թէ բարձր մակարդակով ներկայանանք... Լաւագոյնը ներկայացնելու ճամբուն վրայ անցանք բաւական երկար ճանապարհ եւ ամէն ինչի մէջ փորձեցինք լաւագոյնը մատուցել հայ, եւ ինչու չէ, նաեւ օտար հասարակութեան համար։ Օրինակ մը տալու համար նշեմ, որ մեր խումբի հագուստները Երեւանի մէջ կը պատրաստուին եւ ներկայիս մեր «պահարան»ին մէջ մօտ երեք հազար զգեստ ունինք: Մեր խումբին եւ անոր յաջողութեան համար ոչ մէկ բան խնայած ենք, համերգներէն շահոյթ ապահովելու մասին չենք մտածած, քանի որ մեզի համար ամենակարեւորը բարձր մակարդակով հանդէս գալն է, որպէսզի մեր երեխաները համերգի աւարտին հպարտ զգան՝ որ ներկայացան, հպարտ զգան՝ որ լաւ պարեցին եւ ի վերջոյ հպարտ զգան՝ որ հայ են։

-Իսկ պարողները ի՞նչ միջավայրէ կու գան:

-Կրնամ ըսել, որ ամէն համայնքէ, ամէն շրջանակէ, ամէն միութենէ պարողներ ունինք, ոչ մէկ խտրութիւն կայ մեր մօտ: Ծնողները գիտեն, որ պարախումբը կուսակցական գունաւորում չունի, հակառակ որ ես արմատներով Ռամկավար եմ, բայց մեր մօտ երբեք այդպիսի նիւթեր չեն ըլլար։ Քաղաքական գունաւորում բացարձակապէս չեմ ուզեր տալ, որովհետեւ իմ առաքելութիւնը ոչ թէ դէպի կուսակցութիւն մարդ բերելն է, այլ մեր հայ մշակոյթին ծառայելը: Կը կարծեմ այս եղած է մեր յաջողութեան հիմնական պատճառը, երբ կ՚ըսեն. «Շուշի» պարախումբը համերգ ունի, բոլորն ալ կու գան, որովհետեւ այն բոլորինն է:

-Հետաքրքրական է անունը. ինչպէ՞ս յղացաք, ինչո՞ւ «Շուշի»:

-Երբ մենք սկսանք մեր գործունէութեան, երբեք չխորհեցայ, որ այստեղ պիտի հասնինք, այսքան հռչակ պիտի վայելենք: Մեր ներկայ պարողներէն Անի Սեդրակեանը խնդրեց, որ պար սորվեցնեմ իրեն եւ երեք ընկերուհիներուն, որպէսզի իրենց դպրոցին մէջ ոգեկոչման հանդիսութեան մը ընթացքին պարեն։ Սկիզբը մտածեցի, որ մէկ շաբթուան մէջ չորս սկսնակ պարողներով շատ դժուար թէ լաւ բան մը մէջտեղ գայ, բայց չուզեցի մերժել եւ սորվեցուցի: Աւելի ուշ համայնքային թերթի մը մէջ այդ մասին գրուեցաւ եւ ատոր հիման վրայ Ֆիլատելֆիայէն մեզի հրաւէր մըն ալ եկաւ։ Մտածեցի, որ չորս աղջիկներով համերգի մասնակցիլը դժուար պիտի ըլլայ, գոնէ խումբը եօթ-ութ դառնայ... Եւ այդպէս չորս պար պատրաստեցինք եւ մեր ներկայացումը ճոխացնելու համար Նիւ Ճըրզիի հայկական ռատիօժամի հիմնադիր տնօրէն Վարդան Ապտոն կանչեցինք, որպէսզի ինք ալ հայկական մշակոյթի մասին խօսի, նաեւ Յովնանեան վարժարանի երգչախուբէն խնդրեցինք մասնակցիլ եւ այդպէսով ամբողջական յայտագիր մը կազմեցինք։ Ապա բոլորը ըսին, որ այս գործը պէտք է շարունակենք եւ այդպիսով մենք կամաց-կամաց աճեցանք. 12-ը եղաւ 20, ետքը՝ 40 եւ որոշ շրջան մը ետք մեր խումբի անդամներուն թիւը հասաւ 137-ի. բան մը որ ի-րապէս անկարելի կը կարծէինք: Իսկ թէ ինչո՞ւ խումբին անունը «Շուշի» դրինք, այն ալ պայմանաւորուած է Ղարաբաղի հետ մեր ունեցած սերտ կապին։ Կազմած էինք միութիւն մը, որուն նպատակն էր Ղարաբաղին օժանդակել եւ մեր ունեցած բոլոր միջոցներով կը փորձէինք Ղարաբաղին ու ղարաբաղցիներուն օժանդակութեան ձեռք մեկնել։ Աւելի ուշ Նիւ Եորքի մէջ մենք որպէս հիւր ընդունեցինք ղարաբաղեան պատերազմի մասնակիցներէն Արթիւր Ալեքսանեանն ու Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը։ Անոնք մասնակից եղան մեր ելոյթներուն, որու ընթացքին կար Ղարաբաղի պայքարին նուիրուած յատուկ պար մը, որուն միջոցաւ ալ փորձեցինք հանդիսատեսին պատմել Ղարաբաղի անցած ճանապարհի մասին։ Ներկայացուածը հսկայական գործ մըն էր, եւ այդ պատճառով ալ որոշեցինք պարախումբը «Շուշի» կոչել... Այն ատեն բոլորը ուրախացան եւ անկէ ետք երկու տարբեր առիթներով պարախումբը Շուշի հասաւ եւ հոն ալ երկու ելոյթներով հանդէս եկանք՝ 2005-ին եւ 2015-ին։ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակի առիթով եղած մեր ելոյթը ներկայացուեցաւ Արա Գէորգեանի «Ռիմեմպըր» խորագրեալ երաժշտութեան տակ։ Արան ալ հրաւիրուած էր ու ելոյթը տեսնելէ ետք ըսաւ՝ «Սեդա ճան, շատ յուզիչ ելոյթ մըն էր, կը շնորհաւորեմ...»։

Ընդհանուր առմամբ, այո՛, մեզի համար ուրախ պարերը կարեւոր են, պէտք են, բայց ինծի համար պատգամ փոխանցող պարերն ալ կարեւոր են:

-Պարերու յայտագիրը դուք կ՚որոշէ՞ք, ի՞նչ ձեւով կը յղանաք պարացանկը:

-Ընդհանրապէս նիւթն է ինծի համար կարեւորը, երբ ելոյթ մը պիտի պատրաստեմ, նիւթ մը պէտք է ըլլայ, որպէսզի ժողովուրդին բան մը ըսես. օրինակ՝ այս վերջին համերգը որ ունեցանք Կիւմրիի մէջ, Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած էր, իսկ անկէ առաջուանը՝ Ապրիլ 24-ին։ Այսինքն ըսել կ՚ուզեմ, որ ամէն առիթի յատուկ ելոյթներ կը պատրաստենք, անշուշտ, նպատակ ունենլով հանդիսատեսը թելով մը կապել մեր ժողովուրդին, հողին ու պատմութեան: Ի վերջոյ ինծի համար շատ կարեւոր է, որ ժողովուրդը սրահէն դուրս գալու ատեն բացի պարէն, ընդհանուր պատկեր մը դրոշմուած ըլլայ անոր սիր-տին ու հոգիին մէջ։

-Մեր ժամանակներուն աշխարհը տարբեր ուղղութիւններով կը շարժի, դուք ընտրած էք մշակոյթի լեզուն, մշակոյթի զէնքը։ Նիւ Եորքի մէջ ստեղծած էք մշակութային օճախ մը, որ ազդու զէ՞նք մըն է, քանի որ ներկայ դարուն մշակոյթը ազդեցիկ է:

-Կը կարծեմ ամենազօրաւորն է մշակոյթը: Այսօր մեր պարախումբին շնորհիւ, օտար ափերու մէջ հայերէն լաւ խօսիլ չգիտցող երեխաները հայկական երաժշտութիւն կը լսեն, եւ փոքրիկները, որոնք շաբաթը քանի մը անգամ փորձի կու գան, հայկական երաժշտութիւն եւ երգ կը սորվին. հետեւաբար երգն եւ պարը չեն մոռցուիր...: Բազմաթիւ ծնողներ ըսած են. «Մեր տան մէջ հայերէն մտիկ չէին ըներ, հիմա պզտիկները հազիւ ինքնաշարժ նստին, կ՚ըսեն «Շուշի»ի երգերը դիր»: Ես երբ ելոյթին համար երգերս կ՚ընտրեմ, պատահականութեան չեմ ձգեր, որովհետեւ, ի վերջոյ, մարդոց եւ պարողներուն սրտին պէտք է խօսի:

-Օտար պարեր ալ կը ներկայացնէ՞ք:

-Բացարձակապէս ո՛չ, որովհետեւ անոնք արդէն կան ամէն տեղ: Միայն երբ երկիր մը կ՚այցելենք, առ ի յարգանք, երբեմն անոնց պարերէն մին կը պատրաստենք. օրինակ՝ երբ Լիբանանի մէջ ելոյթ ունեցանք, արաբական պար մըն ալ ներկայացուցինք, Մոսկուայի մէջ՝ մոլտովական:

-Իսկ օտարներու վերաբերմունքը ի՞նչ է, ամերիկացիներ ներկայ կ՚ըլլա՞ն ձեր համերգներուն:

-Կրնամ ըսել, ուր որ ճամբորդած ենք, բաւական օտարազգի հանդիսատես ունեցած ենք. ռուսեր, արաբներ, սպանացիներ եւ այլն: Իսկ մեր քաղաքին մէջ (նկատի ունի Նիւ Եորքը), ընդհանրապէս պարողները կը հրաւիրեն իրենց ամերիկացի ընկերները, որոնք միշտ իմ պարողներուս կ՚ըսեն. «Ինչո՞ւ կ՚երթաք պարի դասի, միասին ուրիշ ժամանցի տեղ երթանք»։ Բայց երբ կու գան եւ հանդէսը կը տեսնեն, կը զմայլին: Առիթով մը, «LG էլեքթրոնիքս» աշխատած շրջանիս, մեր ելոյթին հրաւիրած էի ընկերութեան նախագահը, որ քորէացի է, ան եկաւ ու ելոյթը դիտելէ ետք մեր նախկին ելոյթներու չորս-հինգ տեսասկաւառակները գնեց ու ըսաւ. «Չեմ հաւատար, որ Սեդան այդքան ծանր գործ ունենալով հանդերձ կրնայ նման ելոյթ մը պատրաստել...»։

-Որքան հասկցայ, յաճախ Հայաստան կու գաք։

-Այս այցս արդէն տասներորդն է։ Առաջին անգամ 2001-ին եկայ, յետոյ երբ պարախումբին համար հագուստ պէտք կ՚ըլլար, աւելի յաճախակի դարձան այցելութիւններս։ Մեր հագուստները Հայաստանի մէջ պատրաստել կու տանք, որովհետեւ Ամերիկա այդ մէկը բարդ խնդիր է։ Անշուշտ կայ նաեւ հայ ձեւաւորողներու եւ դերձակներու գործ հայթայթելու հարցը։

-Ինչպէ՞ս տեսաք Հայաստանը այս անգամ։ Ի՞նչ փոփոխութիւններ նկատեցիք, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին...։

-Եթէ անկեղծ ըլլամ, զանազան դրական եւ ժխտական բաներ լսեցի, ոչ թէ եղած փոփոխութեան, այլ Հայաստանի այսօրուան վիճակին մասին։ Ընդհանրապէս երբ թաքսի կը նստիմ, վարորդներուն կը հարցնեմ, թէ ի՞նչ է իրենց զգացումը, ի՞նչ կը խորհին. մէկը կ՚ըսէ՝ շատ գոհ եմ, միւսը կ՚ըսէ՝ բան չէ փոխուած: Այսօր սփիւռքի մէջ մենք ալ շուարած վիճակի մէջ ենք, շատեր կը գնահատեն եղածը, շատեր ոչ։ Անշուշտ ընդամէնը մէկ տարի անցած է իշխանափոխութենէն եւ չենք կրնար ակնկալել, որ ամէն ինչ արագ փոխուի: Բայց եթէ ընդհանուր պատկերի մէջ նայինք, յառաջընթաց կայ։ 2001-ին երբ առաջին անգամ Հայաստան եկայ, հրապարակին վրայ հազիւ տասն լուսաւորող սիւն կար, հիմա մեր գեղեցիկ հրապարակը ամբողջութեամբ լուսաւոր է եւ շատ հրապուրիչ։ Ամէն առիթի կը նկատեմ, որ նոր շէնքեր, հիւրանոցներ կը բարձրանան։ Նոյնն է պարագան նաեւ Ղարաբաղի մէջ. երբ 2015-ին գացինք եւ 100-ամեակի առիթով հրապարակին վրայ համերգ ունեցանք, ուրիշ խանդավառութիւն մը զգացի, որովհետեւ առաջին երթալնուս շատ տխուր էր պատկերը, իսկ երկրորդին՝ ուրախ մնացի, պարողներս ալ լաւ տպաւորութիւն ստացան։

-Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ Կիւմրիին, որ նեցուկ սպասող վիրաւոր քաղաք մըն է։ Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները Կիւմրիէն։

-Երբ մենք որոշեցինք այս տարի ելոյթ ունենալ, որոշած էինք Պրազիլ երթալ։ Այնտեղէն հրաւէր ունէինք, բայց ժամանակը չյարմարեցաւ, ըսինք. ուրեմն Հայաստան երթանք, բոլորը շատ ուրախացան...։ Նպատակս սակայն ելոյթը Երեւանէն դուրս ընել էր եւ որպէս իւրայատուկ քաղաք, որոշեցինք ելոյթը կազմակերպել Կիւմրիի մէջ: Այդ ժամանակ ես նոյնիսկ գաղափար չունէի, որ կառավարութիւնը Կիւմրիի վրայ կ՚ուզէ կեդրոնացնել իր ծրագիրները: Մինչ այդ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներ Նիւ Եորք եկած էին եւ մաս կազմելով ՌԱԿ-ի ներկայացուցչական խումբին, մասնակից դարձանք հիմնադրամի պատուիրակութեան հետ գաղութային հանդիպման։ Այնտեղ ալ իմացայ, որ հիմնադրամը Կիւմրիի մէջ շէնք մը կառուցելու ծրագիր ունի եւ ուզեցի, որ «Շուշի» պարախումբն ալ իր մասնակցութիւնը բերէ հայրենանուէր այդ գործին։ Նպատակն ալ այն էր, որ երեխաները գիտնան, թէ իրենք «Շուշի» պարախումբին ճամբով Կիւմրիի համար ինչ որ դրական ներդրում մը, մասնակցութիւն մը բերած են։ Կրնամ ըսել ուրախ եմ, որ մենք առաջինն էինք, որ որպէս սփիւռքէն՝ Ամերիկայէն եկած պարախումբ, ելոյթ ունեցանք Կիւմրիի մէջ։

-Իսկ պարախումբի անդամները խանդավա՞ռ էին։

-Շատ խանդավառ էին, իրենց համար շատ մեծ բան էր եղածը, քանի որ գիտէին, թէ Կիւմրին մշակոյթով ամենաբարձր մակարդակ ունեցող քաղաքն է։ Կը մտածէին, թէ արդեօք պիտի հաւնի՞ն մեր ելոյթները... Կարծես վախ մը ունէինք, բայց երբ իւրաքանչիւր պարէն ետք մեզ երկար կը ծափահարէին, այն ատեն հանգիստ շունչ մը քաշեցինք...։ Այդ նաեւ ցոյց կու տար, որ ժողովուրդը գոհ է մեզմէ եւ շատ բարձր կը գնահատէ մեր գործը: Սրահը լեփլեցուն էր, անշուշտ մուտքը ազատ ըրած էինք, որովհետեւ ձեւով մըն ալ բարոյական իրաւունք չունէինք Կիւմրիի մեր ժողովուրդէն տոմսի դրամ առնելու: Շատ ուրախ էինք, որ կարողացանք երկու ժամ մեր ժողովուրդը զուարթ պահել, անոնց ուրախութիւն պարգեւել։ Ելոյթին յաջորդող օրը անծանօթ մը ինծի մօտեցաւ ու ըսաւ, որ ինք անգամ Երեւանի մէջ մեր պարախումբին նման պարախումբ չէր տեսած։ Ես ալ միտքէս ըսի՝ եթէ ըսածին 25 տոկոսը անկեղծ է, ուրեմն մենք լաւ ճամբու վրայ ենք։

-Շուտով Միացեալ Նահանգներ կը մեկնիք, այս անգամ ի՞նչ պիտի տանիք ձեր հետը, եւ ամենակարեւորը ի՞նչ պիտի ըսէք ձեր հայրենակիցներուն:

-Նախ ուրախութիւնս այն էր, որ Կիւմրի կրցանք երթալ եւ Կիւմրիի ժողովուրդը ուրախացուցինք, թէ՛ հայկական պարերով եւ թէ հայկական երաժշտութեամբ, երգերով, ասմունքով։ Այստեղ յիշեցնենք, որ մեր հետ ունէինք «Նարեկացի» նուագախումբը, որուն հետ առաջին անգամ ըլլալով կը գործակցինք: Ինչ կը վերաբերի ձեր հարցումին, ապա երբ Ամերիկա հասնիմ, բոլոր հայրենակիցներուս պիտի ըսեմ, որ բոլորն ալ անպայման նախ Հայաստան գան... Հայաստանը մեզի շատ պէտք ունի, ահագին տեղ գացի, նոյնիսկ հիւանդանոցներ այցելեցի, ո՛ւր որ դառնաս ամէն տեղ օգնութեան կարիք կայ եւ որքան կարենանք պէտք է օգնենք։

-Մինչեւ ե՞րբ կրնայ այս «պէտքը» շարունակուիլ, արդէն երեսուն տարիէ ի վեր Հայաստանը օգնութեան կը սպասէ, եւ սփիւռքն ալ իր կարելի բոլոր միջոցներով կը փորձէ հասնիլ Հայաստանի ծով կարիքներուն, բայց...

-Յուսամ, որ շատ երկար պիտի չտեւէ: Հայութիւնը երբ Երեւան գայ, նոր լիցք կը ստանայ, նոր ուժ կ՚առնէ, որպէսզի իր կեանքը դուրսի «անապատներ»ուն մէջ շարունակէ։ Գոնէ այդ ոգին պահենք, նոյնիսկ եթէ նիւթական չբերենք, գոնէ մեր գնումները Հայաստանէն ընելով՝ փորձենք օգտակար ըլլալ մեր երկրին։ Ի վերջոյ մէկ Հայաստան ունինք եւ պարտաւոր ենք այդ ոգիով մօտենալ հարցերուն։

ՍԵԴԱ ՓԱՍՔԱԼԵԱՆ-ԳԱՆԹԱՐՃԵԱՆ

Հինգ տարեկանէն սկսեալ պարարուեստը եղած է Սեդա Գանթարճեանի կեանքի անբաժանելի մասնիկը։ Եօթ տարեկան հասակին անոր պարը արդէն ցուցադրուած էր լիբանանեան հեռուստատեսութեամբ: Սեդայի պարի դասաւանդման առաջին փորձը եղած է՝ իր դասարանցիներուն սորվեցուցած է մշակութային պար: Տասներկու տարեկանին, ան պարի ասպարէզէն ներս այնքան գիտակ դարձած է, որ սկսած է դասաւանդել Պէյրութի արուարձաններուն մէջ գործող ՀԲԸՄ-ի դպրոցներու աշակերտութեան, որուն արդիւնքով ալ, անոր պատրաստած խումբը առաջին դիրք գրաւած է տեղական պարային մրցոյթին: Աւելի ուշ, նոյն տարին, Սեդան մասնակցած է Լիբանանի «Պաալպէք»ի յայտնի փառատօնին, ուր հանդէս եկած է երիտասարդ Սապահի գլխաւոր դերով:

Ան աշխոյժ կերպով շարունակած է իր պարային ասպարէզը: Սեդա Փասքալեան ՀԲԸՄ-ի եւ Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ կազմակերպուած բոլոր պարային մրցոյթներուն առաջին տեղը զբաղեցուցած է: Ան շարունակած է պար դասաւանդել հայկական եւ ոչ-հայկական վարժարաններու մէջ: Իր ղեկավարութեամբ, BESG երկրորդական դպրոցը 1970-ին արժանացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի կազմակերպած ժողովրդական պարային մրցոյթի առաջին մրցանակին:

Իր եղբօր՝ Սարգիս Փասքալեանի ոգեշնչմամբ եւ քաջալերանքով, Սեդան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթելէ ետք եւս շարունակած է պարել: ԱՄՆ-ի մէջ ան հանդէս եկած է որպէս ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» պարախումբի մենակատար եւ պարուսոյցի օգնական: Ան նաեւ պարի դասեր տուած է Նիւ Եորքի շաբաթօրեայ դպրոցէն ներս: 1992-ին, «Շուշի» պարախումբի հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն Սեդան ղեկավարած եւ մասնակից եղած է խումբի բոլոր ելոյթներուն: 2015-ի յուլիսին, «Շուշի»ի Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ներկայացուցած ելոյթներուն առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Սահակ-Ս․ Մեսրոպ» շքանշանը պարգեւած է Սեդային։

Սեդային վերջին կատարումներէն, 2016-ին, եղած են ՀԲԸՄ-ի 110-ամեակին նուիրուած, «Հոգիս» բազմաժանր երաժշտական ներկայացման մասնակցութիւնը՝ ղեկավարութեամբ ֆրանսահայ բեմադրիչ, արտադրող Փաթրիք Մալաքեանի, որուն առաջին ներկայացումը կայացած էր Նիւ Եորքի մէջ, 2016-ի հոկտեմբերին, ապա նոյն ծրագիրը ներկայացուած էր նաեւ Երեւանի Օփերայի տան մէջ, 2016-ի դեկտեմբերին:

«ՇՈՒՇԻ» ՀԱՄՈՅԹԸ

«Շուշի» պարի համոյթը հիմ-նըւած է 1992-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Ս. Վարդան Մայր տաճարի հովանիի ներքոյ։ Խումբին նպատակն է հայութեան մէջ մշակոյթը վառ պահելու կողքին հայկական պարը ներկայացնել Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու ոչ-հայ հասարակութեան։

Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր պարուսոյց Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեանի կամաւոր ղեկավարութեամբ, խումբը ծաղկած եւ մեծցած է, ընդգրկելով 130 պարողներ, բաղկացած՝ տարրական, աւագ դպրոցի եւ քոլէճի ուսանողներէ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ մասնագէտներէ:

2013 թուականին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի միջազգային պարային խորհուրդը միջազգային ասպարէզի մէջ «Շուշի» պարախումբը պաշտօնապէս ճանչցած է «Առաջատար պարախումբ», հաշուի առնելով անոր կատարողական արուեստն ու որակները։

Անցնող 27 փառահեղ տարիները անմոռանալի դարձած են համոյթին համար: Սեդա Փասքալեան-Գանթարճեանի բարձր ղեկավարութեան ներքոյ եւ բացառապէս կամաւորական նուիրեալ անհատներու համատեղ ջանքերով խումբի անդամները հնարաւորութիւն ունեցած են յաջող ներկայացումներով հանդէս գալ բազմաթիւ առիթներով, հայ եւ օտար հասարակութեան առջեւ։

Անոնք ելոյթներ տուած են Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ՝ Դամասկոսի եւ Հալէպի, Յորդանանի, Արժանթինի, Ուրուկուայի, Ռուսաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ երեք անգամ Լոս Անճելըսի, Օրլանտոյի, Ուորըլտ Տիզնիի աշխարհի, Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Շիքակոյի, Պոսթընի եւ բազմաթիւ անգամներ Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի մէջ:

2017 թուականին «Շուշի»ն փառաւոր ելոյթով մը նշած է իր 25-ամեակը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2019