ՄԵՆՔ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԴԱՐՁԱՆՔ…

Միայն մէկ անգամ տեսայ Ազնաւուրը։ 1999-ի օգոստոսին, Պաալպէքի կամարներու լոյսերուն տակ, հազարաւոր հանդիսականներու հետ։ Երգի ու կեանքի վարպետը բեմ կը բարձրանար ու կը գրաւէր բոլորին սրտերը։

Ազնաւուր ամբողջ երկու ժամ երգեց բեմը կաւ դարձուց։ Կաւ դարձուց մեր սպասումը, մեր երազը, մեր յոյզերը եւ իր հետ քանի մը ժամ ապրելու երազանքը։

Կաւ դարձուց մեր աշխարհը, յետոյ այդ կաւը գլորեց, դրաւ իր գրպաններուն մէջ ու նորէն երգեց։

Սովորական երգիչ չէր Ազնաւուրը, միայն երգիչ չէր, յոյզի եւ յոյսի ասպետ չէր, սիրող եւ մեծ սիրտ ունեցող իշխան մը չէր միայն...

Տարբեր մարդիկ, տարբեր առիթներով խօսած ու գրած են իր մասին։ Անոր հմայքը, արուեստը, շունչը, էութիւնը դեռ երկար ժամանակով պիտի գնահատուին ու սիրուին։

*

Երէկ Երեւանի մէջ ալ հրաժեշտի տխուր պահուան ուրուականը կար։ Հանրապետութեան հրապարակի շատրուաններուն մէջէն Ազնաւուր կ՚երգէր բարձր եւ անխափան։ Թերեւս վերջին անգամ կ՚երգէր յառնելով այս աշխարհի ունայնութենէն եւ մտնելով յաւերժութեան ճանապարհը։

Ազնաւուրը ալ չկար։

Կայինք մենք, իր ժամանակին, իր երազներուն, իր շունչին մէջ ապրողներս։

Զինք սիրողներս, առանց իր հետ նկարուած ըլլալու, ձեռքը սեղմած, համբուրած ու գորովագին բառ փոխանակած ըլլալու...

Մենք, որ հեռուէն զգացինք անոր ուժը։

Անոր մեծ սէրը այս աշխարհին ու ամբողջ մարդկութեան նկատմամբ։

Սէրը առ բարին եւ սէրը առ հողը։

Բոլոր ժամանակներու լեզուով կը խօսի Ազնաւուր ու անոր համար ալ ան անկրկնելի է, ազատութեան այս զինուորը իմ ժողովուրդիս խիղճի վահանն էր։

Բոլորս գիտէինք, որ նոյնիսկ իր հեռուին մէջ, սահմաններէն ու մեր աչքերէն հեռու, ու սրտերուն այդքան մօտ, մեծ, իրաւ Ազնաւուր մը կայ ու այդ մարդը, պիտի խօսի, պիտի ըսէ եւ լսելի դարձնէ մեզմէ շատերուն լսելի չդարձած բողոքը։

Մենք Ազնաւուր դարձանք։ Իր ժամանակին մէջ լողացինք, իր երգով եղանք ու յաւերժին համար, յաւերժին սպասելով իրմով պիտի ապրինք...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018