ՆԵՐԳԱՂԹԵԱԼՆԵՐՈՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ` ԱՌԱՋԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐ

Մարդիկ, ընտանիքներ, երբ կը ներգաղթեն իրենց համար բոլորովին անծանօթ երկիր մը, որուն ո՛չ մշակոյթին, ո՛չ լեզուին եւ ոչ ալ օրէնքներուն ծանօթ են, բնականաբար բաւական մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Այսպիսի պարագաներու, օգնութիւնը աւելի ուշ կու գայ ընտանիքներու երեխաներէն, որոնք աւելի շուտ կը համարկուին նոր միջավայրին եւ աւելի արագ կը սորվին լեզուն: Տքթ. Հիւմերա Իքպալ ուսումնասիրութեան մը արդիւնքէն ետք կը նկարագրէ, որ ինչպէս կ՚ըլլայ այն երեխան, որ բժիշկներու, տանտիրոջ, դրամատան պաշտօնեաներու կամ ճաշարաններու սպասեակներու հետ գործ կ՚ունենայ իր ընտանիքին համար:

*

«ՄԱՄԱՅԻՆ ԵՒ ՊԱՊԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ»

«Պապա՛, պապա՛», կը կանչէ ինքնաշարժ վարել սորվեցնողը:

13-ամեայ Ճիաուէյ կը գտնուի ետեւի նստարանին վրայ, իսկ հայրը կը սորվի ինքնաշարժ վարել: Հայր ու աղջիկ կը փոխանակեն շփոթ նայուածքներ, ապա կը պայթին ծիծաղելով: Ինքնաշարժ վարել սորվեցնողը, որ լսած է այս չինարէն բառը Ճիաուէյի հօր նախորդ վարժանքներէն մէկուն ժամանակ, տարակուսանքով կը նայի:

«Չինարէն պապա չի՞ նշանակեր՝ յառաջացի՛ր», կը հարցնէ ան:

«Ո՛չ, ատիկա հայր կը նշանակէ», կ՚ըսէ Ճիաուէյ:

Ճիաուէյ իր հօրը համար իբրեւ թարգմանիչ ըլլալու անսովոր դիրքի մէջ էր, քանի որ հայրը ինքնաշարժ վարել կը սորվէր: Ճիաուէյ արձանագրեց եւ չինարէն կրկնեց այն, որ սորվեցնողը ըսաւ անգլերէն… այնպիսի բաներ, ինչպէս՝ «Ձախ կողմ դարձէ՛ք, ձախ», կամ՝ «Դանդաղեցէ՛ք խաչմերուկին»:

Աղջիկը հպարտ է, որ օգնեց հօրը՝ քննութիւնը յաջողութեամբ յանձնելու:

«Ատիկա շատ հաճելի էր, եւ ես մտածեցի, որ բան մը կ՚ընեմ՝ օգնելու ընտանիքիս», ըսաւ ան՝ ետ նայելով: «Ես առանց գիտնալու՝ նոյնպէս կը սորվէի, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ես վարուիմ, ընեմ բան մը, որ միւս երեխաները չէին կրնար ընել»:

Տարի մը առաջ Ճիաուէյի ընտանիքը Չինաստանէն տեղափոխուած էր Բրիտանիա, եւ մինչ ան նախապէս իր դպրոցին մէջ քիչ մը սորված էր անգլերէն, հայրը կը դժուարանար:

Ճիաուէյ կարեւորագոյն օղակը դարձաւ՝ օգնելով հօրը նոր երկրին մէջ գտնելու իր ուղին:

Հազարաւոր գաղթական երեխաներ Բրիտանիոյ մէջ ամէն օր կը թարգմանեն իրենց ընտանիքներուն համար:

Իմ գործընկերս՝ Սառա Քրաֆթըր եւ ես հանդիպեցանք մանուկ թարգմանիչներու, ոմանք 7 տարեկան, որոնք կ՚օգնէին իրենց ծնողներուն՝ հաղորդակցելու խանութներու, դրամատուներու եւ նոյնիսկ ոստիկանատուներու մէջ: Ատիկա ճնշիչ կրնայ ըլլալ անոնց համար, մանաւանդ երբ մարդիկ կոպիտ կամ յարձակողական են:

«Այդ մէկը շատ բացայայտ է, եւ երիտասարդները կը զգան, որ նշմարելի են», կ՚ըսէ Սառա Քրաֆթըր: «Ատիկա նոյնպէս զգացական բան մըն է, քանի որ եթէ ձեզի հետ լաւ կը վերաբերին, դուք լաւ կը զգաք, եւ եթէ լաւ վերաբերումի չէք արժանանար, վատ կը զգաք, եւ ատիկա իսկապէս կ՚ազդէ երիտասարդներու ինքնութեան վրայ»:

17-ամեայ Օլիվիան, որ 2008 թուականէն իր մօրը համար լեհերէնէ անգլերէն թարգմանած է, ծանօթ է այդ զգացողութեան: Ան վարժ էր լսել օտարատեաց մեկնաբանութիւնները:

«Ոմանք կ՚ըսեն՝ դուն Անգլիոյ մէջ ես, անգլերէ՛ն խօսէ: Ես ատիկա շատ կ՚ատեմ: Մարդիկ պէտք է աւելի շատ հասկցող ըլլան», կ՚ըսէ ան:

Իրականութեան մէջ անոր մայրը շատ փորձած է սորվիլ անգլերէն, բայց տակաւին սահուն չի խօսիր:

Անգամ մը, երբ Օլիվիան եւ մայրը խտրական բռնութեան կ՚ենթարկուէին հանրակառքին մէջ, Օլիվիան երկընտրանքի մէջ մնացած էր՝ կա՛մ ատիկա թարգմանել, կա՛մ չթարգմանել՝ մայրը պաշտպանելու համար օտարատեաց խօսքերէն:

Բժիշկին ըսածները թարգմանելը կրնայ յատկապէս բարդ ըլլալ:

Էսմերալտա, որ 16-ամեայ է եւ Փերուէն Անգ-լիա ներգաղթած է, մօր աննշան վիրահատութենէն ետք յանկարծակի լսեց «cyst» բառը:

«Ես գաղափար չունէի», կ՚ըսէ ան:

«Ես չէի գիտեր, ատիկա անգլերէն ինչպէս ըսել: Ես շատ շփոթած էի եւ կը փորձէի բժիշկին հետ հաղորդակցիլ, փորձել եւ ըսել նման բան մը: Ես չէի գիտեր՝ ի՛նչ ըսել: Երբեմն ես չեմ ուզեր բժիշկի երթալ մօրս հետ, որովհետեւ ատիկա իսկապէս շատ բարդ է»:

Այսպիսի իրավիճակի համար մատչելի են արհեստավարժ թարգմանիչներ, բայց ոչ բոլոր նոր ընտանիքները գիտեն անոնց մասին կամ կը գիտակցին, որ անվճար են (գոնէ՝ որոշ ասպարէզներու մէջ): Եւ ոմանք պարզապէս կը նախընտրեն օգտագործել իրենց ընտանիքի անդամները: Աւելի՛ն. արտակարգ իրավիճակներու մէջ արհեստավարժ թարգմանիչները միշտ չէ, որ տրամադրելի, մատչելի կ՚ըլլան:

Օրէնքը կ՚ըսէ, որ թարգմանիչը պէտք է ըլլայ 18 տարեկանէն վեր: Բայց եթէ հիւանդները կ՚ուզեն, որ իրենց երեխաները թարգմանեն, իսկ երեխաները չեն մերժեր, ի՞նչ պէտք է ընեն բժիշկները: Այս հարցը միշտ կը քննարկուի:

Էսմերալտայի նման՝ 17-ամեայ Լեսլին, որ Էքուատորէն է, երբեմն մօրը համար թարգմանութիւններ կ՚ընէր հիւանդանոցին մէջ: Սակայն այլ պահերու մարդիկ փորձած են կանգնեցնել զինք:

«Անոնք կ՚ըսեն, որ ես 18 տարեկան չեմ: Բայց մօրս թարգմանիչ պէտք է, եւ հոն ուրիշ մէկը չկայ: Ես կը շարունակեմ խօսիլ եւ անոնց ըսել՝ մօրս ինծի ըսածը: Անոնք կը կարծեն, որ մենք անչափահաս ենք, ուրեմն մենք չենք հասկնար, բայց անոնք մեզ կը թերագնահատեն», ըսաւ ան:

Լոնտոնի դպրոցին մէջ Մարիան, որ 13 տարեկան է եւ՝ Պոլիվիայէն, անգլերէնէ սպաներէն կը թարգմանէ իր մայրիկին՝ Մերի Լուզի համար, իր ծնողներու երեկոյեան հաւաքի ատեն: Մարիանի համակարգչային գիտութեան ուսուցիչը ընթրիքի հրաւիրուած է իրենց տունը:

«Դուն կը թարգմանե՞ս», կը հարցնէ ան Մարիանին, որ գլուխով հաստատական շարժում կ՚ընէ: Ուսուցիչը Մերի Լուզին կ՚ըսէ, որ աղջիկը հասած է իր նպատակադրած մակարդակին:

Հիանալի սկիզբ, եւ Մարիան հանդարտ կը թարգմանէ բառ առ բառ, առանց վարանելու, մայրը գլուխը կը շարժէ ուրախ:

Այդուհանդերձ, ասիկա խօսակցութեան աւարտը չէ, եւ ամէն բան արագօրէն այլ շրջադարձ կ՚ունենայ:

«Մինչ ան լաւ կ՚աշխատի… սակայն դասարանին մէջ քիչ մը շատախօս է», կ՚ըսէ ուսուցիչը:

Մարիանի աչքերը քիչ մը կը փոքրանան, եւ անոր այտերը արագօրէն կը կարմրին: Ան կանգ կ՚առնէ, պահ մը կը մտածէ եւ կը շարունակէ ըսուածը թարգմանել:

«O՜հ Մարիան, ես տեղեակ չէի, որ դուն դասի ատեն ուրիշին հետ կը խօսիս», կ՚ըսէ մայրը սպաներէն՝ շարժելով իր մատը:

Մարիան կ՚ըսէ, որ ատիկա մեծ հարց մը չէ, եւ ինք կրնայ սրբագրել ատիկա: Բայց մայրը համոզուած չէ:

Ես կը հարցնեմ Մարիանին, թէ արդեօք ան մտածա՞ծ է ուսուցիչին ըսածը փոխելու մասին՝ մեղմացնելով հարուածը, թարգմանած ատեն:

«Ես կը հարցնէի ՝ պէ՞տք է արդեօք ատիկա 100 առ հարիւր թարգմանեմ, թէ՞ ոչ: Ատոր համար ան այսպէս կ՚արձագանգէ: Նոյնպէս իմ մայրս կրնայ կարդալ ուսուցիչներուն դէմքը, ուրեմն անիմաստ է, եթէ ստեմ», կ՚ըսէ ան:

Իբրեւ ընտանիքին մէջ անգլերէն հիմնական խօսող՝ Մարիան դժուար զրոյցներու մէջ յայտնուած է:

Երբ առաջին անգամ ժամանեցին Բրիտանիա, անոնք կը բնակէին վարձու տան մը մէջ, ուր ջեռուցիչը չէր աշխատեր, եւ Մարիան ինք պէտք էր տանտիրոջ ըսէր, որպէսզի ան նորոգէ:

Մարիան բազմաթիւ անգամ հեռաձայնեց եւ բջիջայինով հաղորդագրութիւններ ուղարկեց, սակայն բոլորը անտեսուեցան: Մարիանի ծնողները կը շարունակէին անոր թելադրել, որ զայրոյթ ցուցաբերէ, որպէսզի շեշտեն, որ ջեռուցիչը շտապ նորոգութեան կարիք ունի: Բայց Մարիան դիմադրեց:

«Ինծի հաճելի չի թուիր ճակատումը, եւ ես զայրոյթ չունէի իմ մէջս ատիկա կատարելու համար», կ՚ըսէ ան:

Ան բռնուած էր զայրացած ծնողքի եւ յամառ տանտիրոջ միջեւ (դժուար տեղ մը 12-ամեայ երեխայի մը համար): Ելք գտնելու համար ան պէտք էր հաստատակամ ըլլար:

«Ես անոր ամէն օր բջիջայինով հաղորդագրութիւն ղրկեցի»:

Ամբողջ տարի մը ետք ջեռուցիչը ի վերջոյ նորոգուեցաւ: Մարիանի համար ատիկա մեծ նուաճումի պէս եղաւ:

Ծնողական ժողովին անոր անգլերէնի ուսուցիչը եւ տնօրէնը ըսին. «Մարիան շատ լաւ կը սորվի: Անոր ջանքերը, վարքն ու տան պարտականութիւնները բոլորն ալ գերազանց են: Ան շատ յարգալից է, կը մասնակցի եւ եռանդուն է: Հաճելի է անոր սորվեցնել»:

Մարիան բառ առ բառ թարգմանեց ծնողքին:

«Կրացիաս»: Մերի Լուզ իր աղջիկը շոյելով՝ հպարտ դուրս եկաւ սրահէն:

Մարիան ինքն ալ կը հպարտանայ ատով եւ իրաւունք ունի: Ան Բրիտանիա եկած էր չորս տարի առաջ՝ առանց անգլերէն գիտնալու, եւ այժմ ան գերազանց մակարդակով կը կարդայ, կը գրէ եւ կը խօսի:

Կան երեխաներ, որոնք ոչ միայն երկու, այլեւ երեք կամ աւելի լեզուներու կը թարգմանեն:

Արեւելեան Լոնտոնի դպրոցի մը մէջ 17-ամեայ Ֆաթիման կազմած է նուագախումբ մը իր ընկերներով, որոնք իրեն պէս, փոքր տարիքին տեղափոխուած են Բրիտանիա՝ Իտալիայէն: Բոլորը հարաւային Ասիոյ ընտանիքներէն են, ուրեմն տան մէջ կը խօսին պենկալերէն, սինհալերէն կամ ուրտա՝ իսկ ընկերներու հետ՝ իտալերէն, եւ այժմ՝ անգլերէն, երբեմն՝ բոլոր երեք լեզուներ միասնաբար, մէկ լեզուէն միւսը անցնելով:

Յաճախ երեխաները հաճոյքով չէին տեղափոխուեր Իտալիայէն Բրիտանիա. նոր լեզու սորվիլը եւ ծնողներու համար թարգմանելը բեռ, տաղտուկ է:

Օրինակ, Ֆաթիմային ընկերը՝ Ռաշանին, պէտք է օգնէ մօրը՝ հասկնալու համար իր աշխատավայրէն, ուտեստեղէնի վաճառատունէ մը ստացած բոլոր նամակագրութիւնները, որոնցմէ մէկը կ՚ըսէր. «Բարեւ, խումբ, խնդրեմ ստուգեցէք, թէ անցեալ շաբաթէն ինչ նիւթեր կը բացակային. եթէ կայ բան մը, որ չէք հասկնար, հարցուցէք խումբի պատասխանատուներուն, անոնք պիտի բացատրեն, մենք պէտք է հսկենք»:

«Սկիզբը այնպէս թուեցաւ, որ ամբողջը իմ վրաս է, եւ կը յիշեմ, որ կը մտածէի, թէ ասիկա շատ անարդար է», ըսաւ Ռաշանի:

Բայց այդ ժամանակէն ի վեր ան աւելի շատ տեղեակ եղած է իրադարձութիւններու:

«Հիմա ես կը զգամ, որ ձեւով մը ընտանիքիս գլուխն եմ, քանի որ կ՚ազդեմ ծնողներուս որոշումներուն վրայ՝ հակառակ տակաւին երիտասարդ ըլլալուս»:

Ճիաուէյ յստակօրէն կը յիշէ իր հօր ինքնաշարժ վարելու քննութեան օրը: Ան ջղային էր, բայց ուշադիր թարգմանեց քննիչին խօսքերը՝ գիտնալով, որ ստիպուած էր ատիկա արագօրէն ընել՝ առանց կմկմալու:

«Ես ատիկա իսկապէս սահուն ըրի, եւ մենք քննութեան յաջողեցանք: Կը յիշեմ այն պահը, երբ քննիչը ըսաւ, որ հայրս յաջողած է, եւ ես բարի լուրը թարգմանեցի հայրիկիս: Ան ուրախացաւ, նոյնպէս՝ ես: Ատիկա մեր կեանքի պահ մըն էր, որ մենք յաւիտեան պիտի յիշենք», ըսաւ Ճիաուէյ:

Տարիներ ետք, եւ այժմ արդէն մեծահասակ, Ճիաուէյ հազուադէպօրէն կը թարգմանէ իր հօրը համար, քանի որ հօրը անգլերէնը բարելաւուած է:

Բայց արդեօք Ճիաուէյի փորձառութիւնը՝ իբրեւ երիտասարդ թարգմանիչի, ազդա՞ծ է իր ասպարէզի ընտրութեան վրայ: Բժշկական գիտութիւններու դոկտորականը աւարտելէ ետք Ճիաուէյ իր գործընկերոջ հետ հիմնած է նոր ձեռնարկ մը՝ մշակելու արհեստագիտութիւն, որ բարդ բժշկական փաստաթուղթերը անգլերէնէ կը թարգմանէ չինարէնի:

Այժմ ի՛նք կը սորվի ինքնաշարժ վարել, բան մը, որ վերադարձուցած է իր յիշատակները հօր եւ ուսուցիչին հետ անցուցած ժամանակին: Ինքնաշարժ վարելու հիմնական սկզբունքները արդէն իրեն ծանօթ էին, նոյնիսկ՝ նախքան դասերու սկսիլը:

Ճիաուէյ անհամբեր կը սպասէ այն օրուան, երբ պիտի ըսէ հօրը, որ յաջողած է ինքնաշարժ վարելու քննութեան:

«Կեանքը գտած է մեծ շրջանակի մէջ շրջագայելու ձեւ մը», կ՚ըսէ ան:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019