ՏՔԹ. ՄԵՍՐՈՊ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ. «ԵԹԷ «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ» ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ԴԻՄԷ, ԱՊԱ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿՐՆԱՅ ԵՐԹԱԼ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ»

Կը շարունակենք հետեւիլ Լիբանանի զարգացումներուն։ Այս առումով բնականաբար հայութեան համար կիզակէտային սկսած է դառնալ ընթացող զարգացումներուն առընթեր լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակն ու պատմական համարուած հայկական գաղութին վերապահուած ճակատագիրն ու ապագան։

Մենք նաեւ շատ լաւ գիտենք (չնայած անոր, որ քիչ չեն անոնք, որոնք յաճախ կը փորձեն անտեսել այդ փաստը), որ առնուազն անցնող երկու-երեք տարիներուն Լիբանանի մէջ ընթացք առաւ դէպի Հայաստան ներհոսքի ողջունելի ալիք մը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի այս ընթացող իրադարձութիւններուն, ապա կասկածէ վեր է, թէ այս ցոյցերու աւարտին, եւ ինչ ալ ըլլան այդ ցոյցերուն արդիւնքները կամ հետեւանքները, դէպի Հայաստան սկսած ներգաղթի ալիքը աւելիով պիտի ուժեղանայ։

Բազմաթիւ առիթներով, տարբեր հարթակներէ ու ամենատարբեր գործիչներու բերնէն լսած ենք ու դեռ ալ պիտի լսենք, որ սփիւռքի ողջ հայութեան վերջին հանգրուանն ու կայանը՝ Մայր Հայրենիք՝ Հայաստանն է։

Այս առումով ալ այսօր մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք քուէյթահայ ազգային գործիչ Տքթ. Մեսրոպ Թասլաքեանի, որու ծննդավայրն է Լիբանան, այդ մասին եղած կարեւորագոյն դիտարկումները։

Յիշեցնենք, որ Տքթ. Թասլաքեանին հետ սոյն զրոյցը ի կատար ածեցինք հաշուի առնելով Լիբանանի մէջ ստեղծուած տագնապը, մանաւանդ, որ մեր խօսակիցի ծննդավայրը՝ Լիբանանի Այնճար հայաւանն է։

-Արդէն 9-րդ օրն է, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքով բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան. ի՞նչ կը մտածէք, այս անգամ լիբանանցիները պիտի հասնի՞ն իրենց նպատակին։

-Որպէս Լիբանանի պատմութեան եւ ժողովրդագրական կառոյցին ծանօթ մէկը, պէտք է ըսեմ, որ զգոյշ եմ ստեղծուած իրավիճակին խանդավառ գնահատականներ տալէ։ «Լիբանանեան նմոյշ»ը, իր նմանը չունի աշխարհի երեսին: Երկիր մըն է, ուր ընդելուզուած են տարբեր ցեղագրական ծագման, կրօնի եւ նոյնիսկ մտածելակերպի տէր հաւաքականութիւններ, գումարած՝ երկրին աշխարհագրական դիրքն ու հարիւրաւոր տարիներու անցեալ ունեցող եւ ազդեցիկ աւատապետական կարգեր իրենց ենթակայ համայնքներով եւ այս տարերամերժ տարրերը համախմբող՝ իւրայատուկ համայնքային հողի վրայ ստեղծուած` հանրապետութիւն:

Լիբանանցի ժողովուրդին փողոց իջնելը, այսօր, իր բոլոր խաւերով եւ յարանուանութիւններով կը յիշեցնէ իր պատմութեան թերեւս միակ համաժողովրդական ապստամբութիւնը 1943-ին, ի խնդիր անկախութեան: Այս անգամ սակայն՝ առանց իրենց աւանդական ղեկավարութեան մասնակցութեան: Ընդհակառակն՝ անոնց դէմ: Ճիշդն ըսած՝ կը մտահոգէ զիս այս մէկը, մի քանի պատճառներով:

•Նախ, ճիշդ է, որ ժողովուրդը համոզուած է, թէ սոյն քաղաքական վերնախաւը անյուսալիօրէն փտած է եւ փոփոխութեան կը կարօտի, սակայն՝ ի՞նչ է անոնց տարբերակը: Ո՞վ կը յաւակնի ըլլալ ժողովուրդի ընտրեալը առանց յարուցելու համայնքային նոր հարցեր:

•Ժողովուրդը միացնողը այսօր իր ապրած կենցաղային եւ տնտեսական սուր տագնապներն են, սակայն միթէ՞ սա բաւարար է ՄԷԿ ԱԶԳ հասկացողութեան սկիզբ դնելու եւ քաղաքացիական նոր հասարակութիւն մը հիմնելու: Չեմ կարծեր, որ լիբանանցին իր համայնքային պորտալարը կտրած է տակաւին իր կրօնական կամ համայնքային-աւանդական հեղինակութեանց հետ, որքան ալ այսօր ամբաստանէ զանոնք գողութեամբ ու փտածութեամբ: Դիւրին չէ, մի քանի հարիւրամեակի կեանք ունեցող՝ կռապաշտութեան հասնող ենթակայութենէ մը մէկ հարուածով հրաժարիլ:

•Այսօր քաղաքական ղեկավարութիւնը իր բոլոր իրերամերժ հոսանքներով՝ միացած է ընդդէմ ժողովուրդին, քանի իրենց գոյութեան խնդիրն է հոս: Կը ջանան զանազան խոստումներով եւ ձգձգումներով ժամանակ շահիլ, թուլացնելու եւ յուսահատեցնելու համար ժողովուրդը եւ եթէ կը խուսափին այժմ բռնի ուժ կիրառելէ՝ որոշ պատճառներով, միւս կողմէն սակայն՝ պիտի աշխատին հրահրել համայնքային զգայնութիւններ, որպէս փորձուած միջոց, երկպառակութիւններ ստեղծելու եւ ժողովուրդը ետ՝ համայնքային փարախ վերադարձնելու:

•Խնդիր է, որ առ այսօր, ցուցարարները չունին յստակ եւ համաձայնեցուած ծրագիր եւ միասնական ղեկավարութիւն, բանակցելու համար քաղաքական վերնախաւին հետ, ինչ որ առաւելութիւն կ՚ընծայէ իշխանութեանց:

•Լիբանանի մէջ կան զինեալ ներուժ ունեցող կարգ մը կուսակցութիւններ, մասնաւորաբար՝ «Հիզպուլլահ»ը, որու ղեկավարութեան դէմ եւս կը հնչեն նոյն մեղադրանքները, բան մը, որ սրբապղծութիւն կը համարուէր ասկէ առաջ: Արդեօք այդ կուսակցութիւնը փորձութեան պիտի մատնուի՞ բռնի ուժ կիրառելու ցուցարարներուն դէմ, եթէ իրերը զարգանան դէպի ծայրայեղութիւն: Բանակը պիտի պաշտպանէ՞ ցուցարարները: Ճիշդ է, որ այս մէկը քաղաքական ինքնասպանութիւն է «Հիզպուլլահ»ի կողմէ, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր ղեկավարութիւնը խոշոր չափով ենթակայ է Իրանի եւ Իրանը սկսած է հող կորսնցնել շրջանին մէջ, ինչպէս կը պատահի Իրաքի մէջ, կրնա՞յ արդեօք դիմել այս վերջին յուսահատ միջոցին, իշխանութիւնը իր ձեռքը պահելու համար: Այս ընտրանքը կրնայ տանի՞լ մինչեւ նոր քաղաքացիական պատերազմի մը:

•Այս բոլորին վրայ կը թեւածէ տնտեսական եւ ելեւմտական կառոյցի ամբողջական փլուզման ուրուականը, ինչպէս կը հաստատեն կարգ մը տըն-տեսագէտներ, որ նոյնիսկ յեղափոխութեան յաջողութեան պարագային՝ աներեւակայելի քաոսի մէջ կրնայ իյնալ երկիրն ու ժողովուրդը:

•Այս բոլորը մտահոգութիւններ են, որոնք կարմիր թելի պէս կ՚անցնին մեր յեղափոխական տրամադրութեանց մէջէն: Ամբողջ սրտով կը ցանկամ, որ յեղափոխութիւնը իր բաղձալի աւարտին հասնի, քանի Լիբանանը սպառած է ինքզինքը այլեւս որպէս համայնքային հանրապետութիւն եւ ձախողած է որպէս պետութիւն: Լաւագոյն տարբերակը, ըստ իս՝ բանակի իշխանութեան գալն է, անշուշտ ժամանակաւորապէս, քանի բանակը միակ պետական հաստատութիւնն է, որ կը վայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը: Իսկ տնտեսական հարուա՞ծը: Այդ ալ երեւի անխուսափելի գինն է, որ յուսամ երկար չի տեւեր:

-Ցուցարարները կ՚ըսեն, որ իրենց պայքարը ամբողջ քաղաքական վերնախաւին դէմ է. արդա՞ր է այս մօտեցումը։

-Լիբանանի իշխանութեան վերնախաւը ընդհանրացած հասկացողութիւն է ժողովուրդին մօտ: Անշուշտ արդար չէ չորը թացին հետ այրել, քանի քաղաքական վերնախաւին մէջ եղած են ասկէ առաջ եւ վստահաբար այսօր ալ կան ազնիւ մարդիկ, որոնք մնացած են մաքուր եւ անկեղծօրէն մտահոգուած են ժողովուրդին ճակատագրով: Սակայն մեծ մասը, ըլլալով աւատապետական փտած համակարգի անդամները կամ գործակիցները՝ այս կամ այն չափով դեր ունին ներկայ տնտեսական եւ քաղաքական ծայր աստիճան վատթարացման մէջ: Որքան ալ հակադրուած ըլլան իրարու անձնապէս կամ քաղաքական-ընտրական հաշիւներով, սակայն ունին ընդհանուր շահ՝ իրար հետ համագործակցելու, երկրին հարստութիւնը իւրացնելու, իրարու միջեւ բաժնելու եւ նոյնիսկ՝ իրարու վրայ ծածկելու գծով:

-Երէկ նկատեցինք, որ տարբեր շրջաններու եւ յատկապէս Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ բախումներ տեղի ունեցան։ Մտահոգի՞չ է այդ մէկը, կամ փողոցին մէջ առկայ պայքարը կրնա՞յ ուրիշ տեղ տանիլ։

-Մտահոգիչ է, երբ խաղաղ ցոյցերը կը փորձեն մղել ծայրայեղութեանց, զանազան սադրանքներով: Իշխանութեան փտած վերնախաւը agent provocateur-ներու միջոցով ամէն կարելի միջոցի պիտի դիմէ ահաբեկելու, բարոյալքելու ըմբոստները եւ զիրենք մղելու բռնարարքներու ըլլա՛յ բանակին, ապահովութեան ուժերուն կամ կուսակցամոլ խմբաւորումներու դէմ: Սա առիթ կ՚ընծայէ իշխանութեանց որպէս «խռովարարներ» բռնի ուժ գործադրել ճնշելու համար ժողովուրդը, եթէ չյաջողի համայնքային գժտութիւն սերմանելով կամ սին խոստումներով ցրուել ցոյցերը: Յուսանք, որ ժողովուրդը արթուն կը գտնուի եւ առաւելագոյն չափով զսպուածութիւն կը ցուցաբերէ, ապա թէ ոչ փոքր արկած մը կրնայ արագօրէն մեծնալ եւ տարածուիլ անկանխատեսելի հետեւանքներով։

-Նախագահ Աուն հանդէս եկաւ պատգամով մը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն՝ բոլորուելու ու անսալու իր խօսքերուն։ Ան նաեւ ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը։ Աուն պիտի յաջողի՞ իր նախաձեռնութեան մէջ։

-Նախագահին ուղերձը, իմ կարծիքով, կ՚արտացոլէ իշխանութեան վերնախաւին շփոթահար հոգեվիճակը եւ ապրած ճգնաժամը: Հոն չկան յստակ եւ մտածուած քայլեր լուծումի ճամբուն վրայ, այլ պարզապէս ժամանակ շահելու միջոցներ, մինչեւ որ իշխանութեան համար նուազագոյն վնասներով լուծում մը գտնուի: Ինչպէս սպասելի էր, այն եւս արժանացաւ վարչապետ Հարիրիի բարեփոխումներու ծրագրի ճակատագրին: Անտեսումի:

-Ի՞նչ կարծիքի ունիք, Լիբանանի նախագահը սպառա՞ծ է, կամ թէ պիտի կարողանա՞յ լուծել երկրին մէջ երեւցող սուր տագնապը։

-Նախագահ Աունի վարչակարգը հակառակ «Ուժեղ վարչակարգի» գովազդին, դժբախտաբար փաստեց, թէ ո՛չ միայն անկարող է նախորդ պետական վարչութեանց սխալները ուղղել, այլեւ` անկարող է նոյնիսկ իր խոստումներու նուազագոյնը ապահովել ժողովուրդին: Երկիրը կանգնած է բարոյական եւ տնտեսական սնանկութեան շեմին, իսկ ժողովուրդը հասած է յուսահատութեան այն աստիճանին, որ նոյնիսկ անիշխանութիւնը կը նախընտրէ այսպիսի համատարած փտածութենէ եւ ամուլ վարչակարգէ: Բան մը պէ՛տք է փոխուի այլեւս Մայրիներու Երկրին մէջ: Եւ ժողովուրդը որոշումը առած է:

-Դուք ծնունդով լիբանանցի էք ու լաւ կը ճանչնաք Լիբանանի հայկական գաղութը։ Մտահո՞գ էք այդ գաղութի ապագայով։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։

-Տեսէ՛ք, ամէն գաղութ, որ ստեղծած ենք մեր գոյութեան բազմադարեայ շրջանին, ունեցած է ծնունդ, աճ, ոսկեդար եւ անկում: Ուզենք-չուզենք սա պատմական փաստ եւ բնական հոլովոյթ է: Անկման պատճառները այլազան են իւրաքանչիւր գաղութի պարագային: Պատերազմ, բնական աղէտներ, տնտեսական տագնապներ, արտագաղթ եւ... ձուլում: Լիբանանահայ գաղութը հակառակ Մայր Գաղութի իր համբաւին, արդէն բռնած է մայրամուտի ճամբան, դժբախտաբար: Ցաւով կը նկատենք, որ Լիբանանի մէջ կորսնցուցած ենք ոչ միայն մեր երբեմնի հոծ թուաքանակը, այլեւ հակառակ մերթ ընդ մերթ առկայծումներու` դանդաղ, բայց յստակ նահանջի մէջ են մեր կրթական, մշակութային օճախերը, մեր այլազան միութիւնները, կուսակցութիւնները, մամուլը: Ընդհանուր անտարբերութիւն կը տիրէ երիտասարդութեան մօտ, որոնց մէջ դժուարութիւն ունինք այլեւս մեր ազգային արժէքները վառ պահելու: Մենք կը նմանինք հողէն փրցուած ծաղիկին, որ արմատէն զրկուած` կ՚ապրի ծաղկամանի ջուրով: Լիբանանահայութիւնը եւս բռնած է դանդաղ լուծումի ճամբան: Դիւրին է, ի հարկէ, տաք տեղէ խրատել, որպէսզի հայութիւնը մնայ ու տոկայ, դիմանայ տնտեսական կամ ապահովական դժուարութեանց ի շահ գաղութի պահպանման, կամ ալ չդիմանալու պարագային` անպայմանօրէ՛ն Հայաստան ներգաղթէ, դէմ յանդիման գտնուելով ապրուստի ոչ այնքան փայլուն պայմաններու, անապահովութեան եւ նոր ու շատերու համար օտարոտի միջավայրի եւ սովորութեանց: Այս բոլորը կախում ունին ենթակայի ազգային գիտակցութենէն, ստացած դաստիարակութենէն եւ համոզումներէն: Իմ համոզումս այն է, որ անկախ Լիբանանի այսօրուայ կացութենէն, մեր վերջնական հանգրուանը Հայաստանն է, ուրկէ ոչ մէկը կրնայ մեզ օր մը դուրս դնել որպէս օտար: Միա՛կ տեղը հողագունդին վրայ, որ իսկապէ՛ս մերն է եւ կապուած ենք անոր ծագումով, լեզուով ու պատմութեամբ: Փափաքս է, որ մեր գաղութներու ազգային ղեկավարութիւնն ու հայրենի պետութիւնը լուրջ եւ սերտուած քայլեր առնեն ներգաղթ կազմակերպելու, արտերկրի հայութեան գոնէ կարեւոր տոկոսը Հայրենիք փոխադրելու: Ժամանակը եկած է, իրա՛ր մէջ ձուլուելու, մէկ եւ միասնական ազգ դառնալու, մէ՛կ լեզուով, մէ՛կ մշակոյթով եւ մէկ հայրենի հողով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019