«ՔՐՏԱԿԱՆ ԵՐԱԶ»Ը ՍԿՍԱԾ Է ՄԱՐԻԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Այն ինչ որ կը կատարուի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ:

Խօսքը բնկանաբար այդ շրջաններուն մէջ գործող քրտական խմբաւորումներուն մասին է, որոնք այսօր կանգնած են բաւական բարդ փուլի մը առջեւ: Սուրիոյ զարգացումներուն մասին գնահատականներ եւ տեսական մօտեցումներ ունեցող վերլուծաբաններ վերջին ամիսներուն բազում առիթներով կը գրէին այն մասին, թէ Միացեալ Նահանգներու համար ամենակարեւորը ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) պարտութիւնն է: Բացի այդ, Սպիտակ տան վարիչները Սուրիոյ մասին յստակ պատկերացումներ չունին, ու չեն վճռած իրենց յառաջիկայ քայլերը: Այս բոլորէն անդին սկսած է յստակ դառնալ, որ հակառակ մեծ բարդութիւններէ անցած փուլի մը, Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները կ՚ընթանան դէպի յաւելեալ բնականոնացում: Այս առումով կարեւոր յայտարարութիւն կատարած է ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Փենթակոնի գլխաւոր խօսնակ Էրիք Պահոն: Պահոն, որ արձագանգած է նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի յայտարարութիւններուն՝ շեշտադրած է, որ Թուրքիոյ նախագահը իր պաշտօնակցէն՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփէն հաւաստիացումներ ստացած է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան կեցուածքներուն մասին:

Խօսքը անշուշտ Սուրիոյ քիւրտերուն մասին է. որովհետեւ վերջին մէկ տար-ւան ընթացքին ամերիկ-թրքական յարաբերութիւնները «ծանր ցնցումներ» ապրեցան, յատկապէս Սուրիոյ քիւրտերուն հանդէպ ամերիկացիներուն որդեգրած կեցուածքներուն, նաեւ քիւրտերուն մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք տրամադրելու հետեւանքով:

Ճիշդ է, որ վերջին տասն օրերուն ընթացքին ալ ամերիկացիք զէնքի նոր խմբաքանակ մը փոխանցեցին քիւրտերուն, սակայն ըստ վերջին տուեալներուն՝ այդ խմբաքանակը կրնայ վերջինը ըլլալ:

Լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն մասին գրելով՝ դիտել տուած է, որ մինչ ամերիկացիք սկսած են որոշ պատգամներ յղել քիւրտերուն, անոնք աշխուժացնելով այլ գետին մը, կը փորձեն կապ հաստատել շրջանին մէջ ապրող արաբ ցեղախումբերուն հետ: Խօսքը յատկապէս Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Թուրքիա հաստատուած արաբ-սիւննի ցեղախումբերուն մասին է, որոնք ցայսօր ալ կը շարունակեն կտրականապէս դէմ ըլլալ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի իշխանութեան: Հոս հարց կը ծագի, թէ արդեօք Թուրքիա հաստատուած արաբ ցեղախումբերը պիտի ընդունի՞ն ետ տուն վերադառնալ, մանաւանդ, որ այսպէս ըսած, անոնց «խոստացուած» շրջանները աւերակի եւ անտէրութեան ձգուած շրջաններ են:

Յիշեցման կարգով խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս Ռաքքայի, Տէր Զօրի եւ Սուրիա-Թուրքիա սահմանի կարգ մը շրջաններու մասին, որոնք կը գտնուին ողբերգական իրավիճակի մը մէջ եւ կրնանք ըսել, որ այսօրուան դրուածքով կը համարուին «անհրապոյր» շրջաններ:

Այս բոլորէն անդին երթալով ու շարունակելով Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներկայութեան մասին խորհրդածել, հարկ է անպայման հաշուի առնել «Հուվըր» վերլուծական կեդրոնի աշխատակից եւ միջինարեւելեան հարցերով մասնագէտ-վերլուծաբան Ֆապրիս Պալանշի տեսակէտները։ Անոր համաձայն ու հակառակ շրջանառուող տեսակէտներուն, «յետ-ԻՇԻՊեան» սուրիական իրավիճակին մասին ամերիկացիք ցարդ ալ նախագծումներ չունին։ Պալանշ կը հերքէ այս տեսակէտը եւ նկատել կու տայ, որ վերջերս ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան գլխաւոր խորհուրդը (որուն մաս կը կազմեն անվտանգութեան եւ տեղեկահաւաքի 18 կազմակերպութիւններ) յանգած է այն եզրակացութեան, թէ Սուրիա գտնուող ամերիկեան ուժերը պիտի շարունակեն մնալ այդ երկրին մէջ, առնուազն մինչեւ 2021 թուականը: Ամերիկացիներուն այս թուականը ընտրելու որոշումը պատահականութեան արդիւնք չէ: Ան կը յուշէ եւ կը յիշեցնէ, որ այդ տարին աւարտին կը հասնի Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի պաշտօնավարութիւնը, հետեւաբար այդ թուականը Սուրիոյ համար կը համարուի առանցքային փուլ մը, որուն ընթացքին ալ ամերիկացիք պիտի ուզեն ամէն գնով իրենց խօսքը ըսել:

Վերադառնալով քրտական թնճուկին, ինչպէս վերը նշեցինք, սկսած է բացայայտ դառնալ, որ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ քիւրտերուն հանդէպ ցայսօր առկայ կեցուածքը պիտի չմնայ նախկինին պէս:

Մէկէ աւելի արաբ լրագրողներ այս օրերուն կը գրեն այն մասին, որ ամերիկացի յատուկ բանագնացներ Սուրիոյ քրտական ջոկատներու ղեկավարներուն տեղեկացուցած են, թէ իրենք կը պատրաստուին իրենց ռազմավարութիւնը փոխել, հետեւաբար քիւրտերն ալ անպայման ստիպուած են վերատեսութեան ենթարկել իրենց կեցուածքներն ու դիրքորոշումները:

Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ ամենէն աւելի ազդեցութիւն ունի ՓԵՏ-ն, որուն մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուները այս օրերուն կ՚ապրին շփոթահար վիճակ մը:

Լիբանանցի լրագրող Մուհամմէտ Պալութ այս զարգացումներուն մասին ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է։ «Ամերիկացիք առանց բառերը ծամծմելու ըսած են, որ յետայսու ծանր տիպի զէնքեր պիտի չտանք: Մենք վերատեսութեան կ՚ենթարկենք Սուրիոյ մէջ ցարդ գործող մեր ընդհանուր ռազմավարութիւնը ու այդ առումով ալ դուք (խօսքը քիւրտերուն կը վերաբերի) պարտաւոր էք նոյնպէս հետեւիլ մեր քայլերուն, եթէ պէտք ըլլայ լեզու գտնելով արաբական ցեղախումբերուն հետ», գրած է յօդուածագիրը:

Այս բոլորէն անդին հարկ է յիշեցնել, որ Սուրիոյ քիւրտերուն տիրապետած շրջաններուն տարածութիւնը կը հասնի 1000 քառակուսի քիլօմեթրի, որուն վրայ կ՚ապրին 3 միլիոն բնակիչներ: Ըստ վերջին վիճակագրութիւններուն, բնակչութեան աւելի քան կէսը կը բաղկանայ քիւրտերէ, որոնք վերջին տարիներուն ալ ստեղծած են (ամերիկեան նեցուկով) ինքնակառավարման մարմիններ: Այս առումով ալ եւ ըստ ամերիկեան որոշ աղբիւրներու, ամերիկացիք այսօր հետամուտ են, որ քիւրտերը լուծարեն իրենց ստեղծած ինքնակառավարման մարմինները եւ ատոնց փոխարէն արաբներուն հետ ստեղծեն նոր մարմիներ, դուռ բանալով եւ ընթացք տալով արաբ-քրտական համագործակցութեան մը: Այս բոլորը անշուշտ ցոյց կու տան ամերիկեան նոր ճիգ մը ուժերու վերադասաւորման՝ մասնաւորապէս այն շրջաններուն մէջ, որոնք մօտիկ անցեալին կը համարուէին «քրտական երազ»ի մը աւազանը:

Այս քայլերով եւ զսպելով քիւրտերու ախորժակները, ամերիկացիք պիտի փորձեն նոր դրութեան մը տանիլ Անգարայի հետ բաւական աղօտ դարձած յարաբերութիւնները, մանաւանդ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար ՓԵՏ-ն կը համարուի ՓՔՔ-ի սուրիական թեւը կամ շարունակութիւնը:

Ու այս քայլերով Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ կ՚ամրագրէ մի քանի կէտեր եւ մէկ քարով «կը զարնէ» մի քանի թըռ-չուն: Նախ կը վերադասաւորէ նաւթով հարուստ շրջաններու ընդհանուր իրավիճակը, յետոյ վերջ տալով «քրտական երազ»ին, կը բաւարարէ իր վաղեմի գործընկերոջ՝ Անգարայի հին-նոր պահանջները:

Տակաւին կայ մօտեցում մը, որ եթէ քիւրտերը «գլուխ ցցեն» եւ այս կամ այն կերպ մերժեն ամերիկեան «թելադրանքներ»ը, ամերիկացիք պատրաստ են նոր արաբ-քրտական պատերազմ մը շղթայազերծել՝ խաղին մէջ խառնելով նոյնիսկ Էսատի տիրապետութեան տակ եղող բանակը: Այս բոլորը կան եւ այս բոլորի կողքին ալ նոյն հաւասար զուգահեռներով ու յաճախ երեւելի եւ նոյնիսկ անյայտ շարժումներով կը հետեւին Դամասկոսի եւ Անգարայի մէջ:

Մինչ Թուրքիոյ նախագահին դէպի Սուրիա «ձեռք մեկնելու» մասին խօսակցութիւնները աւելիով կ՚աշխուժանան, անդին Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի Անգարայի դէմ ունեցած նախկին «բուռն ոճ»ը երեւելի փոփոխութիւններ կը կրէ:

Ամէն պարագայի տակ յստակ է, որ ամերիկացիք «յոգնած» են քիւրտերը զինելու գործընթացներէն ու անոնց յստակ պատգամները քիւրտերուն կը յուշեն, որ Էրպիլի մէջ նոյն քիւրտերուն կրած անդառնալի պարտութիւնը մեծ հաշուով ազդեց ու գէթ այս փուլին փակեց «քրտական երազ»ի հաւանական բոլոր ճանապարհները:

Իսկ եթէ ամերիկացիք մինչեւ վերջ չերթան իրենց նոր մօտեցումներուն մէջ, ապա կան նշաններ, որ քիւրտերու հարցը պիտի «լուծուի» Դամասկոս-Անգարա առանցքին վրայ մինչեւ երէկ անկանխատեսելի, բայց այսօր արդէն այդքան իրատեսական քայլերով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017