Ազ­գա­յին Հե­րո­սը Ան­բաղ­ձա­լի…

Պատմութեան մէջ անշուշտ նորութիւն չէ երկրի մը ազգային հերոսին հեղինակազրկումը, նոյնիսկ՝ վարկաբեկումը: Դէպքերու արագընթաց այս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ արժէքներու տապալումի ականատես կ՚ըլլանք, որեւէ սրբութիւն երկվայրկեանի մը մէջ կարելի է նսեմացնել: Վերջին ցայտուն օրինակը  Զիմպապուէի նախագահ Ռոպերթ Մուկապէի պարագան է, որուն անդրադարձած են  միջազգային ազդեցիկ գրեթէ բոլոր լրատուական միջոցները, յատկապէս՝ յեղաշրջման առաջին օրերուն: Կը ներկայացնենք հատուածներ՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»էն, «Պի.Պի.Սի.»էն, «Ասոշիէյթըտ Փրէս»էն եւ «Կազեթա»էն:

*

ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ ԶԻՄՊԱՊՈՒԷԻ ՄԷՋ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍ, 93-ԱՄԵԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԿԻՆ

Զիմպապուէի 93-ամեայ նախագահ Ռոպերթ Մուկապէի ճակատագիրը յայտնուեցաւ նախկին դաշնակիցներու եւ ընդդիմութեան պաշտօնական դէմքերու ձեռքերուն մէջ: Անոնք քննարկեցին եւ ճշդեցին Մուկապէի ապագան: Թէեւ Արեւմուտքի մէջ Մուկապէն իրաւազուրկ անձ կը նկատեն, բազմաթիւ ամերիկացիներ զայն կ՚ընկալեն որպէս ազատութեան մարտիկ, որ օգնած է ազատագրելու իր երկիրը գաղութարարներէ եւ սպիտակ փոքրամասնութեան իշխանութենէն: Այդուհանդերձ, Զիմպապուէի մէջ վերջին իրադարձութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ Մուկապէի 37-ամեայ կառավարման դարաշրջանը աւարտին կը մօտենայ:

Ո՞Վ Է ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍԸ, ԵՒ Ի՞ՆՉ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԶԻՄՊԱՊՈՒԷԻ ՄԷՋ

Վերջին իրադարձութիւններու զարգացման գործօններէն էր փոխ-նախագահ Էմըրսոն Մնանկակուայի պաշտօնանկութիւնը, որ շատերը համարեցին երկրի Առաջին տիկին Կրէյսի համար նախագահի պաշտօնին ճամբայ հարթելու միջոց:

Նախագահը Մնանկակուան մեղադրեց իշխանութիւնը բռնագրաւելու նպատակով դաւադրութիւն կազմակերպելու յանցանքին համար, յատկապէս՝ կախարդութեան միջոցով: Փոխ-նախագահը հեռացաւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւն եւ այնտեղէն յայտարարեց, որ իր կեանքին վտանգ կը սպառնայ:

Մնանկակուա, նախագահ Մուկապէի նման, 1970-ականներէն  Բրիտանիայէն Զիմպապուէի անկախանալու համար մղուած պատերազմի վեթերան է: Նախքան փոխ-նախագահի պաշտօնին նշանակուիլը՝ ան կը ղեկավարէր քանի մը նախարարութիւն եւ ստացած է Կոկորդիլոս մականունը իր քաղաքական դաժանութեան համար: Մնանկակուան կը վայելէ բանակին աջակցութիւնը եւ կը նկատուէր Մուկապէն փոխարինողը:

Կրէյսը յառաջ մղելու փորձը ընդունելի չէ եղած զինուորականներուն: 15 Նոյեմբերի առաւօտեան կանուխ զինուորականները գրաւած էին պետական պատկերասփիւռի շէնքը եւ՝ յայտարարած, որ Ռոպերթ Մուկապէ եւ անոր ընտանիքը կալանքի տակ առած են: Ընդ որում, անոնք կը պնդէին, որ յեղաշրջում տեղի չէ ունեցած, եւ կը յայտարարէին, որ Մուկապէի եւ անոր հարազատներուն ոչինչ կը սպառնայ:

Բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Քոնստանդինօ Չիվենկա այդ գործողութիւնները բացատրեց նախկին փոխ-նախագահը պաշտպանելու անհրաժեշտութեամբ: 15 Նոյեմբերի գիշերը Հարարէի մէջ հրասայլեր եւ զրահապատ կառքեր տեղակայուեցան: Մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ առնուազն երեք պայթում լսուեցաւ: Քաղաքի հիւսիսային շրջաններէն, ուր կը բնակին  նախագահն ու որոշ պաշտօնատարներ, կրակոցի ձայներ լսուեցան:

Հարարէի մէջ վեց հրասայլեր տեղակայուեցան ռազմավարական առումով կարեւոր կառավարական շէնքերու եւ քառուղիներու մօտ: Սակայն խանութներն ու դրամատուները բաց մնացին, եւ մարդոց մեծամասնութիւնը զբաղած էր առօրեայ հոգերով, հաւանական է՝ այն պատճառով, որ յեղաշրջումը անցած էր առանց բռնութեան կամ դիմադրութեան:

Զինուորները փակած էին դէպի օդակայան տանող գլխաւոր ճամբան: Մուկապէն տնային կալանքի տակ կը պահէին՝ պնդելով, թէ անոր հետ ամէն բան բնականոն է:

Ի՞ՆՉ ԸՐԱԾ Է ՄՈՒԿԱՊԷՆ ԶԻՄՊԱՊՈՒԷԻ ՀԱՄԱՐ

Ռոպերթ Մուկապէ նախագահի աթոռին պաշտօնապէս հասած է 31 Դեկտեմբեր 1987 թուականին, սակայն փաստացի իշխանութեան ղեկը անոր ձեռքն է 1980 թուականէն ի վեր, երբ բրիտանական Ռոտեզիա կոչուած գաղութը անկախութիւն ստացաւ եւ փոխեց անունը՝ դառնալով Զիմպապուէ:

Մուկապէի տնտեսական քաղաքականութեան հիմքը անգլիացի գաղութարարներու ժառանգ սպիտակամորթ գիւղացիները վտարելն էր եւ հողերը սեւամորթ աղքատներուն տրամադրելը: Երբ Մուկապէ եկաւ իշխանութեան, Զիմպապուէի տնտեսութիւնը ափրիկեան պետութիւններու շարքին ամենէն ուժեղն էր: Հիմա երկիրը աշխարհի մէջ ամենէն աղքատ երեսուն պետութիւններու շարքին է:

2000-ական թուականներու Զիմպապուէի մէջ տնտեսական ծանր տագնապ սկսաւ, ատոր գագաթնակէտը 2008 թուականն էր, երբ երկրի սղաճը կազմեց 231 առ հարիւր: Հիմա տնտեսագէտները մտավախութիւններ ունին, որ կը սպասուի նոր տագնապի: 2017 թուականի Սեպտեմբերի տուեալներով, երկրին մէջ սղաճը կազմած է տարեկան շուրջ 243 առ հարիւր:

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆ ԿՐԷՅՍ ՄՈՒԿԱՊԷ

Անգամ մը Կրէյս Մուկապէ յայտարարած էր, որ իր ամուսինը ժողովուրդին մէջ կը վայելէ այնպիսի աջակցութիւն, որ զայն կ՚ընտրեն նոյնիսկ մահէն ետք:

«Անգամ մը, երբ Աստուած որոշէ, որ Մուկապէ պիտի մահանայ, մենք անոր դիակը՝ որպէս թեկնածու, կ՚առաջադրենք նախագահական ընտրութեան մէջ: Կը տեսնեք, որ մարդիկ կը քուէարկեն Մուկապէի դիակին ի նպաստ», ըսած է տիկինը:

Կրէյս ամուսինէն երիտասարդ է քառասուն տարի: Վերջին տարիներուն ան բացայայտօրէն կը յայտարարէ նախագահի պաշտօնի հարցին մէջ իր քաղաքական տենչերուն եւ յաւակնութիւններու մասին:

Ապագայ զոյգին միջեւ յարաբերութիւնները սկսած էին 1987 թուականին, երբ նախագահը տակաւին ամուսնացած էր իր առաջին կնոջ՝ Սալլի Հէյֆրոնի հետ, իսկ Կրէյս՝ օդաչու եւ դիւանագէտ Սթենլի Հորերազի, որմէ ունի տղայ մը՝ Ռասըլ:

Հարսանիքէն ետք Կրէյս Մուկապէ դարձաւ Առաջին տիկին եւ ստացաւ երկու մականուն՝ «Կուչի Կրէյս» եւ «Առաջին գնորդ»: Կրէյս Մուկապէի շատ հաճելի կը թուէր դրամներ վատնել հագուստի, զարդերու եւ շքեղութեան այլ պարագաներու վրայ, եւ ասիկա կը զայրացնէր ընդդիմադիր շարժումներու ներկայացուցիչները, որոնք կ՚ըսէին, թէ Առաջին տիկինը հարկատուներու գումարները կը ծախսէ իր հաճոյքին համար: Օրինակ՝ 2003 թուականին ան Փարիզի մէջ 120 հազար տոլար ծախսած էր փոքր գնումներու համար: Զիմպապուէի բնակիչներու զայրոյթի առարկան այս տարի Կրէյս Մուկապէի գնած «Ռոլս-Ռոյս»ն է, որ կ՚արժէ 400 հազար տոլար: Ինքնաշարժին համար Առաջին տիկինը կանխիկ վճարած էր:

2017 թուականի Հոկտեմբերին Կրէյս Մուկապէ դատ բացած էր ոսկերիչ Ժոզէֆ Ահմէտի դէմ, որ չէր կատարած Կրէյսի պատուէրը՝ 100 քարաթ կշռաչափով ադամանդեայ մատանին, որ կ՚արժէր շուրջ 1.5 միլիոն տոլար: Կրէյս մատանին պատուիրած էր 2015 թուականին: Տիկինը կը ծրագրէր 2016-ին նշել Զիմպապուէի նախագահին հետ իր ամուսնութեան 20-ամեայ տարեդարձը: Սակայն Ժոզէֆ Ահմէտ պատուէրը ուշացուցած էր՝ Կրէյս Մուկապէին առաջարկելով 30 հազար տոլար արժողութեամբ ադամանդով այլ մատանի մը: Նախագահին կինը այդ առաջարկը մերժած էր: Կրէյս Մուկապէ արդէն տարիներէ ի վեր ներդրումներ կը կատարէ անշարժ գոյքի շուկային մէջ: Զիմպապուէի «Ինտիփենտընթ» թերթի տուեալներով, միայն 2016-ի Նոյեմբերին Տիկին Կրէյս 4.2 միլիոն տոլար վճարած է 55 հեկտար հողակտորի մը համար, ուրկէ տեսարան կը բացուի  Մուկապէի դղեակին վրայ:

«Երկնագոյն տանիք» հողակտորը ազնուականներու Պորուտէյլ թաղին մէջն է: Տիկինը նոյնպէս 3.5 միլիոն տոլար վճարած էր Սանտհըրսթի շրջանին մէջ անշարժ գոյքի գնման համար: Թերթը կը նշէր, որ իր հայրենի Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ Կրէյս կը վարձակալէ բնակարան, որուն համար կը վճարէ ամսական 15 հազար տոլար: Բացի ատկէ, Կրէյս Տուպայիի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ վարձակալութեան համար տարեկան 500 հազար տոլար կը վճարէ:

Խառնակչութեան եւ նոյնիսկ բռնութեան դրսեւորման նկատմամբ հակումը եւս Զիմպապուէի նախագահի կնոջ հակասական այլ գիծ մըն է: 2017 թուականի ամրան Կրէյս, օրինակ, Եոհանեսպուրկի պանդոկներէն մէկուն մէջ ծեծած էր 20-ամեայ բնորդուհի Կապրիելա Էնկելսը, որ մտած էր սենեակ՝ անոր տղաներուն այցելելու:

2009 թուականին Հոնկ Քոնկի մէջ Կրէյս իր թիկնապահին հետ ծեծած էր բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» թերթի  լուսանկարիչ Ռիչըրտ Ճոնսը, որ ափրիկեցի հիւրը զայրացուցած էր՝ փորձելով զայն լուսանկարել հինգ աստղանի պանդոկէն ելած պահուն:

Լրատու միջոցները կը յայտնէին, որ յեղաշրջումէն ետք Կրէյս փախած է երկրէն, սակայն այլ տեղեկութիւններ կը հաստատէին, որ տիկինը նոյնպէս տնային կալանքի տակ է:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017