ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆԷՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ՄԷԿ ՔԱՅԼ ԱՌԱՋ, ԵՐԿՈՒ ՔԱՅԼ ԵՏ…

Լիբանանի մէջ շուրջ քառասուն օրեր առաջ ընթացք առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Թէկուզ եւ բողոքի ցոյցերուն ընդհանուր ձեւաչափութիւնը փոխուած է, սակայն ակներեւ է, որ ցոյցերը կազմակերպողները, ցուցարարները եւ աշխոյժ երիտասարդութիւնը հեռու են յոգնելէ։ Անոնք հաստատակամ են եւ վճռակամ՝ հասնելու համար իրենց հիմնական նպատակին, որն է ստեղծել անկախ մասնագէտներու կառավարութիւն մը։ Յստակ է նաեւ, որ ցուցարարները կը շարունակեն իրենց ձեռքերուն մէջ պահել երկրի քաղաքական ընդհանուր դրութիւնը հունաւորելու բանալիները։ Իսկ այս տեսակէտին ամենէն փաստացի ապացոյցը այն է, թէ այսօր Լիբանանի իշխանութիւնները՝ սկսած երկրի նախագահէն եւ անցնելով խորհրդարանի նախագահին եւ այս երկու առաջնորդներուն շուրջ համախմբուած քաղաքական ուժերուն, առկայ է, նուրբ ըսած, որոշ անորոշութիւն մը, որուն հետեւանքով ալ նախագահ Աուն մինչեւ այս պահը կը հրաժարի նոր վարչապետի անուան շուրջ պարտադիր խորհրդակցութեանց մեկնարկը տալէ։

Հարկ է յիշեցնել, որ ըստ Լիբանանի սահմանադրութեան, երկրի նախագահը ամբողջական իրաւասութիւնը ունի վարչապետի հրաժարականէն անմիջապէս ետք երեսփոխանները նախագահական պալատ հրաւիրել եւ լսել անոնց տեսակէտներն ու նոր վարչապետի անուան մասին անոնց խորհուրդները։

Այս բոլորէն անդին, այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցան երեք ուշագրաւ իրադարձութիւններ։ Առաջինը՝ բրիտանացի յատուկ պատուիրակ Ռիչըրտ Մուրի Լիբանան տուած այցն էր, եւ մինչեւ այս պահը այս այցելութեան պատճառները եւ այցի շրջանակներուն մէջ եղած խորհրդակցութիւնները կը շարունակեն մնալ գաղտնի։ Երկրորդ կէտը՝ նախկին վարչապետին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնն էր, որուն ընթացքին ալ Սաատ Հարիրի կը վստահեցնէր, որ ինք դուրս կու գայ վարչապետութեան մրցավազքէն, այդպէսով առկայ քաղաքական անորոշութիւնը դարձնելոգ համընդհանուր։ Իսկ երրորդ ուշագրաւ իրադարձութիւնը՝ փողոցին մէջ առկայ լարուածութիւնն էր, որ կարգ մը, յատկապէս, քրիստոնէական շրջաններու մէջ կը վերածուէր մտահոգիչ բախումներու։ Այդ բախումները առկայ ցոյցերը կը տանէին այլ հարթութեան եւ շարք մը վերլուծաբաններու տեսակէտով՝ Լիբանանի առկայ տագնապը քաղաքացիականէն կը վերածուէր միջկուսակցական տագնապի։

Անշուշտ փողոցին մէջ եղած բախումներէն ճիշդ մէկ օր ետք Լիբանանի հասարակութիւնը, որ ամէն գնով ճիգ ըրած էր զարգացումները պահել քաղաքացիական մակարդակի եւ հարթութեան վրայ, հանդէս կու գար շարք մը նախաձեռնութիւններով, որոնց հիմնական նպատակը երկիրը քաղաքացիական պատերազմի վտանգներէն հեռու պահելն էր։

Միւս կողմէ, այս ներքին լարուածութիւններու կողքին եւ մինչեւ այս յօդուածին պատրաստուիլը, Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական սուր տագնապը կը շարունակուի եւ տակաւին շատ շատեր կը խօսին համընդհանուր փլուզման մը մասին, որուն նախանշանները արդէն իսկ սկսած են երեւելի դառնալ։

Ամէն պարագայի, այս բոլորին աւելի մանրամասն հետեւելու համար ինծի յաջողուեցաւ խօսիլ եւ կարճ զրոյց մ՚ունենալ պէյրութահայ համայնքային գործիչ՝ Համբիկ Թորոսեանին հետ։

ՏԵՍԱԿԷՏ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ

Լիբանանահայ գործիչ Համբիկ Թորոսեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։ Ստորեւ հարցազրոյցը՝

-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Պէյրութի մէջ։ Այսօր ի՞նչ են դժուարութիւնները։

-Պէյրութի մէջ մեծամասնութիւնը մտահոգող դժուարութիւններէն մէկը եւ գլխաւոր հիմնահարցը տնտեսական տագնապն է, իսկ ամենէն առաջնային պահանջը, որուն համար երիտասարդութիւնն ու ժողովուրդը իջած են փողոց՝ երկար տարիներ աւատապետութեամբ եւ իրերայաջորդ կառավարութիւններով իրենց ներկայութիւնը պահած, պիւտճէն թալանած, քաղաքական ղեկավարութիւնը արմատախիլ ընել ու դուրս շպրտելն է:

Բացի տնտեսութենէն, մտահոգիչ է նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան ուշացումը, որովհետեւ որքան ուշանայ, այնքան յառաջիկայ օրերուն տնտեսական տագնապը պիտի մեծնայ. այսօր շատ մը վաճառատուներ կը փակուին, մեծ հաստատութիւններ իրենց պաշտօնեաները գործէ կը հանեն, կամ կէս օրուայ դրութեամբ կ՚աշխատցնեն, գործազրկութեան շատ մեծ թիւ մը կայ եւ դրամատնային համակարգը սկսած է կաղալ ու այդ պատճառով մարդոց ձեռքը կանխիկ դրամ չկայ:

-Այսօր ընթացող բողոքի ցոյցերը եւ զանոնք իրականացնող երիտասարդներն ու քաղաքացիները պիտի կարողանա՞ն դրական լուծում մը բերել երկրի ընկերային-տնտեսական հարցերուն։

-Մէկ բան շատ յստակ է, որ երիտասարդները, լիբանանցի ժողովուրդը արթնցած է իր թմբիրէն, թէպէտ ուշ է, բայց կարեւորը արթննալն ու գիտակցիլն է: Անոնք համայնքային, դաւանական բոլոր անցարգելները շրջաններուն մէջէն հանած են եւ միացած ու համախմբուած են լիբանանեան դրօշի ներքոյ։ Անոնք այսօր չունին ղեկավար մը, որուն կը հետեւին, իրենցմէ ամէն մէկը ղեկավար եղած է, իրենք կը ղեկավարեն ցոյցերը: Անշուշտ, պիտի ըլլան կողմեր, որոնք կը հովանաւորեն ցոյցերը, բայց ինչ որ կ՚երեւի գետնի վրայ, այս անգամ կան երիտասարդ մասնագէտներէ կազմուած շրջանային ղեկավարներ, որոնք հետապնդող, քաջ, խիզախ երիտասարդներ են. ո՛չ փամփուշտէն կը վախնան, ո՛չ ճնշումներէն. անոնց յաջողութեան հիմնական պատճառը պահանջատէր եւ վճռական ըլլալնին է։

Անշուշտ կան դժուարութիւններ, խոչընդոտներ, որոնք են հատուածական շահերու ղեկավարները, բայց եթէ երիտասարդութիւնը իր ընտրած մէկ թիրախին՝ գողութիւնը, փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը ստուգէ, եւ «բոլորը, այսինքն բոլորը» ուղղութիւնը պահէ, վստահ եմ, որ արդիւնքի պիտի հասնին: Անշուշտ ժամանակ կ՚ուզէ, դիւրին պիտի չըլլայ, ուրիշ նահատակներ ալ կրնան իյնալ, բայց ինծի նման շատեր կը հաւատամ, որ սուրբեր ծնած Լիբանանը, այդ սուրբերու բարեխօսութեամբ եւ աղօթքներու շնորհիւ պիտի դիմագրաւէ այս դժուարին օրերն ալ։

-Շատեր կ՚ըսեն, որ վախ կայ, որ արտաքին ուժեր կամ «խաղացողներ» առիթը օգտագործելով պիտի փորձեն միջամուխ ըլլալ Լիբանանի ներքին հարցերուն։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ առումով։

-Անշուշտ, որ վախեր կան արտաքին ուժերու կողմէ, որոնք պիտի շահագործեն այս կացութիւնը, եւ արդէն յստակ է անոնց յայտարարութիւններէն: Առաջինը Միացեալ Նահանգներն է, որ իր պահանջները ունի, որն է՝ «Հիզպուլլահ»ը հեռացնել քաղաքական թատերաբեմէն եւ ճնշումներ բանեցնել այդ կուսակցութեան վրայ, ապա հաւանաբար գործածել երկրին մէջ տիրող վիճակն ու տնտեսական ճգնաժամը։ Երկրորդ կարեւոր կողմը Եւրոպան է, որ տնտեսական օգնութեան վարկեր տալով՝ պայմաններ կը դնէ, 7 միլիառ տոլարի փոխարէն կ՚ուզէ Եւրոպայի վտանգաւոր, թունաւոր աղբի թափօնները Լիբանան ղրկել։ Երրորդը՝ Իրանն է, որ կ՚ուզէ իր հեղինակութիւնը պահպանել եւ իր պաշտպանութեան գիծը սկսիլ Լիբանանէն, անցնի Սուրիայով, Իրաքով, Եմէնով: Այս բոլոր ուժերու՝ Ամերիկայի, Ռուսաստանի, Եւրոպայի եւ Իրանը բախման կեդրոնը, հաշիւներու մաքրագործման վայրը դժբախտաբար եղած է Լիբանանը ու շատ հաւանական է, որ այս պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսացողներ շատ ըլլան:

-Հայկական թաղամասերուն մէջ ինչպիսի՞ն է վիճակը եւ առհասարակ լիբանանահայութեան համար ի՞նչ են այսօր առկայ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։

-Անշուշտ նոյն մարտահրաւէրները, բոլոր լիբանանցիներուն հետ, մենք ալ կը դիմագրաւենք, որուն հիմնականը, ինչպէս ըսի, նիւթական տագնապն է:

-Հայկական գաղութը պիտի կարողանա՞յ դիմանալ Լիբանանը հարուածող տագնապին։

-Հայկական գաղութը երեսուն տարի դիմացաւ. ճիշդ է, որ հիմա աւելի տկարացած ենք, թիւով ալ ուժ չենք ներկայացներ, սակայն հայը միշտ տոկուն եղած է, միշտ դժուարութիւնները դիմակայած է, եւ այդ բոլորը հաւատքով, յոյսով եւ վստահութեամբ: Այսօր եւս մենք մեր յոյսը չենք կտրած, կը հաւատանք, որ մինչեւ հիմա մեզ պահող Տէր Աստուածը կարող է եկող օրերուն ալ մեզ պահել։ Տէրը խոստում ունի, կարեւորը մենք վստահինք իրեն եւ հաւատանք:

Այս է ընդհանուր իրավիճակը, ամէն բան սպասելի է, քանի որ պղտոր վիճակ կայ, մէկ վայրկեանէն միւսը շատ բան կրնայ փոխուիլ, իրավիճակը յղի է ամէն տեսակ անակնկալներու:

-Լիբանանցի ժողովուրդին որպէս վերջին խօսքը ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել:

-Լիբանանցիներուն հետեւեալ կարգախօսը կ՚ուզեմ յիշեցնել՝ նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար: Ես մեծ յոյս ունիմ եւ լաւատես եմ, որ այս փոթորիկներէն ետք, այս սեւ ամպէն ետք լուսաշող արշալոյս մը պիտի բացուի Լիբանանի երկնակամարին վրայ:

Վառվռուն, գործնական, մաքուր, պարկեշտ երիտասարդներու նոր վարչակարգ մը պիտի ստեղծուի եւ հին դասակարգը բանտերու մէջ իրենց դատաստանը պիտի կրէ եւ դրամները պիտի վերադարձուին: Ես յոյսով եմ. անշուշտ կը սպասուին սեւ, մութ օրերու, բայց ամէն փոթորիկէ ետք խաղաղ ծովափ մը կայ մեր առջեւ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2019