ՄԻ՛ ԾԽԵՐ

4

բ. Մարսողութիւնը նոյնպէս կը վնասուի: Վերը մենք նկարագրեցինք ծխողին բերանին ու ըմպանի դրութիւնը: Քանի մը բժիշկներ նոյնիսկ կը կարծեն, թէ ծխելը պատճառ կը դառնայ լեզուի վրայ քաղցկեղի (րակ) զարգանալուն, որ մահացու հիւանդութիւն մըն է:

Ատիկա ձգենք.

Յայտնի է, որ ծխելը մարդուն ախորժակը կը կապէ, եւ ծխողը՝ եթէ լաւ ալ կ՚ուտէ, վատ կը մարսէ: Ատոր պատճառը այն է, որ թութունին մէջին թոյնը կը հալի թուքին մէջ, կուլ կ՚երթայ եւ ստամոքսին մէջ իյնալով, կանոնաւոր մարսողութիւնը կը խանգարէ եւ յառաջ կը բերէ ստամոքսի եւ աղիքներու զանազան հիւանդութիւններ:

գ. Թոքերը անդադար գրգռման մէջ ըլլալով, կը հիւանդանան. այդ է պատճառը, որ շատեր հազ կը ստանան, որ սկիզբները չոր ու խեղդող կ՚ըլլայ, իսկ յետոյ խռպոտ ու խրոխտ կը դառնայ: Թոքախտ ունեցող ծնողներու որդիներուն համար ծխելը ա՛լ աւելի երկիւղալի է:

դ. Տեսողութիւնը: Ծխախոտի ազդեցութեան տակ ծխողին աչքերուն սրութիւնը կը պակսի:

Սկիզբը, ծխողը կը նկատէ, որ այլեւս առաջուան նման պարզ չի տեսներ, կարծես առարկաները բարակ ամպով պատուած ըլլան, յետոյ մի քանի գոյներ կը կորսուին, մանաւանդ կապոյտ եւ կարմիր գոյները: Կատարեալ կուրութիւն կը պատահի նաեւ, որ յայտնի է՝ ծխախոտի կուրութիւն անունով:

Այսքանով բաւականանանք, թէեւ ծխախոտին ուրիշ տկարութիւններ ալ վերագրեն:

Մեզմէ տակաւին մէկ դար առաջ գիտնական մը այսպէս խօսած է ծխելէն յառաջացած վտանգին մասին.

«Ծխելը մարդուն ատամները կը փճացնէ, կը չորցնէ ու կը նիհարցնէ մարմինը: Ծխողի դէմքին գոյնը կը դալկանայ, տեսողութիւնը կը նուաղի, միտքն ու յիշողութիւնը կը պակսին: Ծխելէն արիւնը գլուխը կը լեցուի ու թոքերն ալ կը լեցուին, ինչ բանէ գլխացաւեր ու կրծքացաւեր կը յառաջանան, եւ կրնայ նաեւ թոքերէն արիւնահոսութիւն յառաջանայ եւ թոքախտ (եթէ, ի հարկէ, ծխողը տրամդրուախ է թոքախտ ստանալու)»:

Կիները տղամարդոցմէ աւելի կը տուժեն ծխելէն, որովհետեւ անոնց կազմուածքը աւելի թոյլ է, ջիղերը աւելի դիւրագրգիռ: Ստնտու (ծիծ տուող) կիներուն ծխելը միաժամանակ անիրաւութիւն եւ յանցանք է, քանի որ, ինչպէս կ՚երեւի, նիքոթինը կաթին մէջ կ՚անցնի:

ե. Նախքան աւարտելս, այստեղ յիշեմ ծխելը եւ այն կողմնակի սոսկալի վնասը, որ սարսափելի հետեւանքներ կ՚ունենայ: Ատիկա վատ ցաւով վարակուին է1:

Երեւակայեցէք, որ սիֆիլիսոտ հիւանդ մը (որուն բերանին մէջ զանազան խոցեր կան), իր բերանին չիբուխը կամ զայլանը ուրիշի մը կու տայ, իբրեւ թէ պատիւ կ՚ընէ: Կասկած չկայ, որ սա՛ ալ կը վարակուի, կը հիւանդանայ այս սարսափելի ցաւով2, եւ ինքն ալ իր տնեցիներուն ու բարեկամներուն կը հիւանդացնէ:

Այս ձեւով վարակուիլը հազուագիւտ բան չէ:

5

ԾԽԵԼՈՒՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԵՌԱՀԱՍՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Դեռահասը մատաղ տունկի նման է. ան լաւ ու բարեբեր պայմաններու մէջ պէտք է աճի ու զարգանայ.- անոր կերածը աւելի սննդարար պիտի ըլլայ, շնչած օդը աւելի մաքուր, քան՝ մեծահասակինը:

Իսկ մեր շուրջը ի՞նչ կը տեսնենք:

Պատանիներ, նոյնիսկ 9-10 տարեկան մանուկներ, ծնողներուն օրինակով վարակուած, փոխանակ մաքուր օդ շնչելու, իրենց թոյլ, կիսազարգացած թոքերը կը լեցնեն ծխախոտի թունալից ծուխը, որ թոքերը կը գրգռէ, արիւնը կը պղտորէ եւ անոնց դեռահաս մարմինները կը թունաւորէ:

Բժիշկ մը հարցուփորձ ըրած է շատ ծխողներու հետ եւ իմացած է, որ 13000 ծխողներու մէջէն սկսած են ծխել՝

6 տարեկան հասակին    1        հոգի

7                 ”                  9           ”

8                  ”                  10         ”     

9                  ”                  15         ”

10                 ”                  31         ”

11                 ”                  23         ”

12                 ”                  35         ”

13                 ”                  46         ”

14                 ”                  100        ”

15                 ”                  193        ”

16                 ”                  123        ”

17                 ”                  121        ”

18                 ”                  122        ”

19                 ”                  69         ”

20                 ”                  90         ”

21                 ”                  70         ”

22                 ”                  107        ”

ապա ծխողներուն թիւը տարիքին հետ կը պակսի:

Լա՛ւ մը նայեցէք այս թիւերուն: Ծխողներուն ամենէն մեծ մասը պատանի հասակին սկսած են, այն է՝ 13 տարեկանէն մինչեւ 18 տարեկանը: Ինչպէ՞ս չսարսափիլ այս վաղաժամ փճացումէն, չէ՞ որ այդ ուղղակիօրէն աղէտ մըն է:

Ա՜խ, եթէ այդ պատանիներուն բացատրող մը ըլլար, թէ սեփական ձեռքով ի՜նչ կրակ կը նետեն իրենց երակներուն մէջ, անոնք կը սարսափէին:

Նշանաւոր բժիշկ մը զննած է 38 ծխող պատանիներ (իննէն մինչեւ տասնհինգ տարեկան հասակի մէջ եղող), եւ հետեւեալը գտած է.

17-ը նիհարցած ու ուժապակաս էին:

22-ը ունէին սիրտի բաբախում, անկանոն մարսողու-թիւն եւ զարմանալի հակում դէպի ոգելից խմիչքները:

12-ը քիթէն յաճախակի արիւնահոսութիւն ունէին, իսկ 10-ը անքնութենէ կը տանջուէին:

Ուրիշ բժիշկ մը կ՚ըսէ.

«Ծխող երեխաները գրեթէ բոլորն ալ վատ կը սորվին եւ աւելի վատ բարքի տէր են, քան չծխողները: Անոնք դիւրագրգիռ, թուլակազմ, վատուժ կը դառնան, գլխացաւէ կը տանջուին եւ առհասարակ աւելի յաճախ կը հիւանդանան ու կը մեռնին»:

Բայց ասով չի՛ վերջանար ծխախոտին վնասը:

Զարմանալի կապ մը կայ ծխելու եւ խմելու կիրքերուն մէջ:

Ծխելուն վարժուած պատանին ձգտում ունի գինի-արաղ խմելու, իսկ այս երկուքին անառակութիւնը կը միանայ:

Այս մէկը բազմաթիւ բժիշկներ նկատած են:

Մէկը կ՚ըսէ. «Յայտնի է, որ արեան պակասութիւն ունեցող, նիհարցած եւ ուժասպառ պատանիները հակում ցոյց կու տան դէպի խմիչքները եւ դէպի անառակութիւն: Այսպիսի պատանիներու մէջ վաղաժամ կը զարգանայ զգայնութիւնը եւ անոնք անգիտակցաբար դէպի միւս սեռը կը ձգտին, իսկ ատոր հետեւանքները զանազան կ՚ըլլան.- մի քանին հասարակ կիներու կը դիմեն, միւսները մարմնաշարժութեան (օնանիզմ - գիջութիւն, օնանականութիւն) անձնատուր կ՚ըլլան, մի քանին ալ վաղաժամ կ՚ամուսնանան»:

Նոյն գիտնականը մանրամասն քննելով պատանիներուն վրայ ծխախոտին կորստաբեր ազդեցութիւնը, հետեւեալ եզրակացութեան կու գայ.

Ծխելը կը յառաջացնէ՝

1. Ընդհանուր թուլութիւն:

2. Ուսման յառաջդիմութեան խանգարում:

3. Վատ վարք ու բարք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

Վաղարշապատ


1 Վատ ցաւը նաեւ Սիֆիլիս կը կոչուի:

2 Տե՛ս իմ «Վատ ցաւ» եւ «Սիֆիլիս, Կակուղ շանկը ու Սուսունակ» գրքոյկները:

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022