ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (15)

Ամբողջ օրը քշեր, կտրեր էին Թեհրանէն դէպի երկրի հիւսիս ճանապարհը Զանան ու քեռին, հասեր էին Հայաստանի սահմանին։ Կանգ էին առեր, պատառ մը կերեր էին, տեղ մը լուացուեր, յետոյ անցեր հանգստի. ամէն մէկը բարձ մը դրեր էր գլխուն ու պատուհանին միջեւ, եւ քնացեր էին բեռնակառքի առաջնասենեակին մէջ մինչեւ բացուեր էր լոյսը։

Հիմա սահմանանց էին արդէն։

Աննկարագրելի հետաքրքրական պահեր էին Զանային համար։

Այնպէս չէր, որ բնութիւնն էր շատ տարբեր. բայց տարածքն այնուամենայնիւ կտրականապէս ուրիշ էր։ Գիւղերն ա՛յլ տեսք ունէին, տուներու ոճը, գոյները, այգիներու կառուցուածքը նոյնիսկ... յատկապէս մարդիկն իրենց հագուկապով, իրենց շարժուձեւով թէկուզ, այնքան ինչքան կը հասցնէր տեսնել Զանան սրընթաց գացող բեռնակառքի պատուհանէն դուրս՝ տարբեր էին, տարբեր։ Ոչ թէ իրենց էութիւնը, տեսքը, գեղեցկութիւնն էին այնքան հմայող Զանային համար, այլ նոյնինքն տարբեր ըլլալու փաստը. այն իրողութիւնը, որ մարդակերտ սահման մը կրնար այնքա՛ն բան փոխել, երբեք  հասու չէր եղած Զանային նախապէս։

Սպիտակ ներկած էր ձիւնն երկիրն ամբողջ, ինչպէս Իրանը։ Չէր գիտեր ինչու, բայց ինքզինք լաւ կը զգար Զանան. սեւ օրուընէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով։ Սպիտակը նոյն սպիտակն էր, նոյն Թեհրանի շուրջ բոլորը խստօրէն բազմած լեռներու ճերմակը։ Բայց թեթեւ էր այստեղ ան։ Սահման հատած, նոր երկիր ու միջավայր եկած ըլլալու հանգամանքը, ա՛յդ ալ սեփական կամքով ու որոշմամբ, ազատութեան զգացում մը կու տար Զանային։ Նաեւ կը կտրէր զինք, իր գիտակցական աշխարհը, սուգն իր մէջ կրող երկրէն. եւ այդպիսով շունչ մը, յոյս մը, լոյս մը կու տար իր տասնվեց տարեկան անմեղ ու - իրականութեան մէջ գիտակից էր - դժբախտացած տղու հոգւոյն։

Երկինքը դատարկ էր բոլորովին. այնտեղ չկային ընկերները Զանային։ Բայց ա՛յս պահուն էին միայն բացակայ, ու գալու էին դեռ. վստահ էր Զանան։

Երեւան երբ հասնէր, աւելի լաւ պիտի ըլլար ամէն ինչ. հաւատացած էր։ Ե՛ւ տարածքը, ե՛ւ մարդիկ, ե՛ւ երկինքը. Եւ...

կեանքը գուցէ...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020