Ի՞ՆՉ Է ՓԱ­ՐԻ­ԶԻ «ԿԼԻ­ՄԱ­ՅԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՄԱ­ՁԱՅ­ՆՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ» ԵՒ Ա­ՆՈՐ ՀԵ­ՏԵ­ՒԱՆՔ­ՆԵ­ՐԸ

Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, 2015 թուականին ստուերագծուած վերոյիշեալ համաձայնութեան գլխաւոր նպատակն էր նուազեցնել համաշխարհային օթերեւութաբանական ջերմացումը 2 սանթիկրատ կամ 3.6 ֆարէնհայթ աստիճանով: Կլիմայ հետազօտող գիտնականները կը հաւատան, թէ որեւէ պատճառով, եթէ այդ առաջարկուած ջերմաստիճանի սեմին գերագոյն չափը գերազանցուի, յետագային շատ լուրջ եւ վտանգաւոր կլիմայի անվերաշրջելի հետեւանքներ պիտի յառաջանան:

«Մենք պիտի տեսնենք ծայրայեղ ջերմութիւն, վնասարար փոթորիկներ, ծովեզերեայ յորդումներ եւ ուտեստեղէնի ապահովութեան տագնապ» ըսած է Մայքլ Օփընհայմըր, Փրինսթընի միջազգային գործունէութեան եւ աշխարհագիտութեան փրոֆեսէօրը:

195 երկիրներու կողմէ ստորագրուած եւ անցեալ տարի գործադրութեան դրուած սոյն համաձայնութիւնը կ՚աշխատի զգուշացնել աշխարհի պետութիւնները նման աղէտէ մը, երկրագունդի ջերմաստիճանը նուազեցնելով եւ մթնոլորտի մէջ արձակուած ածխային գոլորշիները զսպելով:

Գործնականօրէն՝ համաձայնութիւնը օրինապէս ի զօրու է, եթէ մասնակից պետութիւնները ընդունին գործադրել պահանջքները եւ կլիմայի ջերմաստիճանի 2 աստիճանի նուազման ուղղութեամբ լրջօրէն աշխատին: Իրականութեան մէջ սակայն, այս համաձայնագիրի լիազօրութիւնը անկարող է եւ տկար իր գործադրութեան կարգով: Ծուխերու եւ ջերմացման արտահոսումի նպատակակէտերը ինքնին պարտաւորիչ չեն: Օրինակի համար. Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա խոստացած էր Միացեալ Նահանգներու բնածխային երկթթուակի (carbon dioxide) արձակումը նուազեցնել 26-28 առ հարիւրով մինչեւ 2025 թուականը: Բայց եթէ այդ ծրագիրը չյաջողուի իրագործել, որեւէ օրինական հետապնդում կամ պատիժ չէ սահմանուած այդ ուղղութեամբ:

Օպամա «կլիմայի փոփոխութեան համաձայնութիւնը» կոչած է «լաւագոյն առիթը որ ունինք մեր այս միակ մոլորակը փրկելու»: Նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքը սակայն այս ուղղութեամբ, ստեղծած է թշնամութիւններ, հակառակութիւններ եւ երկակի վերաբերմունքներ իրեն հանդէպ: Նախագահ Թրամփ, իր ընտրարշաւի ժամանակ արդէն խոստացած էր այս համաձայնութենէն քաշուիլ եւ ան արդէն կը պահէ իր խոստումը այսօր, բազմաթիւ երկիրներու քննադատութեան եւ նկատողութեան արժանանալով:

Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հեռակայ ծրագիրներէն մին էր կրճատել երկրին գլխաւոր անտեղի մսխումները, որոնք ձեռնտու չէին եւ եկամտաբեր, նկատի առնելով նաեւ երկրին մասնակցութիւնը աշխարհի այլազան երկիրներու մէջ բերած իր առիւծի բաժնի օգնութիւնները:

Այլ խօսքով, Փարիզի կլիմայական համաձայնութիւնը կը խորտակուի իր անգործադրելիութեան պատճառով, աշխարհի պետութիւնները կրկին թողնելով անսանձ, իրենց ռազմական, ճարտարարուեստական, ուտեստեղէնի եւ երկրագործական արտադրութիւններու հեւիհեւ վազքին մէջ:

Բայց, արդեօք այդ պետութիւնները պիտի հետեւէի՞ն համաձայնութեան օրէնքներուն: Կասկածելի էր արդէն համաձայնագրին առաջին օրէն սկսեալ։

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Նոր օր», Լոս Անճելըս

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017