ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ է Սուրբ Պատարագը: Որո՞նք են անոր ամենէն կարեւոր մասերը։

Պատասխան. Պատարագ բառը կը նշանակէ նուէր, ընծայ, զոհ։ Այլ խօսքով «Պատարագը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինին եւ Արեան հաղորդութեան խորհուրդն է, որ քահանային միջոցաւ սրբագործուելով, Հօր Աստուծոյ կը մատուցանէ՝ մեր անդատապարտութեան, քաւութեան եւ մեղքերու թողութեան համար»։ Պատարագը կը բաժնուի չորս մասերու.

ա.- Երախայից պատարագ կամ նախապատարագ։

բ.- Հաւատացելոց պատարագ։

գ.- Կանոն կամ բուն պատարագ։ Եւ՝

դ.- Հաղորդութիւն եւ գոհութեան աղօթք։

Սուրբ Պատարագի ամենէն կարեւոր մասն է՝ բուն Պատարագի մասը, ուր խորհրդանշական նշխարն ու գինին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մարմինին ու Արեան կը փոխակերպուին։ Աւելի կարեւոր մասն է Սուրբ Հաղորդութեան պահը, երբ հաւատացեալները կը հաղորդուին Տիրոջ Սուրբ Մարմինով եւ Արեամբ։

Հարցում. Որո՞նք են Սուրբ Հոգիին շնորհքները։

Պատասխան. Սուրբ Հոգիին շնորհքներն են.

ա.- Ուրիշները իմաստութեամբ յորդորելու կարողութիւն։

բ.- Հոգեւոր գիտութեան հասնելու եւ ուսուցանելու կարողութիւն։

գ.- Հաւատալու շնորհք։

դ.- Բժշկելու զօրութիւն։

ե.- Հրաշագործութեան կարողութիւն։

զ.- Մարգարէական պատգամախօսութիւն։

է.- Հոգիէն տրուած պարգեւները ճանչնալու կարողութիւն։

ը.- Յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսելու շնորհք։

թ.- Այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու կարողութիւն. (Հմմտ. Ա.Կր 12.4-11)։

Հարցում. Որո՞նք են քրիստոնեայ անհատին գլխաւոր առաքինութիւնները եւ անոնց դիմաց՝ մոլութիւնները։

Պատասխան. Գլխաւոր եօթը առաքինութիւններն են.

ա.- Խոնարհութիւն։

բ.- Եղբայրասիրութիւն։

գ.- Հեզութիւն։

դ.- Աշխատասիրութիւն։

ե.- Ողորմածութիւն։

զ.- Բարեխառնութիւն։

է.- Ողջախոհութիւն։

Ասոնց դիմաց կան եօթը մոլութիւններ, որոնք են.

ա.- Հպարտութիւն։

բ.- Նախանձ։

գ.- Բարկութիւն։

դ.- Ծուլութիւն։

ե.- Ագահութիւն։

զ.- Որկրամոլութիւն։

է.- Բղջախոհութիւն կամ ցանկասիրութիւն։

Հարցում. Ի՞նչ կը հասկնանք “պատուիրան” բառով։

Պատասխան. Պատուիրան բառով կը հասկնանք թելադրութիւն, հրահանգ, պահանջք, պատուէր. այսինքն՝ տրուած օրէնքի մը կամ պատուիրանի մը գործադրութիւն եւ հնազանդութիւն։ Աստուած դարերու ընթացքին զանազան միջոցներով Իր պատուիրաններն ու թելադրութիւնները կատարեց մարդ էակին, որպէսզի այս աշխարհի վրայ կարենայ ապրիլ Աստուածահաճոյ կեանք մը:

Հարցում. Թուէ՛ տասը պատուիրանները։

Պատասխան. ա.- Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։

բ.- Դուն քեզի կուռք չշինես ու անոր երկրպագութիւն չընես ու զայն չպաշտես։

գ.- Իմ անունս պարապ տեղ բերանդ չառնես։

դ.- Շաբաթ օրը սուրբ պահէ՛։

ե.- Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ։

զ.- Մի՛ շնար։

է.- Մի՛ գողնար։

ը.- Մի՛ սպաններ։

թ.- Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։

ժ.- Քու դրացիիդ ունեցած որեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար (Ելից 20.1-17)։

Հարցում. Ի՞նչն է Տասնաբանեայ պատուիրաններուն հիմքը:

Պատասխան. Պետրոս Շանշեանցը իր «Ուսումն Պարտուց» գիրքին մէջ այսպէս կը գրէ.

«Տասնաբանեայ պատուիրաններուն գլխաւոր հիմքը այս է, որ կայ մէկ Գերագոյն, Յաւիտենական, Արարիչ, Բարերար, Աստուած, ամենակարող եւ նախանձաւոր Աստուած, վարձահատոյց Աստուած. հետեւաբար, Աստուած՝ մարդուն գերագոյն բարութիւնը: Այս գլխաւոր վարդապետութեան վրայ հիմնուած է ամբողջ բարոյականութիւնը, որուն պատուանդանն է Աստուծոյ հանդէպ սէր՝ հնազանդութեամբ միասին, որ մեր բոլոր պարտաւորութիւններուն սկիզբն է: Աստուած ողորմած է այն մարդոց նկատմամբ, որոնք կը սիրեն զԱստուած եւ կը պահեն ու կը կատարեն Անոր պատուիրանները: Այս գլխաւոր պարտաւորութեան մէջ կը պարունակուին Աստուծոյ նկատմամբ բոլոր պարտաւորութիւնները, որոնք գրուած են պատգամներու առաջին տախտակին վրայ, իսկ երկրորդ տախտակին վրայ գրուած պատգամները կը պարունակեն նաեւ ընկերոջ նկատմամբ պարտաւորութիւնները: Մեր Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած հնազանդութիւնը եւ սէրը կը բանայ մեր սիրտը ամէն բանի համար, ինչ որ մեզմէ հասարակութիւնը կամ մարդկութիւնը կը պահանջէ եւ կը բանայ անոնց պահանջածէն աւելի»:

Հարցում. Ի՞նչ ճշմարտութիւն կը սորվեցնեն մեզի Տասնաբանեայ պատուիրանները:

Պատասխան. Դարձեալ, կը դիմենք Շանշեանցին.

«ա) Տասնաբանեայ պատուիրանները ընդհանուր արդարութեան օրէնք է, որ կը հրամայէ բոլորին հատուցել, ինչ որ պարտաւոր ենք:

բ) Այն բնական իրաւունքներու գեղեցիկ համառօտութիւնն է, որ հինուած է մարդոց՝ Աստուծոյ եւ նմանին հանդէպ ունեցած անփոփոխ յարաբերութիւններուն վրայ:

գ) Այն, աստուածային ուխտ է, որու հետ կապուած են մարմնաւոր կամ ժամանակաւոր եւ հոգեւոր կամ յաւիտենական օրհնութիւնները: “Իր ուխտը, տասը պատուիրանները ձեզի իմացուց ու պատուիրեց, որ զանոնք ընէք եւ զանոնք երկու քարէ տախտակներու վրայ գրեց” (Բ.Օր 4.13):

դ) Այն, ճշմարիտ հիմքն է -գլխաւոր օրէնք- ամբողջ մարդկային միաբանութեան կամ ընկերականութեան, որով ազգերը կը կազմուին ու կը հաստատուին: Ան իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ կը հաստատէ ընկերականութեան իւրաքանչիւր անդամին համար: Ան կը ծանուցէ եւ կը հաւաստիացնէ, որ Աստուած է գլուխը մարդկային ամբողջ միաբանութեան. ուստի, կը պատուիրէ զԻնք ճանչնալ որպէս ամենակարող եւ յաւերժական պաշտպան օրէնքներու:

ե) Տասնաբանեայ պատուիրանները կանոնաւոր Աստուածպաշտութեան հիմքն է: Անով կրնանք արժանաւոր կերպով պաշտամունք ընծայել Աստուծոյ եւ պահել արդարութեան ոգին. որովհետեւ Ան է, որ մեզի կը յիշեցնէ մեր պարտաւորութիւնները եւ մեր միտքը կ՚արթնցնէ՝ չմոռնալու մեր կոչումը եւ մեր մեծ նպատակը»:

Հարցում. Ի՞նչ է մարդկային կեանքին նպատակը։

Պատասխան. Մարդկային կեանքին նպատակը Աստուծոյ կամքը կատարելն է, այլ խօսքով գործադրել Աստուծոյ պատուիրանները, գործադրել Քրիստոսի թելադրութիւններն ու ուսուցումները, հաւատալ Քրիստոսի մարդասիրական առաքելութեան, որ երկու հազար տարիներ առաջ իրագործեց, Իր անձը որպէս զոհ մատուցելով Իր Հօր, մարդուն փրկութեան համար։ Տակաւին, մարդկային կեանքին նպատակը յուսալ է Երկինքի Արքայութեան եւ յաւիտենական ուրախութեան, մասնակից դառնալու Տիրոջ անմահական սեղանին եւ երկնային զօրութիւններուն հետ, ընդ միշտ օրհներգելու եւ փառաւորելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։

Հարցում. Ճակատագիր կամ նախախնամութիւն գոյութի՞ւն ունին։ Ի՞նչ կը նշանակէ ազատութիւն։

Պատասխան. Ճակատագիր գոյութիւն չունի, որովհետեւ Աստուած մարդը ազատ ստեղծեց եւ անոր բանականութիւն տուաւ, ընտրելու բարին կամ չարը։ Աստուած նախախնամող եւ կանխատես ըլլալով, սկիզբէն գիտէ, թէ մարդ ինչ պիտի ընէ, եւ այդ պատճառով մարդուն տուաւ պատուիրաններ եւ Իր Միածինին միջոցաւ անոր փոխանցեց ուսուցումներ, որպէսզի մարդը կարենայ իրեն տրուած ազատութեամբ ու բանականութեամբ լաւը ընտրել։ Եթէ ճակատագիր գոյութիւն ունենար, այն ատեն ազատութիւն գոյութիւն չէր ունենար, որովհետեւ ազատութիւն կը նշանակէ ինքնանկախ եւ անձնական որոշումներ առնել, ճշդել կեանքի ընթացք մը եւ այդ ընտրած ուղիով ընթանալ։ Մարդուն ազատութիւնը սակայն, կը կայանայ իր անձին սահմաններուն մէջ, երբ իրմէ դուրս կ՚ելլէ, կը դադրի ազատութիւն ըլլալէ, եւ կը դառնայ բռնատիրութիւն։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 20, 2019