ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԸՆԴԴԷՄ ԽՈՐԵՆԱՑԻԻ «ՈՂԲ»Ի ՉԱՐԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ

«…Վրդովեցաւ խաղաղութիւն, արմատացաւ անկարգութիւն. դրդուեցաւ ուղղափառութիւն, կայկայեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւն»:
ՈՂԲԸ, Պատմահայր Մովսէս Խորենացի, Ե դար

Ի՞նչ է հայուն համար ազգային գաղափարախօսութիւնը ներկայի միտքերու, հոլովոյթի, ըմբռնումներու, գործակցութիններու, հակամարտութիւններու եւ տնտեսական-քաղաքական բազմագոյն անտէր անտառին (jungle) մէջ:

Պարզ. հայ ազգային ըմբռնումի դաստիարակութեան պէտք է սկսիլ իւրաքանչիւր հայածնունդի համար, որպէսզի ինչ որ մնացած է մեր համրանքէն, դուրս գայ սոսկ ծագումով հայ դառնալու եւ հուսկ անհետանալու մատներու արանքէն դիտուած ջրապտոյտէն:

Երբ գաղափարախօսութիւն կ՚ըսուի, idéologie, դէմ յանդիման կը գտնուինք հոսանքներու, ըմբռնումներու, կարգախօսներու, տարազներու. անիշխանականութիւն (anarchistes), բնապահպանութիւն (écologie), միասեռականութիւն՝ իր բոլոր տարբերակերով, ցեղապաշտութեան դէմ շարժումներ, ինքնակառավարման զանազան ձեւեր, միացման գաղափարախօսութիւն են կրօնները, ընկերվարութիւնը (socialisme) իր տաբերակներով, ժողովրդավարական, արմատական կամ համայնավարական (communisme):

Բնական է, որ մեր ժողովուրդը բաղկացնող անհատները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, սոսկ հանդիսատես չեն, յաճախ մասնակից են եւ անբնական չէ, որ տեղի ունենան տեսակէտներու բախումներ, քանի որ ենթակայ ենք զանազան մշակոյթներու ազդեցութիւններուն, անոնց մէջ դաստիարակուած ենք, անոնցմով կազմաւորուած:

Աշխարհի մեծ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համար գաղափարախօսական բազմազանութիւնը գոյութենական վտանգ չէ: Ռուսաստանը մնաց, հզօր է, երբ այլեւս չկայ համայնավարութիւնը: Չինաստանը, եթէ վաղը վարչաձեւ փոխէ, կը մնայ հզօր: Ֆրանսան անցաւ Մեծ Յեղափոխութեան բովէն, ընկերային-աշխատաւորական  զանգուածային շարժումներ ունեցաւ, միշտ բեմ է աջի եւ ձախի պայքարներու, բայց կը մնայ կայուն, նոյն հողամասով եւ նոյն լեզուով:

Փոքրիկ Հայաստանի համար պերճանք է գաղափարախօսական բազմազանութիւնը ներածել, կապկել եւ պառակտուիլ: Իսկ սփիւռք(ներ)ի պարագային գաղափարախօսութիւնները պատշաճեցումներ են, քաղաքացիական վերաբերում, նաեւ միտում՝ ցոյց տալու՝ որ լաւ մերուած ենք (intégré):

Սփիւռք(ներ)ի հայ ազգային ըմբռնումը, բախտաւոր պարագային, համայնքային է, անքան միայն՝ որ բնակավայրի տեղացիութիւնը անոր տեղ կը ձգէ:

Եթէ փորձենք մտածել, մեր իւրայատուկ կացութենէն մեկնիլ եւ ընկալել տեսութիւնները, կրնանք հասնիլ այն եզրակացոթեան, որ անոնց արձագանգելէ առաջ, մենք պիտի գիտնանք նաե՛ւ, որ մեր կացութիւնը եւ գոյութենական խնդիրները չեն բաղդատուիր ուրիշներու:

Մենք հայրենահանուած եւ հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդ ենք:

Այս կամ այն գաղափարախօսութիւնը կրնայ մեզ շլացնել որպէս անհատ եւ քաղաքացի, բայց անոնք ինչպէ՞ս կրնան լուծել մեր հարցը, իսկ եթէ մենք կոտորակուինք անոնցմով, մեր գոյութենական եւ իրաւունքի հարցերուն լուծում չենք գտներ, կ՚երթանք ինքնաքանդումի:

Եթէ այսօր անցեալի արդէն գրքունակ դարձած տարազներով եւ կարգախօսներով ուզենք առաջնորդուիլ, ոչ թէ տեղ քայլ կ՚ընենք, այլ լսող եւ հետեւող չենք ունենար մեր ժողովուրդին մէջ: Ուրիշներ մեզի պիտի չհետեւին, կրնան համակրիլ, օժանդակել, բայց այդքան միայն: Մեր գոյութենական հարցերը, լինել չլինելը, ոչ ոքի յանձնառութիւն կրնան ըլլալ: Աշխարհայեցողութեան, բարոյահոգեբանական եւ տնտեսաքաղաքական տակնուվրայութիւն կ՚ապրի մարդկութիւնը: Երեւոյթին անդրադառնալու համար անմիջականութիւններէն անջատուիլ պէտք է գիտնալ, ինչ որ դժուար փորձ է, մեծերուն եւ փոքրերուն համար:

Համաշխարհային բարդացած կացութեան մէջ, յիշատակի եւ ինքնագոհութեան ժառանգուած եւ կրկնուած կարգախօսները չեն կրնար նախատեսող եւ որոշիչ դեր ունենալ: Չունին նաեւ մեզի համար մանաւանդ:

Համաշխարհայնացման ներկայութեան փաստը բերաւ նաեւ պսակաձեւ ժահրը (covit 19): Մարդկութիւնը մէկ է մոլորակին վրայ, ինչ որ շեշտուեցաւ հեռաւորութիւններու ջնջումով եւ բոլոր տեսակի յարաբերութիւններու արագացումով: Մարդկութիւնը չի կրնար գոյատեւել եւ խաղաղութեան հասնիլ այնքան ատեն, որ չյաղթահարուին անհաւասարութիւնները,  չյարգուին ըմբռնումի տարբերութիւնները,- կրօնական, մշակութային, լեզուական, կենցաղային: Անհաւասարութիւններու յաղթահարումը ենթադրել չի տար, որ պէտք է ստեղծուի միօրինականութիւն, նոյնացում, որոնք բացորոշ կերպով գերակայկան եւ ցեղապաշտական են:

Տարբերութիւնները ժառանգութիւն են եւ հարստութիւն, շարունակութիւն ըլլալու գիտակացութիւն: Զանոնք անհետացնելու միտումը տրամաբանութիւնն է տիրողի, որպէսզի իշխանութիւնը ամրանայ, կեդրոնախոյս ուժեր չյայտնուին:

Մարդկութիւնը, մեծ եւ փոքր ժողովուրդները, եթէ հասնին այն իմաստութեան, որ պէտք է կառուցել միութիւնը տարբերութիւններու եւ զանազանութիւններու համադրումով, այն ատեն կը նուաճուի իրաւ քաղաքակրթական մակարդակ եւ կը հաստատուի իրաւ արդարութիւն:

Մեր ժողովուրդը, իր պատմութեան ճակատագրական ներկայ պահուն, նկատի առնելով իր աշխարհագրական դիրքը, դրացիները, այսօրուան եւ վաղուան բարդութիւնները դիմագրաւելու համար քաղաքական միացնող իմաստութեան կարիք ունի, որպէսզի Հայաստան եւ Հայութիւն կարենան մնալ պատմութեան բեմին վրայ, չերթան միանալու  անհետացած ժողովուրդներուն, որոնք պատմական յիշատակ են։

Այս կամ այն երկրին մէջ ծնունդ առած գաղափարները երբ որպէս նորարարութիւն կը կապկենք, կ՚երաշխաւորե՞ն մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը: Մեր կողմէ անոնց որդեգրումը մեզ չի՞ տանիր անոնց քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին մէջ հիւլէանալու: Չեմ դատեր այլ գաղափարախօսութիւններու մեծութիւնը, արդարացիութիւնը, շքեղութիւնը: Բայց կը մտածեմ, որ անոնք մեր ժողովուրդի գոյութեան սպառնացող գրաւման բանակի վտանգ են, եթէ չանցնին մեր ազգային առաջնահերթութիւններու, ինքնութեան, արժէքներու եւ իրաւունքի բովէն:

Ինքնուրոյն ազգ մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ, մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը յստակութեամբ եւ առանց ճապկումներու պէտք է ընդունի եւ արձանագրէ անհատներէ, շահախնդրութիւններէ, համայնքներէ եւ արդարացումներէ անդին, հիմնարար եւ հիմնական ըմբռնումներ, որոնք չըլլան աւուր պատշաճի սրահ յուզող խօսքեր, աւանդական հանդիսութիւններ, այլ ըլլան  յանձնառութիւն:

Հայ ազգային իրաւ գաղափարախօսութիւնը պէտք է հիմնուի սկզբունքներու վրայ, անոնք պէտք է հասնին իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, եւ որդեգրուին:

- Մէկ եւ միացեալ հայրենիք, պատմական անարդարութեան սրբագրութեամբ:

- Մէկ-միացեալ ժողովուրդ, նպատակադրելով նոյն երդիքի տակ համախմբումը:

- Հայերէնը հայ ազգի գոյութենական անշրջանցելի ազդակն է, անով խօսիլ եւ գրել ինքնութեան հիմնական արժէք է, զայն անվերապահ կերպով պէտք է դարձնել ներազգային հաղորդակցական միջոց, որպէս ազգային վերապրումի քաղաքական առաջադրանք եւ պահել իր հարազատութեամբ:

- Հայաստանաբնակի եւ սփիւռք(ներ)ի անբնական եւ պարտադրուած տարբերութիւնը ըստ ամենայնի մերժելի համարելով, ազգի եւ հայրենիքի ճակատագրի տնօրինումը պէտք է ըլլայ համահայկական եւ իրակակացուի միացեալ ղեկավարութեամբ եւ յանձնառութեամբ (այս կէտի մանրասնութիւնները, ինչպէս տուրքի եւ ազգային ծառայութեան կը ճշդուին հաւասար պարտքի սկզբունքով):

- Հայրենատիրութիւնը կենսագործել հայրենադարձութեամբ, զայն դարձնելով անմիջական քաղաքական-կազմակերպական առաջադրանք:

- Անկախաբար քաղաքականէ, վարչականէ եւ տնտեսականէ, կեանքի կոչել իմաստուններու խորհուրդ մը, որ ապագայ նախատեսելու եւ բարդութիւնները յաղթահարելու ուղի կը գծէ:

Ուրիշի չնմանիլ: Չըլլալ ուրիշի խեղճացած հետեւորդը:  Գործակցիլ՝ հաւասարութեան սկզբունքով, առանց մտահան ընելու մեր հիմնահարցերը: Որպէսզի չանհետանանք պատմութեան բեմէն, չընկղմինք անհարազատ ովկիանոսներու մէջ, որոնք ինքնութեան կորուստի եւ ձուլման դրախտներն են:

Այսինքն, տոկալու եւ տեւելու համար ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԱՍԹԸՐ ՓԼԱՆ մը պէտք է ունենալ: Այլապէս արագացած դարը մեզ կը հարթէ: Այս պէտք է ընել ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի, այլ գիտակցուած յաւելեալ պարտքի անսեթեւեթ եւ հակա-ամբոխավար ըմբռնումով, գերանցելով մեզ ներքնապէս կրծած եւ կրծող ազգի եւ հայրենիքի լինելութեան չառնչուող զարտուղութիւները:

Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) կանգնած ենք մասնակին, թաղայինը, համայնքայինը, անհատական շահն ու փառասիրութիւնը, կղզիացումները, գաղութային տեղայնութիւնները, անտեղի դարձած երեւելիութիւնները եւ փակ ու փակուած շրջանակները համազգային համարելու անհորիզոն ախտը, ժամանակավրէպ հեղինակութիւնները եւ ապազգայնացնող բոլոր բացասականութիւնները  յաղթահարելու հրամայականին դիմաց:

Պիտի կարենանք կենսագործել այն միտքը, որ ոչ թէ այս կամ այն անհատը, կազմակերպութիւնը, հեղինակութիւնը իրաւունք ունին, այլ իրաւունք ունին ազգը եւ հայրենիքը: Պէտք  է դադրիլ սաւանը դէպի մէկ կողմ քաշելէ:

Այս եթէ չընենք այսօ՛ր, նոր Մովսէս Խորենացի մըն ալ պիտի չգայ, որ մեր եւ գալիք սերունդներուն համար նոր հին իր ՈՂԲը կրկնէ.

«Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ, հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն. զի բարձաւ թագաւոր եւ քահանայ, խորհրդական եւ ուսուցող, վրդովեցաւ խաղաղութիւն, արմատացաւ անկարգութիւն. դրդուեցաւ ուղղափառութիւն, կայկայեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւն»*:

Կրկնէ եւ ալ լսող չգտնէ:

Փոխան եզրակացութեան.

Բարերար մը չկա՞յ, որ ՈՂԲԸ հրատարակէ արեւելահայերէնով, արեւմտահայերէնով, այն բոլոր լեզուներով՝ ուր հայածնունդներ կ՚ապրին… եւ հասցնէ իւրաքանչիւրին՝ իր յարկին տակ:

Լուսաբանուելով եւ պատմութիւն հասկնալով, թերեւս տպուած թուղթը վերջ կու տայ  ներազգային պատերազմական վիճակին…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ


* Ողբում եմ քեզ, Հայոց աշխարհ, ողբում եմ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերի մէջ վեհագոյնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ եւ ուսուցանողդ. վրդովուեց խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտուեց ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեց տգիտութեամբ չարափառութիւնը:

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020