ՊԱՀՊԱՆԵՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ

Ա.- ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԳԻՐՆ Է ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՈՐՈՇՈՂԸ

Լեզուագիտութեան մէջ ընդունուած տեսակէտ մըն է, թէ լեզուին բոլոր յատկութիւնները կը կրեն ժողովուրդի մտածելակերպին, միջավայրին եւ քաղաքական կեանքի ազդեցութիւնը:

Այսինքն՝ իր ապրած կեանքի ընթացքով ժողովուրդը կ՚որոշէ լեզուին ճակատագիրը:

Լեզուական փոփոխութիւններու, առաւել կամ նուազ չափով ենթակայ են բոլոր լեզուները: Կը փոխուին հնչիւնական կազմն ու օրէնքները, բառերը, քերականական ձեւերը եւ ուղղագրական կանոնները:

Այդ փոփոխութիւնները կը կատարուին աննկատելիօրէն, աստիճանաբար, մինչեւ որ կազմեն նոր որակ, որպէս լեզուի զարգացման նոր փուլ:

Յիշենք՝ հայ ժողովուրդի դառն ճակատագրի հետեւանքով, 387 թուականին Պարսկաստանն ու Բիւզանդիոնը համաձայնեցան Հայաստանը բաժնել երկու մասերու, որոնք ըստ իրենց աշխարհագրական դիրքերուն կոչուեցան Արեւելահայաստան եւ Արեւմտահայաստան:

19-րդ դարուն երբ կը ձեւաւերուէր աշխարհաբարը իբրեւ գրական լեզու, Հայաստանի երկուածութիւնը կը շարունակուէր: Ամէն մէկը ունէր իր տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեդրոնը: Արեւելահայոց կեդրոնն էր՝ Թիֆլիզը, արեւմտահայոց կեդրոնը՝ Կ. Պոլիսը:

Գրական հայերէնի երկու տարբերակները՝ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը կազմուեցան հիմք ունենալով երկու կարեւորագոյն բարբառներ:

Արեւելեան Հայաստանի գրական լեզուի հիմքը դարձաւ Արարատեան դաշտավայրի խօսակցական լեզուն՝ արարատեան «ում» ճիւղի բարբառը: Իսկ արեւմտահայերէնի հիմքը դարձաւ Կ. Պոլսոյ «կը» ճիւղի բարբառը:

Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութիւնները ի յայտ կու գան ուղղագրութեան, ձեւաբանութեան, շարահիւսութեան, բառագիտութեան եւ հնչիւնական համակարգին մէջ:

Բ.- ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐԸ ԹԷ ԻՆՉՈՒ ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Քանի որ լեզուի մը բոլոր յատկութիւնները սերտօրէն առնչուած են ժողովուրդին ապրած միջավայրին եւ քաղաքական կեանքին հետ:

Հետեւաբար հայութեան երկու հատուածներու պատմական ճակատագրի հետեւանքով, գրական հայերէնի երկու տարբերակները՝ արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը ունեցան զարգացման տարբեր ուղղութիւններ եւ տարբեր ճակատագիր:

Այս առումով Արեւելահայերէնին վիճակուեցաւ դառնալ պետական լեզու:

Մինչ Արեւմտահայերէնի անորոշ հեռանկարը, պատճառ դարձաւ որպէսզի Լեզուաբանական նորագոյն մեթոտներով քննութիւնը հիմնուի միայն Արեւելահայերէնի վրայ որպէս՝ պետական լեզու:

Բոլորովին մոռնալով, որ ժամանակակից հայոց լեզուի կառուցուածքի ամբողջական նկարագրութիւնը տալու համար, չենք կրնար անտեսել արեւմտահայերէնի գոյութեան փաստը:

Արեւելահայերէնը որպէս ժողովրդական պարզ լեզու դարձաւ մատչելի ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար:

Իսկ արեւմտահայերէնը պահելով գրաբարեան դասական դրոշմը, դարձաւ մենաշնորհը գրողներու եւ մտաւորականներու:

Հեռու մնաց ժողովուրդի լայն զանգուածներէն, որոնք կառչած մնացին իրենց գաւառաբարբառին:

Գրական հայերէնի այս երկու դրսեւորոմները, իրենց լեզուական կառուցուածքով ունին որոշ տարբերութիւններ:

Արեւելահայերէնը իր քերականութեամբ մօտիկ է գրաբարին, իսկ բառապաշարով հեռու:

Մինչ արեւմտահայերէնը ճիշդ հակառակը՝ իր լեզուական արժէքով աւելի մօտ է գրաբարին, քերականութեամբ՝ հեռու:

Զգալի է տարբերութիւնը հնչիւնական համակարգին մէջ:

Արեւելահայերէնը հաւատարիմ մնաց գրաբարեան դասական հայերէնի, Մեսրոպեան գիրերու ստեղծը-ւած մէկ հնչիւնին մէկ տառ սկզբունքին: Այդպիսով արեւելահայերէնը պահեց եռաշարք բաղաձայնական համակարգը:

Այսինքն՝ հին հայերէնի բաղաձայն հնչիւններու համապատասխան որակները: Այստեղ կարեւոր դեր ունի շնչեղ-ոչ շնչեղ հակադրութիւնը :

Ինչպէս՝ բ, պ, փ, - գ, կ, ք, - դ, տ, թ, - ձ, ծ, ց, - ջ, ճ, չ:

Իսկ արեւմտահայերէնը պահեց միայն երկշարք բաղաձայնական համակարգը: Այդպիսով յառաջացան նմանաձայն, նոյնահունչ տառեր:

Ինչպէս՝ բ, փ, - գ, ք, - ջ, չ, - ձ, ց, ուր գոյութիւն չունի հնչեղ-ոչ հնչեղ հակադրութիւնը:

Այս երեւոյթը պատճառ դարձած է աշակերտին մօտ շփոթ ստեղծելու:

Եւ այդ պատճառով նոյնահնչիւն տառերը յաճախ կը գրուին մէկը միւսին փոխարէն:

Հետեւաբար, նոյն հնչիւնը տարբեր տառերով եւ նոյն տառը տարբեր հնչիւններով արտայայտելու միջոցը, գիտականօրէն կը նկատուի այբուբեններու թերութիւններէն մէկը:

Ահա թէ ինչու գրական հայերէնի երկու տարբերակները՝ Արեւելահայերէնն ու Արեւմտահայերէնը, պատմական իրադարձութիւններու, ժամանակաշրջանի քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով, ունեցան զարգացման տարբեր ուղղութիւններ:

Գ.- ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՈՉ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱՅՑ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒ Է ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԹԷ՞ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐԷՆ

Անցնող տասնամեակներուն, սփիւռքի գաղութներուն մէջ հայկական վարժարաններու թիւի նուազումով, հայ սերունդներուն դաստիարակութիւնը դարձաւ խնդրոյ առարկայ :

Լիբանանի հայահոծ գաղութին մէջ վարժարան մը կը փակուէր: Անդին Փարիզի մէջ համարեայ գոյութիւն չունէր Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը:

Սփիւռքի մամուլը ողողուեցաւ զգաստութեան կոչերով, ըմբռնելու պահին ծանրակշիռ բնոյթը, առաջքը առնելու սպառնացող վտանգին:

Եւ հասանք այն եզրակացութեան, թէ համասփիւռքեան ուսումնական պատասխանատու մարմնի մը գոյութիւնը այդ օրերուն ոչ միայն անհրաժեշտութիւն, այլեւ անյապաղելի պահանջ մըն է:

Այդպիսով միայն կարելի է կանխել սփիւռքի գաղութներուն մէջ հայապահպանման հիմնական ազդակի տեղատուութիւնը, Հայոց լեզուի ընդհանուր նահանջը:

Բայց չէ՞ որ մենք աւելի շատ կը խօսինք քան կը գործենք: Զարմանալի չէ, որ մինչեւ այսօր դեռ չենք հասած շօշափելի արդիւնքներու եւ դրութիւնը դարձած է աւելի մտահոգիչ:

Լեզուի նահանջը ընդհանուր եւ տխուր երեւոյթ մը կը պարզէ ամէնուրեք: Երբ տակաւին օրէ օր դպրոցներ կը փակուին սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ:

Հայոց լեզուն կը նահանջէ ամէնուր եւ ամէն տեղ: Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ նահանջը զգալի է հասարակական բնագաւառներու մէջ իր խիստ սահմանափակ գործածութեամբ:

Որովհետեւ նոր սերունդը չունի հայերէն լեզուամտածողութիւն, որովհետեւ շրջապատի մէջ տիրող ընթացիկ լեզուն օտար լեզուն է:

Դրութիւնը կը տարբերի Արեւելքի մեր գաղութներէն, ուր դեռ կը գործեն ամենօրեայ հայկական վարժարաններ: Այս պարագային ալ զգալի է հայերէն լեզուի նահանջը՝ որպէս որակ:

Որովհետեւ քիչ չեն ծնողներուն թիւը, որոնք նախապատուութիւնը կու տան օտար վարժարաններուն եւ իրենց զաւակներուն հետ կը խօսին օտար լեզուով:

Եթէ սփիւռքի ընդհանուր պատկերը ունենանք մեր աչքին առջեւ, պիտի տեսնենք, թէ այսօր գրեթէ անհետացած է գաւառաբարբառով խօսող սերունդը:

Իսկ ժողովուրդին կենդանի լեզուա-հաղորդակցման միջոցը խօսակցական լեզուն է, որ հասարակութեան տարբեր խաւերու մօտ յառաջացուցած է բառապաշարի զգալի նահանջ եւ լեզուի աղաւաղում:

Այն պատճառով, որ սփիւռքահայը զանազան գաղթօճախներու մէջ, շարունակաբար շփման մէջ կը գտնուի տեղացի բնակչութեան լեզուական աշխարհին հետ:

Եւ բնական է, որ լեզուի հնչական տարբերութիւններ յառաջանան միջավայրի եւ շրջապատի ազդեցութեամբ:

Ազդեցութեան նմանօրինակ երեւոյթներ կը յայտնուին բառապաշարի, քերականական կառուցուածքներու եւ ընդհանրապէս դարձուածաբանութեան մէջ:

Հետեւաբար այսօր սփիւռքի 3-րդ եւ 4-րդ սերունդը միջավայրի եւ շրջապատի ազդեցութեամբ, արհեստականօրէն կը վերստեղծէ դարասկզբի մշակուած արեւմտահայերէնը:

Այս դրութիւնը մեզի ըսել կու տայ, թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ, ժողովուրդին խօսակցական լեզուն սփիւռքահայերէնն է:

Նման պարագայ մը, յետագային կրնայ խորացնել գրական եւ խօսակցական լեզուներու միջեւ եղած տարբերութիւնները:

Եւ օր մը հարուստ եւ կորովի արեւմտահայերէնը, ժողովուրդի մեծամասնութեան համար կրնայ դառնալ գրքային, ոչ կենդանի: Այն ինչ որ պատահեցաւ մեր հին լեզուի՝ գրաբարին հետ:

Երեւոյթ մը, որ վերատեսութեան կը կարօտի համասփիւռքեան ջանքերով: Յատկապէս ի մտի ունենալով, թէ Արեւմտահայերէնը դեռ կը շարունակէ գոյատեւել իբրեւ սփիւռքահայութեան լեզուա-հաղորդակցման միջոց:

Հետեւաբար, որպէսզի լեզուն մնայ կենդանի, հարկաւոր է նախ փրկել հասարակութիւնը, փրկել հայ դպրոցը:

Չմոռնանք՝ որ ժողովուրդը ինքն է, որ կ՚որոշէ լեզուին ճակատագիրը…

Դ. ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է

Եթէ մենք՝ պատմական ճակատագրի բերումով, քաղաքական դժբախտ բաժանմամբ ունեցանք արեւելեան եւ արեւմտեան աշխարհաբարը: Լեզուական տեսանկիւնէն, մեր լեզուի այս երկու տարբերակները կը հանդիսանան հայոց լեզուի հարստութիւնը:

Լեզուներու զարգացման օրէնքին համաձայն, երբ ժողովուրդի մը գաւառաբարբառներէն մին՝ գերակշռութիւնը ունի ցեղակից բարբառներու վրայ, իր կազմութեան կատարելութեամբ:

Ժամանակի ընթացքին այդ բարբառը կը սկսի տիրապետել միւսներուն վրայ, ի վերջոյ կը դառնայ պաշտօնապէս ընդունուած լեզու:

Այսպէս պատահած է Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանսի լեզուի եւ նոյնպէս Գերմանիոյ Հարաւային գերմաներէնի պարագային, նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ: Այն ինչ որ պատահած է Հին հայերէնի եւ Նոր հայերէնին համար:

Օրինակ, ինչ անպատեհութիւն ունեցած է ֆրանսերէնի համար «Փրովանսիալ» լեզուի եւ գրականութեան գոյութիւնը: Կամ անգլիական եւ ամերիկեան անգլերէնը, որ թէեւ տարբեր ազգութիւններու լեզուներ են, բայց միաժամանակ կը հանդիսանան միեւնոյն լեզուի երկու ձեւերը:

Հետեւաբար կ՚ուզենք շեշտել, թէ Հայոց լեզուի երկու տարբերակներու՝ Արեւելահայերէնի եւ Արեւմտահայերէնի գոյութիւնը, չի նշանակեր երկու տարբեր ազգային լեզուներու գոյութիւնը: Այլ կը նշանակէ, թէ հայ ժողովուրդի գրական լեզուի երկու տարբերակները, ժամանակակից հայերէնի կառուցուածքի ամբողջական պատկերն է: Հայոց ազգային լեզուի գոյութեան երկու ձեւերն են։ Եւ կը նշանակէ՝ թէ Հայ ժողովուրդը ունի մէկ Ազգային լեզու՝ Արդի Հայերէնը, իր գրական երկու դրսեւորումներով:

Ե. ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏՆ Է

«Լեզուն ամենանուրբ երեւոյթներից է,

սիրողականութիւն չի հանդուրժում,

կամայականութիւններ չի հանդուրժում»:

Գէորգ Ջահուկեան

Եթէ կարենանք ճիշդ ընկալել մեր մեծերուն՝ հայոց լեզուի պատմութեան խորագէտ, անուանի հայագէտներու, հայագիտութեան տեսաբաններու խորհուրդները, պիտի կարենանք իրականցնել մեր ազգային միասնութիւնը, հայրենիքի, ազգի ու ժողովուրդի, հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթի միասնութեամբ:

Անցնող տասնամեակներուն, հայագիտութեան խոշորագոյն լեզուաբաններէն, միջազգային ճանաչում ունեցող ներհուն գիտնական՝ Ակադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեան (որուն աշակերտելու բախտը ունեցած եմ), վերլուծելով հայ ժողովուրդի լեզուական մերձեցման խնդիրը, լեզուագէտի իր հիմնաւորուած խօսքը, որպէս կտակ կը փոխանցէր սերունդներուն.

«Հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածների լեզուակսն մերձեցման խնդիրը առաջնակարգ, բայց աստիճանական լուծում պահանջող խնդիր է, որ պէտք է հիմնուի որոշակի ծրագրերի վրայ:

«Եթէ մենք կարողանանք ներքին եւ արտաքին սփիւռքի ներկայացուցիչների հետ պարբերական հանդիպումներ ունենալ, մշակել տառադարձութեան ըստ հնարաւորին մօտ սկզբունքներ. որոշենք տերմինաբանութեան եւ բառագործածութեան քիչ թէ շատ ընդհանուր նորմաներ, իրականացնենք ուղղագրական, կէտադրական եւ ուղղախօսական ընդհանուր միջոցառումներ, ընդհանրապէս քայլ առ քայլ իրար ընդառաջ գնանք այն բոլոր հարցերուն, որոնց մէջ կարելի է ընդառաջ գնալ, այդ կը լինի շատ աւելի օգտակար, քան արեւելահայ ուղղագրութեան միակողմանի եւ հապճեպ փոփոխութիւնը»:

Այս ուղղութեամբ կարեւոր է ընդգծել հետեւեալ նկատառումները, ի մտի ունենալով.-

Ա.- Լեզուն ընդհանրապէս կը կազմուի կենդանի գործածութեան մէջ:

Լեզուն կարելի չէ ստեղծել մեր ցանկութեամբ եւ մեր ցանկացած պահին:,

Բ.- Երկու գրականներու բառապաշարը, կարելի է բնութագրել մերձեցման փոխներթափանցման որոշակի միտումներով:

Գ.- Արեւմտահայերէնի քննութիւնը հարկաւոր է կատարել լեզուաբանական նորագոյն մեթոտներով, նկատի առնել՝

1- Գրական արեւմտահայերէնի կանոնական մակարդակը, քերականական կառուցուածքը, զարգացման ներկայ իրավիճակին մէջ:

2- Արեւմտահայերէնի լեզուական երանգները, բառաձեւերու, կենսունակ բառերու ներկայիս ունեցած գործածութեան ոլորտները: Լեզուի զարգացման ուղղուածութիւնը:

Որովհետեւ՝ կանոնաւորուած արեւմտահայերէնը միայն կրնայ դիմանալ սփիւռքացած մեր կեանքի վերիվայրումներուն:

Պահպանե՛նք Արեւմտահայերէնը, իր հարուստ աւանդոյթներով:

Արեւմտահայերէնը՝ Արեւմտեան Հայաստանի, Հայ ժողովուրդի Արեւմտահայ հատուածի, ազգային գոյութեան եւ էութեան անհերքելի, ամենախոշոր փաստն է…:

ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020