ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ անոր, որ Աստուծոյ ուխտը կը մոռնայ եւ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը ձգէ:

Պատասխան. Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ, անոր տունը մահուան պիտի տանի ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն: Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար եւ կեանքի ճամբաներէն չեն հասնիր (Առ 2.17-19):

Հետաքրքրական է տրուած հաստատումը, որ այսօր մեզմէ շատերուն համար անկարեւոր կը թուի, որովհետեւ այսօրուան աշխարհի փոխյարաբերութիւնները՝ մարդ-Աստուած, մարդ-մարդ բացառապէս հիմնուած են շահերու եւ եսականութեան վրայ: Հոն ուր շահ եւ եսականութեան ցուցադրութիւն չկայ, այնտեղ բարեկամութիւն, մտերմութիւն եւ ընկերութիւն փնտռելը անիմաստ է, քանի որ դժուար թէ գտնուին: Աւելին, հակառակ այն իրողութեան, որ այսօրուան մարդը մտապէս աւելի փայլուն եւ զարգացում ապրած է նախ մեր նախնիները, բայց այսօրուան մարդը շատ աւելի նիւթապաշտ ու կռապաշտ դարձած է, քան՝ անցեալի մարդիկը: Եթէ անցեալի մարդիկը այս կամ այն առիթով կամ պատճառով Աստուծոյ հետ ուխտ կը կնքէին, այսօրուան մարդը այդ երեւոյթը անիմաստ եւ անօգտակար կը համարէ, պատճառաբանելով, թէ ինչպէ՞ս ուխտ կամ դաշինք կնքեմ մէկու մը հետ, որ չեմ տեսներ, չեմ շօշափեր, անկէ ո՛չ մէկ շօշափելի օգուտ տեսած եմ: Ինչ կը վերաբերի մարդ-մարդ յարաբերութեան, ապա նոյն մտայնութիւնը կը գործէ, սակայն շահերու գերակայութիւնը միշտ նկատի ունենալով, այսինքն՝ ո՞րմէ աւելի շահ ունիմ, ան է «բարեկամս» տրամաբանութեամբ:

Առակագիրին ըսածը սակայն շատ պարզ ու յստակ է, միաժամանակ՝ խիստ: ԶԱստուած եւ բարեկամը անտեսողին ու մոռցողին ճանապարհը մէկն է՝ կորուստ եւ մահ, դժբախտութիւն, եւ այդ ճամբաներէն քալողները բնաւ կեանքի ճանապարհներուն չեն հասնիր, ընդհակառակը կը մնան մեռելային վիճակներու մէջ, եւ թէեւ կը շնչեն, սակայն՝ կենդանի դիակներ են, որոնց մահը երբ գայ, պարզապէս շնչաւոր դիակէ անշնչաւոր դիակի կը վերածուին, դատապարտուած՝ յաւիտենական կորուստի:

Հ. Ի՞նչ պիտի ըլլայ ուղիղներուն, կատարեալներուն, ամբարիշտներուն եւ անօրէններուն վախճանը:

Պ. Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան: Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին (Առ 2.21-22):

Հետաքրքրական է այն մնայուն պայքարը՝ ո՛չ բառացիօրէն, որ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունի ուղիղներուն եւ ամբարիշտներուն միջեւ: Պայքար մը, որ ֆիզիքական պայքարէ առաջ ու վեր, մտային պայքար մը, այսինքն՝ ընտրութեան պայքար մըն է: Աստուած մարդը բարի ստեղծեց, սակայն մարդը իր հետաքրքրասիրութեան պատճառով չարութիւն մտցուց Աստուծոյ ստեղծած բարութեան մէջ, այլ խօսքով՝ մարդ դրժելով եւ հակառակ երթալով իր էութեան՝ որ բնութենապէս բարի է, սկսաւ չարիք գործել, որով եւ՝ ամբարշտանալ:

Համամ Արեւելցին ուղիղներուն [արդար] եւ ամբարիշտներուն [անօրէն] մասին խօսելով, այսպէս կը մեկնէ. «Արդարները ինչպէ՞ս պիտի բնակին, կ՚ըսէ, ըստ երկու կոչումի, մէկը՝ Աւազանին շնորհքով, որ Քրիստոս [մեր] բնութիւնը ազատեց եւ արդարներ ու անարատներ ըրաւ [մեզ]: Ասոնք կենդանութեան երկրին մէջ պիտի բնակին, եւ երկրորդ՝ անոնք որոնք հիմա կը բնակին, որոնք անպարտ ու անարատ են, եւ քանի որ երկուքին ալ դէմքերը կը ցուցնէ դէպի երեանաւէտ երկիր: Իսկ անօրէններուն ճանապարհները այստեղ պիտի իյնան, ու այնտեղ պիտի չբնակին: Քանի որ սուրբերուն ճանապարհները այնտեղ են, անօրէնները այնտեղ բնա՛ւ պիտի չմտնեն: Կը լուծէ մարդոց ամբողջ խաբէական կարծիքը, թէ ինչպիսի յօժարութեամբ եւ փութով կը սորվեցնէ մեզի ուղղել մեր վարքն ու ընթացքը դէպի աստուածային կոչումը»:

Հ. Ի՞նչ կ՚ըլլայ այն մարդուն հետ, որ ամուր կառչած կը մնայ ողորմութեան եւ ճշմարտութեան եւ Տիրոջ կ՚ապաւինի:

Պ. Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը [որոշ թարգմանութիւններու մէջ հաւատք-հաւատարմութիւն] թող քեզ չթողուն. զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, քու սիրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք: Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես: Քու բոլոր սիրտովդ Տիրոջ ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր: Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զԱնիկա ճանչցիր ու Անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ (Առ 3.3-6):

Խրատ մըն է ուղղուած իւրաքանչիւր հաւատացեալ անհատի, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք ամուր կառչած մնայ ողորմութեան եւ ճշմարտութեան, կամ հաւատքին: Ողորմութեան մասին Տէր Աստուած Ի՛նք կ՚ըսէ. «Քանզի Ես ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» (Ովս 6.6), այսինքն՝ ողորմութիւնը Աստուծոյ աչքին շատ աւելի յարգի է եւ ընդունելի, քան բազմաթիւ զոհաբերութիւններն ու այսօրուան հասկացողութեամբ մատաղները, որոնք ի ցոյց մարդկանց կը կատարուին, սեփական եսը շոյելուն եւ բաւարարելուն համար կը կատարուին, քան՝ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար: Արդարեւ, Աստուած մեզմէ՝ մահկանացու մարդոցմէ ողորմութիւն կը կամենայ, ողորմութիւն մեր նմաններուն հանդէպ, սրտանց կատարուած ողորմութիւն: Առակագիրը կ՚ըսէ, ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը [հաւատքը] պարանոցիդ վրայ կապէ, քու սիրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛, այլ խօսքով՝ ամէն օր, ամէն երկվայրկեան քեզի հետ ունեցիր զանոնք, որով Աստուծոյ հաճութիւնն ու օրհնութիւնը կը շահիս:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը գրէ ողորմութեան մասին. «Ողորմութիւնը շատ աւելի մեծ զոհաբերութիւն է, քան՝ աղօթքը, պահքը եւ միւս բաները, եթէ անշուշտ՝ այն արդար մղումներով կ՚ըլլայ եւ նոյնպիսի նեղութիւններով, եթէ մաքուր է ամէն տեսակի շահախնդրութենէ, թալանէ եւ բռնութենէ». եւ «ողորմութեան մեծութիւնը ո՛չ թէ տրուած ողորմութեան չափով կ՚որոշուի, այլ՝ ողորմացողներուն յօժարութեամբ եւ տրամադրուածութեամբ». Հայրապետին ըսածին համաձայն, արդարեւ, մարդուն տուած ողորմութիւնը պէտք է մաքուր ըլլայ, հեռու շահախնդրութենէն՝ եսի մեծարումէն (որովհետեւ՝ «հարկ է գիտնալ, թէ ողորմութիւն պէտք է ընել առանց խտրութեան՝ բոլոր կարօտեալներուն. պէտք չէ ընտրել հարուստ ու աղքատ, արժանի ու անարժան, այլ՝ առանց խտրութեան բոլո՛ր կարօտեալներուն պէտք է բաշխել»), թալանէն՝ գողութենէն եւ կողոպուտէն (այս առումով կ՚արժէ կարդալ Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքին հետեւեալ տողերը. «Ողորմութիւն պէտք է համարել միայն այն նուիրատուութիւնները, որոնք Աստուծոյ սիրոյն համար արդար վաստակէն կարօտեալներուն կը բաշխուի՝ կարողութեան համաձայն, զուարթադէմ, անտրտունջ, անմիջապէս եւ ծածուկ»), եւ՝ բռնութենէն, այսինքն՝ հարկադրաբար, առանց ուզելու: Աւելին, ըստ Հայրապետին, ո՛չ թէ ողորմութեան մեծութիւնը կամ քանակն է կարեւորը, այլ՝ տուողին սիրտին յօժարութիւնն ու բարի, դրական տրամադրուածութիւնը, որովհետեւ ինչպէս նոյն Հայրապետը կ՚ըսէ՝ «ողորմութիւնը տուողին ձեռք մեկնողը աղքատ մուրացկանն է, սակայն ողորմութիւն առնողը՝ Աստուած է». ահա ա՛յս գիտակցութեամբ է, որ մարդ իր ձեռքը պէտք է երկարէ՝ օգնելու համար իր նմանին, այլ խօսքով՝ ուրիշին մէջ տեսնէ զԱստուած եւ առ այդ իր ողորմութիւնը սրտանց կատարէ:

Սուրբ Եւագր Պոնտացին խօսելով ողորմութեան մասին, կը գրէ. «Ապաշխարութիւնն ու խոնարհութիւնը անձը ոտքի կը կանգնեցնեն, իսկ ողորմութիւնը եւ հեզութիւնը կ՚ամրապնդեն զինք»: Պոնտացիի այս նախադասութիւնը յստակ գրաւական մըն է կառչելու Առակագիրին ըսածին, թէ՝ զանոնք [ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը] քու պարանոցիդ վրայ կապէ, քու սիրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք, որպէսզի փոթորկայոյզ այս աշխարհին մէջ կարենաս ամուր կանգնած մնալ, ամրապնդուած մնաս Աստուծմով: 

Ողորմութիւնն ու հաւատքը թող քեզ չթողուն. Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ. «Ողորմութիւնը՝ ցաւակցութիւնն է բնութենակիցներուն հանդէպ, եւ եթէ անոր կը հաւատանք, Տիրոջմէ փոխարէնը կը ստանանք: Դարձեալ, հաւատք ըսելով աղօթքը նկատի ունի, այն խօսքին համաձայն, թէ՝ «եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատքով խնդրէք պիտի ստանաք» (Մտ 21.22): Այս երկու բաներով է, որ մարդը առաքինի կը դառնայ. արդարեւ, ողորմութեամբ կը վարժուի ընկերոջ հանդէպ սէր տածել, իսկ հաւատքով՝ Աստուծոյ հանդէպ»:

Առակագիրը կը գրէ նաեւ. «Քու բոլոր սիրտովդ Տիրոջ ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր: Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զԱնիկա ճանչցիր ու Անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»: Երանի՜ անոնց, որոնք իրենց ամբողջ սիրտով, միտքով ու հոգիով Տիրոջ կ՚ապաւինին, որովհետեւ՝ անոր ապաւինողները պիտի չամչնան (տե՛ս Ես 49.23): Իսկ Սաղմոսագիրը կ՚ըսէ. «Լաւ է Տիրոջ յուսալ, քան թէ մարդոց ապաւինիլ: Լաւ է Տիրոջ յուսալ, քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ», այսինքն՝ մարդ պէտք է ապաւինի մարդոց, պէտք չէ ապաւինի նաեւ իր իմաստութեան, որպէսզի կորուստի չմատնուի եւ չմոլորի ճշմարտութեան ճանապարհէն: Առակագիրը կը խրատէ, ըսելով, որպէսզի մարդ իր բոլոր ճամբաներուն մէջ զԱստուած ճանչնայ, զԱստուած ունենայ իր իւրաքանչիւր քայլափոխին, եւ Աստուած Ի՛նք՝ պիտի ուղղէ մարդուն բոլոր շաւիղները՝ դէպի բարին, կատարեալը, արդարութիւնը եւ յաւիտենականութիւնը: Մարդ, արդարեւ, ինչքան ալ դժուար ըլլան իր դիմաց բացուող ճանապարհները եւ ինչքան ալ ինքզինք պատրաստ չհամարէ, պէտք է վստահի Աստուծոյ եւ Անոր ողորմութեան ապաւինի, որովհետեւ՝ «եթէ կ՚ուզես յաջողիլ, մի՛ մտածեր տկարութիւններուդ մասին, այլ՝ մտածէ Աստուծոյ զօրութեան մասին: Մի՛ մտածեր ճանապարհի դժուարութեան մասին, այլ՝ մտածէ այն օգնութեան մասին, որ քեզի կու գայ ճանապարհի ընթացքին» (Շնուտա Գ. Հայրապետ):

Հետեւաբար ճշմարտութեան շաւիղներուն մէջէն քալելու համար, կառչինք Աստուծոյ, զօրանանք Անով, ապաւինինք Անոր օգնականութեան եւ յուսանք Անոր առատ ողորմութեան, որով մեզի համար դժուար եւ անկարելի թուացող արգելքներն անգամ պիտի յաղթահարենք, որովհետեւ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ 1.37):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

10 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022