ԴԱՄԱՍԿԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑԵԱԼ ՅՈՅՍԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԱՊԱԳԱՅ ՊԱՅԾԱՌ ՕՐԵՐ

Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր իրադարձութիւնը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոնին։ Ճիշդ է, որ կարգ մը թէժ կէտերու մէջ լուծման որոշ հեռանկարներ կ՚ուրուագծուին, բայց եւ այնպէս, ընդհանրական առումով շրջանը կը շարունակէ հեռու մնալ ամբողջական խաղաղութեան մը հասնելու դրոյթներէն։ Երբ Մերձաւոր Արեւելքի մասին ակնարկ կ՚ընենք, ապա անպայման պէտք է մեր հայեացքը պահենք Սուրիոյ իրականութեան վրայ։ Երկիր, որ «թարմ» պատերազմէ մը դուրս գալու փորձեր կ՚ընէ, սակայն կը տատանի՝ հողային ամբողջութիւնը վերագտնելու եւ տնտեսական բարւոք դրութեան մը մէջ մտնելու համար։ Իրականութիւններուն աւելի մօտէն ծանօթանալու համար հեռակայ դրութեամբ հարցազրոյց մը իրականացուցինք դամասկոսահայ գործիչ Շանթ Քէշիշեանին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հեռավար զրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Յետպատերազմեան փուլը բաւական դժուար քայլերով առաջ կ՚երթայ Սուրիոյ մէջ։ Այսօրուան դրութեամբ ի՞նչ են Սուրիոյ քաղաքացիներուն հիմնական դժուարութիւնները։

-Սուրիոյ քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը այս օրերուն կը շարունակէ տառապիլ։ Դժուարութիւնները բազմաթիւ են: Հիմնականը՝ տնտեսական ու ապրուստի ապահովման հետ կապ ունին: Սղաճը, վառելանիւթի կրկնուող տագնապները, ելեկտրականութեան անբաւարար մատակարարումը եւ շատ ու շատ խնդիրներ: Այս բոլորին վրայ կ՚աւելնայ վերջին ամիսներու պետական նպաստներու ու միջամտութիւններու սահմանափակումը, ինչ որ բազմապատկեց սուրիացիներու դժուարութիւնները։ Պետութիւնը ջանքեր կը գործադրէ, անշուշտ, հասնելու քաղաքացիներու պէտքերուն, սակայն անոր նիւթական կարելիութիւնները անբաւարար են եւ կարիքները անհամար: Սուրիոյ քաղաքացիները յոյսի նշոյլ մը կը սպասեն գալիք լաւ օրերու մասին, ափսոս սակայն, այդ պայծառ օրերը հեռու կը թուին ըլլալ։

-Շատ կը խօսուի այն մասին, թէ արաբական աշխարհը սկսած է երեւելի հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ հանդէպ։ Այդ մէկը յուսադրի՞չ է։

-Յուսադրիչ է, երբ կը տեսնենք, որ շատ մը արաբական ու այլ երկիրներ, որոնք խզած էին իրենց կապերը Սուրիոյ հետ, այսօր երկխօսութեան կը մտնեն երկրի իշխանութիւններուն հետ: Ափսոս սակայն, այդ բարելաւուած յարաբերութիւններու արդիւնքներրը գետնի վրայ տակաւին չեն երեւիր ինչ-ինչ պատճառներով ու կը մնան խօսքի եւ բարի կամեցողութեան սահմաններուն մէջ:

-Լսումներ կան, թէ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ կեանքը մեծ բարելաւում ապրած է։ Այդ մէկը շօշափելի՞ է, դրական տեղաշարժները զգալի՞ են ձեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։

-Դամասկոսը արաբական աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներէն մին է եւ նոյնիսկ ամենադժուար պայմաներուն մնաց ու կը մնայ կեանքով ու աշխուժութեամբ լեցուն քաղաք: Դամասկոսի բնակիչները իրենց կարելին կ՚ընեն, որպէսզի կեանքի պայմանները բարելաւուին: Կը ջանան համակերպիլ ելեկտրականութեան երկարատեւ ընդհատումներուն հետ: Բազմաթիւ արեւային ելեկտրածին համակարգեր կը տեսնէք Դամասկոսի շէնքերուն վրայ: Սեփական ընկերութիւններու ելեկտրածին շարժակները կ՚աշխատին օրն ի բուն: Քորոնաժահրի պատճառաւ երկամեայ ճամբորդութեան սահմանափակումներէն ետք, այս տարի նկատելի է հոսքը այցելուներու, որոնք որոշ աշխուժութիւն կը բերեն շուկաներուն, քաղաքի պանդոկներուն ու ճաշարաններուն: Այս բոլորը սակայն կարելի է համարել մասնակի բարելաւում, մինչ քաղաքի բնակիչներուն մեծ մասը, ինչպէս բոլոր սուրիացիները, կը գտնուին օրուայ հացը ապահովելու մտահոգութեան մէջ: Քաղաքը շնորհիւ բանակի ու ոստիկանական ուժերու աչալուրջ հսկողութեան ապահով է: Շատ ցաւալի է սակայն, որ երկիրը կ՚ենթարկուի հրթիռային կրկնուող յարձակումներու, ինչպէս վերջերս, երբ Դամասկոսի արուարձաններու մէջ գտնուղ զինուորական կեդրոններ անգամ մը եւս թիրախ դարձան Իսրայէլի հրթիռներուն, որուն հետեւանքով նահատակուած են հինգ զինուորներ ու կան վեց վիրաւորներ, եղած են նաեւ նիւթական մեծ վնասներ։ Վստահաբար նման ոտնձգութիւններ, ինչպէս նաեւ երկրի հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ տիրող անիշխանական վիճակը հանգամանքներ են, որոնք կ՚ուշացնեն երկրի իսկական վերականգնումը աւերիչ պատերազի աւարտէն ետք:

-Գալով Դամասկոսի հայկական համայնքին. ներկայիս որպէս համայնք եւ համայնքային կառոյցներ ի՞նչ են ձեր դիմագրաւած խնդիրները։

-Դամասկոսի հայութիւնը կը գտնուի իր կառոյցները պահելու մարտահրաւէրին դիմաց: Գաղութը նօսրացած է պատերազմի օրերու գաղթին պատճառաւ: Երիտասարդութեան թիւը մտահոգիչ ձեւով նուազած է: Ահա, այս պայմաններուն մէջ պէտք է պահել եկեղեցի, հայկական դպրոց, սկաուտական խումբ, մշակութային ու բարեսիրական միութիւններ, որոնք երկար տարիներ այս փոքրաթիւ գաղութին կենսունակութիւնը ապահոված են: Այս բոլորը պէտք է կատարել, երբ երկիրը կը գտնուի տնտեսական ծանր վիճակի մէջ: Սուրիոյ պատերազմի տարիներու միակ բաց ճանապարհը՝ Լիբանանը նոյնպէս կը գտնուի դժնդակ կացութեան մէջ: Անկեղծօրէն կրնամ ըսել սակայն, դամասկահայ եկեղեցական ու միութենական կազմակերպութիւններ ի գին անձնուէր պատասխանատուներու ու ազգայիններու լուրջ զոհողութիւններու, կ՚աշխատին շէն պահել համայնքային կառոյցները: Քորոնաժահրի պատճառաւ պարտադրուած սահմանափակումներու վերացումէն ետք տպաւորիչ աշխուժութիւն մը կը տիրէ դամասկահայ համայնքային կեանքէն ներս: Օրինաւոր ձեւով կը գործեն Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանը, Ազգային Միացեալ վարժարանը իր նոր համալիրին մէջ, որ պատերազմի օրերուն աւերուեցաւ, ապա պետական օժանդակութեամբ վերակառուցուեցաւ: Հայ կաթողիկէ «Լոյս», «Փարոս» ու «Ծաղկանց» վարժարանները, որոնց հիմնադրութեան յիսնամեակը նշուեցաւ այս տարի: ՀԲԸՄ-ի Սահակեան վարժարանը: Կը կատարուին սկաուտական օրինաւոր հաւաքներ դամասկահայ երկու սկաուտախումբերու կեդրոններէն ներս, ՀՄԸՄ եւ ՀՄՄ: Կը գործէ ամառնային մանկապատանեկան «Արեւ» դպրոցը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, անմիջական հոգատարութեամբ թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի: Սուրիահայ Օգնութեան խաչի տիկինները իրենց առաքելութիւնը լիուլի կը կատարեն եւ այսպէս շարք մը կազմակերպութիւններ աշխոյժ գործունէութիւն կը ցուցաբերեն:

-Կրնա՞նք հաստատել, որ Դամասկոսի հայկական գաղութը այսօր միակամ ու միասնակամ է։

-Երբ կ՚ըսենք դամասկահայ գաղութը միակամ է, պէտք է հասկնալ դամասկահայ կազմակերպութիւնները, եկեղեցական մարմիններն ու միութիւնները: Պատերազմի տարիներուն մեծ վտանգին պատճառաւ դամասկահայ կազմակերպութիւնները ձեռնարկեցին միասնական աշխատանքի եւ կազմուեցաւ «Շտապ օգնութեան միացեալ մարմին»ը,որ յաջողեցաւ պատերազմի դժուար օրերուն օգնութեան ձեռք երկարել տուժած հայրենակիցներուն: Այդ օրերուն՝ համագործակցութեան եւ միակամ գործելու ջանքեր գործի դրուեցան: Ներկայ հանգրուանին այդ իմաստով գործնական քայլեր նկատելի չեն:

-Յետպատերազմեան այս փուլին հայութիւնը ինչպէ՞ս կը դրսեւորէ ինքզինք. աւելի պարզ ըսած Սուրիայէն ու յատկապէս Դամասկոսէն հեռանալու մասին մտածողները դեռ շա՞տ են, թէ անոնց թիւը նօսրացաւ։

-Վստահաբար, դամասկահայութեան մէջ կայ զանգուած մը, որ գաղթելու կամ հեռանալու մասին չի մտածեր: Միւս կողմէ, երիտասարդութեան մօտ մեկնելու ու աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ ապագայ կերտելու փափաքը կայ: Մեկնողներուն թիւը նուազած է, քանի որ այլեւս պատերազմի տարիներուն ստեղծուած գաղթելու դիւրութիւնները չեն գործեր: Այլ խօսքով՝ ճանապարհները փակ են ու մեկնելու կարելիութիւնները սահմանափակ:

-Համայնքի ղեկավարութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները որո՞նք են, այդ առումով տարուած աշխատանքները գոհացուցի՞չ են։

-Համայնքի եկեղեցական թէ միութենական պատասխանատու մարմիններու առջեւ գլխաւոր հիմնախնդիրը գաղութը միաձոյլ պահելն է, խմբուած՝ ազգային կառոյցներու շուրջ, պայքարելով ձուլումի ու գաղութի հայկական դիմագիծի կորուստին դէմ: Այդ ուղղութեամբ զանազան նախաձեռնութիւնններ կը կազմակերպուին, ինչպէս վերեւը նշեցի: Գաղութին մէջ գործող կառոյցները իրենց կարելին կը փորձեն ընել։ Եթէ այդ ջանքերը համադրուած ու միասնական ըլլան, վստահաբար աւելի պիտի արդիւնաւորուին ու գոհացուցիչ ըլլան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2022