«Ա­րա­րատ Լե­րան 11 Տե­սա­րան­նե­րը» Ար­ժան­թի­նի «Հա­րա­ւի Պիե­նալ»ին Մէջ

«Ախպար» թերթը անդրադարձած է Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած «Հարաւի պիենալ»ին, որուն մէջ տեղ գտած են «Արարատ լերան 11 տեսարանները» լուսանկարչական շարքը (Ժիլպէռ Հաժ), ինչպէս նաեւ՝ Սինթիա Զաւէնի գործերը: Յապաւումներով կը ներկայացնենք թերթին յօդուածը:

Առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան եւ Միջին Արեւելք յատուկ տաղաւարով մասնակցեցան «Հարաւի պիենալ»ին (Լատին Ամերիկայի միջազգային ժամանակակից արուեստներու մեծ ցուցահանդէս): Այս մասնակցութիւնը կազմակերպուած էր լիբանանցի ակադեմական եւ գրող Նէյլա Թամրազի կողմէ՝ «Բանաստեղծութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ տարածութիւնները» խորագրով: Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ 23 Սեպտեմբերին, Թոքոմանի մէջ, Արժանթին: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2017:

Այնտեղ համախմբուեցան չորս սերունդներու պատկանող արուեստագէտներու գործերը՝ ընտրուած Թամրազի կողմէ, մեկնելով բանաստեղծական եւ քաղաքական դասերու յարաբերութենէն, որ ունին Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին մէջ գտնուող վայրերը եւ բնական տարածքները: «Քաղաքագէտին եւ բանաստեղծին միջեւ յարաբերութիւնը հին է», կ՚ըսէ Թամրազը՝ ակնարկելով Արիստոտէլին ունեցած սերտ յարաբերութեան բազմաթիւ դարեր առաջ: Վայրերու գաղափարը կը միանայ լայն տարածքի գաղափարին (քաղաքական իմաստով), որ կը ներկայացուի «Հարաւի պիենալ»ի առաջին ձեռնարկին ընթացքին՝ «Տիեզերական հարաւը» խորագրով: Ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ 16 երկիրներ եւ կը նպատակադրէ Հարաւային Ամերիկայի արուեստները  հասանելի դարձնել աշխարհին՝ կոչ ուղղելով աշխուժացնելու երկխօսութիւնը ցամաքամասին եւ աշխարհին միջեւ, արուեստներու միջոցով: Ձեռնարկները կ՚անցնին ովկիանոսներու եւ ցամաքամասերու սահմանները՝ հասնելով Ափրիկէ, Ասիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա, որոնք տարբեր մշակութային եւ արուեստի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպեն այս պիենալին զուգահեռ:

Կազմակերպիչներուն նպատակն է սահմանները անցնիլ: Կայ քաղաքական դիրքորոշում ամէն ինչի նկատմամբ, որ այսօր տեղի կ՚ունենայ աշխարհին մէջ, ուր պատերը եւ քաղաքական ու զինուորական խոչընդոտները կը բազմանան: Իր ակադեմական, գրական եւ ցուցահանդէսներու թեքնիկ կազմակերպութեան փորձառութեան ծիրէն ներս, վայրերու եւ տարածքներու թեման նեգրաւած է նաեւ Նէյլա Թամրազը: Այսպիսով, ան ընտրեց տարբեր ենթահողերէ եւ սերունդներէ արուեստագէտներ, ինչպէս՝ Սալիպա Տուէյհի (1915), Իթըլ Ատնան (1925), պաղեստինցի Սապա Ինապ (1980), լիբանանցի Տանիէլ Ժանատրի (1980), Սինթիա Զաւէն (1970), Ժիլպէռ Հաժ, որ կը ներկայացնէ «Արարատ լերան 11 տեսարանները» (2009):

Գործերու ընդմէջէն պիտի շօշափենք կարեւորութիւնը վայրին, որ տակաւին կը հետաքրքրէ լիբանանցի եւ արաբ արուեստագէտները, ինչ որ ծնունդ առած է արուեստի ռահվիրաներու առաջին յարաբերութենէն՝ իրենց գիւղական շրջապատին հետ: Ժամանակակից արուեստագէտներուն համար աւելի բարդ կ՚ըլլայ աշխատիլ վայրերուն հետ, որովհետեւ անոնք վերատեսութեան կ՚ենթարկեն այս աշխատանքը՝ նկատի առնելով քաղաքական իրադարձութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան այժմ Միջին Արեւելքի մէջ:

Համագործակցութեամբ լիբանանեան ցուցասրահներու, այս ցուցահանդէսը մեզի գաղափար մը կու տայ վայրին մասին՝ իբրեւ եզր, որ ունի բազմաթիւ նշանակութիւններ. սփիւռքի վայրեր, քաղաքական վայրեր, յիշողութեան վայրեր, գաղթի վայրեր, եւ վայրեր՝ իրենց վերացական եւ համապարփակ իմաստով:

ԺԻԼՊԷՌ ՀԱԺ

Հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ Արարատ լերան նկարներու շարք մը՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ: Տեսարան մը, որ կրկնուած է Պուրճ Համուտի սփիւռքահայերու տուներու մէջ, եւ ատիկա մղեց լիբանանցի նկարիչ Ժիլպէռ Հաժը (1966)՝ աշխատելու «Արարատ լերան 11 տեսարաններու» նկարչական շարքին վրայ: Պէտք չկար այցելելու լեռը, որովհետեւ մարդիկ ատիկա իրենց տունը բերած էին: Հաժի ոսպնեակը կը հաւաքէ Արարատ լերան լուսանկարները եւ լերան տարբեր դրսեւորումները՝ մտերմիկ տարածութիւններու մէջ: Լուսանկարներ կը խառնուին տուներու կահկառասիներուն հետ, եւ պատերուն վրայ կախուած են նաեւ տան բնակիչներու նկարները: Այս բոլորը մեզ կը յանգեցնեն հայկական սփիռքի միացեալ եւ անձնական յիշողութեան, որ կը խորհրդանշէ երկիրը Արարատ լեռով: Իսկ Ժիլպէռի չէզոք տարբերակը՝ լուսանկարելու համար լերան նկարները, այլ ոչ թէ՝ լեռը, կը նշանակէ պահպանումը հեռաւորութեան, որ մարդիկը կը բաժնէ իրենց երկրէն:

ՍԻՆԹԻԱ ԶԱՒԷՆ

Սինթիա Զաւէն (1970) կը փորձարկէ ձայնի տարածական չափը «Ձայն եւ անտառ» տեսերիզին մէջ (2016 թ.): Ձայնին եւ անոր շրջապատող տարածութեան միջեւ յարաբերութիւնը պահուած  եւ երեւելի կապն է, որ լիբանանցի ժամանակակից արուեստագէտը եւ երաժիշտը կը յայտնաբերէ իր գործին մէջ: Եւ ասիկա հեռու չէ Զաւէնի ուղղութենէն, որ ձայնը կ՚օգտագործէ իբրեւ հիմնական տարր իր արուեւստի գործերուն եւ միջոցներուն մէջ՝ տեսերիզ, նկարչութիւն, տեղադրում: «Ձայն եւ անտառ» տեսերիզին մէջ 8-ամեայ աղջնակը՝ Ալեքսանտրա կը քալէ անտառին մէջ, երգելով, ձայնը բարձրացնելով եւ ցածցնելով եւ օգտագործելով միայն մէկ երաժշտական նոթա: Լռութիւնը եւ ձայնը, անոր ներկայութիւնը եւ բացակայութիւնը, վերամտածել կու տան ձայնին եւ անոր ներգրաւուածութեան մասին՝ այս բնական վայրին մէջ: Զաւէն կ՚օգտագործէ տեսողական եւ ձայնային խաղեր, ուր կը թուի, որ աղջկան շարժումը եւ բերանը դուրս կը հանեն արձագանգը, եւ ոչ իսկական ձայնը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017