ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Ո՛Չ՝ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԵԱՆ…

Ծափահարութիւնը գնահատանքի ձեւ մըն է, որ կը ձգտի քաջալերել եւ խրախուսել հանդէս եկող արուեստագէտը։ Ան իր մեկնաբանութեան արժեւորումը կը տեսնէ ծափահարութեան որակին՝ որոտընդոստ կամ յոտնկայս, եւ տեւողութեան մէջ։

Ծափահարութիւնը նաեւ ընդհանրացած սովորութիւն մըն է դպրոցներու մէջ, հանդիսութեանց ընթացքին։ Աշակերտներ, երբ հանդէս կու գան գեղարուեստական յայտագիրներով եւ կամ մրցանակներ կը ստանան վկայականաց բաշխման հանդիսութեանց ընթացքին, կը ծափահարուին ծնողներու եւ ազգականներու կողմէ։

Տուներու մէջ ալ ծափահարութեան ձայներ կը լսուին, ծննդեան տարեդարձներու տօնակատարութեանց ընթացքին։ Փոքրիկը՝ երբ կարկանդակին վրայ շարուած մոմերը կը մարէ, շուրջինները կը սկսին ծափահարել եւ «ուրախ տարեդարձի օր» երգել։

Ընկալեալ սովորութիւնները դիւրին-դիւրին չեն անհետանար, սակայն բացառութիւններ միշտ կան եւ երբեմն մեզ ապշահար կը ձգեն։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ ինքզինքս։

Ուրեմն, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին հիւսիսային ափի Elanora Heights աւանի պետական վարժարանին մէջ վերջերս արգիլուեցաւ ծափահարութիւնը հանդիսութեանց ընթացքին, առ ի փափկանկատութիւն անոնց նկատմամբ՝ որոնք զգայուն են ձայնի։

Արդարեւ, այսպիսով՝ այդ դպրոցը որդեգրած կ՚ըլլայ «լուռ ցնծութիւն» (silent cheer) օրինագիծը, որ կը համընկնի Աւստրալիոյ մէջ «քաղաքական ճշգրտութեան» (political correctness) կիրարկելու այլ արգիլումներուն՝ ինչպիսին են գիրկընդխառնումները (hugging), Յիսուսի Ծնունդը աւետող երգերու երգեցողութիւնը եւ այլն։

Աւելին՝ ծափելու փոխարէն, աշակերտները կրնան իրենց բռունցքը ճօճել օդին մէջ… Ա՛ռ քեզի ուրախութեան արտայայտութիւն։

ԲԱՐԻ ՍԱՄԱՐԱՑԻՆ

Այս դէպքը կը պատահի Ամերիկայի Ֆլորիտա նահանգին մէջ։ Չորս աղջիկ զաւակներու մայր Թաունի Նելսընի կողակիցն ու անոր զաւակներու հայրը զիրենք անտէր ու անտիրական ձգելով հեռացած է տունէն։

Իմ կարծիքով՝ սա անմարդկային եւ աներեւակայելի արարք մըն է, որ համազօր է դաւաճանութեան։ Ինչպէ՞ս լքել ինը, հինգ եւ երկու տարեկան ու վեց շաբաթուայ նորածին երեխաներ (տեսնել նկարը) եւ աներեւութանալ, առանց հետք մը իսկ ձգելու…

Ինչ որ է, անցնինք մեր բուն նիւթին։ Խեղճ կինը՝ գիշերով եւ անձրեւին տակ, ստիպուած եղած է երթալ մօտակայ նպարատուն մը, զաւակներուն անհրաժեշտ սննդեղէն գնելու համար։ Սակայն երբ ինքնաշարժ կը վերադառնայ, մեքենան չ՚աշխատիր։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ մեծ աղջիկը սխալմամբ լոյսը բաց թողած է եւ առ ի հետեւանք՝ մարտկոցը (battery) մարած է…

Ճարահատ՝ կինը կը փորձէ անցնող ինքնաշարժներէն օգնութիւն խնդրել, բայց անօգուտ։ Քսան վայրկեան ետք, 76 տարեկան մարդ մը, որ կը քալէր գաւազանի օգնութեամբ, կը մօտենայ ինքնաշարժին եւ ջուր ու տաք կերակուր կը հրամցնէ անոնց։ Ան նաեւ կ՚ըսէ, թէ ճամբան մնացած ինքնաշարժներու յատուկ սպասարկութեան մեքենան (road service) կանչած է, որ զիրենք տուն հասցնէ այդ գիշեր։

Իսկ յաջորդ առտու՝ նոյն մարդը մեքենագործի մը հետ կը ներկայանայ կնկան տունը։ Մեքենան նորոգուելէ ետք, երբ կինը կ՚ուզէ վճարել, մեքենագործը կ՚ըսէ, թէ տարիքոտ մարդը վճարած է հարկ եղածը։ Ապշած՝ անմիջապէս կը մօտենայ «Բարի սամարացի»ին եւ կ՚ըսէ, թէ ինչպէս պէտք է վարձատրել զինք, իր ըրած բարիքներուն համար։

Տարիքոտ մարդը՝ ժպիտը երեսին, կը պատասխանէ. «Միակ վարձատրութիւնը որ կը պահանջեմ քեզմէ հետեւեալն է. մի՛ յուսահատիր եւ շարունակէ ըլլալ լաւ մայր մը զաւակներուդ համար»։

Է՜հ, այս տեսակի մարդ կա՞յ տակաւին եւ այդ ալ Միացեալ Նահանգներո՞ւ մէջ։ Անհաւատալի, բայց իրաւ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018