ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

ԺԲ.

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ

Բնութեան կենսական ուժը: Հիւանդոտ սերունդներու վիճակը: Ընտանիքներու եւ ազգերու բարոյական անկումը: Կենդանական եւ բուսական ցեղերու ազնուացումը: Վերջին խօսք:

Ընտանիքը կը բաղկանայ անհատներէ, ազգը՝ ընտանիքներէ:

Եթէ ընտանիքին անդամները տկար են վատասերուած, տկար ու վատասերուած է նաեւ ազգը:

Եթէ անհատները անընդունակ կը դառնան իրենց գոյութիւնը պահպանելու եւ կը կորսուին՝ կը կորսուի եւ կ՚անհետանայ նաեւ այն ազգը, որ այդպիսի անհատներէ բաղկացած է:

Անողոք է այդ բնական օրէնքը, անդիմադրելի է այն սարսափելի հոսանքը, որ կը քշէ, կը տանի վատասերուած ազգերը:

Մեր ազգը արդէն ինկած է, աւելի ինկած, քան թէ մենք կը կարծենք: Պէտք է կոյր ըլլալ չտեսնելու համար այս արագ գլորումը, ազգային տոկուն դիմացկոտութեան փլատակուիլը կեղծ քաղաքակրթութեան ազդեցութիւններէն: Բարոյական այլասերումը կ՚առաջնորդէ ազգերու ֆիզիքական կորուստին, այո՛, ազգային ոգի, աւանդութիւններ, դարաւոր փայփայուած ու մշակուած գանձեր կորսնցնելը ազգութեան կորուստի առաջաւոր երեւոյթներն են: Երբեք, մեր երկար պատմութեան ընթացքին, մեր ցեղը այսքան մօտիկ չէ եղած ջնջումի եւ երբեք մեր ժողովուրդին մակերեւոյթը այնքան ստորնացած չէ եղած, ինչքան այսօր, այն ինչ երբեք ան չէր կրնար այնքան բարձր ըլլալ, ինչքան այսօր:

Այո՛, երբ շուրջդ միայն կեղծիք կը տեսնես, երբ առեւտուրը, աճուրդը սիրոյ եւ համակրանքի տեղ կը բռնեն, երբ երէկուան տրեխաւոր անգրագէտ՝ այսօր հարստացած գիւղացին ստորնութիւն կը համարէ իր համագիւղացիին աղջիկը ուզելը, երբ համալսարան աւարտած, գիտութեան տաճարէն նոր դուրս եկած երիտասարդը՝ հայրենիք վերադառնալով, ո՛չ թէ սէր կը փնտռէ, այլ՝ դիրք, այլ՝ օժիտ, ի՛նչ կրօնի եւ ի՛նչ ազգութեան ալ պատկանէր այդ օժիտը, երբ մայրը իր ծծկեր, դեռ ոչինչ չհասկցող, մանկիկի ականջները կը լեցնէ ամէն տեսակ հնչիւններով, միայն թէ մայրենի հնչիւններ չըլլան ատոնք, երբ ազգի մը մէջ կորսուած է ինքնաճանաչութիւնը, ինքնազգացումը, երբ «Ես զԱստուած ձգեցի եւ դժոխքէն չկառչեցայ», օ՜հ, այն ատեն մօտիկ է այդ ազգի բարոյական սնանկութիւնը, որու պիտի յաջորդէ ֆիզիքական անհետացումը:

Մարդ կը սոսկայ, դիտելով այն սարսափելի եւ անմիտ ինքնասպանութիւնը, որ մենք մեր սեփական ձեռքով կը կատարենք: Ամբողջ մարդկային ցեղ մը անձնասպանութիւն կը գործէ եւ այդ կարծես գիտակցօրէն կ՚ընէ, գրեթէ համոզմունքով, որոշ ծրագիրով:

Միայն տխմարները կը կարծեն, թէ ազգի մը բարոյական այլասերումը անկախ է անոր ֆիզիքական եւ առողջական դրութենէն: Ո՛չ, բարոյական անկումը սերտօրէն կապուած է ֆիզիքականի հետ եւ բարոյական արատի հիմքը ֆիզիքական պակասութիւնն է: Առողջ կազմուածքի, առողջ ուղեղի եւ ջիղերու տէր մարդը առողջ գիտակցութիւն, առողջ հայեացքներ եւ առողջ իտէալներ կ՚ունենայ: Այդ օրէնքը բոլորը կրնան ստուգել, նայելով իրենց չորս կողմը, դիտելով այն ընդհանուր ֆիզիքական ու բարոյական այլասերումը, որ կլանած է մեր «խելացի (intelligent)» կոչուած դասակարգը:

Եթէ ուսումնասիրենք «խելացի գողի», նաւթախողովակներ ծակողի, կեղծ մուրհակներ գրողի ազգատոհմը, թերեւս որեւէ ջղային արատ մը կը գտնենք:

Միայն ընտանիքները, լաւ կազմուած ընտանիքները կրնան փրկել ազգութիւն մը, իսկ փրկութեան այդ զէնքը բթացած է, փտած է:

Մարդիկ դարերու ընթացքին ձգտած են ազնուացնել ձիերու, ոչխարներու, նոյնիսկ կաքաւներու եւ շուներու ցեղերը, ընտրելով ամենալաւ, ամենաառողջ անհատներ՝ միաւորեցնելով զանոնք. այսինքն՝ արուեստականօրէն ըրած են այն, ինչ որ բիւրաւոր դարերու ընթացքին բնականաբար կ՚ընէ բնութիւնը: Այսպիսով գրեթէ ստեղծուած են նորանոր, աւելի գեղեցիկ, աւելի զօրաւոր կենդանական ցեղեր:

Եւ մարդը, այդչափ հոգալով անասուններու ազնուացման մասին, միանգամայն անուշադիր մնացած է դէպի իր ցեղի բարելաւումը եւ նոյնիսկ կարծես կը ձգտի աւելի եւս վատացնելու զայն:

Նայեցէք ձեր չորս կողմը: Հարիւրաւոր գեղեցիկ, առոյգ կազմուածքի տէր օրիորդներ, որոնք կարծես ճիշդ մայրեր ըլլալու եւ յաղթանդամ, անարատ սերունդ տալու համար ծնած են, օժիտի պակասութեան պատճառով տունը մնացած են. այն ինչ, ուրիշները, նուազ եւ այլասերուած արարածներ, ջղային խանգարումի եւ ջղայնութեան զաւակներ ու թոքախտի թեկնածուներ, դիւրութեամբ մարդու կ՚երթան, շնորհիւ նաւթային բաժնեթուղթերու:

Իսկ տղամարդիկ, ամօթն ու բարեխղճութիւնը կորսնցուցած, զինուած միմիայն գեղեցիկ կին ունենալու եսամոլ ցանկութեամբ, ինչպէս նաեւ պապաշա-ի դատած արժեթուղթերով, իր ճաշակին համեմատ աղջիկ կ՚ընտրէ, կարեծս վարունգ ընտրելու ելած ըլլար, եւ աղջիկը շլացած անոր հարստութեամբ, կամ բժիշկի տիտղոսով ու ճարտարապետի քոքարթով (cocarde - գլխանշանով), կ՚որոշէ կին դառնալ յաճախ անբարոյականի մը, սպառածի մը, դատարկ այլասերուածի մը, որուն առողջութիւնը գինետուներու եւ հասարակաց տուներու մէջ վատնուած է, որու խելքը թղթախաղի կամ ձիարշաւի մէջ զարգացած է եւ որու միակ արժանաւորութիւնը այն է, որ ան հարուստ հօր որդի է…:

Ներկայիս, գիտութիւնը ամուսնութեան համար կանոններ սահմանած է: Անկասկած հեռու չէ թերեւս այն օրը, երբ ան իբրեւ անվիճելի հակակշիռ յաղթանակով կը մտնէ ամուսնութեան շրջանը եւս, ինչպէս մտած է արդէն հասարակական կեանքի միւս շրջանները: Անկասկած, օր մը օրէնսդրութիւնը իր հսկողութեան տակ կ՚առնէ այս կենսական գործողութիւնը եւ կը հսկէ, որ ան գիտութեան ցուցմունքներու համաձայն կատարուի: Այն ատեն առողջապահութեան համար նոր դար մը կը սկսի: Այն ատեն մէկ անգամէն կը վերանան արատաւորներու, վրիպակներու եւ այլասերուածներու լեգէոնները, որոնց պահպանութեան եւ բժշկութեան համար հասարակութիւնը հիմա ստիպուած է պահել բազմածախս հիւանդանոցներ, խենթանոցներ, անկելանոցներ, եւ այլն:

Այո՛, օր մը այս երջանիկ ժամանակը պիտի հասնի:

Բայց մինչեւ այդ ոսկեդարին հասնիլը մենք կը ցանկայինք ծնողներուն եւ ամուսնացող երիտասարդներու ու աղջիկներու աչքերը բանալ եւ հասկցնել անոնց, թէ ի՜նչքան մեծ եւ լուրջ քայլ է ամուսնութիւնը եւ ի՜նչքան շրջահայեցողութիւն եւ զգուշութիւն անհրաժեշտ է այդ քայլը ընելու համար:

Անկասկած, ապրուստի ապահովութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի ընտանիքին մէջ, բայց ան երկրորդական է, համեմատելով յիշած առողջական պայմաններուն: Առողջ տղամարդը եւ առողջ կինը կեանքին մէջ չեն կորսուիր, թեւ թեւի տուած վստահ կ՚ընթանան դէպի բարեկեցութիւն եւ երջանիկ կեանք. երջանիկ՝ իրենց սեփական առողջութեամբ, երջանիկ՝ զաւակներու ֆիզիքական եւ բարոյական բարգաւաճումով, երջանիկ՝ այն համոզմունքով, թէ կարող եղան կաթիլ մը փրկարար բալասան կաթեցնել մեր վիշտերու ովկիանոսին մէջ…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 28 եւ վերջ

Վաղարշապատ


Յ.Գ. Մեր սիրելի ընթերցողներուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անցնող այս երկու տարիներուն ուշի ուշով հետեւելու բժշկապետ Վահան Արծրունիի աշխատասիրութիւններուն: Արդարեւ, հինգշաբթի, 25 նոյեմբեր 2021-ին առաջին անգամ սկսանք հրատապարակել բժշկապետին «Մի՛ խմեր» գրքոյկը: Օրին, հետեւեալ ներածականը տուած էինք. «Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Արծրունիներու գերդաստանը իր կարեւոր եւ առանցքային տեղն ու դերը ունեցած է զանազան ոլորտներու մէջ։ Բժշկական ոլորտին մէջ յատկապէս փայլած է 19-20-րդ դարերուն ապրած ու գործած բժիշկ Վահան Արծրունին, որ վաստակած է բժշկական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան։ Բժիշկ Վահան Արծրունին իր մասնագիտութեան կողքին նաեւ հեղինակած է մի քանի տասնեակ բժշկական գիտահանրամատչելի գրքոյկներ։ Այս եւ յաջորդող մի քանի յօդուածներով՝ արեւմտահայերէնի վերածելով ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք այդ գրքոյկներէն երկուքը՝ «Մի՛ խմեր» (1901) եւ «Մի՛ ծխեր» (1902) խորագրերը կրող, յոյս ունենալով որ այդ գրքոյկներու բովանդակութիւնը ձեւով մը կրնան օգտակարութիւն բերել ընթերցողներուն»: Օրին, մեր նպատակը վերոնշեալ երկու գրքոյկներն էին, սակայն, նկատի ունենալով ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը եւ բժշկապետին դիւրամտչելի ոճը շարունակեցինք այլ գրքոյկներ եւ գիրքեր եւս արեւմտահայերէնի վերածելով մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել: Այսպիսով՝ «Մի՛ ծխեր», «Մի՛ խմեր», «Թոքախտ», «Խոլերա», «Ծաղիկ», «Մալարիա», «Մանկիկ», «Նոր ցաւ», «Նորածին», «Վատ ցաւ» եւ «Ամուսնութիւն» գրքոյկները եւ գիրքերը արեւմտահայերէնի վերածեցինք: Յոյսով ենք, որ անցնող այս երկու տարուան ճանապարհորդութիւնը բժշկապետ Վահան Արծրունիին հետ իր օգուտն ու բարեբեր դերակատարութիւնը ունեցաւ մեզմէ ոմանց առօրեայ կեանքէն ներս, ոմանց նոր գիտելիքներ, ոմանց ալ գիտելիքներու որոշակի թարմացում բերելով: Ընթերցողները, վստահաբար նկատեցին բժշկապետին բանիմացութիւնը եւ զանազան նիւթեր մատուցելու հմտութիւնը:

Կրկին անգամ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր Սիրելի ընթերցողներու համբերատարութեան համար, հայցելով իրենց աղօթքներուն մէջ միշտ յիշել բժշկապետը:

Յիշատակն արդարոյն, օրհնութեամբ եղիցի:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2023