ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Դ

ԳԱՐԵԶԻՆ ԼԵՐԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իսկ սամարացիները կ՚ըսէին, թէ այս լերան վրայ, որ Գարեզին լեռն էր. նախ՝ որովհետեւ աւանդութենէն գիտէին, որ Աբրահամ Գարեզին լերան վրայ Իսահակը որպէս պատարագ կը մատուցէր: Տե՛ս, որովհետեւ ոմանք Գողգոթայի վրայ կ՚ըսեն՝ խաչի խորհուրդին համար, եւ ոմանք ալ՝ Գարեզին, որ աւելի հաւանական է, քանի որ երեք օրուան ճանապարհ չէ մինչեւ Գողգոթա, այլեւ Լուզ քաղաքը շինութիւն էր, որ յետոյ յեբուսացիները կը բնակէին:

Դարձեալ, որովհետեւ Յակոբ իր որդիներուն հետ միասին հոն բնակեցաւ, այլեւ՝ երբ ժողովուրդը պարգեւներու երկիրը մտաւ, Գարեզին լեռը հասան եւ այնտեղ զԱստուած օրհնեցին, ինչպէս որ գրուած է Մովսէսի Երկրորդ Օրէնքին մէջ (Հմմտ. Բ. Օր 11.29): Տակաւին, նախքան տաճարին շինութիւնը՝ բոլոր հրեաները այդ լերան վրայ կ՚երկրպագէին, այդպէս ալ Սողոմոնը մեծ պատարագով այնտեղ գնաց եւ երազի մը մէջ զԱստուած տեսաւ, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Մեր հայրերը այս լերան վրայ զԱստուած պաշտեցին» (Յհ 4.20):

Մեկնութիւն. Ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ, որովհետեւ երբ հրեաները բաբելոնական գերութենէն վերադարձան, չկամեցան սամարացիները ընդունիլ տաճարի շինուածքէն ներս, ինչպէս գրուած է Եզրասի առաջին գիրքին մէջ (Բ. Եզր 4.1-5), այդ պատճառով սամարացիները իրենց պաշտամունքի վայրը լերան մը վրայ ըրին, որ Գարեզին կը կոչուի: Սակայն, Յովսէփիոսը ուրիշ պատճառ մը կու տայ, թէ հրայ մը՝ Մանասէ անունով, սամարացիներու իշխանին աղջիկը կնութեան առաւ, եւ որորվհետեւ հրեաներուն մէջ քահանայութիւնը ցանկալի էր, աղաչեց իր աներոջ, որպէսզի իրեն համար տաճար մը կառուցէ Գարեզին լերան վրայ, որպէսզի այնտեղ քահանայութիւն կատարէ, եւ այդ պատճառով այնտեղ տաճար շինուեցաւ եւ սամարացիները այնտեղ կը կատարէին իրենց պաշտամունքները:

Խօսք. «Իսկ դուք կ՚ըսէք միայն Երուսաղէմն է» (տե՛ս Յհ 4.20):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ այդ ատեն միայն Երուսաղէմը Աստուծոյ համար ընտրեալ էր աղօթքի վայր ըլլալու, ինչպէս որ պատճառը ըսուեցաւ:

Խօսք. «Յիսուս ըսաւ. ո՜վ կին, հաւատա՛ ինծի» (Յհ 4.21):

Մեկնութիւն. Տե՛ս, որովհետեւ մէկդի ձգեց տարակուսանքին պարզացումը եւ նախ հաւատքին յօժար դարձուց, ինչպէս Նիկոդեմոսին ըրաւ: Եւ անոնք որոնք բժշկուելու կու գային, նախ հաւատք կը խնդրէր, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ» (Եբր 11.6): Իսկ Եսային կ՚ըսէ. «Եթէ չհաւատաք, հաստատուն պիտի չըլլաք» (տե՛ս Ես 7.9): Դարձեալ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Հաւատա՛ ինծի», ցոյց տալով, թէ ստոյգ գիտէր ինչ որ կը խօսէր, եւ ատով Իր խօսքը հաւատալի կ՚ըլլար:

Ապա կը պարզացնէ տարակուսանքը.

ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԻՒՆԸ [ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ]

Խօսք. «ժամանակը կու գայ՝ երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ» (Յհ 4.21):

Մեկնութիւն. Ժամանակը Աւետարանին ընդհանուր քարոզութիւնն է, որովհետեւ երբ Աւետարանը քարոզուեցաւ բազմաթիւ տեղերու մէջ, հեթանոսներուն երկրպագութիւնը վերացաւ, հրեաներուն տաճարը Աստուծոյ խնամքէն քակուեցաւ՝ Տիրոջ խաչելութենէն քառասուն տարի ետք, որպէսզի բոլորին համար մէ՛կ ժողովարան ըլլայ՝ Սուրբ Եկեղեցին, եւ ոչ թէ միան երկու տեղեր, այլ՝ բոլոր տեղերուն մէջ: Այստեղ, Հօր անունով Աստուած կ'իմացուի, որ բոլորին Հայրն է, ինչպէս կ՚ըսենք. «Հայր մեր, որ յերկինս ես»: Դարձեալ. զԱստուած Հայր կոչեց, հաւատքի բերելով Որդիին Հօրմէն ծնելուն պատճառով: Եւ գիտելի է, թէ Աւետարանէն առաջ հրեաներուն կատարած երկրպագութիւնը [պաշտամունքը] բարի էր, իսկ հեթանոսներունը՝ չար: Պաշտամունքի, աղօթքներու եւ զոհերուն վայրը Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր՝ Երուսաղէմը, եւ ոչ թէ Գարեզինը, ինչպէս գրուած է Երկրորդ Մնացորդաց գիրքին մէջ: Դարձեալ գիտելի է, որովհետեւ ըսելը՝ «ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ», ոչ թէ լեռնէն կամ Երուսաղէմէն Աստուծոյ պաշտամունքը կը վերացնէ, այլ՝ պաշտամունքի ձեւը կը վերցնէր, այսինքն՝ Երուսաղէմէն անբաններուն զենումով պատարագներով եւ ողջակէզներով պաշտամունքը վերացուց եւ ատոնց փոխարէն Ինք զենուեցաւ՝ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Գառնուկը: Իսկ սամարացիներէն վերացուց անգիտութեամբ կատարուած կուռքերուն պաշտամունքը, որոնց հայրերը այդ լերան վրայ թաղուած էին, եւ աւանդութեամբ կ՚երկրպագէին, ատոր փոխարէն Ինքզինք ճանչցուց անոնց հաւատքի միջոցով եւ Իր երկրպագութեան բերաւ: Դարձեալ, որովհետեւ բոլոր հրեաները ամէն կողմերէն դէպի Երուսաղէմի կողմը կ՚երկրպագէին, նոյն կերպով ալ սամարացիները՝ դէպի Գարեզին լեռը, ատոնց մասին կ՚ըսէ, թէ պիտի խափանուին, քանի որ ներկայիս դէպի Արեւելք կ՚երկրպագենք, ըստ Սաղմոսին. «Ճանապարհ բացէք Անոր համար, որ երկինքներու երկինքին մէջ կը նստի՝ արեւելեան կողմը» (Սղ 67.34 [Արեւելահայերէն թարգմանութիւն]): Եւ գիտելի է, թէ այս չորս ազգերը ինչ որ տեղ իրենց երկրպագութիւնը կը կատարեն. նախ՝ հրեաները ամէն կողմերէն [կու գային] Երուսաղէմի մէջ: Երկրորդ՝ սամարացիները նոյնպէս, Գարեզին լերան վրայ: Երրորդ՝ կռապաշտները թէեւ դէպի Արեւմուտք, սակայն բոլորն ալ կուռքերուն կ՚երկրպագէին: Չորրորդ՝ այլազգները Իսմայէլի երկրին մէջ, որ Քահբա ու Ղբլա կը կոչեն, բոլոր կողմերէն այդտեղ կու գան երկրպագութեան համար: Իսկ քրիստոնեաները, բոլոր կողմերէն դէպի Արեւելք կ՚երկրպագենք. նախ՝ որովհետեւ արեւելեան կողմէն Քրիստոս համբարձաւ, ու առաքելաները այնտեղ երկրպագեցին: Դարձեալ՝ Քրիստոս Արեւելքէն պիտի գայ, ըստ այնմ. «Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք» (Մտ 24.27):

Խօսք. «Դուք՝ սամարացիներդ զԱստուած կը պաշտէք առանց զԱյն ճանչնալու, մինչ մենք՝ հրեաներս, զԱստուած կը պաշտենք՝ ճանչնալով զԱնիկա» (Յհ 4.22):

Մեկնութիւն. Նախ այն կ՚ըսէ, թէ չէին գիտեր, որ լերան վրայ կուռքեր կը թաղէին, ինչպէս մեկնիչդ կը ցուցնէ: Դարձեալ՝ հեթանոսները բազմաթիւ մոլորութեամբ մարմնական կերպով զԱստուած կը պաշտէին, այդ պատճառով կ՚ըսէ՝ անգիտութեամբ պաշտել, իսկ հրեանրեը ճշմարիտ Աստուածը՝ բոլորին Պատճառն ու Արարիչը կը ճանչնային, ըստ այնմ յայտնի է Հրէաստանի Աստուած, այդ պատճառով Քրիստոս կ՚ըսէ. «զԱստուած կը պաշտենք՝ ճանչնալով զԱնիկա»: Նախ Քրիստոս տեսութեամբ գիտէր, թէ որուն կ՚երկրպագէին, իսկ հրեաները՝ հաւատքով, որովհետեւ թէեւ սադուկեցիները մոլորուած էին, սակայն հրեաները ուղիղ հաւատքով Աստուծոյ կ՚երկրպագէին:

Դարձեալ՝ առաքելաներուն եւ մարգարէներուն մասին, որոնք Քրիստոսի հաւատացողներ էին, այս խօսքը կը համընկնի. «զԱստուած կը պաշտենք՝ ճանչնալով զԱնիկա», իսկ Քրիստոս, թէ ինչո՞ւ Ինքզինք հրեաներուն հետ կ՚ըսէ, որովհետեւ կ՚ըսէ. «Մենք կը ճանչնանք»: Կ՚ըսենք, թէ երեք պատճառով. նախ՝ ըստ կնոջ կարծածին, որ ըսաւ. «Դուն, որ հրեայ մըն ես» (Յհ 4.9): Երկրորդ՝ ըստ ազգակցութեան, որ Մարիամէն ծնած էր: Երրորդ՝ ըստ առակաւոր խօսքին, որ ըսաւ. «Փրկութիւնը հրեաներէն պիտի գայ» (Յհ 4.22), ինչպէս Պօղոսն ալ կ՚ըսէ. «Եւ իրենցմէ էր, որ մարմնաւորապէս ծնաւ Քրիստոս, որ բոլորէն վեր եղող յաւէտ օրհնեալ Աստուած է: Ամէն» (Հռ 9.5):

Խօսք. «Բայց ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է» (Յհ 4.23):

Մեկնութիւն. Նախ հրեաներուն համար կ՚ըսէ, թէեւ անոնք կ՚երկրպագեն, Անոր՝ զոր կը ճանչնան, սակայն այդ ալ պիտի խափանուի հիմա: Դարձեալ, հասած է ժամանակը, որ կատարեալ եւ ճշմարիտ աստուածապաշտներ ըլլան:

ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Խօսք. «Երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը» (Յհ 4.23):

Մեկնութիւն. Երրորդութեան անձերուն համար յայտնի է Հայրն ու Սուրբ Հոգին, իսկ ճշմարտութիւնը՝ Ի՛նք Քրիստոս, ինչպէս կ՚ըսէր. «Ես եմ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (տե՛ս Յհ 14.6), սակայն այստեղ երեք հարցումներ կը ծագին.

Առաջին հարցում. Ինչո՞ւ համար Հոգին Ինքնիրմէ առաջ կը դասէր:

Պատասխան. Կ՚ըսենք, երկու պատճառով. նախ՝ որովհետեւ զՔրիստոս Հոգիով կը ճանչնանք, ինչպէս Որդիով՝ Հայրը, ըստ Պօղոսի. «Ո՛չ ոք կրնայ խոստովանիլ թէ “Յիսուս Տէր է”, եթէ Սուրբ Հոգին չունենայ» (Ա. Կր 12.3): Երկրորդ՝ որովհետեւ Հոգին Հօրմէն բխում է՝ անձնաւորութեամբ եւ առում՝ Որդիէն՝ իմաստութեամբ, այդ պատճառով Հոգին Հօր հետ կը դնէ:

Երկրորդ հարցում. Ճշմարիտ երկրպագուները որո՞նք են, ո՞ւր եւ ե՞րբ:

Պատասխան. Այսինքն՝ Քրիստոսին եւ Սուրբ Եկեղեցիին հաւատացողները, իսկ ժամանակը՝ Տիրոջ գալուստէն առաջ: Երկրորդ՝ Յորդանանի մէջ մկրտութենէն ի վեր: Երրորդ՝ Սուրբ Աւազանէն, որ հաւատացինք եւ մկրտուեցանք Սուրբ Երրորդութեան անունով: Չորրորդ՝ կեանքի, մահուան ընթացքին ու յետոյ յաւիտեանս:

Երրորդ հարցում. Ի՞նչ է «հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը»:

Պատասխան. Վեց տեսութիւն ունի. նախ՝ հրեաներուն մարմնական եւ օրինական երկրպագութիւնը կը վերցնէ, ըսելով հոգիով եւ ճշմարտութեամբ: Հեթանոսներուն երկրպագութիւնը կը վերցնէ, որ ստութեամբ եւ մոլորութեամբ էր: Երկրորդ՝ կը վերցնէ հրեաներուն տեղական եւ զոհերով երկրպագութիւնը, որ մէկ տեղի մէջ էր, այլ՝ հոգեւոր սիրտի եւ հոգեւոր զոհերով, այն է՝ հոգիով ու ճշմարտութեամբ. սամարացիներուն երկրպագութիւնը կը վերցնէ, որ անգիտութեամբ էր: Երրորդ՝ կը վերցնէ անոնց անկատար ու մասնակի երկրպագութիւնը, որ Հօր ուղղուած էր, եւ կը սորվեցնէ կատարեալ եւ ճշմարիտ երկրպագութիւնը, ուղղուած երեք անձնաւորութիւններուն եւ Աստուծոյ մէկ բնութեան, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը»: Չորրորդ՝ կը վերցնէ անոնց միայն մարմինով երկրպագութիւնը, այլ՝ մաքուր հոգիով ու միտքով պաշտամունք, փառաբանութիւն եւ երկրպագութիւն մատուցել, այն է՝ հոգիով եւ ճշմարտութեամբ, ո՛չ օրինականն ու ստուերը, որովհետեւ գառներու զենումի օրինակը չունինք, այլ՝ նոյնԻնքն զենուած Քրիստոս Գառը, ու ո՛չ թէ թլփատութիւն եւ միւս լուացումները, այլ՝ նոյն ճշմարիտ սուրբ մկրտութիւնը: Հինգերորդ՝ ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի գործերով կը կատարուի մեր երկրպագութիւնը, որովհետեւ կատարեալ փափաքումով եւ սիրով կ՚ըլլայ, ու այդ պատճառով կ՚ըսէ՝ Հոգիով, ու հաստատուն հաւատքով եւ ուղիղ հանճառով կ՚ըլլայ, ու ատոր համար կ՚ըսէ՝ ճշմարտութեամբ: Վեցերորդ՝ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս Աստուծոյ կը վերադառնանք, քանի որ Աստուծոյ Բանին մարդեղութեամբ եղաւ ատիկա, այդ պատճառով կ՚ըսէ՝ Հոգիով: Եւ այս հոգեւոր երկրպագութեան Աստուծոյ հաճելի ըլլալը Քրիստոս կը ցուցնէ, երբ կ՚ըսէ. «Հայրն ալ կ՚ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան» (Յհ 4.23):

Ապա պատճառը կ՚ըսէ.

Խօսք. «Հոգի է Աստուած, եւ Անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն» (Յհ 4.24):

Մեկնութիւն. Գիտելի է, որովհետեւ վարդապետները կ՚ըսեն. «Աղօթքը միտքին բարձրացումն է առ Աստուած», այդ պատճառով աղօթքը կը խնդրէ նմանութիւն մը երկրպագողին առ երկրպագելին ինչքան կարելի է, իսկ Աստուծոյ էութիւնը հոգեւոր եւ իմացական է, ատոր համար հոգիով եւ ճշմարտութեամբ կ՚երկրպագենք։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

շար. 36

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020