«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՅԱՆՑԱՆՔԵՐԸ ԸՍՏ ՄՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Իսկ անոնք որոնք կ՚ըսեն երբ ծերանանք այդ ատեն կը զղջանք, իրենք վստա՞հ են, որ զղջալու առիթ պիտի ունենան: Ո՞վ երաշխաւորած է իրենց, որ յանկարծակի չմահանան: Մէկը կ՚ըսէր.

-Երբ ծերանամ, Երուսաղէմ պիտի երթամ, Յորդանանի մէջ պիտի մկրտուիմ ու այդ ատեն մեղքերս պիտի ջնջուին:

Շարունակեց մեղքին մէջ ապրիլ. երբ ծերացաւ ու տկարացաւ, որոշեց Երուսաղէմ երթալ, որպէսզի Յորդանան գետին մէջ մկրտուի: Իր սպասաւորներէն մէկուն ըսաւ.

-Կ՚երթամ, որպէսզի Յորդանան գետին մէջ մկրտուիմ:

Իր սպասաւորը մարգարէանալով՝ ըսաւ.

-Ո՜վ պարոն, եթէ անկեղծ ես ու հաւատքով է, որ մկրտութիւնը կ՚ուզես, ապա Յորդանանի գետ պիտի հասնիս, հակառակ պարագային ճանապարհի ընթացքին պիտի մեռնիս:

Մինչ ան Աթէնք պիտի երթար ճամբորդութեան թղթաբանութիւնը աւարտելու համար, մահացաւ: Անոր թաղումով ոմանք զբաղեցան, անոր դրամները գողնալէ ետք, ապա տարին զինք մեռելները թաղելով զբաղուող գրասենեակ, ուրկէ անոր դագաղը ղրկեցին իր շրջանը:

ԲԱՐԻՔ ԳՈՐԾԵՆՔ Ի ՍԷՐ ՅԻՍՈՒՍԻ

-Ո՜վ Ռոնտա. կը վախնամ դժուար տարիներէն, որ կը սպասեն մեզի:

-Ի՞նչ բանէն կը վախնաս: Թերեւս դժոխք երթալէն ու այնտեղ սատանաներուն հետ չարչարուելէն: Ըսէ. «Օգնէ՛ ինծի, Յիսուս, որպէսզի դրախտ երթամ, որով նեղուելուդ պատճառ չդառնամ, քանի որ շա՜տ դժուար է ինծի համար բոլոր կատարած գործերէդ ետք, զիս դժոխքին մէջ գտնես». այս մէկը կը հասկնամ: Սակայն, եթէ կ՚ուզես դրախտ երթալ որպէսզի հանգիստ վայելես, ապա այդ բանին մէջ ո՛չ մէկ լաւ բան կայ: 

Ես ասիկա չեմ ըսեր, որպէսզի թուլութեամբ ապրինք, սխալներ գործենք, որով դժոխք կ՚երթանք, սակայն մեզմէ շատեր ահաւոր փափաք ունին արդարութիւն գործելու՝ որպէսզի դրախտը չկրսնցնեն: Եթէ մեր միտքին յանձնուած ըլլանք. «Մարդոցմէ քանի՞ հոգի դժոխք պիտի երթան, երբ իրենց երկրային կեանքին մէջ իրական ուրախութիւն չեն զգացած, իսկ ես միայն իմ մասիս կը մտածեմ»: Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի. զիս չի հետաքրքրեր, թէ ուր պիտի երթամ, որովհետեւ անձս մէկ կողմ ձգած եմ: Վստահաբար, Յիսուսէն հեռու չեմ ուզեր ըլլալ, սակայն չեմ ջանար բարի բաներ գործել դրախտ մտնելու համար, քանի որ բարեգործութիւններուն նպատակը այդ չէ: Եւ կ՚ըսեմ. «Յիսուսս, նոյնիսկ եթէ վռնտես ալ զիս, ապա շնորհակալ պիտի ըլլամ, քանի որ արժանի չեմ դրախտին», փափաքելով առիթ տալ ուրիշի մը, որպէսզի այնտեղ հանգստանայ, իսկ ինծի համար բաւարար է հեռուէն նայիլ՝ որով զՅիսուս տեսնեմ: Իսկ բարեգործութիւնը պարզապէս խոնարհ արտայայտութիւն մըն է իմ սիրոյս Յիսուսի նկատմամբ եւ ո՛չ աւելին:

Այսօրուան մեր կեանքը փճացած ու դժուարացած է: Անձնուիրութիւնն ու հերոսութիւնը գրեթէ վերացած են: Նոյնիսկ հոգեւոր մարդիկը սկսած են մտածել այնպէս՝ ինչպէս խանութպանները կը մտածեն: Եզրակացութեան հասած են, որ կեղծ հոգեւոր կեանքով ապրին, ու սկսած են մտածել ինչպէս վայելեն իրենց ուզածը, հասնելով այն եզրին, որ մեղքն ու հաճոյքը կը բաժնէ: Անոնք սկսած են վաճառականական հաշիւներ ընել իրենց հոգեւոր կեանքին մէջ, որով սկսած են ըսել, թէ այսինչ բաները մեզ դժոխք կը տանին, իսկ այնինչ բաները մեզ դրախտ կը բարձրացնեն: Պահքի պարագային, օրինակ, կ՚ըսեն.

-Վաղը ուրբաթ է, ապա այս իրիկուն թող որ միս ուտենք մինչեւ ժամը տասներկուքէն հինգ վայրկեան պակաս, որովհետեւ ժամը տասներկուքէն ետք կարելի չէ միս ուտել, որով մեղք կը համարուի:

Կը նշանակէ, թէ անոնք կ՚ուզեն այս կեանքը վայելել, առանց դրախտը կորսնցնելու, այդպիսիով, սակայն, դժոխքն ու մեղքը կը շահին խանութպաններուն նման: Եթէ անոնք անձնուիրութեամբ եւ ազնուութեամբ մտածէին, ապա կ՚ըսէին.

-Յիսուս ինծի համար խաչուեցաւ ու չարչարանքներուն դիմացաւ, ինչպէ՞ս նեղացնեմ զԻնք սխալ արարքով մը: Դժոխք երթալ չեմ ուզեր, որպէսզի իմ այնտեղ ներկայութեամբս Յիսուսին ցաւ չպատճառեմ, ուրիշ ոչինչ:

Պէտք է ի սէր Յիսուսի պայքարինք, ո՛չ թէ որպէսզի վարձատրութիւն ստանանք. պէտք է անձնասիրութիւնը մեր սիրտերէն ու անձնական շահերը  մեր մտածումներէն վանենք. պէտք է մեր միտքերուն մէջ պատկերացնենք, թէ Յիսուս կը տեսնէ ու կը հետեւի մեզի, եւ պէտք է փորձենք գոհացնել զԻնք եւ ո՛չ թէ նեղացնել, այդպիսով մեր հաւատքը կը զօրանայ ու մեր սէրը կը բիւրեղանայ:

Եթէ խորհրդածենք մեր կատարած ճգնութիւններու, պահեցողութիւններուն եւ հսկումներուն մասին, պիտի նկատենք, որ այդ բոլորն ալ կը նպաստեն մեր ֆիզիքական առողջութեան: Ոեւէ մէկը կարծր անկողինի վրայ կը քնանա՞յ. բայց բժիշկները կը քաջալերեն այդ բանը եւ կը զգուշացնեն նուրբ անկողինի վրայ քնանալու վնասներէն: Ոեւէ մէկը երկրապագութիւննե՞ր կը կատարէ, մինչ ուրիշներ մարզանք կ՚ընեն, որպէսզի իրենց մկանները զօրացնեն: Քիչ ժամե՞ր կը քնանայ, մինչ երկար ժամեր քնանալը մարդս կը տկարացնէ: Հետեւաբար, հոգեւոր բաները կը նպաստեն առողջ ֆիզիքական մը ունենալուն: Ասոնց աւելցուր հրաժարիլը ամէն ինչէ, որ շա՜տ կ՚օգնէ մարդուն: Անոնք որոնք ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն, հրաժարուած վիճակի կեանք մը կ՚ապրին, առանց խառնաշփոթութեան: Մենք (աշխարհային ուսումնասիրութիւններու) համար չենք հրաժարիր, այլ՝ հոգեւոր գործերուն ընդմէջէն զորս մենք կը գործենք, հոգեւոր վսեմ նպատակ մը ունինք, ուրկէ կը ժայթքեն բարի բաները, որոնց կարիքն ունինք մենք՝ աշխարհիկները մարմնապէս: Հոգեւոր բաներ կը գործենք, որոնց մէջէն մարմինին առողջութիւնը կը ծագի:

ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աստուած մեր հոգեւոր վիճակին համապատասխան կ՚արտօնէ փորձութիւնները: Երբեմն կ՚արտօնէ գործելու սխալ մը, որ առիթ է խոստովանելու եւ զերծ մնալու երկրորդ անգամ իյնալէն, կամ զերծ մնալ աւելի մեծ փորձութենէ մը, որ սատանան կը պատրաստէ մեզի համար: Տակաւին, [Աստուած] կ՚արտօնէ սատանային փորձելու մեզ փորձութիւն մը դիմագրաւած ժամանակ: Յիշէ՛, Հայր Ֆիլարադոսին ըսածը.

-Զաւակս, Տէրը լքեց մեզ, [որովհետեւ] այսօր փորձութեան չեմ ենթարկուած:

Այս հայրը փափաքեցաւ ամէն օր սատանային հետ պատերազմիլ, որպէսզի Յիսուսէն պսակը ստանայ:

Հայր Ֆիլարադոսին նման զօրաւոր մարդ մը, փորձութիւններէն չի՛ փախչիր, այլ կը դիմադրէ զանոնք Յիսուսէն խնդրելով, որ ղրկէ զանոնք [փորձութիւնները], միաժամանակ ուժ տայ իրեն, որպէսզի պատերազմի անոնց դէմ: Իսկ տկար մարդը, կը խնդրէ Յիսուսէն, որպէսզի չփորձէ զինք: «Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք» (Մտ 6.13): Յաճախ երբ փորձութիւն մը կը դիմագրաւենք, կ՚ըսենք.

-Մարդ եմ, եւ ուրիշ բանի չեմ կրնար դիմանալ:

Մինչ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ ըսէինք.

-Ես «հին» մարդ մըն եմ, օգնէ՛ ինծի, Տէր իմ, որպէսզի (նոր) մարդ մը ըլլամ:

Մենք փորձութիւններուն ետեւէն չենք իյնար, այլ՝ եթէ անոնք գան, կը դիմագրաւենք զանոնք հաստատակամութեամբ եւ աղօթքով:

Հոգեւոր իւրաքանչիւր ձմեռէ ետք, պէտք է համբերութեամբ եւ յոյսով սպասենք հոգեւոր գարունի գալուստին: Ամենէն մեծ փորձութիւնները սովորաբար, մի քանի վայրկեան կը տեւեն միայն. եթէ այդ վայրկեաններուն կարենանք դիմագրաւել զանոնք, ապա փորձութիւնն ու սատանային խարդաւանանքը կ՚անցնին, ու կը փրկուինք: Մարդ երբ Աստուծոյ հետ կը միանայ, փորձութիւնները կ՚անհետանան: Սատանան կրնա՞յ վնաս պատճառել հրեշտակի մը. ո՛չ, որովհետեւ կ՚այրի:

Հոգեւոր կեանքը շատ պարզ ու դիւրին է. մենք է, որ կը դժուարացնենք զայն, որովհետեւ ճիշդ կերպով չենք պայքարիր: Նուազագոյն պայքարելու փորձով, սակայն խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ ապաւինելով, մարդ կրնայ արագ կերպով յառաջանալ: Ուր որ խոնարհութիւնը կը տիրէ, սատանան տեղ չի՛ գտներ: Իսկ երբ սատանան կը բացակայի, կը բացակային նաեւ փորձութիւնները:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 18

4 յունուար 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2021