ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ

ԽԵԼԱՑԻ ՀԱՒԻԿՆԵՐԸ

Երկու պզտիկ հաւեր կը խաղային իրենց մօր տեսադաշտէն ոչ հեռու, անոնք իսկոյն հակառակեցան եւ իւրաքանչիւրը պնդեց, թէ ինք աւելի խելացի է, սակայն միջոց մը չգտան, որ զիրենք առաջնորդէ գիտնալու թէ՝ ո՛վ աւելի խելացի է:

Առաջին հաւիկը ըսաւ երկրորդին.

-Շատ արագ պիտի վազենք եւ յաղթողն է աւելի խելացին:

Երկրորդ հաւիկը ըսաւ.

-Վազքը մարմնի զօրութենէն կախեալ է եւ կապ չունի խելացութեան հետ:

Առաջին հաւիկը վրդոված ըսաւ երկրորդին.

-Դուն միշտ առաջարկներս չես հաւնիր, առաջարկէ՛ տեսնեմ:

Երկրորդ հաւիկը պատասխանեց.

-Կ՚առաջարկեմ, որ ուտելիքով մրցինք եւ ո՛վ որ աւելի ուտէ, ան է աւելի խելացին:

Առաջին հաւիկը խանդավառուած համաձայնեցաւ: Անոնց մայրը կը լսէր զրոյցը, ծիծաղելով ըսաւ անոնց.

-Կը խրատեմ, որ մրցիք փաստելու, թէ ձեզմէ ո՛վ աւելի ապուշ է:

Հաւիկները ընդունեցին մօր խրատը եւ հարցեր տուին առաջարկուած մրցումին մասին:

Մայրը չպատասխանեց, այլ բաւարարուեցաւ շուարած նայելով անոնց:

ԹԵՒԱՒՈՐ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍՆԵՐ

Կոկորդիլոսը իր գետակէն նայեցաւ փոքր բազէի մը, որ թռչկոտելով կը թառէր ծառէ ծառ, ան զայրացած եւ նախատական շեշտով խրատեց զայն.

-Շատ ինքնահաւան մի՛ ըլլար եւ մի՛ պարծենար թեւերովդ. մեծ հայրս ալ ունէր երկու զօրեղ թեւեր, որոնցմով կը թռչէր:

Բազէն զարմացած հարցուց կոկորդիլոսին.

-Ի՞նչ կ՚ըսես. երբեք չեմ լսած օր մը, որ կոկորդիլոսները թեւեր ունին:

Կոկորդիլոսը պատասխանեց.

-Դուն տակաւին փոքրիկ բազէ մըն ես եւ ամէն անցնող օր նոր բան մը պիտի լսես, որ նախապէս չես լսած:

Բազէն հետաքրքրութեամբ դիտեց կոկորդիլոսը եւ հարցուց.

-Եւ ինչո՞ւ մեծ հօրմէդ թեւեր չժառանգեցիր:

Կոկորդիլոսը պատասխանեց.

-Մեծ հայրս ջուրին մէջ լողալը սիրեց եւ մոռցաւ իր թեւերը, չգործածեց զանոնք, ապա թեւերը աստիճանաբար անհետացան, կարծես երբեք օրին մէկը գոյութիւն չէին ունեցած:

Բազէն զարմացաւ եւ եռանդով սկսաւ թռչիլ, որպէսզի թեւերը չկորսնցնէ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 21, 2022