ԴԻՄԱԿԱՀԱՆԴԷՍԸ

Կերուխումի, ճոխութեան առատութեան տեսքն ու ձայնը պատած էր չորս դին, «Տրաքելու օր» էր կամ «Պատռումի կիրակի», ինչպէս կ՚ըսէր մեծ մայրս ձեռքին առատ տոպրակները բերած պահուն: Բարեկենդանի կը պատրաստուէինք, հինէն մեզի հասած սովորութեան համաձայն՝ ամէն ինչ առատ պէտք էր ըլլար սեղանին վրայ եւ առատօրէն ուտուէր մսեղէնը, որպէս նախապատրաստութիւն Մեծ պահքին: Մինչ մենք՝ փոքրերս, մեր դպրոցէն բերած ձեռային դիմակները հագած, կը նստէինք սեղանին շուրջ. ձայնաւորը կ՚երգէր, պարել ուզողը՝ կը պարէր, երբեմն մեծերը մեզմէ դիմակները կը խլէին, կը հագուէին ու ոեւէ մէկը ծաղր ու ծանակի կ՚ենթարկէին, կը քննադատէին իր մէկ արարքը, մեղքը. ոչ ոք կը նեղանար:

Շատ հինէն աւանդաբար մեզի հասած Մեծ պահքին կ՚անդրադառնայ Աստուածաշունչին Հին կտակարանը՝ «Տէրոջը հրեշտակը դարձաւ երկրորդ անգամ անոր (Եղիային) դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, կե՛ր, քանզի քու երթալու ճամբադ երկար է»: Անիկա ելաւ, կերաւ ու խմեց: Այն կերակուրին ուժովը քառասուն օր ու քառասուն գիշեր գնաց ու մինչեւ Քորեբ, Աստուծոյ լեռը, հասաւ» (Գ. Թագ. 7):

Հայոց մօտ Բարեկենդանին կը խաղցուէին զանազան խաղեր, հարկաւ դիմակախաղին զուգընթաց: Օրինակ՝ «Կշռեցուկ» խաղը յատկանշական էր, ուր զոյգերը առաստաղի գերաններէն կախուած երկթաթանի ճօճանակին մէջ կը նստէին եւ կը կշռուէին, հասկնալու համար թէ նախորդ տարուան իրենց կշիռքէն որքա՞ն պակսած է, այլ խօսքով, որքա՞ն մաշած ու հիւծած են կեանքի հոգերէն:

Աղջիկ փախցնելը, պարան քաշելը, հաւալան, գնդակի խաղերը, գօտեմարտը, ձիարշաւը կամ մականախաղը եւ այլ խաղերով կը զուարճանար ժողովուրդը դաշտերուն մէջ եւ այս բոլորին զուգահեռ կը լսուէին դափին ու զուռնային ձայները, «Թամզարա»ին, «Նուպար»ին եւ այլ երգերուն հնչիւնները:

Խաղերէն մաս մը կը գոյատեւեն մանկական միջավայրերու մէջ:

Վանքերուն մէջ այս տօնը կը կոչուէր «Աբեղաթող», այսինքն այդ օր վանական խիստ կանոններէն աբեղաներուն թողութիւն եւ արձակում կը շնորհուէր:

Առատ խաղերով, խնջոյքներով այս տօնին օրը նաեւ ազատութեան օր էր, երբ մեղաւորը ծաղրանքի կ՚երթարկուէր եւ կը հասկնար, թէ ի՛նչ սխալ գործած է:

Ազատութեան օր՝ անկաշկանդ արտայայտուելու, ներքին կուտակները թափելու, ներսը մաքրելու ու վերջաւորութեան ճերմակ ձուով մը փակելու օր, որպէսզի քառասունութ օր կարենան առանց դիմակներու պտըտիլ, կարենան առանց կեղծիքի, սուտի, խաբէութեան, առանց իրար միս ուտելու մնալ՝ «Մէկը կրնայ միս չուտել, բայց անընդհատ իր եղբօրը միսը ծամել» կը գրէ Ե. Կողբացի Մեծ պահքի ծոմապահութեան սխալ ըմբռնումին անդրադառնալով:

Հաւաքական աղերսի արտայայտութիւն էր կարծես Բարեկենդանը, իրարու նկատմամբ հոգատարութեան եւ սիրոյ դրսեւորման լաւագոյն առիթ: Յաճախ նաեւ ծիծաղախառն կատակներով քննադատութեան կ՚ենթարկուէին երկրի մեծաւորներն ու իշխանները:

Այսօր եթէ համախմբուինք արդեօք զո՞վ կը քննադատենք, կամ ծաղրի առարկայ կը դարձնենք, չէ՞ որ այսօր մէկը չի նեղանար:

..., եւ հաւաքին ընթացքին, դիմակաւոր մը բոլորին ուշադրութիւնը իր վրայ կը սեւեռէ, երբ՝

-Ազատագրեցի՜նք,- կը գոռայ,- այս ազատագրումը հարկաւ նման չէ 2016-ի ազատագրումին. հիմա պիտի շարունակենք ազատագրել միւս բոլոր վայրերը...:

Ունկնդիրներուն դիմակները մէկիկ-մէկիկ կը գլորին այս հնչիւնները լսելով, ազատագրում բառին մէջէն կը լսեն կարծես «պատերազմ»ը եւ անոր ահաւոր ձայները, մէկը կը մտաբերէ դիպուկահարին գտնուած շէնքին յատակի փքացած ու կապոյտցած դին, որ շրջակայ թաղերը կը տարածէր շնչահեղձ մահաբոյրն ու հիւանդագին մանրէները. ուրիշ մը կը մտաբերէ, թէ ինչպէս եօթանասունամեայ՝ դիպուկահարի կապարէն վիրաւոր ծերունին քաշած էր այդ վայրէն ու փրկած զայն, այլ մը դիմակը նետելով կը մտաբերէ հարազատ նահատակ մը...

-Նահատակներուն ողջո՛յն, մեր բանակի զինուորներուն ողջո՛յն, առանց որոնց...,- կը շարունակէ ղեկավարի դիմակով ծպտուածը:

Կին մը պոռթկուն նայուածքով կը նայի ու կը յիշէ իր մեծ կորուստը՝ զաւակը, ծնողազուրկը՝ ծնողքը, այրին՝ամուսինը... եւ այսպէս սպիները մէկիկ-մէկիկ կ՚արիւնին, մինչ ան կը շարունակէ իր սրսկումները, կարծես հիւանդանոցի միջանցքին թափառող բժիշկ մըն է ու հիւանդները մէկիկ-մէկիկ կը յուսադրէ յարմար դեղասրսկումով:

Կարելի՞ է արդեօք անցեալը լռեցնել, սրբել, ջնջել այս սպիները, դրոշմները...

-Մեզմէ՝ պատերազմը ապրածներէս ոչ մէկը, վստահ եմ, երբեք պիտի չփափաքի քաղաքական անձ մը ըլլալ,- կ՚արտայայտուի երիտասարդ մը ղեկավարի դիմակով խօսողը լսելէն ետք:

Այսպէս կեանք կոչուածը կը շարունակուի ու ենթադրաբար տարին մէկ անգամ տեղի ունենալիք դիմակահանդէսը սակայն ամէն օր, ամէնուր տեղի կ՚ունենայ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020