ՔՈՐՈՆԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ. ՎԱՐԱԿԷՆ ԱՆԴԻՆ ՆԱԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔԱՇՔՇՈՒՔ

Լիբանանի մէջ քորոնա վարակի առաջին պարագան կ՚արձանագրուէր փետրուարի 21-ին։ Այդ օրէն սկսեալ մինչեւ այս տողերուն գրուիլը առկայ խնդիրը կը դառնար ոչ միայն առողջապահական ոլորտին մէջ մտավախութիւն կամ տաղտուկ յառաջացնող նիւթ, այլ կը մտնէր նաեւ քաղաքական բեմահարթակ։

Հաւանաբար իմ այս սիւնակին հետեւողներ բաւական բան գիտեն Լիբանանի քաղաքական պայքարներուն, նուրբ կերպով ըսած, իւրայատկութիւններուն մասին, սակայն մեծ հաշուով մեզմէ շատերուն համար զարմանալի կը թուի, թէ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը անկախ որեւէ խնդրի լրջութեան կամ վտանգաւորութեան մակարդակէն, պիտի փորձէ ու արդէն իսկ այսօր կը փորձէ ստեղծուած իրավիճակը ծառայեցնել իր նեղ հաշիւներուն։

Անշուշտ մեղադրելէ անդին, կամ որեւէ կողմի նկատմամբ նախատական խօսքեր, վիրաւորանք կամ դատապարտման փորձեր ընելէ հեռու մնալով՝ պէտք է անպայման շեշտել, որ այսօր Լիբանանի մէջ տիրող իրականութիւնը երկար տարիներու կուտակման արդիւնք է։

Ճիշդ է, որ երկիրը բաժնուած է երկու հորիզոնական գիծերով, սակայն անընդունելին քաղաքացիներու առողջութեան, պատիւին, արժանապատուութեան եւ նոյնիսկ կեանքին շահարկումն է, որ մասնաւորապէս քորոնայի խնդրով գլած անցած է բոլոր սահմաններն ու յառաջադէմ մարդկութեան կողմէ գծուած կարմիր գիծերը։

Այս նախաբանը ներկայացնելէ ետք եւ արագ հայեացք մը նետելով պարտիմ յիշեցնել, որ քորոնայի առընթեր ամենամեծ տարակարծութիւնը ի յայտ կու գար, երբ կը յայտարարուէր, թէ Լիբանան «հասած» քորոնայի առաջին պարագան ժամանած էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն։ Այդ տեղեկութիւնը աւելի ուշ վիճարկումի առարկայ կը դառնար, սակայն ի զուր։

Լիբանանի մէջ ներկայ պահու դրութեամբ ընդդիմադիր համարուող կողմեր ընկերային հարթակներու, համացանցի եւ նոյնիսկ պատկերասփիռի կայաններու ճամբով նիւթը կը շահարկէին իշխանութեան հարց տալով՝ «սա է՞ ձեր դաշնակից Իրանը, որ մեր երկիր քորոնա բերաւ»։

Իր կարգին իշխանութիւնը, որ որոշ առումով ալ սխալ քայլերու կը դիմէր, արագ չէր շարժեր երկրին մէջ իրավիճակը հաւասակշռելու, կամ վարակը վերահսկողութեան տակ պահելու առումով։

Հակառակ լիբանանցիներու ջախջախիչ տոկոսի պահանջներուն՝ Թեհրան-Պէյրութ բոլոր թռիչքները արագօրէն կասեցնելու առընթեր, վարչապետ Տիապ եւ անոր կառավարութիւնը շատ ուշ կ՚արձագանգէին այդ պահանջներուն, ինչ որ դարձեալ ընդդիմադիրներու կարծիքով՝ արդէն պատճառ կը դառնար, որ «բանը բանէն անցնի» եւ Լիբանանի մէջ քորոնա վարակի տարածումը ընթանար շատ արագ ձեւաչափերով։

Այսօր, երբ այս նիւթը թուղթին կը յանձնեմ, մեծ թիւով լիբանանցի մասնագէտներու եւ նոյնիսկ երկրի Առողջապահութեան նախարար Համատ ալ Հասանի կարծիքով՝ Լիբանան տակաւին չէ շրջանցած քորոնայի համաճարակի ամբողջական տարածման ընդհանուր վտանգները։

Երբ համընդհանուր տարածման մասին կը խօսինք, ապա հաշուի պէտք է առնել, որ այդ պարագային վարակի տարածման կասեցումը կը դառնայ անկառավարելի եւ անկասելի, ինչ որ այս օրերուն կը կատարուի Եւրոպայի սրտին՝ Իտալիոյ մէջ։

Ամէն պարագայի Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար կարճ զրոյց մ՚ունեցայ լիբանանահայ կրթական մշակ՝ Ռիթա Պոյաճեանին հետ։ Զրոյցին առընթեր ալ իմ ընթերցողներուս ուշադրութեան կ՚ուզէի յանձնել, որ այնտեղ նշուած կարգ մը տուեալներ պէտք է թարմացուին. օրինակ՝ հայկական եկեղեցիներուն մէջ առանց հաւատացեալներու սուրբ պատարագ մատուցելու խնդիրը, կամ վարակակիրներու ընդհանուր թիւին վերաբերեալ նոր տուեալները, որոնք բնականօրէն փոխուած են եւ առ այդ կը հայցեմ ընթերցողներուս ներողամտութիւնը, միշտ յիշեցնելով, որ կարեւորը, կենսականը եւ էականը հարցազրոյցին մէջ տեղ գտած հիմնական մտահոգութիւններն են, նաեւ այն, թէ ինչպիսին է մեր սիրելի Պէյրութի վիճակը այս մահազդու համաճարակի օրերուն։

-Ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Լիբանանի մէջ քորոնայի տարածումէն ի վեր:

-Քորոնա վարակի առաջին պարագան Լիբանան մուտք գործեց 21 փետրուարին. ըստ նախնական տուեալներու՝ այդ պարագան Իրանէն էր։ Այդ օրէն ի վեր անցած է երեք շաբաթ, այսօր արդէն առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն, երկրին մէջ վարկուածներու թիւը հասած է 130-ի, որոնցմէ՝ 4-ը արդէն մահացան:

Մարդիկ այսօր իսկապէս շատ մտահոգ են, սկսած են վախնալ իրարմէ, այդ վախը ձեւով մը փողոցներուն մէջ կ՚երեւի. շատեր ծածկած են իրենց բերանները, ձեռնոցներ կը կրեն, խանութներուն, ինքնաշարժներուն կամ իրենց պայուսակներուն մէջ կ՚ունենան ալքոլի կամ հականեխող ժելի սրուակներ, որպէսզի այլ մարդոց հետ շփում ունենալէ ետք անմիջապէս ձեռքերնին հականեխեն։ Այս մթնոլորտը ամբողջ երկրին մէջ կը տիրէ: Բաց աստի, մարդոց տնտեսական իրավիճակը եւս շատ վատ է: Մենք շատ լաւ գիտենք, որ հոկտեմբեր 2019-ին ընթացք առած յեղափոխութենէն ի վեր եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերէն ետք շատ մեծ անկում կրած է երկրի տնտեսական վիճակը։ Ամէնուր անգործութիւն կը տիրէ, նիւթական անբաւարարութիւն, դրամատուներու հետ դժուարութիւններ… Մարդիկ դեռ չէին կրցած մարսել այս բոլորը, երբ վրայ հասաւ քորոնայի այս հարցը եւ տագնապը հասցուց իր գագաթնակէտին: Այսօր լիբանանցիները շատ վատ հոգեվիճակի մէջ կը գտնուին, դժբախտաբար։

-Քորոնան որպէս համաճարակ ընկերային տարբեր պայմաններու ստեղծման պատճառ կը հանդիսանայ: Ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր կեանքին մէջ քորոնայի ի յայտ գալէն ի վեր:

-Քորոնայի այս հարցէն ետք շատ բան փոխուեցաւ մեր կեանքէն ներս կամ ընդհանրապէս գաղութի կեանքէն ներս. ընկերային եւ մշակութային կեանքը, որ արդէն բաւական թոյլ էր վերջին շրջանին, տկարացաւ, չըսելու համար, որ այս շաբաթ արդէն դադրած է։ Այսուհետեւ ոչ մէկ միութիւն կամ կազմակերպութիւն պիտի համարձակի ձեռնարկ կամ ընկերային հաւաք կազմակերպել, յատկապէս, որ բոլոր հանրային վայրերը՝ ճաշարաններ, զբօսաշրջութեան, մարզանքի եւ այլ վայրեր բոլորն արդէն փակուեցան: Հետեւաբար, մարդիկ տուներէն դուրս կու գան միայն երբ ստիպուած կ՚ըլլան գործի երթալ։ Այս առումով Լիբանանի կառավարութեան կողմէ արտակարգ դրութիւն յայտարարելը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ եթէ այդ մէկը չըլլայ, վիճակը օրէ օր շատ աւելի պիտի բարդանայ եւ շատ արագ ձեւով վարակուողներու թիւը պիտի կրկնապատկուի:

Արտակարգ վիճակի հաստատումով երկրի բոլոր սահմանները պէտք է փակուին եւ առաւելագոյն 2-3 օր տրուի այն լիբանանցիներուն, որոնք երկրէն դուրս կը գտնուին, որպէսզի վերադառնան, նախքան օդակայանի վերջնական փակումը: Պէտք է փակուին նաեւ բոլոր հաստատութիւնները առանց բացառութեան եւ մարդիկ միայն իրենց անմիջական պէտքերը հոգալու, շուկայ երթալու համար դուրս գան, այս պարագային կը շարունակեն գործել միայն դեղարանները, հիւանդանոցները եւ ուտեստեղէն ծախող խանութները կամ կեդրոնները:

-Հայկական շրջանակներուն մէջ ինչպէ՞ս է արձագանգը: Հայկական միութիւնները, կազմակերպութիւնները որեւէ ձեւով կը մասնակցին քորոնայի դէմ սկիզբ առած պայքարին:

-Այսօր, պատկերաւոր ըսած, այս աղէտը բոլորիս համար է. քորոնա կոչուած վարակը հայ, արաբ, իսլամ, քրիստոնեայ, այլազգի չի ճանչնար, բոլորս նոյն «աղէտ»ին մէջ ենք։ Այս վիճակը պէտք է դիմագրաւենք։ Հետեւաբար, հայկական շրջանակներն ալ, նման միւս շրջանակներուն, առաջին հերթին վարակէն զգուշունալու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները գործի դրին. բոլոր միութիւնները իրենց ձեռնարկները դադրեցուցին, երգի, պարի խումբերու փորձերը դադրած են, հայահոծ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը կարեւոր հաստատութիւնները՝ ծերանոցը, եկեղեցիները հականեխելու արշաւի սկսաւ։ Հայկական վարժարանները իրենց հերթին, իրենց դպրոցները հականեխեցին, այսինքն կանխազգուշութեան բոլոր աշխատանքները կը տարուին, ինչպէս կ՚ընեն երկրի բոլոր լիբանացիները։ Օրինակ՝ կան կարգ մը արաբական եկեղեցիներ, որոնք արդէն փակուած են եւ պատարագ չեն մատուցեր, մզկիթներու պարագային եւս իսլամական համայնքի ներկայացուցիչներ յայտարարեցին, որ այլեւս աղօթք տեղի պիտի չունենայ ցնոր տնօրինութիւն։

-Ի վերջոյ, ի՞նչ կը կարծէք, ի՞նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի կրթական տարեշրջանի ճակատագիրը:

-Իրականութիւնը, լիբանանցիք, գիտէք, ամէն դժուարութեան դէմ կը փորձեն լուծում մը գտնել: Կրթական հաստատութիւնները, իրենց կարողութեան համաձայն, սկսած են դասընթացքները առցանց տալ եւ որոշ չափով այդ դասընթացքները տեղի կ՚ունենան։ Բայց եւ այնպէս, մենք լաւ գիտենք, որ առցանցը պիտի չկարենայ փոխարինել իսկական դասընթացքները, որոնք տեղի կ՚ունենային դպրոցներուն մէջ: Հետեւաբար, նկատի ունենալով, որ այս վիճակը կրնայ նուազագոյնը մէկ կամ երկու ամիս տեւել, ապա կրթական տարեշրջանը, այո, որոշ չափով վտանգուած է: Բայց կը կարծեմ, որ կրթութեան նախարարութիւնը արտակարգ որոշումներ պիտի առնէ հաւանաբար այս վիճակին համար, կամ ծրագիրները սահմանափակելով այս տարուան համար եւ կամ տարեշրջանը երկարաձգելով մինչեւ ամառնային շրջան, կամ որոշ դիւրութիւններ տալով, մանաւանդ պետական քննութիւններու պարագային եւ այլն, որովհետեւ շատ յստակ է, որ մենք բնական պայմաններու մէջ պիտի չլրացնենք այս տարուան կրթական տարեշրջանը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020