ՄԻՇՏ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Զանազան հարթակներու վրայ եւ մանաւանդ Ուքրայնայի ղեկավարութեան կողմէ վերջերս լսելի դարձած են կարգ մը «անսպասելի» յայտարարութիւններ, որոնք կը վերաբերին Ուքրայնայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հիմնախնդրին։ Սա ձեւով մը իսկական արմատն է այն մեծ պատերազմին, որ կ՚ընթանայ շուրջ ամիսէ մը ի վեր։ Ուքրայնայի խնդիրը, բազմաբեւեռ ըլլալէ անդին, ունի ընկերային, մշակութային, քաղաքական ու գաղափարական բազմապիսի եւ բազմաբնոյթ երեսակներ։ Այո՛, Ռուսաստանի հետ թէեւ կան տարակարծութիւններ, սակայն, մեծ հաշուով Ուքրայնա հասկնալիօրէն ու պատմական առանցքով մըն ալ կապուած է Ռուսաստանին։ Այդ պատճառով Արեւմտեան պլոքի եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու «ձեռնասուն»՝ ՆԱԹՕ-ի կողմէ որեւէ նկրտում մը անմարսելի եւ անընդունելի պիտի համարուէր ռուսերուն համար։ Ճիշդ այս նիւթերուն մասին խօսած է ամերիկացի հանրայայտ դիւանագէտ Հենրի Քիսինճըր, որ երկար տարիներ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան ճարտարապետը համարուած է։ 2014 թուականին ան «The Washington Post»ի մէջ ստորագրած էր կարեւոր յօդուած մը, որու հիմնական կէտերը կարելի է անվարան ցոլացնել այժմու համայնապատկերին վրայ։ Քիսինճըր այդ յօդուածին մէջ կը գրէր հետեւեալները։

*

Ուքրայնայի վերաբերեալ հանրային քննարկումները ամբողջութեամբ առճակատման մասին են: Բայց արդեօք գիտե՞նք, թէ ո՛ւր կ՚երթանք։ Ես կեանքիս ընթացքին ականատես եղայ չորս պատերազմներու, որոնք սկսան մեծ ոգեւորութեամբ եւ «վայելեցին» հանրային աջակցութիւն, բայց աշխարհը իրար անցաւ այդ պատերազմներուն վերջ մը տալու համար։ Երեքի պարագային մենք՝ ամերիկացիներս միակողմանիօրէն քաշուեցանք: Քաղաքականութեան փորձութեան ինչպէս սկսիլը չէ, այլ ինչպէ՛ս աւարտիլը:

Շատ յաճախ Ուքրայնայի հարցը կը դրուի՝ որպէս դիմադրութիւն, թէ ան պէտք է միանայ Արեւելքին կամ Արեւմուտքին: Բայց, Ուքրայնա գոյատեւելու եւ զարգանալու համար պէտք չէ ըլլայ կողմերէն որեւէ մէկուն հետ՝ ընդդէմ միւսին, այլ պէտք է կամուրջ մը հանդիսանայ անոնց միջեւ: Ռուսաստան պէտք է ընդունի, որ Ուքրայնային արբանեակի կարգավիճակ տալ փորձելով եւ այդպէսով կրկին փոխելով իր սահմանները՝ ստիպողութիւն պիտի յառաջացնէ փոխադարձ ճնշումներու իրականացման պատմութեան կրկնութեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Արեւմուտքը պէտք է հասկնայ, որ Ռուսաստանի համար Ուքրայնան երբեք չի կրնար պարզապէս օտար երկիր մը ըլլալ։ Ռուսական պատմութիւնը սկսած է «Քիեւ-ռուս»էն: Ռուսական կրօնը տարածուած է այնտեղէն: Ուքրայնա դարեր շարունակ եղած է Ռուսաստանի մաս։ Անոնց պատմութիւնները եղած են միաձուլուած: Ռուսաստանի ազատութեան համար մղուած ամենէն կարեւոր մարտերէն շատերը, ինչպէս 1709-ի Փոլթավայի ճակատամարտը, տեղի ունեցած են Ուքրայնայի հողին վրայ: Սեւ ծովու նաւատորմը, որ Ռուսաստանի ուժը Միջերկրականի մէջ լուսարձակելու միջոց է, երկարաժամկէտ վարձակալութեամբ հաստատուած է Սեւաստոփոլի մէջ, Խրիմ: Նոյնիսկ յայտնի այլախոհներ. ինչպէս՝ Ալեքսանդր Սոլժենիցի եւ Ժոզէֆ Պրոտսքի պնդած էին, որ Ուքրայնա Ռուսաստանի պատմութեան եւ, անշուշտ, Ռուսաստանի բաղկացուցիչ մասն է:

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ընդունի, որ իր դիւանակալային​​յապաղումները եւ ռազմավարութեան ենթակայութիւնը ներքին քաղաքականութեան՝ Եւրոպա-Ուքրայնա յարաբերութիւններուն շուրջ բանակցութիւններուն մէջ պատճառ դարձան, որ ընթացքը վերածուի տագնապի մը։ Արտաքին քաղաքականութիւնը առաջնահերթութիւններ սահմանելու արհեստ մըն է:

Ուքրանացիները իրենք իսկ են որոշիչ տարրը: Անոնք կ՚ապրին բարդ պատմութեամբ եւ բազմալեզու երկրի մը մէջ։ Արեւմտեան մասը Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ մտած էր 1939-ին, երբ Սթալինն ու Հիթլէրը բաժնած էին աւարը։ Խրիմը, որու բնակչութեան 60 տոկոսը ռուս է, դարձաւ Ուքրայնայի մաս մը միայն 1954-ին, երբ ծագումով ուքրանացի Նիքիթա Խրուշչեւ զայն շնորհեց ղազախներուն՝ որպէս նուէր, ղազախներու եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած պատմական համաձայնութեան 300-ամեակի տօնակատարութեանց առթիւ: Արեւմուտքը մեծամասնութեամբ կաթողիկէ է, արեւելքը մեծամասնութեամբ ռուս ուղղափառ: Արեւմուտքը կը խօսի ուքրաներէն, արեւելքը կը խօսի հիմնականին մէջ՝ ռուսերէն: Ուքրայնայի որեւէ կողմին գերիշխելու փորձը, ինչպէս նախապէս եղած է, կը յանգեցնէ քաղաքացիական պատերազմի կամ անկումի: Ուքրայնան Արեւելք-Արեւմուտք առճակատման մաս համարելը պիտի ձախողեցնէ համագործակցութեան միջազգային համակարգի մը հասնելու որեւէ հեռանկար Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի՝ յատկապէս Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ:

Ուքրայնա անկախ է ընդամէնը 23 (Ծ. Խմբ.- յօդուածի պահուած պահու դրութեամբ) տարիէ ի վեր: Ան նախապէս ինչ-որ օտար տիրապետութեան տակ եղած էր 14-րդ դարէն ի վեր: Զարմանալի չէ, որ անոր ղեկավարները չեն սորված փոխզիջումներու արուեստը, ինչպէս նաեւ պատմական հեռանկար ունենալը: Ուքրայնայի յետանկախութեան քաղաքականութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ խնդիրները ի՛նչ մեկնակէտ ունին։ Ուքրանացի քաղաքական գործիչները կը ջանան իրենց կամքը պարտադրել երկրի «անկարգ» մասերուն վրայ։ Եւ ճիշդ այդ է հակամարտութեան էութիւնը՝ Եանուքովիչի եւ անոր գլխաւոր քաղաքական մրցակից Թիմոշենքոյի միջեւ (Ծ. Խմբ.- յօդուածի գրուած պահու դրութեամբ երկրի գլխաւոր քաղաքական դէմքերը)։ Անոնք կը ներկայացնեն Ուքրայնայի երկու թեւերը եւ չեն ցանկար բաժնել իշխանութիւնը: Ուքրայնայի պարագային Միացեալ Նահանգներու կողմէ իմաստուն քաղաքականութիւնը պիտի փնտռէր երկրի երկու մասերու համագործակցութիւնը: Մենք պէտք է ձգտինք հաշտութեան եւ ո՛չ թէ խմբակցութեան մը գերիշխանութեան։

Արեւմուտքն ու Ռուսաստանը, նաեւ Ուքրայնայի տարբեր խմբաւորումները չեն գործած այս սկզբունքով: Իւրաքանչիւրը աւելի վատացուցած է իրավիճակը: Ռուսաստան չի կրնար ռազմական լուծում մը պարտադրել առանց ինքզինք մեկուսացնելու, երբ իր սահմաններուն մեծ մասը արդէն անկայուն է: Արեւմուտքին համար Վլատիմիր Փութինը ստուերելը քաղաքականութիւն չէ, այլ պատրուակ մըն է մէկու մը բացակայութեան: Փութինն ալ պէտք է հասկնայ, որ ռազմական քաղաքականութիւնը պիտի յանգեցնէ նոր Պաղ պատերազմի՝ որքան որ ալ ըլլայ նեղացուցիչ։ ԱՄՆ պէտք է խուսափի, Փութին լուրջ ռազմավար մըն է Ռուսաստանի պատմութեան մէջ: ԱՄՆ-ի արժէքներն ու հոգեբանութիւնը ըմբռնելը անոր զօրաւոր կողմերը չեն՝ ինչպէս որ ռուսական պատմութիւնն ու հոգեբանութիւնը ըմբռնելը չէ եղած ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը մշակողներու զօրաւոր կողմը: Բոլոր կողմերու ղեկավարները պէտք է քննեն արդիւնքները եւ պէտք չէ մրցակցին դիրքորոշման մէջ: Ահա իմ պատկերացումը այն արդիւնքներուն մասին, որոնք կը համապատասխանեն բոլոր կողմերու արժէքներուն եւ անվտանգութեան շահերուն:

1. Ուքրայնա իրաւունք պէտք է ունենայ ազատօրէն ընտրելու իր տնտեսական եւ քաղաքական միաւորումները՝ ներառեալ Եւրոպայի հետ։

2. Ուքրայնա պէտք չէ անդամակցի ՆԱԹՕ-ին. դիրքորոշում մը, որ ես ընդունեցի եօթ տարի առաջ։

3. Ուքրայնա պէտք է ազատ ըլլայ կազմելու որեւէ կառավարութիւն, որ կը բխի իր ժողովուրդի կամքէն։ Այն ատեն ուքրանացի իմաստուն առաջնորդները պիտի ընտրեն հաշտեցման քաղաքականութիւնը իրենց երկրի տարբեր մասերուն հետ: Միջազգայնօրէն անոնք պէտք է Ֆինլանտիայի հետ համեմատելի կեցուածք մը ունենան։ Այդ ժողովուրդը կասկած չի ձգեր, թէ ինք անկախ է եւ կը համագործակցի Արեւմուտքին հետ շատ մը ոլորտներու մէջ, բայց եւ այնպէս, զգուշօրէն կը խուսափի Ռուսաստանի դէմ հաստատութենական թշնամանքէ:

4. Ներկայ աշխարհի կանոններուն չի համաձայնիր Ռուսաստանի կողմէ Խրիմի բռնակցումը: Բայց, պէտք է հաւանական ըլլայ դնել Խրիմ-Ուքրայնա յարաբերութիւնները ոչ այնքան ծանր հիմքերու վրայ։ Այդ նպատակով Ռուսաստան կը ճանչնայ Ուքրայնայի ինքնիշխանութիւնը Խրիմի նկատմամբ։ Ուքրայնա պէտք է ամրապնդէ Խրիմի ինքնավարութիւնը միջազգային դիտորդներու ներկայութեամբ ընթացող ընտրութիւններուն: Գործընթացը պէտք է ներառէ Սեւաստոփոլի՝ Սեւ ծովու նաւատորմի կարգավիճակի վերաբերեալ որեւէ անորոշութեան վերացում:

Այս բոլորը սկզբունքներ են եւ ոչ թէ դեղատոմսեր։ Տարածաշրջանին ծանօթ մարդիկ կը գիտակցին, որ այստեղ նշուած բոլոր կէտերը հաճելի պիտի չթուին բոլոր կողմերուն համար: Ի վերջոյ փորձելը բացարձակ գոհունակութիւն մը չէ, այլ հաւասարակշռուած անգոհունակութիւն մըն է: Հիմնուելով այս սկզբունքներուն կամ անոնց հետ բաղդատուած տարրերուն վրայ եթէ կարգ մը լուծումներ ինչ-որ ձեւով չիրականացան, ուրեմն առճակատումը պիտի սրի: Եւ այս բանին ժամանակը շուտով պիտի գայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 21, 2022