ԻՆՖԼՈՒԷՆԶԱ (1) ԿԱՄ ՆՈՐ ՑԱՒ

Նկատի ունենալով բժշկապետ Վահան Արծրունիի գրքոյկներու պարունակութեան այժմէականութիւնը եւ միւս կողմէ բժշկապետին ապրած ժամանակ մեր հայ բժիշկներուն հասած բարձրութիւնը, կը շարունակենք բժշկապետին «Բժշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկները արեւմտահայերէնի վերածելով մեր ընթերցողներուն ներկայացնել: Այս եւ յաջորդող գրութիւններով այս անգամ ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք բժշկապետին «Ինֆլուէնզա կամ նոր ցաւ» վերնագիրը կրող գրքոյկը, գրուած 1902-ին:

Գրքոյկը այս գրութեամբ կը սկսի բժիշկը.

Ասկէ տասներկու տարի առաջ, 1899-ին ձմեռը, սոսկալի հարինք2 (համաճարակ հիւանդութիւն) մը քամիի նման անցաւ ամբողջ հողագունդին վրայով եւ մարդկութեան մէկ երրորդ մասը հիւանդացուց, այսինքն՝ 500 միլիոն մարդ:

Բժիշկները ապշած մնացած էին, թէ ասիկա ի՞նչ տեսակի ցաւ էր: Տեղ մը թոքերը կը հարուածէր, ուրիշ տեղ մը՝ ջիղերը, մէկ ուրիշ տեղ՝ պարզապէս ջերմութեան նման էր, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ալ ստամոքսի հիւանդութեան կերպարանք կ՚ընդունէր, եւ այլն: Քառասուներեք տարուան բժիշկները միայն այս հիւանդութիւնը տեսած էին՝ 1847-48 թուականներուն:

Քառասուներեք տարի քնացած մնացած էր այդ ցաւին թոյնը, եւ յանկարծ դարձեալ սարսափելի ուժով բռնկած էր:

Ժողովուրդը այս հիւանդութեան «ՆՈՐ ՑԱՒ» անունը տուաւ, կարծելով, թէ նոր աշխարհ ինկած է. սակայն, ատիկա սխալ է: Տակաւին 1510 թուականին այն յայտնի էր, եւ իւրաքանչիւր դարու մէջ ան քանի մը անգամ յանկարծ տեղ մը կը բռնկի եւ արագութեամբ կը տարածուի:

Եւ, իրապէս, ո՛չ մէկ հիւանդութիւն այնքան արագ չի՛ տարածուիր, ինչպէս ինֆլուէնզան: Յանկարծ, անսպասելի կերպով, շատ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին, ան «ինչպէս հսկայ ամպերու ստուեր», ամբողջ երկիրներ կը ծածկէ, ծովի վրայով կը թռչի եւ քանի մը օրուան մէջ կրնայ երկրագունդին մէկ հսկայ մասին վրայ տարածուիլ:

Սարսափելի է անոր տարած զոհերուն թիւը. 1889-ի ինֆլուէնզան աւելի մարդ կոտորեց, քան 1892-ի խոլերան.- միայն Ֆրանսան՝ քառասուներկու հազար մարդ կորսնցուց:

1

ԻՆՖԼՈՒԷՆԶԱ ԿԱՄ ՆՈՐ ՑԱՒ

Ինֆլուէնզան վարակիչ հիւանդութիւն է, այսինքն՝ ան հիւանդէն առողջին կ՚անցնի, ու այսպէս՝ արագութեամբ կը տարածուի եւ համաճարակ կը դառնայ:

Եթէ ան վարակիչ է, ուրեմն անոր պատճառը որեւէ վարակիչ թոյն մըն է: Եւ, իրապէս, գիտնական մը հիւանդներուն խուրպի եւ հարբուխի արտաթորութիւնները մանրացոյցով3 զննեց եւ անոնց մէջ գտաւ զարմանալի մանր էակներ, որոնք ցուպիկներու նման են, եւ որոնք ինֆլուէնզայի ցուպիկներ կը կոչուին:

Այս զարմանալի մանր էակներն են ինֆլուէնզա յարուցողները: Ասոնք են, որ առողջ մարդու մարմինին մէջ մտնելով՝ կը հիւանդացնեն զինք:

Այսպէս, ուրեմն, ինֆլուէնզան այնպիսի վարակիչ զօրութիւն ունի, ինչպէս քութէշը, տիֆթիրիտը, խոլերիան, կարմրուկը, եւ այլն:

Ասոնց պէս ան կրնայ զանազան իրեղէններու, ապրանքներու միջով տեղափոխուիլ երկրէ մը միւսը. ան կը ճանապարհորդէ երկաթուղիներով եւ նաւերով, ամէն տուն կը մտնէ, աղքատի խրճիթէն սկսած մինչեւ թագաւորներուն պալատները, եւ բոլորը կը հարուածէ՝ նորածին երեխայէն սկսած մինչեւ ծերերը: Ինֆլուէնզային ցուպիկը, թոքախտի ցուպիկին նման, կրնայ չորնալ, խառնուիլ փոշիի եւ հողի հետ եւ քամիին հետ տարուիլ-սփռուիլ հեռու տեղեր: Այս կերպով ան կը մտնէ մարդուս քիթն ու թոքերը, այնտեղ կը կենդանանայ, կը բազմանայ եւ կը վարակէ4: Երբ այդ ցաւը քաղաք մը կամ գիւղ մը կ՚իյնայ, բնակիչներուն կէսը կը հիւանդանան: Տարուան ժամանակը, եղանակը, վայրին դիրքը (լեռներ թէ դաշտեր), օդին տաքութիւնը կամ սառնութիւնը ոչ մէկ նշանակութիւն ունին. ինֆլուէնզան ամէն տեղ եւ ամէն եղանակի կրնայ տարածուիլ: Երբ տեղ մը թոյնը արդէն ինկած է, սկիզբը հատ-հատ, կենտ-կենտ կը հիւանդանան, բայց շուտով վարակումը կը սաստկանայ, հիւանդներուն թիւը կը շատնայ ու այսպէս մի քանի շաբաթ կը տեւէ: Այնուհետեւ հիւանդութիւնը երթալով կը նուազի, կը թուլանայ եւ կը վերջանայ:

Ընդհանրապէս վայրի մը մէջ ինֆլուէնզայի համաճարակը մինչեւ ութ շաբաթ կը տեւէ:

Մէկ անգամ հիւանդացողը նոյն համաճարակի ընթացքին այլեւս չի տկարանար, բայց յաջորդ տարին կրնայ դարձեալ վարակուիլ:

2

ԻՆՖԼՈԻԷՆԶԱՅԻ ՆՇԱՆՆԵՐԸ

Հիւանդութիւնը յանկարծակի, անսպասելի կերպով վրայ կու տայ:

Վարակուածը յանկարծ սարսուռ կը զգայ ողնաշարին վրայ, երբեմն գլխացաւ ու հարբուխ, երբեմն ալ թեթեւ ցաւեր յօդերու (ծունկերու, ուսերու, արմուկներու) մէջ եւ միշտ տեսակ մը ընդհանուր թուլութիւն։ Ամբողջ մարմինը կը ջարդուի, մէջքը, ոտքերը երբեմն սաստիկ կը ցաւին, սիրտը կը սկսի արագ բաբախել, շնչառութիւնը կը ծանրանայ:

Եթէ այդ ընթացքին տաքութիւնը չափենք, կը տեսնենք, որ հիւանդը արդէն բաւական ջերմութիւն ունի5: Երկու ժամ յետոյ ջերմութիւնը բարձրանալով կը հասնի 39-40 աստիճանի: Այս բարձր տաքութիւնը սակայն երկար չի տեւեր եւ յաջորդ օրն իսկ, կամ երկու օր յետոյ կ՚իջնէ:

Եթէ հիւանդը մէկ կամ երկու-երեք օր առողջ է, այսինքն՝ այլեւս ջերմութիւն չունի, եւ յանկարծ տաքութիւնը դարձեալ վրայ կու տայ. պէտք է զգոյշ ըլլաք եւ բժիշկի դիմէք, որովհետեւ այդ կը նշանակէ, թէ հիւանդութիւնը բարդացած է, այսինքն՝ նոր ցաւ մը, օրինակ, թոքերու բորբոքում յառաջացած է:

Ինֆլուէնզայի արտայայտութիւնները այնքան բազմատեսակ ու բարդ են, որ երկու հիւանդ չէք գտներ, որոնց հիւանդութիւնը իրարու նման ըլլային: Կարելի է վստահ ըսել, որ մարմինին ո՛չ մէկ մասը ազատ կը մնայ: Ուղեղը, մկանները, մարսողական գործարանը (ստամոքս եւ աղիքներ), սիրտը, թոքը, մէկ խօսքով մեր մարմինին բոլոր մասերը կրնան հիւանդանալ ու վնասուիլ:

Երբեմն այս բոլոր ցաւերը միեւնոյն հիւանդին վրայ կ՚երեւին, բայց առհասարակ անոնցմէ մէկը, կամ մէկ-եկուքը կը յայտնուին. օրինակ, մէկուն ուղեղը կը հիւանդանայ, միւսին թոքերը, երրորդի մը ստամոքսը, կամ թոքերն ու ստամոքսը միասին, եւ այլն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ


(1) Դում, տենդախառն հարբուխ:

2 Հիւանդութեան մը անունը, որ ըստ գաւառներու արնալոյծ կամ թանչ կը կոչուի, համաճարակ, տիֆ եւ հարբուխ («Հայերէն Բացատրական Բառարան», Ստեփան Մալխասեանց):

3 Տե՛ս իմ «Վարակիչ հիւանդութիւնները եւ անոնց թոյնը», 1902, Թիֆլիզ:

4 Տե՛ս նոյնպէս իմ «Թոքախտ կամ բարակացաւ», 1902 Թիֆլիզ:

5 Տաքութիւնը առանձին գործիոքով կը չափեն, որ «ջերմաչափ» կը կոչուի:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2022