«ՊՈԲԵԴԱ» ՆԱՒՈՒՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՎԻՃԱԿՈՒԱԾ «ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ»Ը

«Ալեքսանդրիայից Բաթումի նաւահանգիստ եգիպտահայ երկրորդ կարաւանին բերող «Պոբեդա» նաւի վրայ 1948-ի Սեպտեմբեր 1-ին հրդեհ բռնկուեց: Սեպտեմբերի 14-ին ներգաղթն անյապաղ դադարեցւում է»:*

Սփիւռքի մէջ ապրող հայերէն (խօսքը երէց սերունդի մասին է) շատ շատեր հաւանաբար լսած են «Պոբեդա» շոգենաւուն մասին: Եգիպտոսի Աղեքսանդրիայէն դէպի Խորհրդային Վրաստան հայեր տեղափոխող այդ նաւուն ոդիսականը պատմական կարեւոր փուլի մը փակման նախասկիզբն էր: Խօսքը անշուշտ հայրենական ներգաղթի մասին է, որ ընթացք կ՚առնէր 21 Նոյեմբեր 1945 թուականին եւ պաշտօնապէս կ՚աւարտէր 1948 թուականին: Ճիշդ է, որ Խորհրդային մարմիններուն կողմէ ամրա-գըրւած եւ ներգաղթը դադրեցնելու վերաբերեալ վճիռը վերջնական պատուար մը չէր դառնար այն հայերուն դիմաց, որոնք իրենց ընտանեկան պարագաներուն դէպի Սովետական Հայաստան տեղափոխումէն ետք ալ շատ յաճախ լռելեայն վճռած էին Հայաստան մեկնիլ: Սակայն ընդհանուր առումով ներգաղթի փուլը իր վերջին շունչը կը փչէր:

Խորհրդային երկրի տէրերը եւ մասնաւորապէս Սովետական Հայաստանի թիւ մէկ ղեկավար Ժոզէֆ Ստալին իմանալէ ետք նաւուն վրայ ծագած հրդեհին լուրը, արագօրէն կը հեռագրէր այդ օրերուն Ժողկոմխորհուրդի նախագահ Գէորգ Մալենկովին եւ խստավոճ յանձնարարական մը տալէ բացի, կը շեշտադրէր, որ «Պոբեդա» նաւուն մէջ կան «խառնակիչ» տար-րեր, որոնք կը պատրաստուէին խափանարարական արարքներ կատարել Հայաստանի մէջ: Այդ անհիմն տեսութեան վրայ հիմնուելով Խորհրդային իշխանութիւններուն մտայղացումը հանդիսացող ներգաղթի գաղափարը կը տապալուէր, իր ետին ձգելով տարբեր տեսակի հիմնա-խընդիրներ, մասնաւորապէս անոնց համար, որոնք Հայաստան գալու մարմաջէն մղուած կը հրաժարէին այն երկիրներու հպատակութենէն, ուր մինչ այդ ապրած էին եւ ճիգ տարած՝ համեմատաբար «տանելի» կեանք մը կերտել:

Չմոռնանք, որ այդ սերունդը, որ կ՚ապ-րէր Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Յունաստանի եւ նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ, կը պատկանէր այն խաւերուն, որոնց անմիջական պարագաները հրաշքով եւ տարբեր ճամբաներով ճողոպրած էին Օսմանեան կայսրութեան արհաւիրքէն ու յայտնուած՝ իրենց համար բոլորովին նոր եւ անծանօթ միջավայրի մը մէջ: Խորքին մէջ ինչն էր այն ուժը, որ կը ստիպէր այդ մարդիկը, որպէսզի իրենց ետին թողեն նորաբոյս իրենց բոյները եւ նետուին դէպի անյայտութիւն, որուն մասին ալ շատ շատեր «սպասուած դրախտ», «խորհրդային երկիր» կամ այլ հմայիչ անուանումներ կու տային:

Այդ օրերու հայութիւնը կ՚ապրէր խմորումի վիճակ մը, որուն մէջ ալ քաղաքական ինքնորոշման, կարծիքի, տեսակէտի, մօտեցումի, ինքնութեան որոնումի եւ նման տասնեակ հարցադրումներու առիթ կամ տեղ չկար:

«Մահէն ու աքսորէն փրկուած հայորդիներու խումբեր, որոնք բնական մղումով մը իրենց փրկութեան լաստը պիտի համարէին այդ օրերու Խորհրդային Հայաստանը, որ նաեւ հայրենադարձութեան դէմ եղող հատուածին համար ալ կը համարուէր «Կարմիր Հայաստան» մը, որ պատուած էր «երկաթէ վարագոյր»ով: Մօտեցումներու այս տարբերութեան հետեւանքով հայութիւնը կը բաժնուէր երկուքի: Անոնք, որոնք ամէն նկատառում մէկդի դրած կը կառչէին Հայաստան երթալու բուռն եւ անզիջող փափաքին եւ անոնք, որոնք զգուշաւոր հայեացքով կը դիտէին սպասուող զարգացումներն ու չէին վարանիր տարբեր առիթներով խօսիլ ու պատճառաբանել իրենց վերապահութիւնները:

Ինչպէս վերը նշեցի, հայրենադարձութիւնը կը տեւէր ընդամէնը երեք տարի եւ պաշտօնապէս կը դադրեցուէր 1948 թուականին: Անկէ ետք սակայն եւ մինչեւ 1949 թուականը, տարբեր երկիրներէ հազարաւոր հայեր կը փութային Հայաստան տեղափոխուիլ:

Օրինակ՝ 1946 թուականին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Յունաստանէն, Պուլկարիայէն եւ Իրանէն Հայաստան կը հասնէին 50 հազար 928 հայեր, իսկ հայրենադարձներու վերջին կարաւանը Հայաստան կը հասնէր Միացեալ Նահանգներէն, ընդամէնը 162 հայրենադարձներով եւ կը դառնար վերջին կարաւանը՝ «ծրագրուած» հայրենադարձութեան տոմարին մէջ:

Շատ գրուած ու խօսուած է հայրենադարձութեան մասին: Լոյս տեսած են հատորներ, պրակներ եւ Տիգրան Պասկեւիչեանի ու Արա Շիրինեանի համահեղինակութեամբ նկարահանուած ու ցուցադրուած են երեք տեսաֆիլմեր, որոնք լոյս կը սփռեն այս խիստ կարեւոր եւ նոյնիսկ այժմէական թեմային վրայ:

Այժմէական, որովհետեւ ցայսօր ալ Հայաստանի Հանրապետութեան համար առաջին խնդիրը մարդագրական աճի պակասի, արտագաղթի եւ բնակչութեան թիւի նուազման խնդիրն է:

Խորհրդային Միութեան «վերելք»ի հանգրուանին եղած ու դէպի Սովետական Հայաստան մեծաթիւ հայերու տունդարձը ապահոված հայրենադարձութիւնը՝ այսօր մեզի կը ներկայանայ որպէս պատմական փուլի մը կարեւոր «իրագործումներէն» մին:

Ճիշդ է, որ այս թեմային վերաբերեալ հայութեան տեսակէտները նոյն հարթութեան վրայ չեն, բայց եւ այնպէս գաղտնիք ալ չէ, որ հակառակ ամենատարբեր վնասներուն եւ անհատական մակարդակի վրայ հայրենադարձներէն շատերուն տրուած «հարուածներուն», հայրենադարձութիւնը եղաւ օգտակար դրոյթ մը:

Որո՞ւ կը պատկանէր աքսորի ու մահուան ճանապարհներէն սփիւռքացած հայութիւնը Հայաստան փոխադրելու ծրագիրը իրականացնելու այդ հզօր միտքը, տակաւին յստակ չէ, սակայն կայ նաեւ կարծիք մը, որ յատկապէս այդ հանգրուանին (մինչեւ 1948 թուականը) Խորհրդային երկրի ղեկավարներուն եւ Սովետական Հայաստանի ղեկավարութեան շահերը կը նոյնանային:

Այսպէս եթէ Քրեմլինին ու Ստալինին համար կարեւոր էր հայրենադարձութեան հետեւանքով ստեղծուած դրական «փրոփականտ»ը ներկայացնել, ապա Հայաստանի ղեկավարներուն համար ալ շատ տեղին, պիտանի եւ օգտակար էր մարդագրական աճի, նոր մշակոյթով, նոր ընկալումներով եւ «դուրսի աշխարհ»ը տեսած հայերուն իրենց պապենական երկիրը «վերադառնալ»ը:

Ամէնօրեայ լրատուութեան եւ արագ լրահոսի ճիրաններուն մէջ «բռնուած» հայ ընթերցողը բնականաբար ժամանակի խնդիր ունի: Ու հասկնալի պատճառներով ալ մեզմէ շատ շատերուն համար մօտիկ անցեալի մեր պատմութեան դասերը կը մնան լուասնցքի վրայ: Կ՚ապրինք բաւական արագընթաց եւ յաճախ ալ անսպասելի ցնցումներու ենթակայ բաւականին բարդ ժամանակաշրջան մը:

Հայութեան քանի տոկոսը կը հաւատայ, որ այսօրուան Հայաստանը իր վերջին հանգրուանն է, պարզ չէ, սակայն յստակ սկսած է դառնալ, որ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումներէն ետք ու յատկապէս Սուրիան բզիկ-բզիկ ըրած պատերազմէն յետոյ, Հայաստանը սկսած է ունենալ այլ «գրաւչութիւն»:

Առնուազն «Ես Հայաստան կ՚ուզեմ ապրիլ» կամ «Հայաստան պիտի տեղափոխուինք» նախադասութիւնները դադրած են որպէս թապու բառեր ներկայացող դրոյթներ ըլլալէ: Սփիւռքի տարբեր շրջաններու մէջ «հաստատուած» հայորդիներ սկսած են ազատօրէն խօսիլ, մտածել ու մանաւանդ... երազել այդ վերադարձին մասին:

Ճիշդ է նաեւ, որ այս նոր «ծլարձակուող» մօտեցումին դէմ կան ու կը գործեն «յայտնի» եւ «անյայտ» ուժեր, որոնք հանրութեան կը փորձեն ներկայանալ որպէս գաղութի մը ապագայով մտահոգ մարմիններ: Ու անոնք եւս յարգելի են:

Դէպի Հայաստան ձգումի, դէպի Հայաստան մեկնումի պայքարը յաւիտենական բնոյթ ունի: Խորքին մէջ հայ մարդու իր սեփական հողին վրայ ապրելու մղումը դարաւոր պայքարէն դուրս եկած անկասելի, անմեռ ուժի մը սլաքումն է: Ու գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր աշխարհի վրայ չկայ երկրորդ հայ մը, որ կասկածի տակ կը դնէ այսօրուան Հայաստանին, իբրեւ հայուն վախճանական տեղ, բնակավայր ու տուն ըլլալու հանգամանքը: Այն գետինը ի վերջոյ, ուրկէ կը բխին հայութեան բոլոր ապագայի տեսիլները:

Այս բոլորէն բացի ու այսօրուան հանգամանքներու լոյսին տակ նաեւ հարկ է հաւատալ, հարկ է տարուիլ այն մօտեցման, որ այսօրուան սպասուած հայրենադարձութիւնը այս անգամ պիտի կատարուի ոչ թէ Քրեմլինի «կարմիր որոշում»ով, այլ ամբողջ հայութեան կամքով ու փափաքով:

1945 թուականին Աղեքսանդրիայէն դէպի Խորհրդային Վրաստանի Պաթում նաւահանգիստը հասնող եւ հայրենադարձներ իրենց Խորհրդային երկիրը փոխադրող նաւուն վրայ հրդեհ մը կը ծագի:

Հրդեհը, որուն պատճառները ցարդ ալ կը շարունակեն մնալ անյայտ, պատճառ կը դառնայ, որ Սովետական կարգերու «ահեղ» առաջնորդին՝ Ստալինին կարմիր կնիքով ընթացք առած հայրենադարձութիւնը դադրի, վերջանայ:

Այսօր ստալիններ չկան, ու չկան նաեւ մեզի Հայաստանէն հեռացնող, Հայաստանէն օտարող կարմիր եւ ոչ-կարմիր ուժեր եւ այս բոլորը դրական սլաքներ են ուղղուած մեր սիրելի սփիւռքին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

*«Տարանցիկ հայրենիք», Երեւան, 2017, ( էջ 10-11):

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2017